Լիբանանահայութիւնը Յարգեց Լիզպոնի Հերոսներուն Յիշատակը Եւ Ոգեկոչեց Անոնց Նուիրաբերումով Կատարուած Գործողութեան 42-ամեակը
28 Հուլիս 2025
Շաբաթ, 26 յուլիս 2025-ի երեկոյեան լիբանանահայութիւնը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց 42 տարի առաջ իրենց եսը մոռցած եւ իրենց ամէնէն թանկագինը` կեանքը ազգին ու Հայ դատին նուիրաբերած հերոս տղոց` Սիմոնի, Սագոյի, Վաչէի, Արայի եւ Սեդրակի, որոնցմէ մեզի հասած պատգամը միշտ հնչող պիտի մնայ, իսկ անոնց վեհ նուիրումն ու հայութեան բագինին զոհաբերութիւնը անմար ջահի նման պիտի շարունակէ լուսաւորել յաջորդ սերունդներուն ուղին:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ Լիզպոնի տղոց նուիրուած յիշատակի երեկոն սկսաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, երբ հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ, հայորդիներ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին առջեւէն ջահերթով ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր անոնց միացան նոյն նպատակին համար հոն գտնուող մեծաթիւ հայորդիներ եւ միասնաբար ծաղիկներ զետեղեցին ու մոմեր վառեցին անոնց շիրիմին վրայ:
Լիզպոնի հերոսներու դամբարանին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Միրէյ Ժըմմօ, որ շեշտեց, թէ նման ոգեկոչումներ ոչ միայն կը միտին յիշել հինգ հերոս տղաքը, այլ յիշեցնել եւ մեր էութեան մէջ ամրապնդել անոնց միտքերը, խօսքերը, զգացումները եւ Հայ դատի պայքարին համար իրենց զոհողութեան գերմարդկային արարքը: Ան դիտել տուաւ, որ երազներ ունեցող եւ կեանքը սիրող այդ երիտասարդները լեցուն էին այնքան մեծ հաւատքով, որ կրցան խօսքը վերածել գործի` յանուն հայրենիքին, ազգայինին եւ հայրենասիրութեան: «Անոնք Լիզպոնէն աշխարհին յայտնեցին, որ հայ երիտասարդը չի մոռնար իր անցեալը, չի լռեր հայրենիքի տառապանքին դիմաց եւ երբեք չի հեռանար արդարութեան ուղիէն: Լիզպոն հինգի յիշատակին պահպանումը եւ յաւերժացումը ծանր, դժուար եւ նոյնիսկ յուզող պարտք է մեր ուսերուն վրայ», ըսաւ ան:
Միրէյ Ժըմմօ հաստատեց, որ ԼԵՄ-ականները պարտին իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ թէ դուրս ամէն ջանք ի գործ դնել` պահպանելու Լիզպոնի ոգին, լաւապէս դաստիարակուելու, իրենց ձիրքերն ու կարողութիւնը կատարելագործելու եւ նուիրաբերուելու Հայ դատի պայքարին: «Հետեւաբար, ոգեկոչական ձեռնարկ ըլլալէ անդին, այստեղ մեր ներկայութիւնը երդման վերանորոգում է: Մենք պիտի ապրինք այնպէս, որ Սարգիսի, Սեդրակի, Վաչէի, Արայի եւ Սիմոնի զոհողութիւնը ի զուր չըլլայ: Լիզպոնը այսօր մեզի կը փոխանցէ գաղափարի եւ յեղափոխութեան օրինակելի պատգամներ` բացարձակապէս մերժելով սկզբունքներէ շեղում: Լիզպոնը կը մերժէ բոլոր այն երեւոյթները եւ սովորութիւնները, որոնք կը սպաննեն ազգը, այլ կ՛օրհնէ հաւաքական ու միասնական պայքարը` յանուն մեր ազգի գոյատեւման եւ մեր հայրենիքին բարգաւաճման ու հզօրացման», շեշտեց ան:
Իր խօսքի աւարտին Միրէյ Ժըմմօ կոչ ուղղեց` Լիզպոնի ոգին ապրեցնելու իւրաքանչիւրի սրտին, միտքին ու հոգիին մէջ` իբրեւ պայքարի շարունակութեան ամէնէն ուժեղ բոցը:
Ռիթա Սալլում ասմունքեց Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւն»-ը:
Ապա ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը` Լիզպոնի հինգ տղոց ու անոնց հերոսութեան մասին:
Օրուան պատգամը ուղղեց Շանթ Յարութիւնեան, որ նշեց, թէ Լիզպոնի հինգ խոնարհ տղաքը` Սիմոն Եահնիեան, Սեդրակ Աճէմեան, Արա Քըրճըլեան, Սարգիս Աբրահամեան ու Վաչէ Տաղլեան 42 տարի առաջ վճռակամ քայլով մը նուաճեցին հերոսութեան բարձունքը` նոր էջ մը բանալով հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ Լիզպոնի գործողութիւնը մաս կը կազմէր հակաթուրք պայքարի ընդհանուր շարժման շղթային, որուն մէջ անկիւնադարձային օղակ մը եղաւ եւ նոր թափ հաղորդեց Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, հողային, մարդկային եւ մշակութային կորուստներու հատուցման պահանջատիրական պայքարին:
«Ան խորհրդանիշն ու փաստն է վերադարձի` դէպի յեղափոխական աւանդներ, Դատը քաղաքական հարթակէն փոխադրելով ուժական դիմադրութեան, նպատակադրելով հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումը: Լիզպոնը միշտ կը միտի զգուշացնել թշնամին, թէ առանց հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչումին եւ պատմական արդարութեան հաստատման կարելի չէ հասնիլ արդարութեան:
«Հայրենիքին եւ հայութեան ազատութեան համար անոնք գիտակցաբար ընտրեցին նահատակութիւնը: Անձնուիրութեան ու ինքնազոհութեան իրենց վճիռը առին խոր գիտակցութեամբ` մէկդի նետելով կեանքի բոլոր բարիքները, գերադասելով գաղափարը ապագայի օրերէն: Անտեսեցին կեանքի հմայքները, որպէսզի ապրեցնեն ամբողջ ժողովուրդ մը` ի սպաս ամբողջ դատին», շեշտեց Շանթ Յարութիւնեան:
Ան հաստատեց, որ հինգ տղաքը ճզմեցին իրենց «ես»-ը, մերժեցին նիւթապաշտութիւնը, շահամոլութիւնը, անձնական յաջողութիւնը, յաղթեցին մահուան, որպէսզի պատգամ փոխանցեն նախ հայ երիտասարդութեան, ցեղասպան թուրք պետութեան, եւ վերջապէս` անտարբեր լռութեամբ հայկական հարցը պատմութիւն սեպող աշխարհին: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Լիզպոնը դարձաւ կանչ իւրաքանչիւր հայու, ներշնչման աղբիւր պատանիներու եւ երիտասարդներու, սերունդներ դաստիարակուեցան անոր օրինակով, գաղափարապէս զօրացան եւ մուտք գործեցին պայքարի ճամբան:
«Մեր Հայաստանէն մաս մը անկախ է այսօր, Արցախը գրաւուած ու հայաթափուած, սփիւռքը` օտարացումի եւ ինքնութեան պահպանման վտանգներով լեցուն: Հետեւաբար Լիզպոնի հերոսական գործողութիւնը, անոր սուրբերուն տեսերիզով փոխանցած միտքերը հրամայական պատգամ մըն են մեր ժողովուրդին: Չորս տասնամեակ անց, հինգ հերոսներու նահատակութիւնը կը շարունակէ կենդանի մնալ մեր գիտակցութեան մէջ` իր մշտնջենական ուղենիշերով, որոնք իմաստ կը ստանան ի դէմս ժամանակի մարտահրաւէրներուն, Լիզպոնը հաւաքական միտքի արգասիքն է բխած իտէալներու հիմքերէն: Ազգային շահը հրատապ դասող ուժերն ու միաւորները պէտք է կարենան շարունակել այս միտքը` առանց պատեհապաշտութեան եւ գաղափարական սայթաքումներու», նշեց Յարութիւնեան:
Ան շեշտեց, որ Լիզպոնով ներշնչուիլ կը նշանակէ պայքարիլ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած նոր իրադրութեան դէմ ` Արցախի կորուստ, Հայաստանի սահմաններու խախտում, ազգային արժէքներու աղաւաղում, իշխանական վերնախաւին կողմէ ազգային գաղափարախօսութեան բացայայտ մերժում, կը նշանակէ ամէն գնով հեռացնել թշնամիին զիջող ու անոր ծառայող Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, դէմ դնել ապազգայինին, ստրկամիտ հոսանքներուն, պահանջատիրութեան փոխարէն կեղծ խաղաղութեան խոստումներով առաջնորդուողներուն, անհատական շահերէն վեր դասել հաւաքականը, դէմ դնել դաւաճանութեան, օտարացումին ու թուլամորթութեան, կառչիլ մեր իրաւունքներուն, արդար պատիժը տալ ազգադաւ գործակցութիւններուն, կը նշանակէ վերակազմակերպել սփիւռքը, զօրաշարժի ենթարկել զայն իբրեւ դատի իրաւատէր ու պահանջատէր ժառանգորդը, պայքարիլ թրքական երեւոյթներուն դէմ:
Խօսքը երիտասարդութեան ուղղելով` բանախօսը ըսաւ, որ պէտք է Լիզպոնը իւրաքանչիւրին համար դառնայ ոգեղէն ներշնչման եւ պայքարի աղբիւր, ուխտին հաւատարիմ մնալու ուժ ու հաւատամք` ընդարձակելու իրենց շարքերը եւ ներգրաւելու երիտասարդութեան տարբեր խաւերը, նորարարութիւնը օգտագործելու` պահելով ազգայինն ու հիմնականը, Հայ դատը նոր ոճով առաջնորդելու ու յաջողութիւններու ձգտելու յանձնառութիւն ստանձնելու, դէմ դնելու սփիւռքը Հայաստանէն անջատելու բոլոր փորձերուն:
Իր խօսքը եզրափակելով` Շանթ Յարութիւնեան կոչ ուղղեց. «Թող «Կ՛երդուենք անբիծ պատուովը ձեր` ընդարձակել պայքարը մեր»-ը դառնայ իսկական խորհրդանիշ ու շարժիչ ուժ բոլորիս, առաջնորդէ մեր կեանքը եւ բազմապատկէ հայու պայքարող տեսակն ու ոգին»:
Ապա խումբ մը ԼԵՄ-ականներ ներկայացուցին Լիզպոնի տղոց կենսագրականները:
Աւարտին կատարուեցաւ յուշանուէրներու տուչութիւն: