ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Դրօշակ
  • Հոդվածներ

Ֆրանս-թրքական լարուածութիւն

10 Սեպտեմբեր 2025

Սուրիայէն Արեւմտեան Ափրիկէ, Լիպիայէն Իսրայէլ, թրքական ու ֆրանսական կառավարութիւնները ահռելի կրաւորական-յարձակողական հակամարտութեան մէջ են։ Այնքան որ հարուածները կը հասնին Անգարա ու Փարիզ…

Թուրք – Ֆրանսական դիւանագիտական յարաբերութիւնները, որոնք սկիզբ առած են ԺԶ (16) դարուն, կը սկսին վատթարանալ այս անցած հինգ տարիներուն ընթացքին։ 2020 թուականին ֆրանսական կրթական համակարգը վերատեսութեան կ՚ենթարկուի։ Վերլուծումիս առանցքին համար յատկապէս կարեւոր է այն նիւթը որ այսօր կ՚անուանուի «Օտար Լեզուի» դասաւանդում՝ զեղչելով անոր վաղուց մաս կազմող «մշակութային» մասը։ Այս մէկը պաշտօնապէս վերջ կը դնէ օտար մշակութային դասաւանդութեան ֆրանսական վարժարաններէն ներս, եւ անուղղակի ճնշում կը բանեցնէ թուրք իմամներուն դէմ, որոնք ֆրանսական դպրոցներու մէջ կը դասաւանդէին թրքական մշակոյթ։ Կարծես այսքանը բաւարար չէր, այսուհանդերձ իւրաքանչիւր օտար ուսուցիչ որ պիտի դասաւանդէ ֆրանսական վարժարանի յարկին տակ, պարտադիր պիտի ցուցաբերէ ֆրանսերէն լեզուի բարձր տիրապետում (B2 մակարդակ)։ Ան որ չափահաս տարիքին փորձած է սորվիլ ֆրանսերէն լեզուն լաւ կը հասկնայ թէ այս որքան կը նօսրացնէ թուրքիայէն ժամանող ուսուցչութեան թիւը ֆրանսական դպրոցական հաստատութիւններէն ներս։

Անգարա այս կը համարէ որպէս թրքական ազդեցութեան դէմ աշխատանք՝ որուն նպատակն է տկարացնել թուրք սփիւռքը Ֆրանսայի հողին վրայ, դժուարացնելով թրքական մշակույթին դասաւանդումը, ան կ՚օժտէ ու կ՚արագացնէ անոնց ձուլումի հեռանկարը։ Առ այդ՝ թրքական կառավարութիւնը կը դիմէ փոխադարձութեան ռազմավարութեան։ 2021 թուականին, այն ինչ կը պարտադրուի իր իմամներուն Ֆրանսայի մէջ, ան փոխադարձաբար կը պարտադրէ իր երկրի ֆրանսական վարժարաններուն ուսուցչական կազմին։

Որպէսզի ֆրանսացի դաստիարակները կարողանան նորոգել իրենց կեցութեան արտօնագրերը, պէտք է բարձր մակարդակի տիրապետում ցուցաբերեն թրքական լեզուին։

Ան, պատրուակ բռնելով թէ ֆրանսական կառավարութիւնը չ՚արտօնէր թրքական վարժարաններու բացումը Ֆրանսայի մէջ, կը սառեցնէ Անգարայի «Շարլ տը Կոլ» եւ Պոլսոյ «Փիեռ Լոթի» վարժարաններու աշակերտներու արձանագրումները։

Ահաւասիկ թէ ինչպէս թրքական կառավարութիւնը առանց վախի՝ նոյնիսկ արհամարհանքով կը նախաձեռնէ դիւանագիտական համարձակ քայլեր, գտնուելով դէմ յանդիման մարտահրաւէրներու, ուր զանազան պետութիւններ պիտի գլուխ ծռէին, ու հնազանդէին եւրոպական իշխանութեան։

Կրթութիւնը որպէս դիւանագիտական զինամթերք

Վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին, թրքական դիւանագիտական զինամթերքը դարձած է բազմազան ու տարբերուող՝ կերտելու համար աւելի լայնածաւալ դիւանագիտական ազդեցութիւն։ Վերջինս ի գործ կը դնէ զանազան ռազմավարութիւններ՝ մշակութային, տնտեսական, կրօնական, լրատուական հարթակներուն, մարդասիրական, եւ կրթական մարտադաշտերուն վրայ, կառուցելու համար այսպէս կոչուած «մեղմ ոյժ» (soft power)։ Անգարան նաև կը դիմէ թրքական սփիւռքեան համաշխարհային կառոյցներու. օրինակի համար TIKA (Agence Turque de Cooperation & de la Coordination), YTB (Presidence des turcs a l՚etranger & des communautes apparentées), Agence Anadolou (Agence de presse turque officielle), կրօնական «Տիյանէթ» կազմակերպութեան ցանցը, թուրք մշակութային կազմակերպութեան ( Institut Yunus Emre) եւ «Մաարիֆ» հիմնարկը։ Յաճախ ներքնապէս շաղկապուած, այս կազմակերպութիւնները կը ծառայեն որպէս լծակ թրքական կառավարութեան ազդեցութեան զարգացման համաշխարհային գետնի վրայ։ Իսկ իրենց գործելաոճն ու նպատակները յարափոփոխ են՝ ըստ երկրի յարմարութեան եւ կարելիութիւններուն։

Բազմաճակատ ռազմավարութեան գծով, Անգարան հսկայական կարեւորութիւն կու տայ կրթական հզօրացման, անցած 10 տարիներուն ընթացքին, ըլլայ այդ թրքական հողին վրայ, թէ օտար երկրներու մէջ՝ հիմնելով թրքական կրթական կեդրոններ։ Եւ այս գծով, ան կը հետապնդէ երկու հիմնական նպատակ։

Սկսելու համար, ան կը ջանայ թրքական կրթական համակարգն ու հաստատութիւնները դարձնել համաշխարհային մակարդակի լաւագոյններէն։

Որուն ի հետեւանք պիտի կարողանար աւելի մեծ թիւով օտար երիտասարդ ուսանողներ ներգրաւել իր ծրագիրներով, եւ վերջապէս հիւրընկալելով զանոնք իր հողերուն վրայ, տալու համար իրենց թրքամէտ բարձրագոյն ուսումը։ Գործնական գետնի վրայ արդեն կը տեսնենք նախաձեռնութիւններ (Study in Türkiye), ինչպէս նաեւ նիւթական օժանդակութիւններ եւ հիմնադրամներու յատկացում, առաւել եւս համալսարանական նիւթերու յատուկ ձեւաւորում, որպէսզի աւելի հրապուրիչ դառնայ օտար աշակերտութեան։ Կը նկատենք նաեւ թէ այս ռազմավարութիւնը ունի որպէս թիրախ միջին արեւելքի, ենդ-սահարեան ափրիկեան ու Ասիական երկիրները, որոնց ժողովուրդներու կենցաղն ու մշակոյթը բաւականին ներդաշնակ է թրքականին հետ։ Ապա այս վկայելները երբ վերադառնան իրեն երկիրները, աւելի հաւանականութիւն կ՚ունենան արժանանալու կառավարական կամ ազդեցիկ պաշտօններու։

Ասոր լաւագոյն փաստը կրնանք ներկայացնել Սուրիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Ասատ Ալ-Շահպանին, որ Պոլսոյ Սապահըտին Զայմ համալսարանի շրջանաւարտ ու դոկտորական թեկնածու է…։

Հարկ է նշել նաեւ որ թրքական YÖK կազմակերպութիւնը կ՚արձանագրէ օտար հպատակութեամբ աշակերտներու թիւի եօթն անգամ բազմապատկում նախորդ տասը տարիներու ընթացքին՝ ըստ իրենց հանրային էջին ։ Ռազմավարութիւնը բաւականին արդիւնաբեր է…

Իսկ երկրորդ գծով, ան ի գործ կը դնէ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու ընկերական ցանցերը։ Նպատակը՝ պատրաստել ու մարզել թրքական սփիւռքի ընտիր խաւ մը։ Այս աշխատանքի մեծամասնութիւնը իրագործելի կը դառնայ երբ թրքական կառավարութիւնը 2016-ին կը լուծէ կիւլենիստական շարժումը, եւ կ՚իւրացնէ անոր բոլոր կառոյցներն ու հաստատութիւնները։

Կազմակերպութիւնը կենթարկուի անուանափոխութեան, ու կը գործէ «Մաարիֆ» անուան տակ։ Երբ թրքական կառավարութիւնը ձեռք կը ձգէ այս գանձին, կազմակերպութիւնը արդեն տարածուած էր 120 երկիրներու մէջ, 1990-ականներէն սկսեալ։ Նոյնպէս յատուկ կեդրոնացում նշմարելով Ափրիկէի եւ Ասիոյ վրայ։

Ֆրանսայի Մաարիֆ կազմակերպութիւնը՝ թրքական ազդեցութեան լծակ Ֆրանսայի մէջ

2020-էն սկսեալ երկու տարիներ շարունակ անոր նստավայր՝ Սդրասպուրկ, ապա մասնաճիւղ մը բանալով Լիոնի մէջ, Մաարիֆ կազմակերպութիւնը շրջանցելու համար ֆրանսական վերոնշեալ դժուարութիւնները, կը գործէ որպէս անձնական/անհատական կազմակերպութիւն։

