Դաշնակցական անմահ նահատակը՝ Սարգիս Զէյթլեան
08 Հուլիս 2025
(Առեւանգման քառասունամեակին առիթով)
Տիգրան Ճինպաշեան
28 մարտ 1985-ի առաւօտուն, «Համազգայինի» Նշան Փալանճեան ճեմարանի մօտակայքը, ճեմարանի մէջ հաստատուած դէպի «Համազգայինի» տպարան ճամբուն վրայ, անծանօթներու կողմէ առեւանգուեցավ (իր ընկերակցին՝ Կարօ Գոլանճեանին հետ) Հ.Յ.Դ Բիւրոյի անդամ եւ «Ազդակ-Շաբաթօրեակ- Դրօշակ» շաբաթաթերթի խմբագիր Սարգիս Զէյթլեան։
Ո՞վ էր Սարգիս Զէյթլեան։
Ծնած էր 1930-ին, Մուսա լեռան Խտրպէկ գյուղը։ Մուսա լեռցիներու երկրորդ գաղթականութեան՝ 1939-ին ծնողներուն հետ փոխադրուած է Լիբանանի Պէքաա դաշտավայրի Այնճար կոչուած շրջանը, որ ճախճախոտ, անբնակ տափաստան մըն էր։ Սկիզբը վրանաքաղաք, ապա մէկ սենեականոց բնակարաններով Այնճարի մէջ երբ 1943-ին կը բացուի «Հառաջ» վարժարանը, Սարգիս Զէյթլեան կ՝աշակերտէ անօր մինչեւ 1946։ 1946-ին իբրեւ սան կ՝ընդունուի Երուսաղէմի «Ժառանգաւորաց» վարժարանը, ուր կմնայ մինչեւ 1950-ի Հունիս ամիսը։ Նոյն տարուան Հոկտեմբերին կ՝ընդունուի «Համազգայինի» Հայ ճեմարանը (հետագային՝ Նշան Փալանճեան ճեմարան, այժմ՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան)։ Ճեմարանը, որուն տնօրէնը՝ Լեւոն Շանթ մահացած է 1951-ին եւ փոխարինուած Սիմոն Վրացեանով, Սարգիս Զէյթլեան կ՝ավարտէ 1953-ի Հունիսին։ 1951-էն սկսել ճեմարանի մէջ հաստատուած Հայագիտական դասընթացքին երկու տարի (1952-1954) հետեւելէ ետք (դասախօսներէն մէկը Կոստան Զարեանն է), Սիմոն Վրացեանի յանձնարարութեամբ կը մեկնի Գահիրէ (Եգիպտոս), իբրեւ ուսուցիչ Գալուստեան ազգային վարժարանին։ Ազգային կը կոչուին Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը վայելող դպրոցները, ընդհանրապէս տարրական (մինչեւ 6-րդ դասարան)։
Սարգիս Զէյթլեան 1954-էն 1958 չորս կրթական տարէշրջան Հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէ Գալուստեան վարժարանին մէջ։ Կապի մէջ է Հ.Յ.Դ. Եգիպտոսի օրգան «Հուսաբեր» օրաթերթի խմբագրութեան հետ, որուն կ՝անդամակցի 1955-ի Հոկտեմբերէն սկսեալ։ Խմբագիր Վահան Նավասարդեանի մահէն ետք (24 Հունիս 1956), 1958-ին կ՝դառնայ խմբագիր «Հուսաբեր»ի։ Այս պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 1963, երբ կը վերադառնայ Այնճար (Լիբանան)։
Իր ուսուցչական և խմբագրական աշխատանքներուն առընթէր Սարգիս Զէյթլեան կծաւալէ հասարակական բուռն գործունէութիւն, իբրեւ անդամ եւ ներկայացուցիչ Գահիրէի Հ.Յ.Դ. կոմիտեին։
Այնճարի մէջ 1963-էն 1965, երկու տարեշրջան տնօրէնն է «Հառաջ» վարժարանին, որուն մակարդակը կը հաջողի բարձրացնել երկրորդականի (աւագ դպրոց)։ Միաժամանակ ներկայացուցիչն է Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտեին։
Երբ 1 Հունիս 1965-ին «Ազդակ» օրաթերթը, որ սեփականութիւնն էր Հայկ Պալեանի և 1927-էն ի վեր կը ճանչցուեր իբրեւ կիսապաշտօնական օրկանը Հ.Յ. Դաշնակցութեան, կը դառնայ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտեութեան պաշտօնաթերթը, Սարգիս Զէյթլեան կը հրաւիրուի իբրեւ խմբագիրնէրէն մեկը «Ազդակ»ի։ 1966-ի ամրան աւարտին կը նշանակուի «Համազգային» ընկերութեան վարիչ-քարտուղար։ Միաժամանակ կը դասաւանդէ ճեմարանի մէջ։
Սարգիս Զէյթլեան Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի անդամ կը դառնայ 1968 մայիսին, կեդրոնական կոմիտէի անդամակցութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 1972 (կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ 1969-ի Դեկտեմբերէն սկսեալ)։
