Պատերազմը Դադրեցաւ. Հիմա Ի՞նչ Պիտի Ընեն Կողմերը
25 Հունիս 2025
Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ պատերազմը անակնկալօրէն աւարտեցաւ, ինչպէս սկսած էր անակնկալօրէն: Կամօքն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն: Պատերազմը տեւեց տասներկու օր:
Պատերազմ սկսելէ առաջ բանակցութիւն տեղի կ՛ունենար Իրանի հիւլէական գործարքին շուրջ: Թրամփի առաջին նախագահութեան շրջանին գոյացած համաձայնութեան յետս կոչումին ընկերացած էին պատժամիջոցներ: Իրան կը հարստացնէր իւրանիոմը, անդադար բարձրացնելով հարստացման մակարդակը: Այդ մակարդակը վտանգաւոր կերպով կը մօտենար համեմատութեան մը, որ կարելի կրնար դարձնել հիւլէական ռումբի մը կառուցումը: Իրան ունէր միաժամանակ գերձայնային հրթիռներ, որոնք կրնային փոխադրել հիւլէական ռումբերը: Իրան կը վստահեցնէր սակայն, որ իր հիւլէական ծրագիրը խաղաղ նպատակներ կը հետապնդէ եւ թէ հիւլէական ռումբի կառուցման դէմ է կրօնական ու բարոյական նկատումներով: Հիւլէական ուժի միջազգային գործակալութիւնը, որ կը վերահսկէր գործունէութիւնը, բազմիցս յայտարարած է, որ հիւլէական ռումբի պատրաստութեան որեւէ փաստ չէ նշմարած:
Միջազգային յարաբերութիւններու ներկայ դրուածքին մէջ փաստերը արժէք չունին: Վախերը փարատելու համար, Իրան պատրաստակամութիւն կը յայտնէր իւրանիոմի հարստացման համեմատութիւնը իջեցնել կարելի նուազագոյնին, իսկ արդէն հարստացուածը փոխադրել այլ երկիր: Ի զուր: Իսրայէլ որոշած էր եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները համաձայնած, որ Իրան բացարձակապէս իրաւունք պիտի չունենայ իւրանիոմ հարստացնել. զերօ մակարդակ: Բանակցութիւնը նպատակ ունէր ստիպել Իրանը, որ հրաժարի իւրանիոմի հարստացման իր ծրագիրէն: Ի հեճուկս միջազգային օրէնքին:
Չընդունելու պարագային Իսրայէլ կը սպառնար դիմել զինուորական լուծումին: Միացեալ Նահանգներ, երբեմն գովաբանելով Իրանի համագործակցելու տրամադրութիւնը, կը ձեւացնէին, որ կը զսպեն Իրանի յարձակողական նկրտումները:
Իսրայէլ յարձակեցաւ Իրանի վրայ, երբ միայն երկու օր ետք բանակցութիւններու նոր հանգրուան մը նախատեսուած էր: Բանակցութիւններու երկարաձգումը պատերազմի նախապատրաստութեան համար ժամանակ շահելու չէր ծառայեր: Իսրայէլ յարձակեցաւ իբրեւ թէ Միացեալ Նահանգներու կամքին հակառակ, սակայն նախագահ Թրամփ կատարուած քանդումները եւ զինուորական ու գիտական ղեկավարներու ահաբեկումները… հոյակապ անուանեց:
Պատերազմը ցոյց տուաւ, որ Իսրայէլ հնարաւորութիւն ունի, օդային հարուածներու միջոցով, մեծ վնասներ պատճառելու Իրանին: Միւս կողմէ Իրան ցոյց տուաւ, որ կարողութիւնը ունի հակադարձելու ու ցաւագին վնասներ պատճառելու Իսրայէլին: Այս պատերազմը կրնար ամիսներ ու տարիներ շարունակուիլ, եթէ «խաղաղասէր» Թրամփը, որ տասնհինգ օրերու խոկումի ժամանակ ճշդած էր ընելիքը որոշելու համար, հազիւ երկու օր ետք վճռական հարուածներ հասցուց Իրանի հիւլէական երեք գլխաւոր կեդրոններուն, քանդելով զանոնք: Ըստ ամերիկեան տեղեկութիւններու, Իրանի հիւլէական ծրագիրը հիմնովին ոչնչացուած է: Պատերազմը աննպատակ դարձած է:
Պատերազմի անակնկալ դադրեցումը յայտարարուեցաւ նախագահ Թրամփի կողմէ: Ի՞նչ խոստումներ տրուած են առանձնաբար Իսրայէլին եւ Իրանին` տակաւին անյայտ է: Հիւլէական համաձայնագիր ստորագրելու կարիք կա՞յ այժմ: Իսկ Կազային ու Ուքրանիոյ կարգը պիտի գա՞յ. ե՞րբ պիտի գայ:
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտին, յաղթական դաշնակիցները փափաքեցան երկիրներու միջեւ տարակարծութիւնները, վէճերը եւ տագնապները լուծել խաղաղ բանակցութիւններով: Ստեղծուեցաւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը, որուն սկզբնական 51-ին դիմաց այժմ կ՛անդամակցին 193 պետութիւններ, ՄԱԿ-ի քաղաքական մարմինը Ապահովութեան խորհուրդն է, որ օժտուած է, անհրաժեշտութեան պարագային, միջոցառումներ ձեռնարկելու: Աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ միջոցառումներու դիմած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, սակայն բոլորն ալ անատամ եւ ապարդիւն: 15 անդամներէն հինգին մնայուն հանգամանքը եւ վեթոյի իրաւունքը այս խորհուրդը վերածած է լոկ խօսարանի մը: Խաղաղութեան համաշխարհային կառոյցը ոչ թէ փուլ եկած է, այլ մեռած ծնած է: Հիմա խօսքը եւ իրաւունքը կը պատկանին զօրաւորին, ուժեղին:
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ուժը, շնորհիւ հաւաքական Արեւմուտքին, բայց մանաւանդ Միացեալ Նահանգներուն, Իսրայէլի ձեռքին է: Իսրայէլ կրնայ կանխարգելիչ պատերազմներ հրահրել, ուզած անարդարութիւնը կատարել, համաձայնագիրներ չգործադրել յանուն «ինքնապաշտպանութեան» իրաւունքի մը, որ առաջ կը քաշուի իրական վտանգի բացակայութեան:
Եթէ Միացեալ Նահանգները իսկապէս կ՛ուզեն խաղաղութիւն հաստատել, Իսրայէլէն պէտք է խլեն այս ինքնապաշտպանութեան անօրէն իրաւունքը եւ զայն վերածեն իրաւունքը յարգող պետութեան մը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