Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի բողոքի նամակը ուղղուած Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին
30 Հունիս 2025
Յարգելի պարոն նախագահ,
17-19 Յունիս 2025-ին, Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւծովեան Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (Ս.Ծ.Տ.Հ.Կ.) ընդհանուր ժողովի 65-րդ նիստը։
Յունաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը՝ բաղկացած երեսփոխաններ Սոֆիա Վուլթեփսիի, Վասիլի Եոյաքայի, Քալիոփի Վեթթայի եւ Եորղիօ Ժողովի ծիրէն ներս յայտարարուեցաւ, թէ 19 Յունիսին, պատուիրակութիւնները պիտի ճամբորդէին օդային ճանապարհով դէպի Արցախ (Լեռնային Ղարաբաղ), ուր ատրպէյճանական իշխանութիւնները զայն պիտի ներկայացնէին իբրեւ զբօսաշրջային այցելութիւն Շուշիի եւ Ստեփանակերտի պատմական եւ մշակութային վայրերը։ Տեղեր, որոնք յստակ հայկական պատմական եւ մշակութային ինքնութիւն ունին, սակայն ատրպէյճանցիները փորձեցին զանոնք ներկայացնել իբրեւ իրենց սեփականութիւն, ցուցադրելով «վերականգնումի» աշխատանքներ՝ պնդելով թէ թէ հայերը իբրեւ թէ աւերումները պատճառած են։
Մեզի՝ Յունաստանի մէջ ապրող հայ ծագումով քաղաքացիներուս համար, նման այցելութիւն ամբողջովին անընդունելի արարք մըն է։
Ցաւ ու բարկութիւն կը պատճառէ այն փաստը, որ մեր կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչները՝ առանց որեւէ բողոքի, եւ բացայայտ զբօսաշրջային տրամադրութեամբ, գտնուեցան Արցախի բռնազաւթուած ու բռնակցուած տարածքներուն մէջ։
Խօսքը այն տարածքներուն մասին է, ուր երկու տարի առաջ ատրպէյճանական ուժերը բռնի եւ անմարդկային ձեւով արտաքսեցին 120.000 բնիկ հայ բնակիչները, որոնք ստիպուած եղան լքել իրենց հայրենի տուները՝ ջարդերու, թալաններու եւ իննամսեայ պաշարման հետեւանքով, առանց ջուրի, ուտելիքի, դեղորայքի կամ ջեռուցումի։
Պատերազմը խլեց հազարաւոր երիտասարդ հայերու կեանքը, իսկ ցեղային զտման վէրքերը մինչեւ այսօր կը մնան բաց։
Հարց կ՚ուղղենք.
Արդեօք Յունաստանի երեսփոխաններուն կողմէ այս իրադարձութիւններէն որեւէ մէկը արժանի չէր յիշատակութեան։
Ո՛չ բողոք, ո՛չ ալ որեւէ արձագանգ պատերազմական յանցագործութիւններուն կամ 23 հայ քաղաքական բանտարկեալներուն համար, որոնք կը դատուին դատական կեղծ գործընթացներով՝ առանց անկախ փաստաբաններու կամ լրագրողներու հասանելիութեան։
Ընդհակառակը՝ յոյն ներկայացուցիչները ժպտադեմ լուսանկարուեցան Արցախի բռնազաւթուած հողերուն վրայ, ուր մեր նահատակներուն արիւնը տակաւին չէ չորցած, առանց որեւէ բողոքի, ունկնդրելով ատրպէյճանական քարոզչութիւնը, եւ կամայ կամ ակամայ՝ տարածելով Ատրպէյճանի կեղծ թեզերը։
Այս արարքը, ըստ էութեան, լռելեայն օրինականացումն է Ատրպէյճանի կողմէ գործուած պատերազմական յանցագործութիւններուն եւ ցեղային զտման։
Կը պահանջենք Ձեր անմիջական միջամտութիւնը, որպէսզի ստանանք պաշտօնական բացատրութիւն այս ծանր վիրաւորանքին առնչութեամբ, ուղղուած Յունաստանի հայ համայնքին։
Յարգանքով՝
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբ
Յունիս 27, 2026թ
