Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Բացման Մեծաշուք Հանդիսութիւն` Երեւանի Մէջ
28 Հուլիս 2025
Երեք օրուան մրցումներէ ետք, շաբաթ, 26 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերու պաշտօնական բացումը, ներկայութեամբ Ամենայն հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց ներկայացուցիչներ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի եւ Արտաւազդ վրդ. Շառոյեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Արսէն Համբարձումեանի եւ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի եւ անդամներու, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Արթուր Մկրտչեանի եւ անդամներու, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Իշխան Սաղաթէլեանի եւ Արա Պուլուզեանի, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւններու անդամներու, Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, հիւրերու, մարզախաղերու մասնակից 15 շրջաններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովրդային հոծ բազմութեան մը:
Ջահավառութիւնը
Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, երեք վայրէ ջահավառութեամբ: Առաջին ջահը վառեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմար կրակէն` ի յարգանք Ցեղասպանութեան զոհ գացած եւ հայրենազուրկ դարձած մեր նախնիներու յիշատակին: Ջահը վառեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կրտսերագոյն գայլիկ եւ արծուիկ Խաչիկ Տէր Ներսէսեան եւ Հուրի Ջաղացպանեան: Ջահավառութեան ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետը:
Երկրորդ ջահը վառեցաւ Ս. Էջմիածինի մայր տաճարի կանթեղէն` իբրեւ աստուածային օրհնութեան, մշտանորոգ հաւատքի եւ քրիստոնէական ինքնութեան հոգեւոր անմար լոյսի խորհրդանիշ: Մինչ երրորդ ջահը բոցավառեցաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնի Սրբոց Վարդանանց մատրան կանթեղէն` օրհնութեամբ Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննիսեանի: Ջահը վառեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Արցախեան պատերազմներու նահատակներու ծնողները` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետին:
Այնուհետեւ, երեք ջահերը միանալով դարձան մէկ բոց, ուժեղ կրակ, մեծ ջահ` բոցավառելու համար համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու մասնակիցներուն եւ ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ բազմահազար համակիրներուն սիրտերը: Ջահը, փոխանցքավազքով, 17 մարզիկներու ձեռամբ երեկոյեան 7:30-ին հասաւ «Հանրապետութեան» հրապարակ:
Տողանցքը
Մարզախաղերու ջահին փոխանցքավազքէն կարճ ժամանակ ետք, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ընթացք առաւ մարզախաղերու մասնակից 15 շրջաններու պատուիրակութիւններուն տողանցքը` Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանէն մինչեւ «Հանրապետութեան» հրապարակ: Աւելի քան 700 մարզիկ-մարզիկուհիներու եւ մարզախաղերու կազմակերպման մասնակից կամաւորներու հետ տողանցքին վերջին մասին միացան 200 «հրաշք»-ներ` յատուկ կարիքներու կարօտ պատանիներ Երեւանէն եւ Սպիտակէն:
Բացումը
Տողանցքի մասնակիցներուն «Հանրապետութեան» հրապարակ մուտքով սկսաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերու բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին եւ դրօշակակիրներուն առաջնորդութեամբ, խանդավառ ու խիտ շարքերով, հրապարակին վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին մարզական պատուիրակութիւնները. Աւստրալիա, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Արցախ, Պաղտատ, Երուսաղէմ, Լիբանան, Գահիրէ, Քանատա, Հարաւային Ամերիկա (Արժանթին եւ Ուրուկուէյ), Սթոքհոլմ, Քուէյթ, Մարսէյ, Փարիզ, Հայաստան:
Հնչեցին Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները:
ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿ–ի Խօսքը
Հանդիսութեան առաջին խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Արթուր Մկրտչեան: Ան ըսաւ, որ «Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը շատոնց արդէն կայացած իրողութիւն են, սպասուած ձեռնարկ` աշխարհասփիւռ հայութեան համար, այնպէս ինչպէս կայացած փաստ է, որ ՀՄԸՄ-ը այն եզակի կազմակերպութիւններէն մէկն է, որ ունի համահայկական տարողութիւն»:
Մկրտչեան ներկայացուց մարզախաղերու նպատակը եւ հաստատեց. «Այսօր եւս, ինչպէս միշտ, ՀՄԸՄ իր կամաւոր բանակով, բնական եւ արհեստական բոլոր խոչընդոտները յաղթահարելով, իրականութիւն կը դարձնէ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերը: Փաստելով իր աննկուն կամքը յառաջ ընթանալու, իրարու սատարելու, յաղթանակներով տոգորուելու եւ նախկինէն աւելի ուժեղ դուրս գալու: Մենք կը գիտակցինք մեր առաքելութեան, գիտենք մեր նպատակին ու զրկանքներուն արժէքը, մեր երկրին ու ազգին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, մեր համերաշխութեան եւ ի հարկէ հայրենիք-սփիւռք ամուր կապերու գինն ու արժէքը», նշեց ան:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետը յիշեց մարզախաղերու հիւրընկալ շրջանին ամիսներու տքնաջան աշխատանքը եւ խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Լիայոյս ենք, որ մենք կը յաջողինք, եւ դուք ձեր շրջանները կը վերադառնաք ձեզի հետ տանելով նոր լիցքեր, նոր եռանդ եւ նոր աւիւն` իրականացնելու այն մեծ առաքելութիւնը, որուն համար կ՛աշխատի ՀՄԸՄ-ը 107 տարիէ ի վեր: Ա՛յս է մեր յաղթանակը, եւ անկախ այս օրերու մարզական տարբեր մրցումներու արդիւնքներէն` մենք բոլորս յաղթանակով կ՛աւարտենք այս մարզախաղերը»:
ՀՅԴ Բիւրոյի Խօսքը
Յանուն ՀՅԴ Բիւրոյի խօսք առաւ Արսէն Համբարձումեան: Ան ըսաւ, որ հայրենիքի մէջ մէկ դրօշի ներքեւ տարբեր ցամաքամասերէ այսքան հայ երիտասարդներու հաւաքման փաստը ինքնին ոգեւորիչ է: Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը լաւ առիթ են ո՛չ միայն մարզական ասպարէզներու մէջ ինքզինք դրսեւորելու, այլեւ` ճանաչողութեան մակարդակը բարձրացնելու, կամքը կոփելու եւ մարզական ոգին ամրացնելու համար, դիտել տուաւ ան:
«Հայրենիքի մէջ համահայկական երիտասարդական հաւաքները մեր միասնութեան, մեր հաւատքի, մեր ուժի վկայութիւնն են: Միասնութիւն յանուն մեր ազգային արժէքներու, մեր ինքնութեան, հաւատք` յանուն մեր իրաւունքներու հաստատման եւ ուժ` դիմագրաւելու մեր ներքին ու արտաքին սպառնալիքներն ու մարտահրաւէրները», շեշտեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:
Շարունակելով, Արսէն Համբարձումեան ըսաւ. «Հակառակ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու խաթարման բոլոր փորձերուն եւ մեր ազգային արժէքներուն եւ ինքնութեան դէմ շարունակուող ոտնձգութիւններուն, Հայաստանը, մեր պետականութիւնը կայ եւ պէտք է մնայ աշխարհասփիւռ հայութեան հարազատ տունը, սրբութիւն սրբոցը: Ճիշդ այս գիտակցութեամբ է, որ ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը կը կատարուին հայրենիքի մէջ:
Ապա, ՀՄԸՄ-ի մասին խօսելով, Արսէն Համբարձումեան նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը սոսկ կազմակերպութիւն չէ, այլ` իւրօրինակ դպրոց, մնայուն արժէքներու, սիրոյ, եղբայրութեան, հայրենասիրութեան դպրոց, եւ այդ դպրոցէն անցած իւրաքանչիւր անձ իր կեանքին մէջ կը կրէ ՀՄԸՄ-ի աշխարհընկալման ու կենսակերպին դրոշմը»: Համբարձումեան նաեւ շեշտեց, որ հայրենասէր, կարգապահ, ոգեղէն, պայքարող սերունդներ կերտելու ՀՄԸՄ-ի բարերար սերմերը անցնող աւելի քան հարիւր տարիներուն արդիւնաւորուած են եւ հարիւր հազարաւոր հայ երիտասարդներ անցած են ՀՄԸՄ-ի դպրոցէն, դաստիարակուած, կրթուած, բարձրացած ու բարձրացուցած են, եւ այսօր կարգը նորերունն է` ազգանուէր գործերով հաւատարմօրէն ծառայելու հայութեան, Հայաստանին եւ Հայ դատի պայքարին»:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Ողջոյնի Խօսքը