Սարգիս Զէյթլեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ կ՝ ընտրուի 1972 Դեկտեմբերին, 20-րդ Ընդհանուր ժողովին։ Կը վերընտրուի 1978-ի 21-րդ եւ 1981-ի 22-րդ Ընդհանուր ժողովներուն։ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ Բիւրոյի անդամակցութեան տասնեօթ տարիները բեղուն գօրծունէութեան շրջան մը հանդիսացան Մամլոյ դիւանի ստեղծումէն մինչեւ «Դրօշակ»ի խմբագրութիւն, այդ տարիները լիքն են հասարակական, ազգային եւ կուսակցական գործունէութեամբ։ 1975-ին սկսուած Լիբանանի քաղաքացիական տարօրինակ պատերազմը (ուրիշներու պատերազմը Լիբանանի հողին վրայ) խլած է իր ճիգերուն մեծագոյն մասը եւ անակնկալօրէն աւարտած 1985-ի մարտին։
Գոյութիւն ունի դաշնակցական գործիչներու վաստակը գնահատելու դաշնակցական աւանդութիւն մը, երբ ողջ են եւ գիտակից ըլլալով իրենց կատարածին ոչ ընթացիկ, ոչ սովորական նկարագրին, կը խորշինք գովաբանելէ, նոյնիսկ գնահատելէ։ Մենք աւելի կը քննադատենք, քան կը գնահատենք։ Հ.Յ. Դաշնակցութեան բարոյական շքեղ կառոյցին պարտադրանքն է ասիկա։ Դաշնակցականը կամաւոր զինուոր է ու իր հանդիսաւոր երդումով յանձն առած է «բոլոր միջոցներով» ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին։ Երբ դաշնակցականը իր հնարաւորութիւններուն առաւելագոյնը կը նուիրաբերէ որոշապէս հաւատարիմ եղած կ՛ըլլայ իր երդումին։
Մարդկային տկարութիւնները, կողմնակցական պայքարները, մէկը շատ սիրելու եւ զայն չափազանցուած կերպով գնահատելու, ուրիշ մը չհաւնելու մարդկային մղումները կրնան պատճառ դառնալ, որ արժանաւորը արդարօրէն չգնահատուի, իսկ նուազ արժանաւորը՝ անտեղիօրէն փառաբանուի։ Կը խուսափինք խոտելի այս երեւոյթէն ու մարդոց վաստակը չենք գնահատեր իրենց ողջութեան։ Մահը կը վերցնէ արգելքը։ Իր ծառայութեան ընթացքը աւարտող հանգուցեալը կը ստանայ արժանի գնահատանք, իր արժանիքները վեր կ՛առնուին, կ՛արժեւորուի իր վաստակը։
Սարգիս Զէյթլեանի պարագան այս տեսակէտէն եզակի եղավ սակայն։ Առեւանգուելով 28 Մարտ 1985-ին անծանօթներու կողմէ, ան վերածուեցաւ հետազօտման պարագայի մը, որուն մասին վախցան վկայելու նոյնիսկ ականատեսները։ Հաւանական գիտակները պահուըտեցան սուտ տեղեկութիւններու ետին, կազմակերպողներն ու գործադրողները գաղտնիութեան չքմեղանքով պաշտպանութիւն գտան։
Մօտ մէկ ու կէս տարուան հակասական տեղեկութիւններէ, վերիվայրումներէ, հաղորդագրութիւններէ, «հարցաքննութիւններու» հրապարակումէն եւ անուանարկումի տգեղ փորձերէն ետք՝ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն-Յեղափոխական շարժում անգոյ կազմակերպութեան անունով կարճ հաղորդագրութիւն մը, 23 Հոկտեմբեր 1986-ին հանրութեան կը հաղորդէր, որ Սարգիս Զէյթլեան ենթարկուած է «մահապատիժի»։ Ոչ մէկ խօսք իրէն ընկերացող եւ իր հետ առեւանգուած Կարօ Գոլանճեանի մասին, որուն հետքը անհետ կորած է։
Այնուհետեւ լռութիւն տիրեց։ Տեղեկութիւնը ստուգելու ու ի հարկին դիակները գտնելու փորձերը ձախողութեան դատապարտուեցան։ Ստացուած հազուագիւտ տեղեկութիւններու հրապարակումը, պաշտօնական ամբաստանութիւնները զանց առնուեցան, չվնասելու համար ճշմարիտ արդիւնքի մը հնարաւորութեան։
Սակայն ապարդիւն։
Չենք կրնար փակուած համարել հարցը. Սարգիս Զէյթլեան երկար տարիներ սպասեց իր արժանապատիւ հուղարկաւորութեան, որ տեղի չունեցաւ. սպասեց իր վիթխարի վաստակին գնահատման ու արժեւորման։ Անիմաստ է ոստիկանական ու դատական հետաքննութիւններու ոճով փաստարկութիւններ կատարել։ Սակայն փաստը կը մնայ փաստ։ Լիբանանի խռովված կեանքը հանդարտեցաւ, առեւանգեալներ վերադարձան տուն, սպաննուածներու աճիւններ յանձնուեցան ընտանիքներուն, սակայն տասնեակներով ուրիշներու ճակատագրին մասին ստոյգ, շօշափելի, իրական փաստեր չփոխանցուեցան ու անոնք տարաբախտաբար կը պակսին մինչեւ այսօր։
Լիբանանի Քաղաքացիական պատերազմը աւարտեցաւ պատերազմի իշխաններու համաձայնութեամբ, ոչ հաղթական ոչ պարտեալ սկզբունքի հիման վրայ. սկզբունք մը, որ եթէ վէրքերը արագօրէն դարմանելու հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէր, սակայն, միւս կողմէ բացայայտ ոճիրներ ծածկելու հնարաւորութիւն կը ստեղծէր նաեւ։ Չի խօսուիր հարիւրաւոր ու հազարաւոր ոճիրներու մասին, ընդհանուր ներման օրէնքը կը ծածկէ բոլորը լռութեան շղարշի մը տակ։ Չի խօսուիր նաեւ մեր ընկերներու առեւանգման ու սպանութեան մասին։ Լիբանանի պետութիւնը ինքզինք զրկած է ոճրագործները յայտնաբերելու ու պատժելու իրաւական հիմքէն։
Ո՞վ գործեց ոճիրը։ Ո՞վ ծրագրե՛ց զայն։ Լիբանանի մէջ վխտացող գաղտնի սպասարկութիւննե՞րը, թրքակա՞ն սպասարկութիւնները, խորհրդային սպասարկութիւննե՞րը, ուրիշնե՞ր։ Ի՞նչ դեր խաղացին եղածին մէջ լիբանանեան կողմեր, որոնք իրենց մարդկային հնարաւորութիւնները ի սպաս դրին արտաքին ուժերու եւ, իրենց հայրենիքի քանդումին զուգահեռ, յաճախ մութ ու անխոստովանելի արարքներու անձնատուր եղան։
Որքա՞ն հիմնական եղաւ դերը «Գաղտնի Բանակ» կոչուած համախմբումին, իբրեւ թէ Հայաստանի ազատագրութեան նուիրուած, հայանուն մարդոց կողմէ ստեղծուած, սակայն Հայաստանի ազատագրութեան եւ հայութեան նպատակներու ծառայութենէն հեռու, այլ տարբեր եւ խորթ նպատակներու ծառայութեան լծուած այդ խմբակին, որ խռովեց մեր կեանքը եւ իր ներքին գալարումներով մեծամեծ վնասներ հասցուց այն նպատակին, որուն ենթադրաբար կը ծառայէր։
Այն մութ ուժերը, որոնք իրագործեցին թէ՛ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգումն ու ահաբեկումը, թէ մեր այլ ընկերներու առեւանգումներն ու ահաբեկումները, տակաւին չեն յայտնաբերուած ու չեն վճարած իրենց ոճիրներուն գինը։ Պիտի գա՞յ օրը, երբ ամբողջական լոյս պիտի սփռուի կատարուածին վրայ եւ պիտի բացուին մութ ծալքերը։ Այն ատեն պէտք է նաեւ հնչէ արդար հատուցման ժամը։
Նահատակութիւնը դաշնակցականին ճակատագրին մաս կը կազմէ, եւ նահատակներու արիւնն է, որ իրական կը դարձնէ դաշնակցական երդումին իմաստը, «իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ կեանքիս գնով»ը։ Կը վկայենք, որ Զէյթլեան ծառայեց Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին իր բոլոր միջոցներով, մինչև իսկ՝ իր կեանքին գնով։ Սարգիս Զէյթլեանի հետաքրքրութեան ողջ աշխարհը եղած են Հայաստանն ու հայութիւնը, հայ գրականութիւնն ու Հայոց պատմութիւնը, հայ մշակոյթն ու Հայ Դատը։ Զանազան փոփոխութիւններով հանդերձ, իր աշխատանքային ասպարէզը միշտ կը մնայ դպրոց-մամուլ-կուսակցութիւն եռանկյունին մէջ։ Մտաւորականը եւ հրապարակախօսը մասամբ կը վարագուրեն կազմակերպական ազդու եւ ներգործօն աշխատանք տանող այս ընկերոջ անցեալը։ Հաստատենք, սակայն, որ իր ներկայութիւնը տիրական եղաւ թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ համակուսակցական բեմին վրայ, ամբողջ քսանամեակ մը։ Երկու հիմնական ուղղութիւն Սարգիս Զէյթլեանի կազմակերպական կեանքին մէջ կ՛արժէ առանձնացնել իբրեւ տիրական իրագործում այդ քսանամեակի ընթացքին։
Լիբանանի մէջ, ուր մեր ժողովուրդը համախումբ կ՛ապրէր հայահոծ շրջաններու մէջ, ներքին տագնապներ ունէինք այն ժամանակ։ Մեր կեանքը կը խռովէին վնասակար տարրեր, ցեցեր։ Սարգիս Զէյթլեանը այդ ցեցերէն եւ այդ վնասակար տարրերէն մեր իրականութիւնը մաքրելու գծով վճռական եւ շնորհաշատ աշխատանք տարաւ։ Հայ մարդու արժանապատուութիւնը խոցող, ժողովուրդը շահագործող տարրերու մաքրագործումին ընկերացավ Դաշնակցութեան շարքերու բիւրեղացման կարեւոր ճիգ մը։ Հազիւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ դարձած, Սարգիս Զէյթլեան իր ընկերներուն հետ միասին լծուեցաւ շարքերու բիւրեղացման գործին։ Սարգիս Զէյթլեանի կազմակերպական կեանքին մէջ ամէնէն նշանակալի իրողութիւններէն մէկը Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան կազմակերպումն է։ Չունէինք երիտասարդական միութիւն Լիբանանի մէջ։ Երիտասարդական միութիւններ կային քանի մը գաղութներու մէջ, Ամերիկաներու մէջ, երիտասարդական միութիւն եղած էր նաեւ Եգիպտոսի մէջ։
