ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Կառավարութիւն-պետութիւն «հանելուկ»ը

12 Սեպտեմբեր 2025

Բարեկամ մը, որուն հետ երկար ատենէ ի վեր հաղորդակցութիւն չէի ունեցած, այսօր հեռաձայնեց: Ենթադրեցի, որ պիտի յիշեցնէր, թէ այսօր 9/11 է, այսինքն՝ ամերիկեան տնտեսական եւ ռազմական կեդրոններու վրայ ծանօթ յարձակումներուն տարեդարձը:

Յուսախաբ ըրաւ. մինչեւ իսկ ակնարկութիւն չըրաւ օր մը առաջ, Եութայի մէկ համալսարանին մէջ սպաննուած քաղաքական մարդուն, ո՛չ ալ Ֆրանսան փոթորկող ցոյցերուն եւ նման իրադարձութիւններու, որոնք իրենց հովանոցը տարածած են մինչեւ Նեփալ ու Քորէա:

Հալս-քէֆս հարցնելէ ետք, ըսաւ, որ կ’ուզէ խօսիլ միտքը չարչրկող նիւթի մը մասին:

– Խէ՞ր է…- հարցուցի.- Ի՞նչ մեղքս պահեմ. միտքէս հազար ու մէկ անախորժ բան անցան:
– Խէ՛ր է, խէ՛ր է,- փարատեց գրգռուած մտահոգութիւնս:- Վերջերս, Հայաստանի իրադարձութիւններուն լուրերն ու մեկնաբանութիւնները մտիկ կ’ընեմ, միտքիս մէջ այս հարցը վեր-վար կ’ընեմ եւ յստակ պատասխան մը չեմ գտներ:
– Այդ ի՜նչ բարդ հարց է եղեր որ…,- փորձեցի կատակել եւ մթնոլորտը թեթեւցնել:
– Հարցը հետեւեալն է. կառավարութեան քննադատութիւններ կ’ուղղուին, գիտեմ, որ մեծ մասը տեղին է, սակայն կան մեկնաբանութիւններ, թէ կառավարութիւնը քննադատել՝ կը նշանակէ նաեւ պետութիւնը, հայրենիքը քննադատել: Հանելուկը աւելի կը ծանրանայ, երբ կը տեսնեմ, որ այս տեսակէտը միայն իշխանութեան վրայ եղողներուն եւ անոնց անմիջական գործակիցներուն կողմէ չի տարածուիր, սփիւռքեան կարգ մը թերթեր եւ քաղաքական մարդիկ ալ նման դիրք ունին: Իսկապէս որ շուարած եմ. կը մտածեմ, որ այսպէս մտածողներուն ըսածին մէջ ճիշդ բան մը ըլլալու է…
– Այդպէս ըսողները Այբէն մինչեւ Օ Ֆէ սխալ են, պարզապէս իշխանութեան սխալները, վնասակար քաղաքականութիւնը պաշտպանելու ձեւ գտած են, իսկ սխալները, հայրենիքին ու ազգին հասած վնասները այնքա՛ն յստակ են, որ միայն կոյր եւ խուլ, կամ ալ… կաշառուած դաւաճան պէտք է ըլլալ, որպէսզի չտեսնես կամ լսել ձեւացնես:
– Բայց…
– Բայց-մայց չկայ,- ընդմիջեցի.- Եկո՛ւր, քեզի ամէնէն պարզ ձեւով փաստ բերեմ:
Ու փնտռեցի առցանց բացատրական մը եւ կարդացի հետեւեալները.

 The state is an entire system that holds authority over a geographic area and its population. It includes the laws, institutions, borders, and the idea of sovereignty. It’s permanent and continues even if the government changes. The government is the current group running the state.
 The state continues to exist even when the people in power change.

 A government can change through elections, coups, or other means.

Թարգմանութիւն:

 Պետութիւնը ամբողջական դրութիւն մը, համակարգ մըն է, որուն հեղինակութիւնը (իշխանութիւնը) կը տարածուի աշխարհագրական որոշ տարածքի մը եւ անոր բնակիչներուն վրայ: Անիկա կ’ընդգրկէ օրէնքները, հիմնարկները, սահմանները, եւ գերիշխանութեան գաղափարը: Անիկա (պետութիւնը) մնայուն է (այսինքն՝ անփոփոխելի), մինչեւ իսկ եթէ կառավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի: Կառավարութիւնը այն խմբակն է, որ ներկայիս կը վարէ պետութեան գործերը:

 Պետութիւնը կը շարունակէ գոյատեւել, մինչեւ իսկ երբ իշխանութեան վրայ եղողները փոխուին:

 Կառավարութիւն մը կրնայ փոխուիլ ընտրութիւններու, յեղաշրջումի կամ այլ միջոցներով:

