ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութիւնը վերանուանեց «Հայրենիք» Շէնքը Ի Յիշատակ Խաչիկեան Ընտանիքին

26 Հուլիս 2025

Քէն, Սթիւ եւ Տայանա Խաչիկեան

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց) ․ – Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութիւնը (ACAA) hպարտօրէն կը տեղեկացնէ, թէ «Հայրենիք» (80 Bigelow Ave) շէնքը պիտի վերանուանուի եւ կրէ «Խաչիկեան Ընտանիքի Հայրենիք Շէնք» անունը՝ ի յիշատակ Տայանա եւ Քէն Խաչիկեաններու առատաձեռն նուիրատուութեան։ Այս քայլը կը խորհրդանշէ ազգասէր Խաչիկեան ընտանիքին յարատեւ նուիրումն ու ծառայութիւնը՝ գաղութին։

«Հայրենիք» շէնքը կեդրոն մըն է, ուր կը գործեն Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութիւնը (ACAA), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի կեդրոնական կոմիտէն, շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի շրջանային վարչութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական վարչութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի շրջանային վարչութիւնը եւ «Համազգային»-ի շրջանային վարչութիւնը։ Շէնքին մէջ կը գտնուին նաեւ «Հայրենիք» եւ «The Armenian Weekly» թերթերու խմբագրութիւնները, «Անդրանիկ եւ Ալիս Քարճեան – Հայրենիք Մետիա» կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Հ․Յ․Դ․ արխիւները, որոնք կը պահպանեն աւելի քան դարաշրջանի մը ազգային, քաղաքական եւ մշակութային պատմութիւնը։

Տայանա եւ Քէն Խաչիկեաններու խօսքերը կը շեշտեն «Հայրենիք» շէնքին իսկական նշանակութիւնը, որ երկար տարիներու ընթացքին վերածուած է հայկական ինքնութեան եւ տոկունութեան խորհրդանիշի։ Անոնց համոզումով՝ այս շէնքը կը ներկայացնէ այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը կազմաւորեն մեր երիտասարդութիւնը, կը պահպանեն մեր մշակոյթը, կը պաշտպանեն մեր իրաւունքները, կը տեղեկացնեն մեր ժողովուրդը եւ այսօր կը հնչեցնեն մեր ձայները՝ շնորհիւ «Անդրանիկ եւ Ալիս Քարճեան – Հայրենիք Մետիա» կեդրոնին։

Տայանա եւ Քէն Խաչիկեաններու համար պատիւ մըն է գործակցիլ Հ․Յ․Դ․-ին, Հ․Ե․Դ․-ին, Հ․Օ․Մ․-ին, Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութեան, «Հայրենիք» թերթերուն եւ մետիա կեդրոնին հետ։ Անոնք համոզուած են, որ իրենց նուիրատուութիւնը պիտի նպաստէ այս շէնքին մէջ տարուող կենսական աշխատանքներու շարունակութեան։

Տայանա Խաչիկեան յայտնեց․ «Պատիւ մըն է ցոյց տալ երախտագիտութիւնս իմ ընտանիքիս եւ հարազատներուս, որոնք մանկութեանս առաջին օրերէն զիս սորվեցուցին հայկական արժէքները։ «Հայրենիք» շէնքը սիրտն է հայ համայնքին։ Այս նուիրատուութեամբ պիտի յարգենք մեր նախահայրերը եւ յառաջդիմութիւն խոստանանք ապագայ սերունդներուն»։

Քէն Խաչիկեան, իր կարգին աւելցուց․ «Ինծի համար այս նուիրատուութիւնը անձնական մեծ իմաստ ունի։ Հ․Յ․Դ․-ն եւ Հ․Ե․Դ․-ը ձեւաւորած են ամբողջ էութիւնս, սկսելով Պոսթընի «Սիամանթօ» մասնաճիւղի պատանեկութեան տարիներէն մինչեւ տասնամեակներու ազգօգուտ աշխատանքս։ Այս շէնքը կը ներկայացնէ մեր համայնքի զարկերակը։ Աջակցիլ անոր առաքելութեան՝ մեր ընտանիքին համար երախտիքի լուրջ արտայայտութիւն մըն է այն կազմակերպութիւններուն, որոնք մեզի այնքան բան փոխանցած են»։