1972 թուականէն սկսեալ, երբ բազմաթիւ առիթներով Լիբանանի պատանեկան միութիւնները վերակազմակերպելու, զանոնք բարելաւելու գծով աշխատանք կը տանէինք, մինչեւ այսօր՝ ականջիս մէջն է իր պատգամը, 1973-ին երիտասարդական միութիւն ստեղծելու մասին։ Լիբանանի ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը ստեղծուեցաւ ա՛յն պատկերացումով, ա՛յն գաղափարով, որ ի՛նք կը թելադրէր։ Լիբանանի երիտասարդական միութեան օրինակը շուտով դարձաւ համատարած, աշխարհի չորս ծագերուն, եւ այսօր մենք երիտասարդական համահայկական շարժում ունինք, ծրագրուած ու կանոնակարգուած գործունէութեամբ, որուն մտայղացումը կը պարտինք Սարգիս Զէյթլեանին։
Սարգիս Զէյթլեանի կուսակցական գործունէութեան սկզբնաւորումը մասամբ զուգադիպեցաւ Լիբանանի համար շատ պայծառ մէկ ժամանակաշրջանին։ 70-ական թուականներու սկիզբը, մինչեւ 1975, երբ տակաւին քաղաքացիական պատերազմը չէր սկսած, Լիբանանի հայկական կեանքը այնքա՛ն եռուն էր, որ մենք մէզ փոքրիկ Հայաստանի մէջ կը զգայինք։ Եկաւ պատերազմը, եւ այդ պատերազմի ժամանակ մեր ակումբները, մեր կազմակերպութիւնները, մեր միութիւնները, մեր մշակութային աւանդները, ինչ որ կրցեր էինք տարիներու ընթացքին կուտակել, յառաջացավ պահպանելու, այդ բոլորը Հայաստանի՛ն համար պահպանելու պարտաւորութիւնը։ Օրուան պահանջին համապատասխանող քաղաքականութիւն պէտք է մշակուէր ու այստեղ եւս «Դրական չէզոքութիւն» անուան տակ մշակուած քաղաքականութեան պահպանման մէջ մեծ եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի ներդրումը։ Դրական չէզոքութիւնը չէր նշանակեր, որ հայութիւնը անտէր պիտի մնար։ Ու ամէն անգամ, որ հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան հարց ծագեցաւ, ամէն անգամ որ առհասարակ հայ մարդոց ինքնապաշտպանութեան ապահովութեան եւ անվտանգութեան խնդիր դրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առջեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տեւողութեան, Սարգիս Զէյթլեանը գտանք պատնէշի վրայ, անխոնջ ներկայութեամբ, ակումբներէն ներս մնայուն կերպով հսկող՝ երիտասարդներու գործին։ Տագնապի ծանր պահերուն ան յանձնառու ղեկավարն էր, որ իր տունը նստած հրահանգներ չէր ղրկեր, այլ անձնապէս կ՛առաջնորդէր գործը։
Այդ տարիներուն կը զուգադիպի նաեւ գաղափարական բիւրեղացման աշխատանքը։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ծրագիրը շատո՜նց, շատոնց չէր վերանայած, իսկ շատ գաղափարաբանութիւններ վերարժեւորուած էին։ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պաղեստինեան դիմադրութիւնը ներգործօն ազդեցութիւն ունէր մեր երիտասարդութեան վրայ, ձախակողմեան գաղափարներ անդադար կը տարածուէին մեր գաղութներուն մէջ։ Խորհրդային Միութեան ազդեցութիւնը կը զօրանար Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր պաղեստինեան դիմադրութեան զօրավիգ կանգնելու քօղին տակ, ան թափանցած էր այդ երկիրները ու կը հալածէր մեզ։ Այս բոլորը պատճառ կը դառնային, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մտածէր իր ազգային գաղափարաբանութիւնը վերանորոգելու մասին։ Շատ դիւրին էր օրուան տրամադրութիւններուն տուրք տալ եւ բոլորովին ձախ թեքումով ծրագիր մը մշակել։ Սակայն Դաշնակցութիւնը որդեգրեց չափաւոր ու հաւասարակշռուած գաղափարական ուղղութիւն։ Սարգիս Զէյթլեան հոս եւս ունեցաւ կարեւոր ներդրում։
Ըսուեցավ, որ Սարգիս Զէյթլեան, մէկնելով իր հրապարակային ելոյթներէն, միայն ազգային մտածողութեան ջատագով էր, ոմանք նոյնիսկ ազգայնական որակեցին զինք։ Ասիկա բազմաթիւ թիւրիմացութիւններու դուռ բացաւ. կարծուեցաւ, որ Սարգիս Զէյթլեան տարբեր կը մտածէր իր ընկերներէն, թէ ինքը ուղղութիւն մը կը ներկայացնէր Դաշնակցութեան մէջ, մինչդեռ ուրիշներ՝ տարբեր թեւ կը ներկայացնէին։ Կը մոռցուի, որ Դաշնակցութիւնը միշտ այդպէս եղած է. այս կուսակցութիւնը եղած է դաշնակցութիւնը այլազան մտածողութիւններու, այլազան գաղափարներու։
Ազատ մտածողութեան եւ ազատ գաղափարներու համադրութեան վայրն է Դաշնակցութիւնը, այն քուրան է, որուն մէջ կուգան մտնելու տեսակաւոր միտքեր, գաղափարներ, մտածումներ։ Այդ միտքերն ու գաղափարները կը համադրուին ու անոնցմէ կը ծնի մտածողութիւն մը, ըմբռնողութիւն մը, որ կը դառնայ դաշնակցական գաղափարաբանութիւն, դաշնակցականութիւն։ Իրենց ժողովներուն մէջ դաշնակցականները ինչ ալ ըսեն իրարու, ինչ տեսակէտ ալ պաշտպանեն ոչ մէկ նշանակութիւն ունի. իրենց ըսածը, իրենց պաշտպանածը վաղը կեանքի մէջ մէ՛կ խօսք է, մէ՛կ ձայն է, այն խօսքն է, այն մտածումն է, այն գաղափարն է, որ ժողովը որոշած է, որ Ընդհանուր ժողովը որոշած է, որ շրջանային ժողովը որոշած է, որ համապատասխան մարմինը որոշած է։ Սարգիս Զէյթլեան այս ընդհանուր կանոնէն, այս ընդհանուր օրինաչափութենէն դուրս չի գար, չի զատորոշուիր։ Իր անունին կը կապեն, մեկնելով իր խմբագրականներէն, հայկական արեւելում յորջորջուած ուղղութիւն մը, մոռանալով որ այդ խմբագրականները Դաշնակցութեա՛ն խօսքն են. «Ազդակ-Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի իւրաքանչիւր խմբագրական կը ներկայացնէ Բիւրոյի տեսակէտը, կը ներկայացնէ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի տեսակէտը։
Ի՞նչ է հայկական արեւելումը։ Դաշնակցութիւնը 70-ական թուականներուն կու գար անդրադառնալու, որ եթէ Արեւելքէն մենք ոչ մէկ յոյս կրնայինք ունենալ, որովհետեւ մեր հայրենիքին մէջ տիրող համայնավար վարչաձևը կաշկանդուած էր ու ազգային մտածողութեան չէր հաւատար, ազգային մտածողութիւնը կը դրժէր, կուսակցութիւն մըն էր այնտեղ իշխողը , որ կ՛ուզէր համաշխարհային պրոլետարիայի հարցերը լուծել։ Արեւմուտքը եւս տրամադիր չէր մեր հարցերու նկատմամբ բարեացակամ վերաբերմունք ունենալու, որովհետեւ Արեւմուտքն անդադար դարպասելով Թուրքիան՝ Արեւելքի դէմ իր պայքարին մէջ, նաեւ կը վնասէր մեր Դատին, թոյլ չէր տար, որ Հայկական Հարցը, Ցեղասպանութեան խնդիրը, հայկական պահանջատիրութիւնը, ամբողջական Հայաստան ստեղծելու գաղափարը, հայ ժողովուրդի տարագիր զանգուածներուն իրենց մայր հայրենիքին մէջ, ամբողջական հայրենիքին մէջ համախմբուելու, բնական, արդար իրաւունքը կենսագործուի։ Կը նշանակէր, որ հայ ժողովուրդը ո՛չ կրնար Արևելքէ՛ն բան մը ակնկալել ի նպաստ իրեն, ոչ ալ՝ Արեւմուտքէն։ Ուրեմն կը մնար, որ իր քաղաքականութիւնը անկախ ըլլար, եւ հիմնուէր միայն ու միմիայն հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն վրայ։ Ա՛յս է հայկական արեւելումը։ Հայկական արեւելումի ըմբռնողութեան մէջ Հայ Դատի հետապնդումը իր բոլոր դրսեւորումներով, իր այլազան երեսներով՝ քաղաքականով, քարոզչականով եւ նաեւ գործնական այլ դրսեւորումներով, կը դառնար առաջնահերթ, կը դառնար հիմնական։ Այսինքն՝ Դաշնակցութիւնը կ՝սէր՝ «Հայ Դատը, Հայաստանը, մեր իրաւունքները ամէն բանէ վեր»։ Ահավասիկ այս մտածողութիւնն էր, եւ այս մտածողութեան կիրարկումն էր, որ Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարկան ամբողջ աշխատանքին եւ վաստակին ողնայարը կազմեցին։ Հայ ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութիւնը ոսկի թելի պէս կ՛անցնի իր ամբողջ հրապարակագրութեան մէջէն։
Անկախութեան գաղափարը, անկախութեան անհրաժեշտութիւնը, համոզումը, որ առանց անկախութեան անկարելի է ազգ պահպանել, որ առանց անկախութեան անկարելի է ազգի իրաւունքներուն տիրանալ, առանց անկախութեան անկարելի է իսկական մշակոյթ ունենալ կրկնեց ու կրկնեց եւ անդադար պնդեց, որ պահանջատիրութիւնը հիմքն է Դաշնակցութեան ընելիքին։ Միաժամանակ, երբ աջէն ու ձախէն Դաշնակցութեան ստեղծած աւանդը կասկածի կ՛ենթարկէին, Սարգիս Զէյթլեան պաշտպանէց այդ աւանդը ընդդէմ համայնավարութեան, բայց նաեւ պաշտպանեց ընդդէմ նորելուկ խմբաւորումներուն, որոնք սփիւռքականութեան գիւտը ըրած էին եւ Հայ Դատը մոռանալու, Հայաստանը մոռանալու, Սփիւռքը մնայուն հայրենիք դարձնելու անհեթեթ գաղափարներ առաջ կը նետէին։
Սարգիս Զէյթլեանի հրապարակագրութեան մէջ Հայաստանը մշտական ներկայութիւն էր։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 1972-ի Ընդհանուր ժողովէն սկսեալ որոշած էր, որ իր անկախ քաղաքականութեան, առանց արեւելումի քաղաքականութեան ծիրին մէջ, Խորհրդային Միութեան միջազգային քաղաքականութեան նկատմամբ հրապարակային քննադատութիւններ պիտի չընէ։ Այսինքն՝ եթե Խորհրդային Միութիւնը Ամերիկայի հետ այս կամ այն տարակարծութիւնը դրսեւորէր, անիկա մեզի վերաբերող խնդիր պիտի չհամարէինք մենք։ Սակայն Խորհրդային Միությունը պիտի քննադատէինք ամէն անգամ որ Հայաստանի իրաւունքը, ամէն անգամ որ Հայ Դատը, ամէն անգամ որ հայութեան իրաւունքները խնդրոյ առարկայ կը դառնային։ Այս գիծը Սարգիս Զէյթլեան պահպանեց մինչեւ ծայր, մնայուն կերպով, անդադար գրելով Հայաստանի մէջ տիրող յոռի երեւոյթներուն մասին, անդադար քննադատելով Խորհրդային Միութեան հակահայ քաղաքականութիւնը, Հայ Դատը ժխտող քաղաքականութիւնը։ Երբ Հայաստանէն արտագաղթ սկսաւ, Սարգիս Զէյթլեանի ձայնը բարձրացաւ, որովհետեւ կը վտանգուէր հինգ-վեց դարէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի եւ Հայաստանի անմիջական շրջակայքին մէջ հինգէն վեց միլիոն հայութեան համախմբումը։ Խորհրդային Հայաստանը երեքուկէս միլիոն հայութիւն իր մէջ կը պարփակէր, ու այդ հայութեան թիւին վրայ գուրգուրալը, այդ հայութիւնը այնտեղ պահպանելը, շատ հիմնական, ռազմավարական նշանակութիւն ունէր։ Ի՞նչ պիտի ըսէր այսօր Սարգիս Զէյթլեանը, եթէ ողջ ըլլար, աւելի քան մէկ միլիոնի հասնող հայութեան Հայաստանը լքելուն առիթով։ Ինչպե՞ս պիտի հակազդէր այս ողբերգութեան, երբ իրեն համար 15 հազարին, 50 հազարին դուրս գալը արդէն տագնապ կը ստեղծէր։ Սարգիս Զէյթլեանի համար տագնապ էր նաեւ, երբ խորհրդային ընդհանրական հանրութիւն ստեղծելու գաղափարներով, ռուսերէնը անարգել կը տարածուէր Հայաստանի մէջ եւ տարուէ տարի ռուսական դպրոցները կ՛ավելնային, երբ Հայաստանի հայ աշակերտութեան առնուազն մէկ երրորդը ռուսական դպրոց կը յաճախէր։ Ռուսերէնը սկսեր էր հիմնական համարուիլ, որովհետեւ առանց անոր պաշտօնի չէին ընդուներ Հայաստանի մէջ։
Հակառակ անոր, որ Խորհրդային Հայաստանի Սահմանադրութիւնը կը նշէր, որ Հայաստանի պետական լեզուն հայերէնն է, բայց եւ այնպէս ի՜նչ ծնողներ, գրողներ, մտաւորականներ իրենց զաւակները կ՛առաջնորդէին ռուսական դպրոցներ։ Ահաւասիկ մէկ նիւթ, որուն առիթով Սարգիս Զէյթլեան գրեց բազմաթիվ անգամներ, մայրենի լեզուի գերիշխանութեան հրամայականը անդադար շեփորելով։
Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու երեւոյթը եւս իր ուշադրութենէն բնաւ չվրիպեցաւ. Հայաստանը հիմնական էր, սակայն Սփիւռքը եւս պէտք էր զօրացնել։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերն էին, յարաբերութիւններն էին, փոխադարձ այցելութիւններն էին, որոնք ոգեկան հայրենիք պէտք է յառաջացնէին։ Բայց Սարգիս Զէյթլեան մասնաւորաբար լուսարձակի տակ առաւ Խորհրդային Սփիւռքի կացութիւնը, այդ կորսուած բազմութիւնները։ Արտասահմանի մէջ մենք ճիգ կը թափէինք եկեղեցի կառուցելու, դպրոց ստեղծելու, միութիւններ ստեղծելու, իսկ ո՞վ կը զբաղէր ինչ կ՛ընէին այն հայութեան համար, որ Ռուսաստանի մէջ Խորհրդային Միութեան անծայրածիր տարածքին սփռուած էր գրեթէ ամէն տեղ։ Այդ բազմութիւնները զրկուած էին ազգային ապրումի ամէն միջոցէ՝ թերթէ, եկեղեցիէ, մշակոյթէ։