Ան կը ձգտի ծառայել ազգութեամբ թուրք աշակերտութեան՝ օժանդակելով անոնց ակադեմիական յաջողութեան. անհատական դասընթացներով, ինչպէս նաեւ ներկայանալով որպէս սփիւռքեան երիտասարդութեան հանդիպման վայր մը, մաքառելու եւ դէմ գնալու ձուլումի եւ օտարամոլութեան։ Այս նպատակի հետապնդման ուղիով՝ կը կազմակերպուին զանազան մշակութային ձեռնարկներ՝ օրինակի համար գեղարուեստական երեկոներ, իսլամական ծոմապահութեան ժամանակի խրախճանքներ, լուսաբանական կլոր սեղաններ, դաստիարակչական սեմինարներ, եւ այլն։ Օրինակի համար՝ Լիոնի մասնաճիւղը կազմակերպած էր դասախօսական շարան մը վերնագրուած «Իրար հետ ապրելու մշակոյթը՝ Օսմանական Կայսրութենէն Թուրքիոյ Հանրապետութիւն»։ Թուրքիոյ դեսպանատան միջնորդութեամբ, այս ձեռնարկին կը ներկայանան զանազան թուրք մտաւորականներ, որոնք քաջածանօթ են իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներ։

Միջոցառման ներկայ գտնուեցան ոչ միայն աշակերտական խաւը, այլեւ բարձրաստիճան անձնակազմ, ինչպէս նաեւ թուրք դեսպանը, եւ ուրեմն Մաարիֆ կազմակերպութիւնը կ՚իրագործէ երկու զուգահեռ ու իրար ամբողջացնող գործունէութիւն. մէկ կողմէ՝ առիթ ու միջավայր մը կը ստեղծէ ազգութեամբ թուրք երիտասարդութեան սփիւռքի մէջ շաղուելու եւ կապեր հաստատելու իրար միջեւ (դիմադրելով ձուլումի մարտահրաւէրին), եւ միւս կողմէն անոնց մտքերուն մէջ ուղղակի ձեւով դրոշմելու թրքական կառավարութեան օգուտին եկած մտածելակերպ՝ ժխտողական ու ենթակայական գաղափարաբանութիւն։

Այս բոլորով հանդերձ, Անգարա չբաւարարուի, ու մշտական ու կանոնաւոր կերպով կը ջանայ բազմապատկել Ֆրանսայի մէջ թրքական վարժարաններու թիւը։ Ոչ միայն թրքական, այլ կառավարուած թրքական կրթական նախարարութեան կողմէ։ Այսպէս ան կը ցանկայ աւելի եւս հզօրացնել թրքական ազդեցութիւնը Եւրոպայի եւ յատկապէս Ֆրանսայի մէջ ։

Այժմ Ֆրանսան ու Թուրքիան դէմ յանդիման կը գտնուին չափազանց նուրբ ու անկիւնադարձային իրավիճակի մը մէջ։ Ֆրանսան եթէ կարիքը զգայ ներկայութիւն ըլլալու ՆԱԹՕ-ի կարեւորագոյն ճակատին, պէտք է կատարէ զիջումներ, իսկ Թուրքիան եթէ կը ցանկայ յառաջ տանիլ իր եւրամիութեան մուտքի օրակարգը, պէտք է զիջի իր ակն-ընդ-ակն քաղաքականութենէն։

Վերոնշեալ ռազմավարութիւնները վաղուց է որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իրագործած է սփիւռքի մէջ, հիմնելով զանազան հայ ազգային վարժարաններ, հայ երիտասարդութեան եւ մանուկներուն դասաւանդելով ու ուսուցելով ազգասիրութիւն, քաղաքական աշխուժութիւն եւ Հայ Դատ։ Այսօր, մեր թշնամին ուշքի եկած է թէ սփիւռքի կառավարման բանալին կը գտնուի իր գերագոյն թշնամուն մօտ, կ՚օժտուի անոր տարիներու փորձառութենէն։ Ան, որպէսզի կարողանայ ներթափանցել Ֆրանսայի պէս պետութեան մը մէջ, իբրեւ կազմակերպուած ու միակամ սփիւռք, կը հիմնուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան նախագիծին, որպէսզի միջազգային հարթակի վրայ այդ հուժկու պետութիւնը դադրի ըլլալէ Հայոց արդարութեան ամենաբարձր ձայներէն մէկը։

Կարէն Շահէ Ճինպաշեան

«Դրօշակ» թիվ 8, 2025թ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Տիգրանաշէնը՝ անունից այն կ

Ի՞նչ է Տիգրանաշէնը։ Արդեօ՞ք դա միայն սովորական տեղանուն է։ Կան անուններ, որ

19 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող

Մուսա լերան հերոսամարտի հերթական նշումը կը զուգակցուի Սուրբ Խաչի տօնին հետ: Հե

18 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company