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան: Ան ըսաւ, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր հայրական օրհնութիւնն ու ուղերձը մարզախաղերու մասնակիցներուն անձամբ կը փոխանցէ, երբ անոնք 29 յուլիսին Ս. Էջմիածին այցելեն:
Վրթանէս սրբազանը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու կազմակերպիչներուն, հովանաւորներուն եւ բոլոր աջակիցներուն: Ան ըսաւ, որ նման նախաձեռնութիւնները կը նպատակադրեն աշխարհասփիւռ հայութեան սիրտերուն մէջ վառ պահել հայկականութեան եւ նախնիներու հետ հոգեւոր կապի ճրագը: «Մեր բոլորին սրբազան պարտքն է, ուր որ գտնուինք, երբեք չմոռնանք, թէ ո՛վ ենք, ուրկէ՛ կու գանք եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ ո՛ւր կ՛երթանք», ըսաւ ան:
Ապա, Վրթանէս սրբազանը կարեւոր նկատեց մարզախաղերու ջահին բոցավառումը նուիրական երեք վայրէ: Ան ըսաւ, որ Եռաբլուրի ջահը կը խորհրդանշէ մեր բոլորին սէրն ու նուիրումը մեր պետականութեան: Թող միշտ վառ մնայ Հայաստանի պետականութեան հանդէպ մեր սէրն ու նուիրումը` ամէն հանգամանքէ ու պարագայէ վեր:
Շարունակելով, ան հաստատեց, որ եթէ պետութիւնը ազգի մարմինն է, եկեղեցին անոր հոգին է: Մեր ինքնութեան, մեր դարաւոր աւանդութիւններու եւ մշակոյթի լուռ վկան է Էջմիածինը: Իւրաքանչիւր հայու հոգեւոր ծննդավայրն է մայր տաճարին 1700-ամեայ սուրբ աւազանը: Հաւատարիմ ըլլանք եւ սիրենք մեր եկեղեցին, որպէսզի աշխարհի մէջ որեւէ բաժանարար միջոց չկարենայ հեռացնել մեզ իրարմէ ու մեր հայրենիքէն:
Խօսելով Ծիծեռնակաբերդէն բերուած ջահին մասին` Վրթանէս սրբազանը յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհասփիւռ դարձած հայերուն Ծիծեռնակաբերդը կը յիշեցնէ իրենց բնօրրանին, իրենց պապերուն, իրենց ընտանիքներուն սրբութիւնը: Ծիծեռնակաբերդը մեզի կը մղէ յաւիտենացնելու մեր նախնիներու յիշատակը: Ցեղասպանութիւնը սոսկ հայու կեանքին հանդէպ ոտնձգութիւն չէ, այլ` հայու ինքնութեան եւ ընտանիքի հանդէպ գերագոյն ոճիր է: Հետեւաբար, Վրթանէս սրբազանը թելադրեց ամուր ըլլալ սիրտով ու հոգիով եւ զօրանալ հաւատքի ու հայրենիքի ոգիով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին Օրհնութեան Գիրը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հայրապետական օրհնութեան գիրը ընթերցեց կաթողիկոսութեան միաբաններէն Արտաւազդ վրդ. Շառոյեան: Արամ Ա. վեհափառ իր օրհնութեան գիրին մէջ նկատել կու տար, որ «ՀՄԸՄ-ի աշխարհացրիւ միաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք յիշեալ մարզախաղերը առաջին հերթին շօշափելի արտայայտութիւնն են ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ներքին կազմակերպչական ոգիին ու ուժականութեան: Այլ խօսքով` ո՛ւր որ ալ գտնուին ՀՄԸՄ-ականները, ի՛նչ միջավայրերու մէջ ալ ապրին ու գործեն, անոնք կը պատկանին նոյն ու մէկ ընտանիքին, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ միշտ եղած է հաւատարիմ մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն»:
Ապա, 107-ամեայ միութեան բնորոշումը կատարելով, Արամ Ա. վեհափառ կը հաստատէր, որ «դպրոց եղած է ՀՄԸՄ-ը եւ է՛, որուն մաս կազմող անդամները մարդակերտումի ու հայակերտումի հաւատքով ու նուիրումով կը կազմաւորուին:
«Մեր ազգի իտէալներուն ջատագովը եղած է եւ է՛ ՀՄԸՄ-ը, որուն անդամները գործնապէս մասնակից եղած են միշտ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին:
«Վերջապէս, տասնամեակներ շարունակ ՀՄԸՄ-ը հայրենիք դարձած է հայրենիքէն դուրս ապրող ՀՄԸՄ-ականներուն համար, եւ այսօր ազատ ու անկախ Հայաստանի հզօրացման ու անոր անկախութեան, գերիշխանութեան ու ամբողջականութեան նախանձախնդիր է ու հաւատարիմ»:
