Այս համահայկական բանակումը վառ օրինակ մըն է համահայկական տարողութեամբ անհրաժեշտ շարժումին
15 Հուլիս 2025
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի խօսքը Հ.Յ.Դ. երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումի պաշտօնական բացման արարողութեանը.
Յարգելի՛ ներկաներ, Սիրելի՛ երիտասարդ ընկերներ,
Հ.Յ.Դ. երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական այս բանակումը տեղի կունենայ համաշխարհային տագնապներու, միջազգային եւ տարածաշրջանային ահագնացող հակամարտութիւններու պայմաններուն մէջ։
Առաւել եւս, այս բանակումը տեղի կ՚ունենայ տարբեր երկիրներու պատուհասած տեղական քաղաքական տնտեսական, ռազմական սուր իրադարձութիւններու, մանաւանդ Արցախի ժամանակաւոր կորուստի, եւ Հայաստանի իշխանութեան կողմէ հայոց եկեղեցւոյ, ընդդիմութեան եւ մասնաւորապէս ՀՅԴ-ի դէմ հալածանքի օրերուն:
Այո, ճիշդ այս պայմաններու մէջ, 17 երկիրներէ մասնակցող 400 երիտասարդներ համախմբուած են այսօր այստեղ, անգամ մը եւս թիավարելու հոսանքն ի վեր, յանուն Հայաստանի ազգային պետականութեան կերտման, յանուն «Ազատութիւն կամ Մահ» դաշնակցական գաղափարին:
Հակառակ անոր որ միջազգային ընտանիքը, մեր թշնամիներն ու Հայաստանի իշխանութիւնները կ՚ուզեն փակել Արցախի էջը. «Պիտի վերադառնանք» կարգախօս կրող այս բանակումով դաշնակցական երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ որ պիտի չհրաժարի Արցախի ազատագրական պայքարէն։
Հակառակ անոր որ ներկայիս պառակտուած է հայութիւնը եւ աշխատանք կը տարուի Հայաստանը Սփիւռքէն հեռացնելու. այս համահայկական բանակումով, ՀՅԴ երիտասարդութիւնը օրինակը կու տայ համահայկական համախմբուածութեան, եւ սփիւռքէն մեծ թիւերով Հայաստան գալով կ՚ամրապնդէ Հայաստան-Սփիւռք կապը։
Հակառակ անոր որ յուսալքուած եւ հոգեպէս ընկրկած է հայ ժողովուրդի ստուար հատուած մը, այս բանակումը կը միաւորէ ՀՅԴ մարտունակ երիտասարդութիւնը. Նայեցէ՛ք անոնց աչքերուն մէջ, հոն պիտի տեսնէք համարձակութիւն, բոցավառող պայքարի ոգի ու յաղթանակի կամք։
Հակառակ անոր որ մեր թշնամիներու եւ անոնց կամակատար իշխանութիւններու կողմէ թիրախաւորուած է դաշնակցական երիտասարդութիւնը. հարիւրաւոր դաշնակցական երիտասարդներ աշխարհի տարբեր անկիններէն եկած են հայրենիք թիկունք կանգնելու իրենց ընկերներուն։
Հակառակ անոր որ կը փորձուի ՀՅԴ երիտասարդականը ներկայացնել որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն, մեր գործունէութիւնը կը փաստէ որ Դաշնակցական երիտասարդութիւնը կը ձգտի իր տեսլականները իրականացնել նորարական եւ յառաջադիմական ծրագիրներով։ Միեւնոյն ատեն, մենք կը մնանք կառչած մեր գաղափարական հիմնասիւներուն, ի մասնաւորի ազգային եւ յեղափոխական նկարագրին։
Սիրելի՛ ներկաներ, այսօրուան մեր խնդիրները այնքան բարդ են, որ լուծելու համար անհրաժեշտ է համահայկական զօրաշարժ, համահայկական ուժ: Այս համահայկական բանակումը, որուն կը մասնակցին, ինչպէս ըսինք, 17 երկիրներէ 400 երիտասարդներ, վառ օրինակ մըն է այդ համահայկական տարողութեամբ անհրաժեշտ շարժումին:
Այսօր կը փորձուի հայութիւնը վերածել հլու հնազանդ, թրքացման ծրագիրը հանդուրժելու պատրաստ հաւաքականութեան. այս բանակումը տրամագծօրէն հակառակ տրամաբանութեան արգասիքն է՝ արդարեւ համահայկական այս բանակումը մեր հաւատացած համահայկական՝ ազգ բանակի խտապատկերն է, այս տարածաշրջանին մէջ գոյատեւելու, մեր իրաւունքներուն վերատիրանալու եւ զարգանալու միակ տարբերակը:
Սիրելի՛ երիտասարդ ընկերներ, դար մը ու տասնամեակներէ ի վեր Դաշնակցութիւնը իր երիտասարդ անդամներով իր գաղափարական հանգանակը շարունակեց կատարելագործել. դո՛ւք էք, որ տէր պիտի կանգնիք այս դաւանանքին եւ այս անգնահատելի ժառանգութեամբ հայ մարդու ինքնութեան ձեւաւորման առաքելութեանը պիտի ծառայէք:
-Ինչպէս միշտ պիտի շարունակէք Հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ ազգային, հասարակական, քաղաքական, մշակութային, կրթական, յարաբերական ոլորտներու մէջ առաջնագծի վրայ մնալ:
-Ինչպէս միշտ պիտի չազդուի՛ք հալածանքներէ ու մոլորեցնող ազդակներէ, ընդհակառակը՝ անոնք առաւել պիտի ամրապնդեն ձեր սկզբունքները եւ զօրացնեն ձեր կամքը:
-Ինչպէս միշտ ձեր նորարար միտքերով, ձեր մարտունակ ոգիով, ձեր անպարագիծ աշխարհահայեացքով ուժ ու կորով պիտի ներշնչէք շրջապատին:
Կեցցէ՛ հայութիւնը, կեցցէ՛մեր հայրենիքը, կեցցէ՛ հայոց պետականութիւնը եւ յանձնառու հայ երիտասարդութիւնը:
