Իսրայէլի Նոր Դերը Միջին Արեւելքի Մէջ` Ռազմավարական Վերադասաւորում, Զինուորական Ներկայութիւն Եւ Բնականոնացման Սահմաններ
28 Հուլիս 2025
Իսրայէլի պատմական ուղին Միջին Արեւելքի մէջ երկար ժամանակով յատկանշուած է քաղաքական մեկուսացումով, պատերազմներով եւ զգուշաւոր մերձեցումներով: Սակայն 2000-էն սկսեալ եւ յատկապէս 2020-ի Աբրահամեան համաձայնութիւններուն հետ, Իսրայէլ վերադասաւորեց իր դիրքը` դուրս գալով շրջանի լուսանցքային վիճակէն, դառնալով աւելի ազդեցիկ ու ընդունուած դերակատար: Այս փոփոխութիւնը հիմնուած է երեք գլխաւոր գործօններու վրայ` (1) համաարաբական համերաշխութեան անկում, (2) Իրանի հետ կապուած անվտանգութեան սպառնալիքներու շուրջ մտահոգութիւն, եւ (3) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ռազմական նահանջը տարածաշրջանի որոշ երկիրներու մէջ: Իսրայէլի յաջողութիւնը արդիւնք է ե՛ւ իր նիւթական կարողութիւններուն ե՛ւ տարածաշրջանային ընկալումի փոփոխութիւններուն: Սակայն անոր օրինականութիւնը շրջանէն ներս սահմանափակուած է պաղեստինեան հարցի լուծմամբ:
Պատմական ձեւաւորումներ, տարածաշրջանային մերժումէն մինչեւ բնականոնացում
Իսրայէլի դիւանագիտական դիրքը կարելի է բաժնել չորս հանգրուանի,
(1) Ամբողջական մերժում (1948-1979),
(2) Սահմանափակ բնականոնացում Եգիպտոսի (1979) եւ Յորդանանի (1994) հետ,
(3) Գաղտնի համագործակցութիւն Ծոցի երկիրներու հետ (1990-ականներու վերջերէն սկսեալ), եւ
(4) Բաց եւ ռազմավարական բնականոնացում` սկսած 2020-ի Աբրահամեան համաձայնութիւններէն:
Նախապէս Արաբական լիկան Իսրայէլը կը նկատէր ապօրինի գոյութիւն` զայն ենթարկելով ամբողջական պոյքոթի: Սակայն Պաղ պատերազմէն ետք Մատրիտի համաժողովը (1991), Օսլոյի համաձայնութիւնները (1993) եւ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութիւնները ճամբան բացին դիւանագիտական շփումներու առջեւ: Իսկ Իրանի ազդեցութեան աճը Իրաքի պատերազմին (2003) պատճառով աւելի անհրաժեշտ դարձուցին այդ շփումները:
Աբրահամեան համաձայնութիւններու միջոցով Իսրայէլի ապահոված շահերը
Աբրահամեան համաձայնութիւնները, որոնք նախաձեռնուած էին Թրամփի վարչակազմին կողմէ, նշանաւոր շրջադարձ էին Իսրայէլի տարածաշրջանային դիրքին ու դերի վերաիմաստաւորման մէջ: Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ կնքուած պայմանագիրներէն տարբեր` այս համաձայնութիւնները չհիմնուեցան Պաղեստինի հարցի լուծման վրայ: Անոնց շեշտը կեդրոնացաւ տնտեսական, ռազմավարական եւ գաղտնի գործակցութեան վրայ: Մասնաւորապէս, Իսրայէլ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ սկսան համագործակցիլ բարձր արհեստագիտական, կիպեռ անվտանգութեան եւ ջուրի կառավարման ոլորտներու մէջ: Իսրայէլ սկսաւ օգտուիլ նոր առեւտրային ճամբաներու, օդային երթեւեկի եւ փոխադարձ ներդրումներու հնարաւորութենէն:
Բնականոնացման սահմանները, պաղեստինեան հարցի մանրակրկիտ եզրերը
Բացայայտ ձեռքբերումներէն անկախ` բնականոնացումը կը մնայ «վերէն վար» գործընթաց: Արաբական հասարակութիւններուն մեծ մասը կը շարունակէ իր աջակցութիւնը Պաղեստինի պայքարին, ինչպէս ցոյց տուին 2023-2024 թուականներուն հակաիսրայէլեան ցոյցերը: Հետազօտութիւններ ցոյց կու տան, որ արաբական երկիրներու մէջ (Եգիպտոս, Յորդանան, Մարոք) հասարակութեան 80 տոկոսէն աւելին դէմ է բնականոնացման` առանց պաղեստինեան անկախութեան: Նոյնիսկ Սէուտական Արաբիա, որ մօտիկութիւն ցուցաբերած է Իսրայէլի, կը շարունակէ պահել Պաղեստինի պետութիւն ստեղծելու պահանջը: Միջազգային յարաբերութիւններու տեսութիւններու մէջ ինքնութեան, պատմութեան եւ արդարութեան նման գործօններ կը շարունակեն ազդել դիւանագիտական քաղաքականութիւններու վրայ:
Իսրայէլի ռազմավարութիւնը Սուրիոյ մէջ. «Պատերազմները բացառող գործողութիւններ»
