ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Նշմար. – Փաշինեան Սիւնիքը աճուրդի հանած է

17 Հուլիս 2025

Ամէն անգամ, որ Հայաստանի վարչապետ անուանեալը ճառանման մամլոյ ասուլիս մը տայ, մեր միտքը կ’իյնայ հետեւեալ անեկդոտը.

Իմաստուն եւ կշիռ ունեցող խօսքի տէր քաղաքական մարդու մը հարցուցեր են. երբ ճառ մը պիտի արտասանես, պատրաստելու համար որքա՞ն ժամանակ կը տրամադրես: Պատասխաներ է՝ կախում ունի երկարութենէն: Հարցուցեր են. եթէ պիտի խօսիս 10 վայրկեան, պատասխաներ է. երկու-երեք օր, զարմանքով հարցուցեր են. եթէ մէկ ժամ տեւողութեամբ ճառ մըն է, պատասխաներ է՝ կէս ժամ. աւելի՛ զարմացած՝ հարցուցեր են. իսկ եթէ երկու ժամ տեւողութեամբ ճառ մըն է, պատասխաներ է. նստեցէ՛ք, պատրաստ եմ…

ՔՊ-ապետը ժամանակին կը խօսէր մէկ-երկու ժամ, յետոյ ինքն իրեն իրաւունք վերապահեց երկարելո՜ւ եւ երկարելու, հիմա, արդէն 4-5 ժամը, այսինքն՝ աշխատանքի օրուան կէսէն աւելին կը տրամադրէ մէկ մամլոյ ասուլիսի, որ ըստ էութեան լուրջ բան չըսելու կը ծառայէ: Ասիկա նորագոյն ձեւն է լրագրողներն ու ժողովուրդը, նաեւ ընդդիմադիրները… պատժելու: Իսկապէ՛ս որ, լսողը տաժանքի կը մատնուի՝ այսքան երկար լսելու դատարկաբանութիւններ, սուտեր, իրականութիւնները շրջուած ձեւով մատուցող՝ մոլորեցնող պատմութիւններ եւ «ամէն բան լաւ կ’ընենք»-ի պէս հաւաստիքներ, երբ ամէն մարդ, մինչեւ իսկ իրեն հանդէպ որոշ համակրանք պահողներ բաց աչքերով կը տեսնեն, որ ամէն քայլափոխի՝ Հայաստանն ու պետութիւնը, ա՛զգը կը տանի նահանջէ-նահանջ, կորուստէ-կորուստ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կատարուած զիջումները կը ներկայացնէ իբրեւ նուաճում, բարձրաղաղակ յիշեցնելով, որ իր ակնոցները արտադրուած են թշմանիին գործարաններուն մէջ, ուղեղին վրայ ալ արձանագրուած է «թրքական արտադրութիւն» (Made in Turkey):

ՆՈՐ ՅՂԱՑՔ ՄԸ՝ ԱՐՏԱՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒՄ

Խոստովանինք, որ ո՛չ համբերութիւնը, ո՛չ ալ ախորժակը ունինք լսելու մարդուկին ցնդաբանութիւնները, այլ կը բաւարարուինք կարգ մը լրատու աղբիւրներէ հաղորդուած քաղուածքներով` ուղղակի մէջբերումներով:

16 Յուլիսի երկարաշունչ քարոզներէն՝ մեր կարգին քաղեցինք քանի մը բաժին (աւելին կը համարենք կրկնապատկել ընթերցողին պատիժը), որոնցմէ ամէնէն կարեւորը՝ Սիւնիքի մասին հրապարակ նետուած նոր գիւտերն են, նոր յղացքները:

Ուշադրութեան արժանի է, որ այս ասուլիսը ձեւով մը համագումարն էր, «ծաղկաքաղ» մը՝ Թուրքիա, Ապու Տապի եւ Եւրոպա Փաշինեանի վերջին շաբաթներու այցելութիւններէն եւ ձեռք բերած «արդիւնքներէն»: Կանգ պիտի չառնենք նոյն ժամանակամիջոցին թրքական եւ ազերիական կողմերու կեցուածքներուն եւ մի՛շտ մեզի համար վնասակար պահանջներուն կրկնութեան վրայ, նաեւ այն, որ հայութեան ի վնաս բոլոր քայլերը ինչպիսի՜ խանդավառութեամբ կը դիմաւորուին ազերիական բեմին վրայ, այլ տեսնենք՝ թէ ինչպիսի՛ լարախաղացութիւններով կը ներկայացուին աննահանջ… նահանջներուն նոր տարազները:

Ապու Տապիի հանդիպումի նախօրեակին, բայց մանաւանդ անկէ ասդին, հրապարակ նետուած է մոլորեցնող, աչքերուն փոշի նետող նոր բառ մը՝ ԱՐՏԱՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒՄ: Եթէ չբաւականանաք ըսուածը լոկ մակերեսային ձեւով ընկալելով՝ յստակ կը դառնայ, որ Սիւնիքի իրողական յանձնումին «ճաշը եփած է», խոստում ու համաձայնութիւն՝ ամբողջացած, հիմա կ’աշխատին թունաւոր դեղահատը ժողովուրդին կոկորդէն շաքարապատեալ տարազներով վար իջեցնելու հնարքներու մասին, գործի կը լծեն նոյն բանը ըսող տարբեր բառեր: Կը փորձեն հասկցնել (եւ ազգը համոզել), որ եթէ թուրք-ազերիական պահանջներուն գոհացում տուող՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը որեւէ այլ տարազումի տակ դրուի օտար ընկերութեան մը վերահսկողութեան տակ, անիկա գերիշխանութեան կորուստ պէտք չէ նկատենք:

Եւ ի՜նչ…: «Ազգընտիր»-ը, առանց բառերը ծամծմելու, իրողապէս կը հաստատէ, որ թուրքերուն եւ ազերիներուն երթեւեկի իրաւունք տուող ծրագիրը կրնայ կորուստի մատնել Սիւնիքը, թէեւ կը պնդէ, որ գերիշխանութեան կորուստ տեղի պիտի չունենայ: Բայց եթէ ինք մոռցած է, հայը չէ մոռցած, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ալ, նման հաւաստիք տուած էր Արցախէն մնացած բաժինին մասին, եւ այդ հաւաստիքին իբրեւ փաստ՝ Արցախ վերադարձած էին մօտաւորապէս 100 հազար արցախցի: Յետո՞յ…

Ինչ որ կը բացայայտուի ծալք առ ծալք (շատ բան յայտնի էր արդէն, եւ հիմա, նախատեսութիւնները պարզապէս շօշափելի գետինի վրայ կը մարմնաւորուին), այն է, որ Հայաստան գործնապէս պէտք է խզուի Իրանէն, նաեւ ռուսական վերահսկողութեան հարց չդրուի, հայկականն ալ՝ թէականի ցանկին տակ: Իսկ եթէ «միջանցք»-ը զգայնութիւններ կը ստեղծէ հայուն համար, անոր ալ լուծումը գտած է մարդուկը եւ կ’ըսէ. Եկէ՛ք, օտարներուն հասկցած ձեւով բացատրենք հարցը, այսինքն, միջանցք ըսելով՝ օտարները, դուք հասկցէք՝ ամերիկացիք եւ եւրոպացիք, չունին մեզի համար խորշելի հասկացութիւնը: Որո՞ւ հոգը, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանն ալ ունին մեզմէ տարբեր ընկալում, որուն նպատակն է… կուլ տալ Սիւնիքը, յետոյ նաեւ այլ պատառներ՝ պատրաստուած ՔՊ-ական խոհարարներու ձեռքով:

Եւ ինչպէ՜ս չյիշել, որ նո՛յն այդ օտարներն էին, որ մեզի թելադրեցին իջեցնել Արցախեան հարցին նշաձողը, այնքան մը որ… Արցախը ամբողջութեամբ կորսուեցաւ, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» գոռացողը յետոյ անխառն խանդավառութեամբ, նոյն այդ եւրոպացիներուն հովանոցին տակ յայտարարեց, որ Արցախը ի սկզբանէ Ատրպէյճանի կը պատկանէր, մարդիկ ամբողջ 30 տարի դատարկաբանութիւն ըրած են բանակցութիւններու ճամբով, իսկ պատմութիւնը… «կեղծ քաթակորիա» է…: Եւ հիմա, «նշաձող իջեցնելու» յանկերգը մաշած ըլլալով, հրապարակ կու գայ «արտապատուիրակում» յղացքը:

Կը բացայայտուի, որ «անցքը» 100 տարուան համար վարձակալելու ամերիկեան առաջարկը այդքան ալ չի շահագրգռեր Ուաշինկթընը, ուրիշներ ալ շատ խանդավառ չեն. աւելի՛ն, ի յայտ կու գայ, որ այդ գաղափարին տէրը… Թուրքիան է, եւ ահա բերկորներով հանելուկը (Jigsaw puzzle) աւելի՛ կ’ամբողջանայ, երբ կը հիմնաւորուին այն շշուկները, թէ «միջանցք»-ը վերահսկողը ի վերջոյ կրնայ ըլլալ ՆԱԹՕ-ի (Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա) դաշնակից Թուրքիան: Այսքանը չտեսնել՝ կը նշանակէ ըլլալ ՔՊ-ամիտ, մեղսակից՝ Արցախէն ետք Հայաստանն ալ մասնավճարներով զիջելու ծրագիրներուն: Իսկ թէ ամերիկացիք կամ եւրոպացիք որքանո՞վ հետաքրքրուած են Հայաստանի գոյատեւումով՝ կը մնայ մե՜ծ հարցականներու տակ, պատասխանները կ’երեւին անոնց հետապնդած՝ սեփական շահերու պաստառին վրայ, հոն՝ ուրկէ մաս առ մաս կրնայ նօսրանալ Հայաստանը: Բայց… Էրտողանը չէ՞ր, որ Փաշինեանի մասին ըսաւ, թէ «Զանգեզուրի միջանցքին գծով աւելի ճկուն է հիմա»:

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՃՈՒՐԴ

Փաշինեանի խօսքերէն յստակ կը դառնայ, որ «ճամբաներու վերահսկողութիւնը արտապատուիրակելու» հնարքով՝ Սիւնիքը պաշտօնապէս դրուած է աճուրդի (կարեւոր չէ, թէ այս յղացքին գիւտարարը ո՞վ է): Մարդը կ’ըսէ, որ, «էսդի համեցէք»-ի տրամաբանութեամբ՝ մենք դրամ չունինք երկաթուղին կառուցելու, իսկ արաբական եւ այլ երկիրներ շահագրգռութիւն ցոյց կու տան, այսինքն՝ ո՛վ որ աւելի մեծ գումար տայ Երեւանի իշխանաւորներուն, կրնայ իրականացնել թրքերէնէ փոխադրեալ սա խօսքը. «Դրամ տուողը սուլիչը կը փչէ(*)»: Հարց է, թէ աճուրդին կազմակերպումը պիտի վստահուի «Սոթըպիզ»-ի՞ն, թէ՞ «Քրիսթիզ»-ին…

ՔՊ-ապետը հարցը կը դիտէ բացառապէս վաճառականի, լոկ նիւթական շահու ակնոցով: Հոն ալ ազգը մոլորեցնելու փորձ կ’ընէ, երբ նախ կ’ըսէ, որ ըլլալիքը պէտք է դիտել այնպէս մը, որ (իբրեւ թէ) բնակարան մը վարձու կու տաք եւ շահ կ’ապահովէք (արդեօք ա՞յդ տրամաբանութեամբ սկսաւ Արցախը յանձնումը), յետոյ կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի մէջ քանի մը մեծ ընկերութիւն «արտապատուիրակուած» են, ինչպէս՝ օդակայանը, երկաթուղիի ցանցը, վաղը կրնայ արտապատուիրակուիլ նաեւ ելեկտրացանցը: Կ’ըսէ՝ ցանցը առինք, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ ընդերկար մենք պիտի կառավարենք, պիտի գտնենք զայն կառավարելու գործով շահագրգիռներ: Ու բանիմաց մարդիկ հարց կու տան, թէ միայն քաղաքականապէս տհաս մը կամ թշնամիին շահերուն անկիւնէն դիտող մը կրնայ չտեսնել տարբերութիւնը, ու կը յիշեցնեն, որ այս «արտապատուիրակում»-ին ետին ալ կը տեսնուին թրքական նապաստակին ականջները: Այսինքն, Հայաստան կը մտնէ այն ճամբուն մէջ, որ Վրաստանը տարաւ թրքական նուաճումին (չանտեսենք այլ դրացիներ): Պէտք ունի՞նք անգամ մը եւս յիշեցնելու, որ միայն թրքական ուղեղով եւ աշխարհահայեացքով պատուաստուած մարդիկ են որ այս երթին մէջ «ապագայ կայ»-ին կը հաւատան:

Եւ ինչպէ՞ս հարց չտալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կոյր ձեւանալ եւ Սիւնիքէն խոստացուած «անցք»-ին վերահսկողութեան արտապատիրակումը համեմատել այլ ընկերութիւններու հետ: Ինչպէ՞ս չտեսնել, որ Սիւնիքը աշխարհաքաղաքական ծանրակշիռ իմաստ ունի, ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ Է ՈՐ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ ի հեճուկս Հայաստանի, մինչդեռ այլ ընկերութիւններու շահարումը օտարներու վստահիլը առաւելաբար տնտեսական հաշուարկներով կ’ըլլայ, հոն գերիշխանութեան իրողական կորուստը չկայ: Եւ երբ կը խօսուի, օրինակ, ճամբաները 100 տարիով վարձու տալու մասին (կը յիշէ՞ք, Պոլսոյ մէջ կը յայտարարէն, թէ ի՞նչ վնաս, թող թուրքերն ու ազերիները երթան-գան), ո՛չ մէկ խօսք՝ հայերու երթեւեկի իրաւունքին մասին. հա՛, չմոռնանք որ «երրորդ երկիրներու հպատակներ» ալ կրնան օգտուիլ «անցքերէն»: Այս խայտառակ «լուսաբանութիւններուն» ի լուր՝ մեր միտքը կու գայ ուրիշ ծանօթ խօսք մը. «Մինչեւ բաղձալի օրը՝ կա՛մ այծը կը մեռնի, կամ այծատէրը»: Այծատէր-Հայաստանը որքա՞ն պիտի դիմանայ…

Բոլորովին այլ հարց է, թէ արդեօք Հայաստանի պետութիւնը եւ ՀԱՅ ՇԱՀԱՐԿՈՂՆԵՐ ինչո՞ւ հեռու կանգնած են նման հիմնարկներէ: Պատասխաններէն նորագոյնը եղաւ ելեկտրականութեան ցանցին «պետականացման» որոշումը: Իսկ ո՞վ պահած է հաշիւը այն հայերուն, որոնք անցեալին, նա՛եւ նախորդ իշխանութիւններուն օրով, ներդրումներ ըրին Հայաստանի մէջ եւ յետոյ… պաշտօնապէս կողոպտուեցան: Կողոպտուեցան նաեւ կարգ մը օտարներ (օդանաւային ընկերութեան պատմութիւնը մէկն է): Եւ այս մարդիկը կը խօսին «նախկիններ»-ու մասին, մինչդեռ դրամագլուխ-ներդում վանելու իրենց ընթացքով՝ ամէն օր նոր մրցանիշ կը հաստատեն:

ԱՅԼ ՑՆԴԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ինչպէս նշեցինք սկիզբը՝ մեզ մտահոգողը՝ հեռահաս վտանգներն են, այսինքն Սիւնիքի գործնապէս խլման մեկնարկի նշանները, որոնց մասին չենք ուզեր աւելի երկար խօսիլ այստեղ: Երեւանի մէջ ըստ բաւականին տեղին արձագանգներ կան:

