Կազմուեցաւ Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նոր Վարչութիւնը
26 Հուլիս 2025
ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան եւ Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին ներկայացուցիչները քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանոյի հետ, Օգոստոս 2024ին
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց իր նոր վարչութեան կազմութեան մասին, որ պիտի շարունակէ գործօն դերակատարութիւն ունենալ համայնքին կեանքին մէջ եւ ամերիկահայութեան շահերը ջատագովելու նպատակով` յարաբերութիւններ պիտի մշակէ տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակի քաղաքական ղեկավարներու հետ, մօտէն գործակցելով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետ։
Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը բաղկացած է տարբեր տարիքի եւ մասնագիտութիւններէ ներկայացուցիչներէ եւ անոր անդամներն են՝ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան (ատենապետ), Աշոտ Մուրատեան (փոխատենապետ), Վիգէն Բագրատունի (քարտուղար) եւ խորհրդականներ՝ Ալեքս Մանուկեան, Մանէ Մինասեան, Ճեք Հաճինեան եւ Տարօն Սասունեան։
Յիշեցնենք, որ այս տարուան սկիզբը Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը, մօտէն գործակցելով Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Պապ Արչուլեէայի հետ՝ յաջողեցաւ նահանգին Նահանգային պատմական վայրերու ցանկին վրան դնել Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Մոնթեպելլոյի յուշարձանը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին ներկայացուցիչները քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանոյի հետ, 2006ին
Մասնաճիւղը եւ շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութիւնը նաեւ մեծարեցին իր քաղաքական 35 տարիներու ասպարէզէն հեռացած քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանոն, որ միշտ նեցուկ կանգնած էր հայութիւնը յուզող հարցերուն։ Այդ առիթով, իր արտասանած խօսքին մէջ, Լեւոն Կիրակոսեան յիշեցուց, թէ Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Նափոլիթանոյի միջեւ սերտ յարաբերութիւններ հաստատուած էին անոր քոնկրեսական ընտրուելէն առաջ իսկ, 1990ականներու սկիզբը։
Իբրեւ ատենապետ՝ Կիրակոսեան իր հետ կը բերէ Հայ Դատի ջատագովման տասնամեակներու փորձառութիւն մը, նկատի ունենալով, որ ան եղած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Ազգային վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ գործօն մասնակցութիւն բերած է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գործունէութեան։
«Շատ գործ կայ ըլլալիք յատկապէս այս օրերուն, երբ Հայաստան եւ Սփիւռքը կը դիմագրաւեն շարք մը մարտահրաւէրներ, որոնց մէկ մասը արդիւնք են արտաքին ճնշումներու, իսկ միւսը կու գայ ներքին աղբիւրներէ», ըսաւ Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Լեւոն Կիրակոսեան։