Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ Մարզախաղերու Պաշտօնական Բացում` Երեւանի Մէջ
26 Հուլիս 2025
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ,Յուլիս 26-ի երեկոյեան մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ մարզախաղերուն, որոնց կը մասնակցին աւելի քան 700 մարզիկ-մարզիկուհիներ եւ յատուկ խնամքի կարօտ «Հրաշք» մարզախաղերու 200 պատանիներ:
Մարզախաղերը արդէն իսկ ընթացք առին եւ կը կատարուին հետեւեալ մարզադաշտերուն մէջ. «Տինամօ» (ֆութզալ), «Ողիմպիական աւան» (պասքեթպոլ, կրտսերներ եւ աղջիկներ), Շէնգաւիթի մարզական դպրոց (վոլիպոլ եւ փինկ-փոնկ), «Միկա» (ֆութպոլ եւ պասքեթպոլ, տղաք), Արտաշատի դաշտ (աթլէթ), Վահագնի կոլֆի ակումբ (թենիս), «Դաւիթ Համբարձումեանի մարզական համալիր» (լող) եւ Երեւանի ճատրակի դպրոց (ճատրակ): «Հրաշք»-ի մարզախաղերը կը կատարուին Երեւանի եւ Սպիտակի մէջ:
Պաշտօնական բացման հանդիսութեան նախորդեց մարզախաղերու մասնակիցներու տողանցքը` Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ: Մարզախաղերու ջահը միաժամանակ բոցավառուեցաւ հայութեան համար նուիրական երեք վայրէ` Սուրբ էջմիածինէն, Ծիծեռնակաբերդէն եւ Եռաբլուրէն: Երեք ջահերը միացան Եռաբլուրի մօտ, ապա փոխանցավազքով, մարզիկներու ձեռամբ գլխաւոր ջահը հասաւ հրապարակ, ուր կատարուեցաւ բացման մեծաշուք հանդիսութիւնը:
տեսանիւթն այստեղ