Ակնարկ. Ամերիկեան Շնորհաւորանք, Շնորհակալութիւն Եւ Խաղաղութեան Աւետում
25 Հունիս 2025
Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ աշխարհը շնորհաւորելու եւ խաղաղութեան հաստատումը աւետելու յայտարարութիւնը միայն թրամփեան հակասականութեան եւ անկանխատեսելիութեան տեսութեամբ պէտք չէ սահմանափակել: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ յայտարարութեան այն բաժինը, ուր Միացեալ Նահանգներու նախագահը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Իրանին, իրենց ռազմակայանները հարուածելէ առաջ զիրենք տեղեակ պահած ըլլալուն համար:
Ռազմախաղի յատուկ կանոններ, որմէ կ՛ենթադրուի, որ իր հերթին, ամերիկեան պաշտպանական համակարգը Թեհրանի իշխանութիւնները կրնայ տեղեակ պահած ըլլալ Իրանի հիւլէական արտադրակեդրոնները հարուածելէ առաջ:
Հիւլէական համաշխարհային կազմակերպութեան համապատասխան բաժիններու հաղորդագրութիւնները կը շեշտէին, որ ճառագայթային աճ, հետեւաբար նաեւ արտանետումի երեւոյթներ չեն նկատուած: Մտածել կու տան այս բոլորը, որ հարուածները թիրախային սահմանափակուածութեամբ քանդած են հիւլէական կեդրոնները, բայց չեն հասած հիւլէական նիւթերուն, պաշարներուն: Գոցէ նաեւ արտադրանքի գործիքակազմերուն:
Եթէ ընդունինք այս վարկածները, ապա կ՛եզրակացնենք, որ Իրանը չէ զրկուած խաղաղ նպատակներով հիւլէական-ուժանիւթային իր արտադրողականութենէն:
Շնորհաւորանք, շնորհակալութիւն եւ խաղաղութեան աւետում` ամերիկեան այս բեմագրութիւնը յայտնապէս գոհ պիտի չձգէր Իսրայէլը, որ շրջանցուած կը զգայ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցային գործընթացէն եւ հիմա` հաւանական համաձայնութենէն: Տարածաշրջանին մէջ փոփոխութիւններու առարկայացման պահը մօտ է: Իրան-Իսրայէլ պարտադրուած զինադուլը կ՛ուղղուի դէպի համեմատական կայունացում: Իրանեան տարածաշրջանային ռազմակէտեր նախկին դրութեան մէջ չեն: Համասը, Հըզպալլան, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իրանեան ռազմակէտերը նոյն դրութիւնը չեն պարզեր: Հուսիներուն գործողութիւնները նախկին յաճախականութիւնն ու ուժգնութիւնը չունին: Լիբանանի մէջ նոր վարչակարգի հաստատման քայլեր առնուած են բարձրագոյն մակարդակներով: Սուրիոյ մէջ վարչակարգի արմատական փոփոխութիւն գրանցուած է: Կազայի նոր կարգավիճակի եւ այնտեղ գործելիք պաղեստինեան իշխանութեան նոր իրաւասութիւններու մասին քննարկումներ տեղի կ՛ունենան: Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան իբրեւ լուծում «երկու պետութիւն» բանաձեւը կը վերադառնայ միջազգային օրակարգ: Ռամալլայի մէջ գլխաւոր դէմքի եւ կառավարական նոր խումբի ձեւաւորման մասին հրապարակային պաշտօնական յայտարարութիւններ կը կատարուին:
Հաւանաբար աւելորդ պիտի չըլլար յիշելը, որ Թրամփի ծաւալային գործողութիւններու առանցքը գերշահոյթներու ապահովումն է, պետական պիւտճէին կտրուկ աճ ապահովելը եւ արագօրէն տնտեսական վերելքի ձգտիլը:
Իսրայէլը իր շրջապատէն պաշտպանուելու համար կարիքը ունի ամերիկեան հսկայական աջակցութիւններու, յատկապէս պաշտպանական ոլորտին մէջ: Կայունացումը, խաղաղութեան հաստատումը եւ սպառնալիքներու չէզոքացումը կ՛ազդեն ռազմական պիւտճէներու վրայ: Միացեալ Նահանգներ այս կերպ կրնան սկսիլ քննարկել այս առումով բեռնաթափուելու հաւանականութիւնը:
Միայն պիւտճէական հաշուարկներով պէտք չէ բացատրել այս բոլորը: Եթէ մէկ կողմէ կը խօսուի Իրանի նոր դերի սահմանումին մասին, որուն համար հիւլէական թղթածրարի շուրջ բանակցութիւնները լաւագոյն միջոցն են, ապա պէտք է նկատի ունենալ նաեւ Իսրայէլի դերի վերանայման փաստը:
Այս բոլորը ընդհանուր միտումներու ուրուագիծեր են: Կը թուի, որ ներկայ դրուածքով հաստատուած զինադուլէն եւ անոր հիման վրայ վերսկսելի բանակցութիւններէն դժգոհ է Իսրայէլը, որուն առջեւ կը պարզուի առանձնաշնորհեալի կարգավիճակի տուեալները կորսնցնելու հեռանկարը:
«Ա.»
«Ազդակ»