Ակնարկ «Հրաշք»-ներ, Զգուշացումներ, Պարզեցումներ
28 Հուլիս 2025
Սիւնիքի վրայով տարածաշրջանի ապաշրջափակման ուղղութեամբ ամերիկեան առաջարկները խաղաթուղթերը խառնած են հասկնալիօրէն: Ապու Տապիի հանդիպումին զուգակցուած ամերիկեան առաջարկներու հրապարակումները, ըստ էութեան նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտի չեղարկումին կը միտին. այլ խօսքով` ռուսական գործօնի հարաւային Կովկասէն հեռացման եւ ազդեցութեան գօտիի ամերիկեան վերափոխման:
Ռուսական արձագանգները արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նախագահականի մակարդակներով ունին երանգային տարբերութիւններ երեւութապէս: Հիմնականին մէջ նոյնն են:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը դարձեալ անուղղակի յղում կը կատարէր եռակողմ համաձայնութիւններուն` ընդգծելով, որ Արեւմուտքի կողմէ հրապարակուող առաջարկներուն մէջ կայ վտանգ: Անիկա կրնայ յանգիլ տարածաշրջանի անվտանգութեան համակարգի անհաւասարակշռութեան: Նման ընթացք մը կը խաթարէ շրջանային ինքնաբաւութեան սկզբունքը, երբ հրատապ հարցերու լուծումը կը կատարեն Հարաւային Կովկասի պետութիւնները եւ անոնց անմիջականօրէն սահմանակից երկիրները:
Կանգ առնենք հարաւային «Կովկասի եւ սահմանակից պետութիւններ» հասկացողութեան վրայ: Առաջին բաղադրիչը Հայաստան, Վրաստան, Ազրպէյճանն է իբրեւ Հարաւային Կովկասի երկիրներ, իսկ երկրորդը` Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը` իբրեւ սահմանակից պետութիւններ: Կը ստանանք ուրեմն 3+3 ձեւաչափը:
Մոսկուան այս կերպով կը փորձէ ռուսական վերահսկողութեան գործառոյթը վերագործարկել, եռակողմ համաձայնութիւնը վերահաստատելով Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ: Անգարան եւ Պաքուն սկզբունքով միջանցքային առաջադրանքը իրականացնելու ուղղութեամբ կ՛աշխատին: Չի բացառուիր, որ համաձայն ըլլան ամերիկեան ապապատուիրակումին կամ վարձակալումին:
Իրանի դիրքորոշումը այլ է: Պաշտօնական Թեհրանը ընդգծած է, որ Իրանը դրական կը վերաբերի տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցական ուղիներու զարգացման, սակայն զգուշացուցած է, որ ուղիներու զարգացումը պէտք չէ յանգեցնէ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական քարտէսի փոփոխութեան կամ ոչ տարածաշրջանային խաղցողներու ներգրաւման, ինչ որ օգտակար չէ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան համար: Աւելցուցած, որ տարածուած լուրերը ոչ տարածաշրջանային երկիրներու ներգրաւուածութեան մասին արդէն իսկ հերքուած են:
Իրանի զգուշացուցած ոչ տարածաշրջանային ուժերն ու Մոսկուայի ընդգծած ոչ սահմանային երկիրները նոյն պատկերացումը ունին անշուշտ: Խօսքը Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեան վտանգին մասին է:
Ուաշինկթընէն նախագահի մակարդակով կը հնչեն «հրաշք»-ի, «լաւատեսութեան», «խաղաղութեան», «ապաշրջափակման» եւ «բարգաւաճման» մասին յայտարարութիւններ: Առաջարկներ կը հրապարակուին Սիւնիքի անցքերը ապապատուիրակելու կամ վարձակալելու մասին:
Ռուսիան կը զգուշացնէ ոչ սահմանակից ուժերու տեղակայումէն: Իրանը կը մերժէ ոչ տարածաշրջանային ուժերու յայտնուիլը իր սահմանամերձ տարածքներուն վրայ: Միացեալ Նահանգները քաղաքական հրաշքի մասին կը խօսին տպաւորութիւն փոխանցելով, որ մոգական գաւազանով հարաւային կովկասեան տիրոյթը ռուսականէն ամերիկեանի կը փոխակերպուի:
Իսկ Երեւանը այս աշխարհաքաղաքական հանգոյցի լուծման համար առաջարկուածը ծանրագոյն պարզեցումի կ՛ենթարկէ` ըլլալիքը նմանցնելով օդակայանի վարչակառավարման մասնաւոր ընկերութեան յանձնելուն:
«Ա.»
«Ազդակ»