«Պատժամիջոց» ասուլիսը առիթ եղաւ նաեւ չուանին վրայ փռելու լուացուած բայց կեղտոտ մնացող այլ լաթեր, ինչպէս՝ Եկեղեցւոյ դէմ արշաւները խեղաթիւրեալ եւ մոլորեցնող պատկերներով, մինչեւ իսկ սուրբգրային մէջբերումներով արդարացնելու շատախօսութիւնները, իբրեւ թէ գերիներու հարցով շահագրգռուած ըլլալը (լուր չունի եղեր Միացեալ Նահանգներու միջնորդութիւնը հայցելու ընտրանքին իր մերժումէն, իսկ որո՞ւն հրահանգով ՔՊ-ականներ Եւրոպայի մէկ բեմէն ձեռնպահ մնացին Արցախի եւ պատանդներու հարցին հետապնդման՝ «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցիչի առաջարկին), կամ, տակաւին՝ ժողովրդավարութեան եւ ինքնիշխանութեան պաշտպանը ըլլալու յոխորտանքները. չէ՞ որ անցեալ շաբաթ եւրոպացիք քանի՛երորդ անգամ ըլլալով կոյր ու խուլ ձեւացան աղաղակող իրականութիւններուն՝ Եկեղեցւոյ ու ընդդիմադիրներու դէմ հալածանքներուն դիմաց, եւ գովասանքո՜վ խօսեցան իր բարեմասնութիւններուն մասին. արդեօք անո՞նց ալ ցոյց տուած էր… չաքուճը կամ ուրիշ բան: Այս ու նման ցնդաբանութիւններուն անդրադառնալ՝ պիտի նշանակէ աւելորդ տուրք տալ իր սուտերուն եւ խեղաթիւումներուն:

ԼՈՒԾՄԱՆ ՃԱՄԲԱՆ՝ ԱՆՓՈՓՈԽ

Չենք կարծեր, որ պէտք է դարձեալ երկար խօսիլ այս ու նման պատիժներէ, պատուհաս իշխանականներէն ձերբազատելու հրամայականին մասին:

Դրական տեղաշարժի մը նախանշանները կը բիւրեղանան դարձեալ: Ընդդիմադիրները, ԲՈԼՈՐ բանիմաց եւ հայրենապաշտպան ընդդիմադիրները, առանց լիովին թաքցնելու իրենց կարգ մը տարակարծութիւնները, աւելի՛ միաձայն են ձեռքերը միացնելու, կարողութիւնները համախմբելու եւ հայրենիքի փրկութեան երթին մէջ քով-քովի գալու առաջադրանքին շուրջ, չեն ուզեր սպասել յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն:

Ու եթէ մեր աչքերը քիչ մը, մի՛այն քչի՜կ մը տարածենք Հայաստանի գետինին վրայ զարգացումներու դաշտերէն անդին, կրնանք տեսնել, որ մեր շուրջ-բոլորը կը սկսին ստեղծուիլ նոր ալիքներ, որոնք եթէ բացարձակապէս յուսատու չեն, սակայն պատուհան(ներ) կը բանան անոնցմէ օգտուելու իմաստով: Եւ այս կէտին մէջ է որ կը շեշտուի ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ միաւորման հրամայականը:

(*) Թրքաբոյր ներածուած մթնոլորտին մէջ, թող մեղանչում չսեպուի թրքերէն խօսք մը յիշելը. «Փարայը վերէն տիւտիւկը չալար»:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

16 Յուլիս 2025

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Շարունակելու ենք Հայ Դատի մեր ծաւալուն

Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը Հ․Յ․Դ․ Հայ

25 Սեպտեմբեր 2026
Մեր առաքելությունը սոսկ քաղաքական չէ.

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանի խոսքը՝ ՀՅԴ Հայ

25 Սեպտեմբեր 2026
Այսօր կանգնած ենք ճակատագրական ջրբաժան

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանի խոսքը՝ ՀՅԴ Հայ դատի համահայկական

25 Սեպտեմբեր 2026
Մեծ մտահոգություն է եկեղեցու և կաթողիկ

«Մեզ համար մեծագույն մտահոգություն է Եկեղեցու եւ անձամբ վեհափառի դեմ տարվող ար

25 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումն

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան արդիւնաւորման համար Անգարայի դասական նախապայմանները

25 Սեպտեմբեր 2026
Թորոնթօն եւ գանատահայութիւնը տիպար օրի

Ստորեւ կը ներկայացնենք Թորոնթոյի նորահաստատ «Նարեկ» Հայ Կրթական եւ Մշակութային

24 Սեպտեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական

35 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը որոշում մը առաւ, որը անգամ մը եւս փոխեց մեր պատմո

24 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company