Սարգիս Զէյթլեան ըսաւ, որ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը եթէ իրապէ՛ս հայ ժողովուրդի ճակատագրով մտահոգուած է, իրաւունք չունի անտեսելու ներքին կոչուած Սփիւռքը։ Խորհրդային Միութեան կառուցուածքը այնպէս էր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ոչինչ կրնային ընել Հայաստանի սահմաններէն դուրս սփռուած այս հայութեան համար։
Սարգիս Զէյթլեան նոյնիսկ հօդուածներ ու խմբագրական գրեց Երեւան քաղաքի օդի մաքրութեան մասին։ Հայաստանը ներկայ էր դաշնակցական մարդու ամենօրեայ կեանքին մէջ, իր հոգեխառնութեան մէջ։ Դուրսը ապրող մարդ, ինքզինք տարագիր զգացող մարդ՝ ան Հայաստանով կ՛ապրեր, Հայաստանն կը համարէր հայ մարդուն մշտական եւ հիմնական արժէքը։ Հայաստանի մէջ որեւէ երեւոյթ, ազգային որեւէ աղէտ, որեւէ թշուառութիւն կը տխրեցնէր զինք, որեւէ հաղթանակ՝ կը ոգեւորէր։
Մենք մեր նպատակներու իրագործման համար, դժբախտաբար, Հայաստանի իշխանութիւններէն, Հայաստանի մտաւորականութենէն մեծ սպասումներ չէինք կրնար ունենալ. այդպէս էր կեանքի ճշմարտութիւնը։ Ուրեմն Սփիւռքը պիտի ստանձնէր Հայ Դատի հետապնդման եւ նաեւ Հայաստանի անկախացման գործընթացի հիմնական դերակատարութիւնը։ Եւ որպէսզի ատիկա կարողանար ընել, Սփիւռքը պէտք էր կազմակերպել, ներքին ճակատը պէտք է հզօրանար, հայկական դրամագլուխը պէտք է համախմբուէր հայ մարդու ձեռքը եւ ի սպաս դրուէր Հայ Դատի հետապնդման։ Տնտեսական հզօր հիմք պէտք է մենք կարողանայինք ստեղծել, մեր պայքարին հաւաքական բնոյթը պէտք է կարողանայինք շեշտել, մէկ կողմ դնելով բոլոր երկրորդական խնդիրները, բոլոր լուսանցքային պայքարները։
Համայնավարութիւնը եւ մեր թշնամիները լուսանցքային պայքարներ ստեղծելով մեզ կը շեղէին մեր հիմնական նպատակէն, կը շեղէին Հայ Դատի հետապնդման գլխաւոր գործէն։ Նոր մտաւորականութիւն պէտք էր ստեղծել, որովհետեւ մտաւորական առաջին սերունդը անհետանալու վրայ էր։ Գործող մարդոց պակաս կար, մտաւորականութեան պակաս կար, գործիչի պակաս կար․ երիտասարդութիւնը պէտք էր կազմակերպել, հայեցի՛ կրթութեան պէտք էր մղում տալ։ Ու նաեւ պէտք էր պայքար մղել, որպէսզի զանազան գաղութներու մէջ ապրող մեր երիտասարդները, մեր բազմութիւնները չտարուէին տեղական մտածողութեամբ, տեղական ապրումներով, մանրուքներով, երկրորդական խնդրներով։ Համայնական գաղափարներու տէր դառնային, մտածէին Հայաստանի մասին, մտածէին Հայ Դատի մասին, մտածէին հայ ժողովուրդի ապագային մասին։ Պէտք էր զօրացնել Սփիւռքը, եւ Սարգիս Զէյթլեան Սփիւռքի զօրացման, ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի զօրացման պահանջով, «Բազմանդամ ընտանիք՝ զօրաւոր հայրենիք» խորագրով խմբագրական կը գրէր։ Սփիւռքը պիտի զօրանար Հայ Դատի պայքարին համար։ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան համար նոր պայքարը, որ նաեւ գործնական դրսեւորումներ ունէր, արդէն սկսէր էր անհանգիստ դարձնել մեր գլխավոր թշնամին՝ թուրքը, որ կը հարուածէր արդէն, իսկ Սարգիս Զէյթլեան «Եղէգները պիտի չխոնարհին» կը պատգամէր։ Այո՛ եղեգ է հայութիւնը, այո՛, ան ազազուն կրնայ ըլլալ, բայց ճակատը բա՛ց իր պայքարը պիտի շարունակէ, պիտի չխոնարհի եւ պիտի երթայ մինչեւ ծայր, մինչեւ ամբողջական յաղթանակ։ Եւ այսպէս է, որ ան ծառացաւ թրքական հակահայ արշավին դէմ, Հայաստանի անկախութեան պահանջը շեփորելով, խօսեցաւ հողերու ամբողջականութեան՝ Սեւրի դաշնագրին արժեւորման մասին, Հայ Դատով ըմբռնուող, հասկցուող բոլոր տեսակի երեւոյթներու մասին։