Իսրայէլի զինուորական դերը յստակօրէն կ՛արտացոլայ Սուրիոյ մէջ: Քաղաքացիական պատերազմի սկսելէն ի վեր Իսրայէլ գործադրած է հարիւրաւոր օդային յարձակումներ` թիրախաւորելով Իրանի եւ Հըզպալլայի ռազմակայանները: Այս ռազմավարութիւնը նպատակ ունի արգիլել Իրանի մշտական ներկայութիւնը Սուրիոյ հարաւին մէջ: Իրանի ռազմական տեղակայումները հիմնականին մէջ խափանուած են, եւ Իսրայէլ այսօր շատ հանգիստ կը ներկայանայ Սուրիոյ սահմաններէն ներս` աշխարհաքաղաքական նոր քարտէսի մը հիմնաքարը դնելով Սուրիոյ մէջ: Սուրիոյ հարաւը` Սուէյտայի մէջ վերջին շաբթուան ընդհարումները եւ ապա սուրիական բանակին ու արաբ ցեղախումբերուն այդ շրջանէն հեռանալը` Իսրայէլի սպառնալիքներուն իբրեւ հետեւանք, ցոյց կու տան անոր անմիջական ազդեցութիւնը Սուրիոյ հարաւին մէջ:
Իսրայէլ-Հըզպալլա հակամարտութիւն. սանձո՞ւմ, թէ՞ բախում
Հըզպալլան կը ներկայացնէ գլխաւոր սպառնալիք Իսրայէլի հիւսիսային սահմանին: Խմբաւորումը կը ներկայացնէ Իրանի հիմնական զինուած դաշնակիցը եւ խորապէս թափանցած է լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ: 2023-2024 թուականներու Կազայի պատերազմի ընթացքին Հըզպալլա արձակեց հրթիռներ հիւսիսային Իսրայէլի ուղղութեամբ` հաստատելով իր համագործակցութեան դիրքը Համասի հետ: Սակայն իսրայէլեան վերջին հարուածները Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի եւ հարաւի գիւղերուն վրայ` կրցան ջլատել Հըզպալլայի ուժերը, բայց չյաջողեցան տկարացնել անոր քաղաքական ուժը:
Կազայի պատերազմը եւ պաղեստինեան հարցի վերակենդանացում
2023-2024 թուականներու Կազայի պատերազմը խիստ ազդեցութիւն ունեցաւ տարածաշրջանի եւ միջազգային ընկալման վրայ: Համասի յանկարծակի յարձակումէն ետք Իսրայէլի արձագանգը պատճառ դարձաւ հազարաւոր զոհերու, մասնաւորապէս` քաղաքացիներուն մէջ: Ասիկա կրկին կենդանացուց պաղեստինեան հարցը ոչ միայն արաբ հասարակութիւններու, այլ նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ: Սէուտական Արաբիա սառեցուց բնականոնացման բանակցութիւնները, իսկ Մարոքի եւ Պահրէյնի մէջ հանրային դժգոհութիւն բարձրացաւ: Այս պատերազմը ապացուցեց, որ Պաղեստինի հարցը կարելի չէ շրջանցել կայուն տարածաշրջանային կարգաւորում հաստատելու ճանապարհին:
Իսրայէլը եւ համաշխարհային վերաձեւաւորուող կարգը
Մինչեւ այսօր Իսրայէլի գլխաւոր դաշնակիցը` ԱՄՆ, կը շարունակէ ապահովել զինուորական պաշտպանութիւն: Սակայն Ուաշինկթըն յաճախ կը նշէ, որ իր ուշադրութիւնը պիտի շրջէ դէպի Ասիա, ինչ որ Իսրայէլի մէջ կասկածներ կը ծնի` ԱՄՆ-ի յարատեւ նուիրուածութեան վերաբերեալ: Միեւնոյն ժամանակ Չինաստան եւ Ռուսաստան խորացուցած են իրենց ներգրաւուածութիւնը` հաստատելով կապեր թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Սէուտական Արաբիոյ հետ: Բազմաբեւեռ աշխարհակարգի պայմաններուն մէջ Իսրայէլի հաւասարակշռութեան ռազմավարութիւնը կը պահանջէ մեծ զգուշաւորութիւն եւ դիւանագիտական ճկունութիւն:
Համեմատական դիրքաւորում` Իսրայէլ, Իրան եւ Թուրքիա
Իսրայէլի ազդեցութեան վերելքը պէտք է դիտարկել նաեւ` համեմատելով Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ: Իրան կ՛օգտագործէ իր «դիմադրութեան առանցքը»` ձեւաւորելով շղթայ` Իրաքէն մինչեւ Լիբանան: Թուրքիա, իր հերթին, կը համադրէ` ռազմական միջամտութիւն, փափուկ ուժ եւ մշակութային դիւանագիտութիւն: Իսրայէլի հիմնական ուժերը կը կայանան` իր բանակի գերազանցութեան, արհեստագիտութեան մէջ առաջատար դիրքի եւ ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան մէջ: Սակայն ան կը տառապի մշակութային կամ կրօնական արդիւնաւէտութեան պակասով: Այդ իսկ պատճառով Իսրայէլը կը նկատուի պայմանական գերիշխանութիւն ունեցող դերակատար, որուն ազդեցութիւնը կախեալ է միայն ռազմական ուժէն, նաեւ` օրինականութենէն:
Եզրակացութիւն
Իսրայէլի նոր դերը Միջին Արեւելքի մէջ կը մատուցէ ռազմավարական մեծ ձեռքբերումներ` բնականոնացում, դիւանագիտական նոր նախաձեռնութիւններ եւ ռազմավարական վերահսկողութիւն: Սակայն այս յաջողութիւնները չեն իրականացուիր առանց հասարակական եւ քաղաքական մեծ խոչընդոտներու, ի մասնաւորի` պաղեստինեան հիմնախնդիրի պատճառով: Միջին Արեւելքի քաղաքական արգասիքները եւ միջազգային կարգաւորման գործընթացները կը պահանջեն ոչ միայն ռազմական, այլ նաեւ վերակազմակերպում, որպէսզի Իսրայէլի ռազմավարական դիրքը մնայ կայուն եւ ընդունելի:
ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Ազդակ