ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Գործնական փոթորիկ բոլո՛ր ոճիրներուն դէմ

15 Սեպտեմբեր 2025

Միացեալ Նահանգներու Եութա նահանգի մէկ համալսարանի շրջափակին մէջ, Չարլի Քըրք անունով քաղաքական գործիչի մը սպանութիւնը՝ 10 Սեպտեմբերին, հսկայ փոթորիկ ստեղծեց երկրի տարածքին, ներգրաւելով միջազգային լրատու աղբիւրներու եւ մեկնաբաններու լուսարձակները: Քըրք հանրապետական երիտասարդ գործիչ մըն էր, որ նախագահ Թրամփի (եւ հանրապետականներուն) ի նպաստ լայնածաւալ աշխատանք տարած է յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ: Կենսագիրները կ’ըսեն, որ ան այս գործին ներգրաւուած է աւելի քան 13 տարի առաջ, երբ… 18 տարեկան էր: Իբրեւ ոճրագործ ձերբակալուած Թայլըր Ռոպինսըն 22 տարեկան է, հօրը թելադրանքով անձնատուր եղած է եւ խոստովանած է թէ ինք սպաննած է Քըրքը. այլ մանրամասնութիւններ պիտի «քակուին» յառաջիկայ օրերուն, բացուած քննութիւններուն ճամբով:

Արարքը դատապարտանքի ալիք մը յառաջացուց, շատ բնականաբար, ամերիկեան քաղաքական եւ ժողովրդային շրջանակներուն մէջ: Հանրապետականներն ու դեմոկրատները միաձայնութեանբ դատապարտեցին ոճիրը, ցաւեցան երիտասարդի մը մահուան համար, նշեցին, որ ետին կը մնան երկու մատղաշ մանուկ եւ երիտասարդ այրին: Քննադատութիւններուն հասարակ յայտարարը այն էր, որ քաղաքական տարակարծութիւնները բնական են, սակայն հակադրութիւնները լուծելու ճամբան բրտութիւնն ու ոճիրը չեն: Չենք ուզեր կանգ առնել Թրամփի այն ակնարկութեան վրայ, ուր ան անգամ մը եւս դեմոկրատներուն բաժին հանեց մեղադրանքներու տոպրակէն: Յայտնապէս տարիքին յառաջացումը յուշակորոյս դարձուցած է «նարնջագոյն մարդը», մինչդեռ մարդիկ շատ լաւ կը յիշեն Պայտընի ընտրութեան յաջորդած վայրագութիւններն ու ժողովուրդի ներկայացուցիչները ընդգրկող շէնքին վրայ յարձակումը, զանոնք ներշնչո՛ղը, քաջալերողը, յանցաւորները քանի մը ամիս առաջ անպարտ հռչակողը:

Հանրային քննարկումներուն շարքին, արծարծուեցան քանի մը ուշագրաւ կէտ, որոնց շարքին՝ զէնքի ազատ առեւտուրի եւ ընդհանրապէս վարյագութեան արարքներու ալիքի տարածման հարցերը: Նպատակ չունինք մտնելու մանրամասնութիւններու մէջ, այլ կը բաւականանաք ընդգծելով, որ նման ոճիրներ ո՛չ մէկ ատեն արդարացում կրնար գտնել, ինչպէս, միաձայնօրէն յայտարարեցին երկու ճակատներու առաջնորդներն ու հասարակ մահկանացուներ: (Չենք անտեսեր այլ կէտ մը. արդարութենէ խոյս տուած ոճրագործի մը, մանաւանդ դիտումնաւոր կերպով անպատիժ ձգուած ցեղասպան պետութեան մը հանդէպ արդարահատոյց արարքները տարբեր բնոյթ ունին, կապ չունին նման ոճիրներու հետ): Վերի տողերը պարզապէս նախաբան մըն են մեր բուն ըսելիքին, որ պիտի պարզենք յաջորդ տողերուն մէջ:

***
Արդա՞ր է, որ անհատի մը սպանութիւնը նման փոթորիկ ստեղծէ (մեկդի կը ձգենք քաղաքական նկատառումները): Պատասխանը՝ կտրուկ ԱՅՈ՛ է: Կրկնենք՝ նման ոճիրներ ո՛չ մէկ ատեն կրնան արդարացուիլ:

Յետոյ… ի՞նչ:

Ի՞նչ ըսել բոլոր այն ոճիրներուն եւ ոճրագործներուն մասին, որոնք սանձարձակ կը գործեն աշխարհի այս կամ այն գօտիին մէջ, անցեալին ու ներկայիս, սակայն կը մնան գործնապէս անարձագանգ:

Ի՞նչ ըսել Իսրայէլի ոճրագործ կառավարութեան մասին, որ ո՛չ միայն վերջին երեք տարիներուն, այլ տասնամեակներ շարունակ պաղեստինցիներ կը ջարդէ Կազայի, Արեւմտեան Ափին, անցեալին՝ Լիբանանի մէջ եւ այլուր, ներկայիս կը շարունակէ ոճիրները բազմայարկ դարձնել՝ ամէն օր շարունակուող ռմբակոծումներով, հիւանդանոցներու եւ քաղաքային բնակարաններու քանդումով, միլիոնաւոր ժողովուրդ սովի մատնելով, սպաննելով անոնց օգնութեան հասնող փրկարարներ ու ոճիրները տեղեկագրողներ… Չմոռնանք նաեւ Լիբանանը, որուն սահմաններէն ներս իսրայէլեան սանձարձակութիւնները եւ ոճիրները ունին տասնամեակներու պատմութիւն, հիմա, նոր արտայայտութիւններ կը գտնեն Սուրիոյ մէջ (եւ այլուր), Թուրքիոյ հետ չյայտարարուած բայց բացայայտ համակարգումով:

Ինչպիսի՜ տարողութեամբ փոթորիկներ պէտք է ստեղծուին քիչ մը ամէն տեղ, ի տես եւ ի լուր այն քանդումներուն եւ սպանութիւններուն, որոնք կը կատարուին ռուս-ուքրանական պատերազմին զուգընթաց: «Պատերազմ է, նման բաներ անխուսափելի են» ըսելը արդարացում չէ:

Ի՞նչ սաստկութեամբ փոթորիկներ պէտք է ստեղծուին այլ հաւաքական նախճիներու դէմ, որոնք կը պատուհասեն ափրիկեան մէկէ աւելի երկիրներ, ուր ծայրայեղական ահաբեկիչներ, կրօնական դիմակի ետին ծածկուած՝ յաճախ անմեղ մանուկներ կ’ընտրեն իբրեւ նոխազ: Իսկ գաղտնի՞ք է, թէ նման ծայրայեղականներու ետին կանգնողներէն մէկը ցեղասպան Թուրքիան է…

Վերջապէս, եւ իբրեւ հայ, իրաւունք չունի՞նք հարց տալու, թէ ինչո՞ւ նման փոթորիկներ չստեղծուեցան, երբ Արցախի դէմ շղթայազերծուեցան ազերիական բազմափուլ յարձակումները, տարածուն քանդում տեղի ունեցաւ, այդ բոլորը «պսակուեցան» ամբողջ Արցախի բռնագրաւումով, ժողովուրդը բռնագաղթի մղելով ու անոնց դարաւոր ժառանգութիւնները իւրացնելով, փոշիացնելով…: Ինչպէ՞ս լուռ մնալ, մանաւանդ երբ հայութեան – եւ ո՛չ միայն Արցախի – իրաւունքներուն ի նպաստ փոթորիկ բարձրացնելու կոչուած Հայաստանի իշխանութիւնը՝ դարձած է ոճրագործին գործակիցը, ո՛չ միայն կը կատարէ անոր բոլոր ուզածները, այլ կը հրաժարի մեր տարրական իրաւունքներէն՝ ոճիրներու հետապնդումը միջազգային ատեաններու մէջ հետապնդելու իրաւունքէն: Իսկ իբրեւ «վրադիր»՝ ծափողջոյններով կը դիմաւորէ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը, որ մէկդի դնելով ազերիական պահանջներուն ետին պահուըտելու իր մարտավարութիւնը, Երեւան կու գայ՝ Անքարայի պահանջներու ցանկը յիշեցնելու ՔՊ-ական «արխատաշներուն»:

***
Արդար ըլլալու համար, չենք կրնար անտեսել այն արդար զայրոյթը, որ կը տարածուի աշխարհով մէկ, ի տես եւ ի լուր յիշեալ ոճիրներուն, սակայն անոնք կը մնան անատամ արարքներ:

Ընդվզումի ալիքներ կան նաեւ Հայաստանի մէջ, համակած են Սփիւռքը, սակայն անոնք իրենց դէմ կը գտնեն ոճրագործներուն պաշտպան կանգնողներուն ստեղծած պատնէշները: Թրամփ մը ուղղակի եւ անուղղակիօրէն կ’արդարացնէ Կազայի դէմ ոճրային արարքները, իսկ Սիւնիքէն «Թրամփի ճամբայ» մը ապահովելու միջոցով, կը նպաստէ համաթուրանական հայաջինջ ծրագիրներուն: Տարբերութիւնը հոն է, որ ան ո՛չ մէկ ատեն կը մոռնայ Իսրայէլի անունը, սակայն ուաշինկթընեան ծանօթ համաձայնագիրին նախաստորագրումէն ասդին, սովորութեան վերածած է Հայաստանը կոչել… Ալպանիա: Ու փաշինեանական Հայաստանի մէջ, ո՛չ իշխանութիւնը եւ ո՛չ ալ անոր թմբկահարները կը փորձեն ճշդում կատարել, այլ ընդհակառակն, կը փորձեն իրենց ստապատիր հրճուանքին մէջ ներգրաւել ժողովուրդն ու ազգը:

15 չափ-15 հազար կշիռ վարուելակերպը չի կրնար, պէտք չէ երկար շարունակուի: Կասեցնելու համար, ուժեղ դիմադրութիւն պէտք է ձեւաւորուի ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ արդարատենջ բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ: Եւ ինչպէս որ սուտին պոչը կարճ կ’ըլլայ, ոճիրներու եւ անարդարութիւններու կնճիթն ալ պէտք է կրճատուի գործնապէս:

Սարգիս Մահսէրէճեան

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company