Սարգիս Զէյթլեանի մտածողութեան մէջ ընկերվարութեան հարցը հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան ապագայ հանգրուանի հարց էր։ Բացատրելով աջի ու ձախի, ընկերվարականի եւ ոչ ընկերվարականի, ազատականի եւ ոչ ազատականի խնդիրները հայ մամուլի էջերուն մէջ, Սարգիս Զէյթլեան անդադար կրկնեց, որ հայ մարդը ամբողջական ազատագրութեան չի կրնար հասնիլ, նոյնիսկ եթէ վաղը քաղաքական ազատութիւն ունենայ, նոյնիսկ եթէ վաղը համախմբուի իր ամբողջական հայրենիքին մէջ, եթէ իբրեւ ընկերային էակ նաեւ ազատ չըլլայ։ Էապես եւ խորապէս ընկերվարական մարդ էր Սարգիս Զէյթլեան եւ այդ ընկերւարական պայքարի ժամանակաւոր ստորադասումը ազգային պահանջատիրութեան մարտավարական գործնական մտահոգութիւններու արդիւնք էր։
Սարգիս Զէյթլեան իր հարաբերութիւններու մէջ խստաբարոյ մարդու համբաւ ունէր։ Կը կարծուեր, որ դժուար կը զիջի իր մտածումներէն եւ իր գաղափարներէն։ Յաճախ մտածուած է, թե իր տեսակէտը անպայման պարտադրել կ՛ուզէ քաղաքական կեանքի մէջ, եւ նաեւ՝ կուսակցական ընթացիկ կեանքին մէջ։ Այս տպաւորութիւնը չէր համապատասխանէր իրականութեան։ Ժողովներուն ընթացքին Սարգիս Զէյթլեան ընկերական, զիջող եւ համադրել գիտցող մարդ էր։ Երբ որոշումը կայացած էր, անոր գործադրութեան ատեն անզիջող էր, աներեր վճռականութիւն կը ցուցաբերէր։ Իրեն համար հիմնականը այն էր, որ Դաշնակցութիւնը հասնէր իր նպատակներուն։
Իր քաղաքական հաւատամքը հիմնուած էր մարտավարական գործնապաշտութեան վրայ։ Սարգիս Զէյթլեան 1973-ին կը գրէր. «Մնաց, որ Դաշնակցութիւնը սկզբունքօէն եւ այլապէս, երբեք դէմ չէ եղած եւ դէմ չէ նաեւ ներկայիս, ձա՛խ կուսակցութեանց կամ պետութեանց հետ գործակցութեան։ Եւ եթէ ցարդ հնարաւոր չէ եղած նման գործակցութեան մը հաստատումը, գլխաւոր պատճառը համայնավարութիւնն է, անոր գործ դրած ազդեցութիւնն ու ճնշումներն են առաւելաբար, եւ ոչ թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, այսպէս կոչուած, յետադիմական նկարագիրը։ Ճշմարտութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար ա՛յն է, որ Դաշնակցութեան գոյութեան ու գործունեութեան առանցքը հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն հետապնդումն է։ Եւ այդ հիման վրայ միայն կարելի է ըմբռնել ու բացատրել անոր գործելակերպն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ անոր պայքարները։
Ահաւասիկ Սարգիս Զէյթլեան մարդը, Սարգիս Զէյթլեան դաշնակցականը, Սարգիս Զէյթլեան գաղափարի մարտիկը եւ պայքարողը, ա՛յն, որ իր կարճատեւ կեանքին ընթացքին ոչինչ խնայեց իր ժողովուրդին համար, այն որ իր գործած բոլոր վայրերուն մէջ բոլորանուէր ծառայութեան օրինակ եղաւ Դաշնակցութեան նպատակներուն ի սպաս, Հայ Դատին ի սպաս, հայութեան համար, Հայաստանի՛ համար։ Սեւ օր մը, մութ ուժեր, թերեւս հայանուն, գտան, որ ա՛յս տեսակ ուժ մը վտանգ է։ Այո՛ վտանգ էր իրենց նպատակներուն համար, վտա՛նգ էր Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն հակադուած ուժերուն համար։ Վերջ տուին Սարգիս Զէյթլեանի կեանքին, կասեցուցին անոր գործունէութիւնը, կարծելով որ այդ միջոցով կրնան կոտրել Հ.Յ. Դաշնակցութեան կորովը, ընկրկում յառաջացնել անոր ընթացքին մէջ։ Մոռցան սակայն, որ նահատակները առաջնորդ կը դառնան յետնորդներուն եւ նահատակութեամբ անմահութեան պսակը կը վաստկին։
ՀՅ Դաշնակցութեան 25-րդ Ընդհանոր ժողովին բանաձեւումով՝ «Սարգիս Զէյթլեանը է՛ր եւ կը մնայ մեր արժանաւոր ընկերը, որ նահատակուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վարած պայքարի պատնէշին վրայ՝ հակադաշնակցական մութ ուժերու ձեռքով (իր ընկերակից Կարօ Գոլանճեանի հետ միասին) առեւանգուելով եւ տմարդի կերպով ահաբեկման ենթարկուելով։ Պայքարողի խրոխտ կեցուածքով, դաշնակցականի գաղափարական սքանչելի տիպարով, եւ դաշնակցական մտքի դրօշակրի փայլուն դիմագծով, ինչպէս նաեւ իր գործով եւ օրինակով, Սարգիս Զէյթլեան այլեւս մաս կը կազմէ դաշնակցական անմահ նահատակներու փաղանգին։