Ի խնդիր «Հայրենադարձութեան» տեսլականի ամրապնդման
19 Սեպտեմբեր 2025
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 34-րդ տարեդարձի սեմին, հայ քաղաքական միտքը կը գտնուի խոր ճգնաժամի մէջ, որմէ դուրս գալու անհետաձգելի պահանջը կարիքը ունի արմատական վերամտածումի եւ միասնութեան նոր տեսլականի մը։
Վերջին եօթը տարիներուն, իշխանաւոր վարչախումբի քաղաքական ընտրանքները ցոյց կու տան ազգային եւ պետական հիմնաշէնքի աստիճանական փլուզման պատկերը։ Հողային կորուստներ, Արցախի ողբերգական զիջում, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու գրաւում, պատմական խորհրդանիշերու վերացման ծրագրային քաղաքականութիւն եւ ժողովրդագրական անկում՝ բոլորն ալ կը կազմեն համակարգային ճգնաժամի մը մռայլ նկարագիրը, որ կը սպառնայ ազգային գոյութեան հիմերուն։
Այս իրավիճակին պատճառները կը գտնուին հայ քաղաքական մտածողութեան կառուցուածքային թերութիւններուն մէջ։ Իշխող խաւերը ցուցաբերեցին ռազմավարական ծրագրաւորման անկարողութիւն, մինչ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը չկրցան մշակել համոզիչ այլընտրանք։
Հայ քաղաքական միտքի ներկայ վիճակը բնութագրուած է մտածողութեան կրաւորականութեամբ եւ իրերուն հակազդելու մօտեցումով։ Առաւել՝ մասնակցային ժողովրդավարութեան սկզբունքները, որոնք պիտի կազմէին հայ քաղաքական մշակոյթի հիմքը, չկրցան արմատանալ ազգային գիտակցութեան մէջ։
Հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ բոլոր տարրերուն մէջ՝ սկսելով մայր հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի ամենահեռաւոր ոստանները, պահանջ կը դրսեւորուի ազգային ուղղուածութեան մը ստեղծման, որ հիմնուած պիտի ըլլայ հայրենադարձութեան իրական գաղափարին վրայ։
Հայրենադարձութիւնը գիտակցական եւ խոր փոխակերպում է, որ կ՚անցնի ֆիզիքական սահմաններու հասկացութենէն եւ կը պահանջէ հոգեւոր ու մտային կառչում ինքնուրոյն հայրենիքի գաղափարին։
Այս մօտեցումը նախ եւ առաջ պէտք է հակադրուի «իրական Հայաստանի» նեղ եւ սահմանափակ լոզունգին, որ ինքնին ապազգային եւ օտարամուտ ըլլալով, արհեստականօրէն կը բաժնէ հայութիւնը աշխարհագրական սահմաններու հիման վրայ եւ խորքին մէջ կրկնութիւն մըն է խորհրդային համակարգի գործիքակազմերուն, երբ հայութիւնը բաժնուեցաւ «հաւատարմութիւն ցուցաբերողներու» եւ «հակառակորդներու», իսկ սփիւռքը դիտուեցաւ կասկածանքով։ Այսօր եւս, «պետականամէտութեան» կարգախօսով, իշխանաւորները կը փորձեն ջլատել հայութեան միասնականութեան սեւեռումները, մինչ քաղաքական միտքը կը թուի անզօր ըլլալ, հակադրելու համար իսկական գաղափարախօսական այլընտրանք մը, որ պիտի դառնայ միաւորող ուժը հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ։
Հայրենադարձութեան գաղափարը պէտք է վերափոխուի ազգային վերականգնումի եւ միասնութեան հիմնական շարժիչ ուժի։ Բնականաբար, սփիւռքը կարելի չէ ֆիզիքապէս տեղափոխել հայրենիքի վրայ, սակայն սփիւռքը կարիքը ունի հաստատելու իր ուրոյն խօսոյթը, որուն կիզակէտը պիտի դառնայ հայրենի աշխարհին հետ իրապաշտ եւ վաւերական տեսլականի մը ստեղծումը։
Այս գործընթացը կը պահանջէ սփիւռքի մէջ գործող հաստատութիւններու՝ քաղաքական, հոգեւոր, հասարակական, մտաւորական, կրթական, մշակութային եւ տնտեսական միաւորներու գործակցութիւնը։ Նոր ազգային տեսլականի մը գոյացումը, որուն մեկնակէտը պիտի ըլլայ սփիւռքէն, պէտք է հիմնուի բոլոր ուժերու մասնակցութեան եւ ռազմավարական երկարատեւ մտածողութեան սկզբունքներուն վրայ։ Ան պէտք է գերազանցէ ներկայ ժամանակի բեւեռումներուն եւ ստեղծէ ընդգրկուն քաղաքական մշակոյթ, ուր տարբեր տեսակէտները պիտի համալրեն իրար, քան թէ հակադրուին իրարու։
Միայն այսպիսի համակարգուած մօտեցումով հայ ժողովուրդը կրնայ վերականգնել իր ինքնավստահութիւնը, թօթափել պատրանքները եւ արհեստականօրէն պարտադրուած վախերը, մերժել այսօրուան նորելուկ ապազգային գաղափարախօսութիւնները, պաշտպանել իր իրաւունքները եւ ապահովել հայութեան կայուն ապագայ՝ հայրենիքի եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին։
Հայրենադարձութիւնը, այս իմաստով, չի սահմանափակուիր միայն ֆիզիքական վերադարձով։ Ան կը նշանակէ կառչիլ անկախ ու ամբողջական հայրենիքի տեսլականին՝ մերժելով «իրական Հայաստանի» արհեստածին ու անվաւեր վարկածը, որ հայութիւնը կը սահմանափակէ կրճատուած սահմաններու մէջ։ Հայրենիքը պէտք է ըլլայ համահայկական յայտարար, ո՛չ թէ նուազող քարտէսի մը գերին։
«Ազատ Օր»ի խմբագրական