Հայ երիտասարդները համախմբող համահայկական բանակումներ եւ հաւաքներ
26 Հուլիս 2025
Հայաստանի մէջ ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումը, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ուսանողական 30-րդ համախմբումը եւ Լիբանանի մէջ ՀՄԸՄ-ի միջցամաքամասային բանակումը հայ երիտասարդներու մերձեցման, իրազեկման եւ ինքնութեան ամրագրման կարեւորագոյն առիթներէն կը համարուին։
Դաշնակցութեան երիտասարդական-ուսանողական եւ անոր ուղեկից միութիւններուն մէջ հասակ առած երիտասարդները, աշխարհի տարբեր կողմերէն համախմբուելով առաջին հերթին իրար կը ծանօթանան, կը ճանչնան հայրենիքը, կը շօշափեն անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները, կ’առնչուին իրենց արմատներուն, մշակոյթին, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան, անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մէկ ընտանիքի, մէկ ազգի մաս կազմելու ըմբռնումը կ’արմատացնեն իրենց մտածողութեան ու հոգեւոր աշխարհին մէջ։
Անոնք սփիւռք-հայրենիք կապը եւ անոր իմաստն ու արժէքը կ’իւրացնեն յատկապէս իրենց այցելած վայրերուն, ունկնդրած դասախօսութիւն-զրոյցներուն եւ առօրեայ հանդիպումներուն ընդմէջէն։
Այս համախմբումներուն ընդմէջէն կը զարգանայ անոնց գաղափարական հենքը, քաղաքական միտքը, իսկ հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը զգացական անոնց աշխարհէն անդին կ’անցնին՝ դառնալու գործ, ծրագիր, կենսակերպ ու ծառայութիւն։
ՀՄԸՄ-ական երիտասարդները եւս, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած միջցամաքամասային Ա. բանակումին մասնակցելով՝ գիտելիքներու կողքին ձեռք կը բերեն փորձառութիւններու փոխանակման, նոր յարաբերութիւններու մշակման, հայկական սփիւռքի տարբեր հատուածներու դժուարութիւններուն եւ առաւելութիւններուն ծանօթացման, հայրենիքին ապրած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին բաւական հարուստ գիտելիք ու կը միանան հայ երիտասարդութեան համահայկական այն ցանցին, որ ազգային դիմագիծի պահպանման, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման կարեւոր մէկ երաշխիքն է։
ՀՅԴ-ին եւ անոր ուղեկից միութիւններուն կազմակերպած Համահայկական այս ձեռնարկները հայ երիտասարդը ազգային արժէքներուն առնչելու, անոր մտահորիզոնը ընդլայնելու, հայրենի իրականութեան հետ առնչելու եւ սփիւռք-սփիւռք ու սփիւռք-հայրենիք կապերը ամրապնդելու պարարտ հող կը մշակեն։
Սուրիահայ երիտասարդներ, հակառակ երկրի ծանր պայմաններուն, մեծ թիւով մասնակցեցան այս համախմբումներուն, որովհետեւ անոնք հասակ առին այնպիսի միութիւններու մէջ, որոնք կազմակերպուած աշխատանքի, քննական միտքի զարգացման, առողջ մթնոլորտի ստեղծման կողքին, ազգային արժէքներու, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ, ազգի ու հայրենիքի հանդէպ սէրն ու ծառայութեան ոգին զարգացուցին անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ։
Ողջո՛յն երիտասարդ այս բանակին, որ ապրելով տարբեր դժուարութիւններ, իր արմատներուն, արժէքներուն կառչած կը մնայ ու երբեք չի խզեր իր կապը ազգին ու հայրենիքին, պատմութեան ու եկեղեցւոյ հետ, ինչպիսի խոչընդոտներ ալ յառաջանան քաղաքական բեմերու վրայ։
«Գանձասար»ի խմբագրական