– Ասոնք,- ըսի,- քաղաքական ու քաղաքացիական կրթութեան առաջին դասարանի նիւթեր են: Եթէ պատկերաւոր բացատրութիւն փնտռենք, կրնանք ըսել՝ անփոփոխ պարունակող եւ փոփոխական պարունակեալ: Ասանկ բաներ դպրոցի կամ համալսարանի մէջ կը սորվինք, յետոյ… կը մոռնանք, մենք մեզ ենթակայ կը դարձնենք իշխանաւորներու քարոզչութեան, իսկ այդ քարոզչութիւնը, ինչպէս քիչ առաջ ըսի՝ կ’աշխատի ամէն բան խեղաթիւրել եւ կը բանի այն «տրամաբանութեամբ», որ պէտք է ծածկել, անտեսանելի դարձնել իշխող խումբին, այսինքն՝ կառավարութեան ձախաւերութիւնները: Կը փորձեն հաւասարութիւն դնել ՊԵՏՈԻԹԻՒՆ եւ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ հասկացութիւններուն միջեւ, որպէսզի ըսեն, որ կառավարութիւն քննադատողը դէմ է պետութեան, հայրենիքին…

– Ըսածներդ խելքի պառկելիք են, բայց…,- ընդհատեց խօսքս. ձայնին մէջ կասկածի նշոյլները չէին փարատած:
– Բայց… ի՞նչ,- հարցուցի:
– Այս բաները միայն Հայաստանի՞ մէջ կ’ըլլան,- փութացուց յաջորդ հարցումը:
– Եթէ աչքերդ եւ ուշադրութիւնդ տարածես աշխարհի այս կամ այն կողմերը, նաեւ պտոյտի ելլես մօտիկ եւ հեռաւոր անցեալի պատմութիւններուն մէջ, բազմաթիւ օրինակներ կրնաս տեսնել ու յիշել:
– Կրնա՞ս քանի մը օրինակ տալ,- հարցուց՝ համոզուելու պատրաստ եմ-ի ձայնով մը:
– Դժուար բան կ’առաջարկես, սակայն եկո՛ւր, բաւականանանք քանի մը օրինակով: Պէտք չունինք երթալու մինչեւ հին Յունաստանի, Հռոմի, Բիւզանդական եւ այլ կայսրութիւններու դարաշրջանները, բաւականանաք այսօրով եւ մօտիկ անցեալով:

 Հիմա, այս օրերուն, Ֆրանսայի մէջ քաղաքական մեծ փոթորիկ կայ. ժողովուրդը, վերը յիշուածներէն՝ «այլ միջոցով»ին հետեւելով, ցոյցերով, նոյն ատեն՝ խորհրդարանին մէջ վստահութեան քուէի չեղարկումով, կառավարութիւնը տապալեց, սակայն Ֆրանսայի պետութիւնը հոն է: Նոր վարչապետի մը նշանակումէն ետք ալ, բոլոքի ալիքը չէ հանդարտած, մինչեւ իսկ նախագահին հրաժարականը կը պահանջեն, սակայն պետութիւնը հոն է եւ մնայուն է: Կը յիշե՞ս, նո՛յն Ֆրանսայի մէջ, աւելի քան 50 տարի առաջ, պաշտամունքի առարկայ, պատերազմի հերոս Շարլ Տը Կօլին պարտադրեցին հրաժարիլ, սակայն Ֆրանսայի պետութիւնը մնաց ու կայ: Ֆրանսա մինչեւ իսկ ապրեցաւ իրերայաջորդ քանի մը հանրապետութիւն…: Ֆրանսայի մասին բաւականանանք այսքանով:

 Տը Կօլէն առաջ, կային Գերմանիոյ Հիթլէրն ու Իտալիոյ Մուսոլինին: Գիտե՞ս, թէ անոնք ինչպիսի՜ ժողովրդականութիւն կը վայելէին, որքա՛ն հզօր էին: Լիարժէք բռնատէրեր էին: Եւրոպան քանդեցին, սակայն մինչեւ վերջ ալ ահագին համակիր ունէին, դեռ չխօսինք Եւրոպայի մէջ հոս-հոն գլուխ բարձրացնող նոր-նացիականներուն մասին: Յետոյ ի՞նչ եղաւ: Երկուքն ալ ջախջախուեցան, ճիշդ է, որ այդ երկիրները աշխարհագրական եւ ռազմա-տնտեսական մեծ վերիվայրումներէ անցան, բայց իբրեւ պետութիւն մնացին եւ կը գոյատեւեն այսօր. Գերմանիա մինչեւ իսկ դարմանեց իր բաժանուած վիճակը եւ ահա, աւելի քան 35 տարիէ ի վեր, նախկին երկու գօտիներուն միջեւ մեծ չափով վերականգնած է հաւասարութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը: Ատենաուըրներէն, Շոլցերէն ու Մերքէլներէն ետք ալ, պետութիւնը հոն է:

 Եւրոպական այլ երկիրներու մասին ալ կրնանք ըսել նոյնը: Բրիտանիոյ մէջ, աշխատաւորական եւ պահպանողական իշխանութիւններ իրարու յաջորդած են, պետութիւնը փոփոխութիւն չէ կրած: Նոյնը՝ Իտալիոյ, Յունաստանի, Սպանիոյ եւ խորհրդային ազդեցութենէ դուրս եկած երկիրներու պարագային: Տարբեր են Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ մէջ իշխանափոխութեան «բեմադրութիւնները»…

 Ռումանիոյ պարագան ալ հետաքրքական է: Չաուշեսքուի օրով, Ռումանիան առանձնակի երկիր էր, իբրեւ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ՝ իւրայատուկ տեղ ունէր «արեւելեան պլոք»ին մէջ: Չաուշեսքու, իշխանութեան սկզբնական տարիներուն, յարգուած եւ սիրուած մարդ էր ո՛չ միայն իր երկրի բնակիչներէն, այլ նաեւ համաշխարհային դիտանկիւնէ: Յետոյ, տասնամեակներ ետք, ան վերածուեցաւ բռնատէրի մը, օր մըն ալ, Խորհրդային միութեան քայքայումի օրերուն, Արեւելեան Եւրոպան իր «հովանիին» տակ առած բարեփոխութիւններու ալիքը (Արաբական Գարունին մէկ տարբերակը) հասաւ Ռումանիա (չմտնեմ այլ երկիրներու օրինակներուն մէջ), Չաուշեսքուն եւ իշխանակից տիկինը դատուեցան եւ պատին տակ դրուելով՝ գնդակահարուեցան: Ֆրանսացիները դարեր առաջ կառափնատ կը գործածէին…:
Ռումանիոյ պետութեան ի՞նչ եղաւ. ըստ ամենայնի շատ բան չեղաւ, անկէ ասդին ալ քանիցս կառավարութիւն փոխուած է, սակայն պետութիւնը մնաց իշխանափոխութիւններէն ետք: Այսօր մէկը չի մտածեր, որ Չաուշեսքուի տապալումը վատ բան եղաւ, սասանեց կամ կործանեց Ռումանիա կոչուող պետութիւնը:

 Կ’ուզե՞ս օրինակները շարունակեմ: Լա՛ւ. միայն յիշատակեմ քանի մը անուն. Եգիպտոսի մէջ քանիցս իշխանափոխութիւն եղաւ, թագաւորէն մինչեւ Ապտէլ Նասըր, Սատաթ եւ «Արաբական գարուն», անոր հարաւը գտնուող Սուտանին մէջ՝ նմանապէս (Հարաւային Սուտանի ձեւաւորումը բոլորովին այլ բան էր), ասիական, ափրիկեան, հարաւ-ամերիկեան երկիրներու մէջ ալ կան բազմաթիւ օրինակներ. Պրազիլիոյ, Արժանթինի մէջ եւ այլուր, տարբեր գաղափարաբանութեան հետեւորդ իշխանախումբեր իրարու դէմ պայքարեցան, մէկը միւսը հեռացուց իշխանութենէ, յետոյ վերադարձաւ ղեկին…: Բայց մէկը հարց դրա՞ծ է, որ այդ փոփոխութիւնները ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ջնջած են կամ անոնցմէ տարածքներ ուրիշներու յանձնուած են… կամովին: Նման շարժումներու, քաղաքական փոթորիկներու զուգահեռ, եղած են տնտեսական եւ այլ վերիվայրումներ, բայց պետութիւնները ընդհանուր առմամբ մնացած են անփոփոխ:

– Է՞… մեր Հայաստանի պարագան ալ նման չէ՞ անոնց: Հոն ալ իշխանափոխութիւն եղած է, սակայն պետութիւնը մնացած է անփոփոխ,- ըսաւ՝ ա՛յս ալ լուսաբանէ-ի ոճով:
– Ճի՛շդ ես,- ըսի.- Հայաստանի մէջ ալ իշխանափոխութիւնները մեծ ու փոքր ալիքներ ստեղծած են, սակայն պետութիւնը մնացած է կայուն: Վերանկախացումէն ետք, Հայաստան-պետութիւնը դրական զարգացումներ ապրեցաւ՝ Արցախի իրողական կցումով, եւ անիկա ամբողջական Հայաստանի վերականգնումի մեր պայքարի ճամբուն առնուած քայլ էր…: Նախորդ իշխանութիւններուն օրով ալ երբեմն շշուկներ տարածուած են, թէ իշխանութեան դէմ խօսողը պետութիւնը հարուածի տակ կը դնէ, սակայն այդ բոլորը առաւելաբար սեղմ-քարոզչական էին: Հիմա, մասնաւորաբար ներկայ իշխանութիւններուն օրով, ասիկա կը գտնէ բոլորովին տարբեր եւ շատ վտանգաւոր արտայայտութիւն: Բաց աչքերով կը տեսնենք, որ այս մարդոց իւրաքանչիւր քայլը, պատերազմներէ մինչեւ, այսպէս կոչուած, խաղաղութեան փորձեր մեր հայրենիքը կը տանի կորուստէ-կորուստ: Արցախը ձեռքէ հանեցին, հոն՝ հայկական պետութի՛ւնը ծանր հարուած կրեց, սակայն ատիկա փորձեցին ներկայացնել, նոյն տխմար քարոզչութեան ծիրին մէջ՝ իբրեւ դրական քայլ: Հայաստանէն հողեր յանձնեցին Ազրպէյճանին, պետութեան նոր հարուածներ տուին, սակայն պետութեան կրճատումը (կը յիշե՞ս, վերը սահմաններու ակնարկութիւն կար) կը ներկայացնեն իբրեւ բարիք, նուաճում: Սիւնիքի հարաւային գօտին պաշտօնապէս կը յանձնեն ամերիկացիներուն, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա այդ քայլին մէջ կը տեսնեն իրենց դարաւոր երազին իրականացումը, կը պնդեն, որ իրենց տեսակէտները յաղթանակած են նա՛եւ քաղաքական գետնի վրայ. խնդալիքը այն է, որ Հայաստանի պետութիւնը կամաց-կամաց կը սահի-կ’երթայ, բայց… կառավարութիւնը կը մնայ: Ահա հո՛ս է հիմնական տարբերութիւնը: Ազերիները կը յոխորտան, որ եթէ Արցախը գրաւեցին զինու ուժով, հիմա պէտք չեն զգար ուժի դիմելու, որովհետեւ Հայաստան-պետութիւնը չեղարկելու իրենց ծրագիրը դանդաղօրէն կ’իրագործուի փաշինեանական կառավարութեան ձեռքով:
– Այսինքն… ի՞նչ…
– Այսինքն այն՝ որ պէտք չէ հաւատալ ու տարուիլ հայրենիք ու պետութիւն քանդողներուն քարոզչութեամբ, այլ նաեւ միացեալ ճակատ կազմել՝ պայքարելու համար: Մեր միտքին մէջ պէտք է յտակօրէն զատորոշենք, թէ ի՞նչ է կառավարութիւնը, ի՞նչ է պետութիւնը, թէ՝ կառավարութիւնը ժամանակաւոր խումբ մըն է, պետութիւնը մնայուն արժէք ու իրաւունք է, մնայուն պէ՛տք է ըլլայ: Ու իբրեւ վերջին օրինակ մը՝ եզրակացուցի․- կը յիշե՞ս, երբ Հայաստանի մէջ կար համայնավար իշխանութիւն, ու երբ այդ օրուան իշխանութիւնները քննադատութեան առարկայ կ’ըլլային մասնաւորաբար Դաշնակցութեան կողմէ, այդ օրերուն ալ հրապարակ նետած էին «համայնավար իշխանութիւնը քննադատողը հայրենիքին դէմ է» քարոզը, ստեղծած էին հայրենասէրներու եւ «հակահայաստանճի»ներու դասակարգումներ: «Հակահայաստանճի»ները՝ համայնավարներուն վնասարար ընթացքը քննադատողներն էին: Այն ատեն ալ ազգային գիծ պաշտպանողները կը յորջորջուէին իբրեւ «ռեւանշիստ», ինչպէս կ’ընեն ՔՊ-ականներն ու զանոնք հովանաւորող ազերիները…: Յետոյ եկան ժամանակներ, երբ ամէն մարդ դարձաւ համայնավարներուն դէմ, անկախութեան վերահաստատման հետ՝ հայրենիքի ու ազգի շահերը, Դա՛տը պաշտպանելը դարձան առաջանային: Այսօր, այս իշխանութիւնները ստեղծած են վիճակ, ուր մարդիկ երանի կու տան… կարմիրներու օրերուն, ինչպէս որ, եւ նո՛յնքան տարօրինակօրէն, երանի կու տան 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան ահաւոր պայմաններուն: Գոնէ կարմիրներու իշխանութեան օրերուն կային այլապէս դրական բաներ, հիմա՞…
– Կառավարութիւն-պետութիւն հանելուկը լուծուեցաւ,- ըսաւ բարեկամս: Ձայնին մէջ հանդարտութեան հնչիւն մը կար:

Սարգիս Մահսէրէճեան

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company