Օրուան հրամայականը՝ ընդդիմութեան համախմբումն է
25 Հունիս 2025
«Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք գաղափարախօսութեամբ ազգի միասնականութիւնը ապահովելը մեր հիմնական խնդիրն է»
Վահան Յովհաննէսեան
Անցնող օրերուն, իշխող վարչախումբը իր ղեկավարին առաջնորդութեամբ, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ քաղաքական քարոզարշաւի բառամթերքը վերածեց գռեհկութեան, եւ ընդդիմութեան դէմ հալածանքի մոլեգնութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին։
Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման Մարտի Գիւմրիի եւ Փարաքարի ընտրութիւններուն ձախողութիւնը, իշխանութեանց համար ծանր ու նուաստացուցիչ հարուած էր։ 2026-ին ընտրութիւններուն ինքզինք վերարտադրելու նպատակով, Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան համար վերոնշեալ անյաջողութիւնները զսպանակող գործօն հանդիսացան՝ տարբեր ճակատներով հակագրոհի անցնելու, եւ այդ մէկը իրականացնելու համար թիրախներ դարձուցին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, «Սրբազան Պայքար» շարժումը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ այլ ընդդիմադիր ուժեր։
Ամբողջատիրութենէ դէպի բռնատիրութիւն իր ճանապարհին, գործող վարչախումբը իր գործողութիւններով փաստացիօրէն կը կաշկանդէ մարդկային ազատութիւնները եւ այլախոհներու ու ընդդիմադիր շարժումներու հանդէպ կը կիրառէ անհամաչափ բռնարարքներ։ Ատելավառութիւն տարածող, կեղծիքներ սերմանող, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը պառակտող վարչախումբի գերագոյն նպատակը՝ իշխանութեան փարիլն է, գահամոլութիւնն է։
Արցախի հայրենազրկման դաւադիր արարէն ետք, Հայոց եկեղեցւոյ, ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ կազմակեպութիւններու դէմ բռնաճնշումներով յագեցած այս արշաւը նաեւ կը միտի կամակատարը դառնալ թուրք-ատրպէյճանական տանդեմի քաղաքական հաշիւներուն եւ ծրագիրներուն։ Խաղաղութեան պայմանգիրներով երբեք չ՚երաշխաւորուիր Արցախի հայերու վերադարձի իրաւունքը։ 120,000 արցախցի հայրենակիցներու բռնագաղթէն եւ Պաքուի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու բռնագրաւումէն եւ զիջումներէն ետք, Սփիւռքը պառակտելու փորձերէն եւ քաղաքական ճակատագրական այս պահուն հայ ժողովուրդի ազգային միասնութիւնը խախտելէ ետք, այս վարչախումբը երկիրը կ՚առաջնորդէ ազգային խորտակման ու պետականակործանման խորորխորատ։
Այս ընթացքով, 2020-ին եւ 2023-ին Արցախը զոհասեղանին վրայ դրած այս վարչախումբը պիտի չվարանի նոյն զոհասեղանին վրայ դնելու Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի նորանոր տարածքներ։
Ներկայ դարաշրջանին, ժողովրդավար երկիրներու պարագային, պատերազմը կորսնցուցած, պարտուած, ձախողած եւ ապիկար կառավարման պատճառով պետութիւնը ամլացուցած որեւէ վարչախումբ եւ ղեկավար՝ ինքնակամ կը հրաժարի։ Ժողովրդավարութեան «դրօշակիր» այս իշխանութիւնները ոչ միայն փաստեցին, որ քաղաքական իրենց հայեցակարգերը ո՛չ մէկ առնչութիւն ունին ժողովրդավարութեան եւ պետութեան ազգային շահերուն հետ, այլեւ բազմաթիւ առիթներով ոտնահարեցին ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքները։
Քաղաքական ճգնաժամէն ու անելէն դուրս գալու միա՛կ լուծումը ընդդիմադիր ուժերու համախմբումն է մէկ դրօշի ներքեւ, որովհետեւ հաւաքական պատասխանատուութեան պահը այսօր է, եւ բռնատիրութեան այս պատուհասէն ձերբազատելու միա՛կ միջոցը միասնական շարքերով ընդդիմութեան պատնէշները վերակազմակերպելն է։ Յիշենք ՀՅԴ ղեկավար Վահան Յովհաննէսեանի խօսքը՝ «Ցանկացած հասարակութեան մէջ ամենաողբերգականն այն ժամանակն է, երբ տարբեր քաղաքական ուժեր, հոսանքներ, շերտեր տարբեր նպատակներ են տեսնում»։
«Հորիզոն»ի խմբագրական