Առաքել եւ Արմէնուհի Խաչիկեան

Աւելի քան դարաշրջան մըն է Խաչիկեան ընտանիքին պատմութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներ՝ Առաքել եւ Արմէնուհի Խաչիկեանները ժամանած են Պոսթըն 1920-ականներուն սկիզբը եւ կրցած են շաղուիլ գաղութին հետ։

Առաքել աւելի քան յիսուն տարի եղած է Հ․Յ․Դ․-ի անդամ, իսկ Արմէնուհին՝ երկար տարիներ Հ․Օ․Մ․-ի անդամ։ Անոնց զաւակները՝ Վազգէն եւ Արփի, եղած են Հ․Ե․Դ․-ի հարաւային Պոսթընի մասնաճիւղի գործօն անդամներ։ Առաքել կարեւոր դեր ունեցած է նաեւ Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրման մէջ, ուր Վազգէն եղած է Եկեղեցական Խորհուրդի անդամ եւ իր ներդրումը ունեցած՝ Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի (ACEC) ստեղծման։

Վազգէն եւ Անահիտ Խաչիկեան

Վազգէն եւ իր կողակից՝ Անահիտը բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Տայանա, Քէն եւ Սթիւ, որոնք բոլորն ալ եղած են Հ․Ե․Դ․-ի գործօն անդամներ եւ շարունակած են ազգային կեանքին նուիրուած տիպար հայ ընտանիքի աւանդութիւնը։

Տայանա եւ Քէն Խաչիկեանները, որոնց առատաձեռն նուիրատուութիւնը հնարաւոր դարձուց այս շէնքին վերանուանումը, ունեցած են բեղուն գործունէութիւն։ Տայանա՝ ամբողջ կեանքին ընթացքին եղած է Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ համայնքի անդամ եւ կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ 45 տարի ծառայած է Իլինոյի «Aptakisic Tripp» դպրոցէն ներս, ուր իր անունով մրցանակ մը գոյութիւն ունի։ 2024 թուականին, ան հրաժեշտ տուաւ կրթական ասպարէզէն՝ հանդիսանալով ամենէն աւելի երկար ծառայած ուսուցիչը՝ այդ կրթօճախէն ներս։ Նոյն տարին, Ուաշինկթընի մէջ, իր պաշտօնավարած դպրոցը ստացաւ «National Blue Ribbon School» տիտղոսը։

Քէն Խաչիկեան շարունակ գործած է Հայ Դատին համար։ Ան եղած է Հ․Ե․Դ․-ի կեդրոնական վարչութեան նախագահ, սոյն Հիմնարկի հիմնադիր նախագահ, 58 տարէ ի վեր մաս կը կազմէ Հ․Յ․Դ․ շարքերուն, որուն բազմիցս ծառայած է նաեւ իբրեւ Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի կեդրոնական կոմիտէի անդամ։ 2001-2016 թուականներուն, Քէն նախագահած է Հայ Դատի Ա․Մ․Ն․ յանձնախումբը եւ այդ ժամանակաշրջանին վերակառուցած է անոր նիւթական հիմքերը։ Ներկայիս նախագահն է Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայ Իրաւական Կեդրոնին։ Սթիւ Խաչիկեան երկար տարիներ ծառայած է Հ․Ե․Դ․-Ի «Քեմփ Հայաստան»-էն ներս, ուր իր գործօն մասնակցութեամբ զգալիօրէն բարելաւուած են ճամբարին պայմանները։

Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութեան նախագահ Անի Չաղլասեան, եզրակացնելով, շեշտեց «Խաչիկեան ընտանիքի առատաձեռնութիւնը եւ մասնաւորաբար Տիանայի եւ Քէնի խոր նուիրումը, մարմնաւորում մըն է մեր առաքելութեան։ Անոնց կեանքի ամբողջ ընթացքին ցուցաբերած նուիրուածութիւնը կ՛երաշխաւորէ, որ «Հայրենիք» շէնքին մէջ գործող հաստատութիւնները մնան հզօր, կենսունակ եւ խորապէս կապուած՝ իրենց ազգանուէր նպատակներուն»։

Այսուհետեւ, «Խաչիկեան Ընտանիքի Հայրենիք Շէնքը» պիտի ըլլայ ոչ միայն Սփիւռքի գործօն կազմակերպութիւններու կեդրոնը, այլ նաեւ յարգանքի տուրք մը՝ այս ընտանիքին, որուն նուիրումը թողած է անմոռանալի ազդեցութիւն հայորդիին կեանքին վրայ։

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
ՀՀ գլխավոր դատախազությունը և քննչական

Հարգելի հետեւորդներ, հայրենակիցներ, նաեւ մարդու իրավունքների պաշտպանությամբ զբ

29 Հուլիս 2025
Հայ դատի Միջին Արեւելքի յանձնախումբի յ

Կազայի վրայ յարձակումի եւ պաշարումի դէմ դատապարտանքի եւ խարանի յայտարարութիւն

29 Հուլիս 2025
Ակնարկ «Հրաշք»-ներ, Զգուշացումներ, Պար

Սիւնիքի վրայով տարածաշրջանի ապաշրջափակման ուղղութեամբ ամերիկեան առաջարկները խա

28 Հուլիս 2025
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց

Երկուշաբթի, 28 Յուլիս 2025-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ

28 Հուլիս 2025
Հանդիպում Իսպանիայի վարչապետ Պեդրո Սան

Օրերս Ուրուգվայի մայրաքաղաք Մոնտեվիդեոյում տեղի է ունեցել հանդիպում՝ Ընկերվար

28 Հուլիս 2025
Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Բացմ

Երեք օրուան մրցումներէ ետք, շաբաթ, 26 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Երեւանի

28 Հուլիս 2025
Լիբանանահայութիւնը Յարգեց Լիզպոնի Հերո

Շաբաթ, 26 յուլիս 2025-ի երեկոյեան լիբանանահայութիւնը իր յարգանքի տուրքը մատուց

28 Հուլիս 2025
Իսրայէլի Նոր Դերը Միջին Արեւելքի Մէջ`

Իսրայէլի պատմական ուղին Միջին Արեւելքի մէջ երկար ժամանակով յատկանշուած է քաղաք

28 Հուլիս 2025
«Ալիք»ի Խմբագրական. Լիզբոնի ուղերձն ո

44-օրեայ պատերազմից յետոյ, երբ ակնյայտ էր, որ ադրբեջանցիները պատերազմում տարած

27 Հուլիս 2025
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ Մարզախաղերու

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ,Յուլիս 26-ի երեկոյեան մայրաք

26 Հուլիս 2025
Կազմուեցաւ Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի

ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան եւ Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին ներկայացու

26 Հուլիս 2025
Հայ երիտասարդները համախմբող համահայկա

Հայաստանի մէջ ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումը, Համա

26 Հուլիս 2025
Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութիւնը վե

Քէն, Սթիւ եւ Տայանա Խաչիկեան ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց) ․ – Ամերիկայի Հայ Մշակո

26 Հուլիս 2025
Խմբագրական. Լիզպոնի Ուղերձը Այսօր. Պահ

Լիզպոնի արարքին հետապնդած նպատակը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն շատ աւե

26 Հուլիս 2025
128-Ամեակ Խանասորի Յաղթական Արշաւանքին

Խանասորի արշաւանքը հայ յեղափոխութեան արդարահատոյց բազուկին խորհրդանիշն է: Անիկ

25 Հուլիս 2025
«Արցախյան բանակցություններ». Արթուր Խա

Այսօր, Հուլիսի 25-ին IBIS Երևան Կենտրոն հյուրանոցի «Արարատ» սրահում տեղի ունեց

25 Հուլիս 2025
Լիզպոնի տղոց պատգամը՝ երիտասարդութեան

­Լիզ­պո­նի սխրա­գոր­ծու­թե­նէն ան­ցած 42 տա­րո­ւան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը մտա­ծել

25 Հուլիս 2025
Փաշինեանի վարչախումբը հայութեան միասնա

Ընկերական Զրոյց «Ասպարէզ». Մեր ընթերցողներուն եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութ

25 Հուլիս 2025
Սյունիքում ամերիկյան հենակետ կստեղծվի.

ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական Համահայկական 12-րդ բանակումի ընդհանուր պատասխանա

25 Հուլիս 2025
74 ԼԵՄ-ականներ Իրենց Աշխուժ Մասնակցութ

Այսօր` 24 յուլիս 2025-ին, 74 ԼԵՄ-ականներ կը վերադառնան հայրենիքէն, իրենց աշխու

24 Հուլիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company