Բազմավաստակ Համայնքային Գործիչ Եւ Ղեկավար Աբրահամ (Աբօ) Սաղտճեան Կնքեց Իր Մահկանացուն
24 Հունիս 2025
Աբրահամ (Աբօ) Սաղտճեան իր մահկանացուն կնքեց Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2025ին, Ֆրեզնօ գտնուող իր տան մէջ՝ շրջապատուած իր դուստրով եւ թոռներով։
Ան ծնած է 6 Հոկտեմբեր 1944ին, Պէյրութ, Լիբանան, Օհաննէս եւ Սոնա Սաղտճեաններու ընտանիքին մէջ։ Իր ուսումը աւարտելէ ետք, ան առանձինն մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ան յաճախեց Լոս Անճելըսի «Քալ Սթէյթ» (Cal State Los Angeles) համալսարանը եւ քանի մը տարի աշխատեցաւ հաշուապահական ասպարէզին մէջ, ապա տեղափոխուեցաւ Ֆրեզնօ՝ իր սիրած հողագործութեան ասպարէզը հետապնդելու համար։
Տարիներ ետք, յաջող հողագործութիւն կատարելէ ետք՝ ան հանդիպեցաւ իր կնոջ՝ Ռոզինին, եւ Աստուած անոնց պարգեւեց երկու զաւակներ՝ Նայիրին եւ Յովիկը։
Աբոն՝ իր սիրեցեալ կնոջ՝ Ռոզինին եւ դստեր՝ Նայիրիի հետ, իրենց որդիին եւ եղբօր՝ Յովիկ Աբոյին 2004ին ողբերգական արկածի մը պատճառով կորսնցնելը փոխակերպեցին յոյսի ջահի մը՝ ամերիկահայ երիտասարդութեան համար՝ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան հիմնադրամին միջոցով։ Անցեալ երկու տասնամեակներուն ընթացքին, այս հիմնադրամը օգնեց, որ համալսարանական նոր շրջանաւարտներ կամ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ փնտռող երիտասարդներ կարենան մասնակցիլ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի՝ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին, որ աշխատանք փնտռող երիտասարդներուն երեք ամսուան ձրի կեցութեան կարելիութիւն կը ստեղծէ, այդ նպատակով կազմակերպուող յատուկ աշխատանիստերուն եւ հանդիպումներուն կողքին։ Այսօր՝ Ոաշինկթընի մէջ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան մարզերուն մէջ ծառայող ամերիկահայ երիտասարդներու աննախադէպ թիւով ներկայութիւնը կը վերագրուի Աբոյին եւ անոր ընտանիքին իւրայատուկ տեսիլքին եւ նուիրումին։
2006ին, Աբոն կորսնցուց իր սիրելի կինը՝ Ռոզինը։ Իր երիտասարդ որդիին եւ կնոջ կորուստը խոր կերպով ազդեցին անոր վրայ։ Սակայն, ան մխիթարութիւն գտաւ իր թոռներուն՝ Անիին եւ Արային ծնունդով։
Աբրահամ (Աբօ) Սաղտճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 28 Յունիս 2025ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Ֆրեզնոյի First Armenian Presbyterian Church եկեղեցւոյ մէջ, 430 S. First Street, ապա թաղումը՝ ժամը 11ին, »Մասիս« Հայ գերեզմանատան մէջ, 250 N. Hughes Ave., Fresno։
Սգակիրներ՝
Դուստրը՝ Նայիրի Սաղտճեան եւ զաւակները՝ Անի եւ Արա
Եղբայրը՝ Կարպիս եւ Մէյ Սաղտճեան եւ զաւակները՝ Լորիկ, Դալար եւ Արամ
Քոյրը՝ Մարալ եւ Սագօ Կէoյպաշեան եւ դուստրերը՝ Թամար եւ Շաղիկ
Մօրաքոյրը՝ Սիրվարդ Նահապետեան եւ զաւակները
Եւ համայն Կարպուշեան, Սաղտճեան, Մսըրլեան, Գարակէօզեան, Յակոբեան, Թօփալեան, Ղազուրեան, Ապաճեան եւ Յովսէփեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ANCA Endowment Fund/Hovig Apo Saghdejian Capital Gateway ծրագիրին, Washington DC.
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի AJ’s Armenian Cuisine ճաշարանին մէջ, 5048 N. Maroa Avenue, Fresno։