Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի
26 Հունիս 2025
Անվերապահ զօրակցութիւն՝ ՀՅԴ հայրենի կառոյցին
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի (Ֆրանսա,Հոլանտա, Պելճիքա) բոլոր շարքերուն անունով խստիւ կը դատապարտենք Հայաստանի իրաւապահ մարմիններու եւ ոստիկանական ուժերու ընթացքը: Մարզերու եւ Երեւանի դաշնակցական ընկերներ, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր դաշտի պատասխանատու անձնաւորութիւններ «կը հրաւիրուին» քննչական կոմիտէ կամ կը խուզարկուի անոնց բնակարանները, ոմանք կը ձերբակալուին, կը կալանաւորուին՝ անհիմն ամբաստանութիւններով, որոնք սակայն ունին մէկ հասարակ – յայտարար՝ հոգեբանական ճնշում եւ քաղաքական հետապնդում:
Այսպէս կոչուած իշխանութիւնները, նիկոլ փաշինեանի գլխաւորութեամբ, յայտնապէս կը շարունակեն ընդդիմութեան նկատմամբ խօլ ու թշնամական իրենց կատաղած մոլուցքը դրսեւորել: Պատահական չէ անշուշտ, որ այս ապօրինի արշաւը «կը զուգադիպի» վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձին Թուրքիա կատարած տխրահռչակ այցելութեան նախօրեակին եւ ապա վերադարձին…
Այսու կը յայտարարենք, որ չակերտեալ «իշխանութիւններուն» ողորմելի այս պահուածքը դատապարտելի է ըստ ամենայնի: Անիկա առաջին հերթին ժողովրդավարութեան ոտնահարում է եւ խօսքի ազատութեան բռնի զսպանակում:
Շինծու մեղադրանքներու քօղին տակ իրականացուող քաղաքական այս հալածանքը, սակայն, ոչ մէկ ձեւով կրնայ խափանել հեղինակազրկուած, պարտուած, ազգադաւ ու հայրենադաւ վարչախումբը հեռացնելու մեր ժողովուրդին կամքը: Ընդհակառակն, նմանօրինակ սին փորձեր առաւել կը խթանեն մեզ եւ մեր վճռականութիւնը կը բազմապատկուի ամէն անգամ, որ դաւադիր ու դարանակալ արգելքներով փորձեն կասեցնել մեզ:
Մեր անվերապահ զօրակցութինը կը յայտնենք ՀՅԴ Հայաստանի մեր կառոյցին ու անխտիր մեր բոլոր ընկերներուն եւ կը պահանջենք իրաւապահ մարմիններէն անմիջապէս կասեցնել քաղաքական այս հալածանքը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
25 Յունիս 2025
Փարիզ