Իր օրհնութեեան գիրին աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ կը թելադրէր. «Այսպէս պէտք է մնայ միշտ ՀՄԸՄ-ը, հաւատարիմ իր դաւանած սկզբունքներուն, արժէքներուն ու իտէալներուն: Մեր սպասումն է, որ ՀՄԸՄ-ի 12-րդ մարզախաղերուն մասնակիցները այս գիտակցութեամբ վերանորոգեն իրենց պատկանելիութիւնը ՀՄԸՄ-ին: Թող Աստուած միշտ զօրեղ ու կազմակերպ պահէ ՀՄԸՄ-ը»:
ՀՄԸՄ–ի Կեդրոնականվարչութեան Պատգամը
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը արտասանեց ատենապետ Յակոբ Խաչերեան: Ան խօսքին սկիզբը նշեց, որ բացման հանդիսութիւնը իր թուականով ամէն բանէ առաջ կը պարտաւորեցնէ մեր սրտի ու հոգիի պարտքը կատարելու` յիշելու եւ վեր առնելու հայոց պատմութեան դարձակէտերէն երկուքը` Խանասորի արշաւանքը եւ Լիզպոնի հինգին հերոսական գործողութիւնը: Ան յայտնեց, որ այսօր մենք բացակայ չենք արձանագրեր Վարդան Բախշեանը, Վիգէն Զաքարեանը, Վաչէ Ռոստոմեանը, Մոսիկ Սեքլեմեանը, Գէորգ Հաճեանը, Հայկ Դերիկլեանը, Յարութ Բանոյեանը, Յակոբ Ասթարճեանը, Գրիգոր Ղազարեանը, Էրիք Գալստեանը, Արտակ Մարտիրոսեանը, Արտակ Իշխանեանը եւ Արմէն Առուստամեանը, որոնք հայրենի հողը համբուրեցին եւ մտան քուն:
Խաչերեան ներկայացուց մարզախաղերու երեք ջահերու բոցավառման վայրերու ընտրութեան պատճառները եւ նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի համահայկական ընտանիքի մարզիկներու կամաւոր բանակին այս հաւաքը, որ կ՛երկարի 24 յուլիսէն 2 օգոստոս, կ՛ամբողջացնէ վերջին մէկ տարուան օղակներու շարքը միութեան համահայկական նախաձեռնութիւններու երկար շղթային` խմբապետական համագումար, միջդիւանական խորհրդաժողով, ամերիկեան եւ միջինարեւելեան ցամաքամասերու բանակում եւ այլն:
«Կը հաւաքուինք եւ կը միանանք մշակելու ուղեգիծներ եւ զանոնք իրականացնելու ծրագիրներ հայը հա՛յ պահելու, հայու ինքնութիւնը հաստատելու, ձուլումի վտանգին ենթակայ հայորդիները փրկելու, ազնիւ ու ծառայասէր պատանին ու վաղուան երիտասարդը պատրաստելու համար: Այս բոլորը կը կատարենք նուիրումով, անշահախնդիր ու ինքնաբուխ:
«Աննման այս միութեան հաւատոյ հանգանակը մէկ ու միակ է` ծառայել հայ ազգին ու հայրենիքին: 107 տարեկան ամէնէն կազմակերպ, ամէնէն բազմանդամ, ամէնէն բազմաճիւղ երիտասարդ այս միութիւնը պիտի մնայ ապահով փարոս բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան, որ մասնիկն են ՀԱՅ զարմին, պահապանը հայ հոգեւոր ժառանգին, պահակը հայ եկեղեցւոյ ու կամաւոր զինուորը ամբողջական, ազատ ու անկախ Հայաստանը իրականացնող բանակին», եզրափակեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը:
Մարզախաղերու Գլխաւոր Ջահին Բոցավառումը
Խօսքերէն ետք հասաւ մարզախաղերու գլխաւոր ջահին բոցավառման պահը: Ս. Էջմիածինի, Ծիծեռնակաբերդի եւ Եռաբլուրի երեք բոցերէն մէկ բոցի վերածուած ջահը, 17 մարզիկներու փոխանցավազքով Հանրապետութեան հրապարակ հասնելէ ետք, «Հրաշք»-ի մարզիկներէն Անիթա Եղոյեանի ձեռամբ փոխանցուեցաւ մարզախաղերու գլխաւոր ջահակիր, ՀՄԸՄ-ական բազմավաստակ մարզիկ, վարչական, բարերար, Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ նախկին անդամ եւ միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր Հրաչ Սիսեռեանին, որ յամրաքայլ քայլերով մօտեցաւ ջահի պատուանդանին եւ ջերմ ծափողջոյններու ներքեւ վառեց զայն` ազդարարելով մարզախաղերուն պաշտօնական բացումը:
Յաջորդեց մարզախաղերու մարզիկներու եւ իրաւարարներու ներկայացուցիչներուն երդման արարողութիւնը: Իրաւարար Դրօ Մուրատեան եւ աթլեթ Զուլալ Պեզճեան կատարեցին երդումը` յանուն 12-րդ մարզախաղերու մասնակիցներուն:
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին հանդիսութիւնը փակուեցաւ խանդավառ համերգով` կատարողութեամբ «Արցախի ձայներ», «Երեւան փրոճեքթ» խումբերուն եւ Արաբօ Իսպիրեանին: Համերգը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: