ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Արարատը Պետական Կնիքէն Ջնջելը Խաղաղութիւն Չի Բերեր. Զայն Ջնջելով՝ Մենք Զմեզ Կը Ջնջենք

18 Սեպտեմբեր 2025

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Երբ մարդիկ խորհրդանիշներուն հետ կը խաղան, կը խաղան նաեւ յիշողութեան հետ, պատմութեան հետ:

Ու պէտք չէ զարմանալ, երբ պատմութեան հետ խաղալը խիստ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենայ…

Վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ, Թրամփի վարչակազմը ազգային այգիներու ծառայութեան (National Parks Service) հրահանգած է՝ ստրկութեան մասին լուսանկարչական ցուցանակները (ներառեալ 1863ի «Խարազանուած մէջք»ի խորհրդանշական լուսանկարը) բազմաթիւ վայրերէ հանել՝ պատմութիւնը «վերականգնելու» ու «նախատինքի» նիւթերը հեռացնելու նպատակով։ Ազգային այգիներու աշխատակիցներուն ըսուած է՝ ստրկութեան, ազգայնամոլութեան եւ բնիկ ժողովուրդներու հալածանքներու մասին ցուցանակները բացայայտել ու հանել։ Բազմաթիւ պատմաբաններ այս քայլը գրաքննութիւն կոչած են, պնդելով, որ նպատակը գեղագիտութիւնը չէ, այլ՝ պատումի վերահսկողութիւնը։

Այս օրերուն, Հայաստանը նման ճամբայ մը բռնած է։ Հանրապետութեան կառավարութիւնը հաստատեց որոշում մը, որով Նոյեմբերէն սկսեալ, ճամբորդներու անցագիրներու մէջ դրուող պաշտօնական մուտքի ու ելքի կնիքներէն պիտի հանուի Արարատ լեռան պատկերը։ Ընդունման ժամանակ, փոփոխութիւնը հրապարակայնօրէն չէ բացատրուած. պաշտօնատարները հետագային ակնարկած են, որ նպատակը «վտանգաւոր մեսիջներ (պատգամներ) չուղարկելն է Հայաստանի Հանրապետութեան հարեւան պետութիւններին» (նպատակը, մէկ խօսքով, Թուրքիան չնեղացնելն է)։

Սերունդներ շարունակ, Արարատը ապրած է Հայաստանի (նոյնինք Խորհրդային Հայաստանի) զինանշանին մէջ, փորագրուած մեր խաչքարերու ու վանքերու քարերուն վրայ, կախուած է հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող բազմաթիւ հայորդիներու տան պատերուն, ո՛չ որպէս տարածքային պահանջ, այլ՝ մշակութային կողմնացոյց: Ու զայն անցագրային կնիքներէն հեռացնելը երկու բան կը փաստէ. առաջինը՝ որ կառավարութիւնը հիմնական խորհրդանիշները կը նկատէ զիջելի, երկրորդ՝ թէ կ՛ընդունի այն նախադրեալը, որ խորհրդանիշները պէտք է մաքրուին, եթէ անոնք դիւրազգացութիւն կը յարուցանեն հարեւանին մօտ։

Ինծի համար հետաքրքրականն այն է, թէ այս տրամաբանութեան սահմանը ո՞ւր կը գծուի:

Վերջերս իշխանաւոր մը յայտնեց, թէ զինանշանին ձեռք տալու ծրագիր չկայ, սակայն 2023ին, վարչապետը հրապարակայնօրէն նախատեց ներկայ զինանշանը, որովհետեւ անիկա կը խորացնէ բաժանումը «պատմական Հայաստանի եւ իրական Հայաստանի» միջեւ, եւ սահմանադրական աշխատանքային խումբ մը արդէն իսկ կ՛աշխատի նոր հիմնական օրէնքի մը վրայ։

Հակաճառութիւնը այն է, թէ պետական խորհրդանիշները պէտք է անբիծ եւ խիստ «պետականամէտ» ըլլան, առանց «զգացական» պատկերներու։ Սակայն խորհրդանիշները որեւէ տեղ այդպէս չեն գործեր։

Ես Գանատա ծնած մեծցած եմ. Գանատայի զինանշանը կը կրէ Անգլիոյ առիւծի ու Սկովտիոյ միեղջիւրի (իւնիքորն) պատկերները: Գանատայի մէջ ո՛չ առիւծ կայ (բացի կենդանաբանական պարտէզներուն մէջ… խեղճ անասուններ), ո՛չ ալ իւնիքորն (յանուն արդարութեան, իւնիքորններ ոչ մէկ տեղ եղած են. գոյութիւն իսկ չեն ունեցած): Երեւակայական «անասուն»ը թագ մը կը կրէ եւ կոտրած շղթայ մը, որ կը խորհրդանշէ ճնշումին դէմ դիմադրութիւնը, իսկ յարակից պատկերները կը կրեն Միացեալ Թագաւորութեան դրօշը եւ Ֆրանսայի թագը։ Ասոնք յղումներ են բազմաթիւ պատմութիւններու եւ ինքնութիւններու, որոնք կ՛ապրին գանատական պետութեան խորհրդանիշին մէջ. անոնցմէ ոչ մէկը «պահանջ» է օտար տարածքի մը կամ՝ հնազանդութեան խորհրդանիշ։ Անոնք պատկանելիութեան եւ ժառանգութեան ճանաչումներ են։

Կամ եկէ՛ք խօսինք Թուրքիոյ մասին. երկրի ներկայ դրօշակը օսմանեան դրօշակին հիմնաչափուած շարունակութիւնն է (կիսալուսին եւ աստղ՝ կարմիրի վրայ, 1844), այն նոյն հարստութեան, որու ներքոյ Օսմանեան կայսրութեան հայերը բնաջնջուեցան։ Արդեօք հայերը պէ՞տք է պահանջեն, որ թուրքերը փոխեն իրենց դրօշը, քանի որ մեր ընտանիքները անոր ներքոյ կոտորածի ենթարկուեցան։

Անցագրային կնիքի որոշումը անջատ, մեկուսացած որոշում մը չէ. անիկա կու գայ պաշտօնատարներու շարք մը հրապարակային փաստարկներու հետ միասին, որոնք անվտանգութիւնը կը վերաձեւակերպեն «լեգիտիմութեան» (օրինականացում) շուրջ։ Հայաստանի խորհրդարանի խօսնակը պարզաբանած է Պաքուի պահանջը, որ Նախիջեւանէն դէպի Ատրպէյճան երթեւեկութիւնը Հայաստանով անցնի առանց հայ սահմանապահները տեսնելու, հիմնաւորելով, թէ «վէրքերը թարմ են» եւ խորունկ երկու կողմերուն համար: Վարչապետը կ՛ըսէ, թէ բանակը պէտք է ըլլայ երկրի անվտանգութեան 15րդ, 20րդ, նոյնիսկ 100րդ «գործիքը», իսկ «լեգիտիմութիւնը»՝ ցուցակին առաջինը: Այս գիծերէն ոչ մէկը, անոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին, անօրինական է. սակայն միասին, եւ այս պահուն, անոնք ցոյց կու տան այս կառավարութեան գաղափարը՝ «դուն զքեզ նուաստացո՛ւր եւ յուսա՛, որ հարեւաններդ բարեսիրտ դառնան»…

Նոյն տրամաբանութիւնը այժմ կը կիրառուի Սահմանադրութեան վրայ։ Ատրպէյճան կը պահանջէ, որ Հայաստան ջնջէ իր յղումը 1990ի Անկախութեան հռչակագրին, իսկ Երեւան կը պատասխանէ՝ համաձայնելով, որ ժամանակն է առանց անոր նոր սահմանադրութիւն մը նախագծելու։ Արդարադատութեան նախարարը այս կը կոչէ «խաղաղութեան գին», վարչապետը բացայայտօրէն կ՛ըսէ, թէ չի հաւատար, որ հռչակագիրին յղում պէտք է կատարուի նոր սահմանադրութեան մէջ։ Այստեղ կը բնականոնացուի այն գաղափարը, որ Հանրապետութեան հիմնական օրէնքը կ՛ենթարկուի բանակցութիւններու թշնամիի մը հետ՝ նախքան զայն քննարկելը այն քաղաքացիներուն հետ, որոնք կ՛ապրին անոր ներքեւ։

Ամէն անգամ, որ Պաքուն կամ Անգարան նոր պայման մը կը ներկայացնեն, Երեւան նախ կը մերժէ ձեւակերպումը, ապա կ՛որդեգրէ անոր էութիւնը։ Ամէն անգամ, որ պաշտօնեաները կը յայտարարեն, թէ կարմիր գիծեր քաշած են, յետագային կը բացատրեն, թէ ինչո՞ւ այդ գիծերը իրականութեան մէջ բանակցելի էին։ Ամէն անգամ, որ ինքնիշխանութիւնը կը պաշտպանուի հանրութեան մէջ, անիկա կը նսեմացուի գործնականին մէջ։ Այս դիւանագիտութիւն չէ, այլ ճնշումներուն յարմարում՝ քօղարկուած որպէս գործնապաշտութիւն (փրակմաթիզմ)։

Այս բոլորով, մենք պարզապէս կնիքի մը վրայ պատկեր մը չէ, որ կը կորսնցնենք, այլեւ կը փաստուի, որ Հայաստանի մէջ ինքնութեան նշանները սակարկելի խաղաքարտեր են: Ու ճիշդ այդ պատճառով այդքան ալ աներեւակայելի չէ, որ այս իշխանութիւնը շուտով պիտի անցնի զինանշանին ալ «բարեփոխման»: Եթէ կնիքի մը վրայ Արարատը «կը նեղացնէ» Անգարան, զինանշանին վրայի Արարատը պէտք է զայն աւելի նեղացնէ։

«Բայց Արարատը այսօր Թուրքիոյ մէջ չի՞ գտնուիր»: Իսկ այդ մէկը երբեք չէ խանգարած, որ անիկա պատկանի հայ մշակութային յիշողութեան։ Շատ ազգային խորհրդանիշներ կը յղուին սահմաններէն անդին։ Խորհրդանիշները կը հետեւին ժառանգութիւններուն եւ ձգտումներուն. անոնք հողի սեփականութեան վկայականներ չեն։ Հայաստանի զինանշանը 1918էն քով-քովի բերած է ներկայ եւ պատմական Հայաստանները մէկ խորհրդանիշի մէջ։ Պնդել, թէ միակ օրինական խորհրդանիշները անոնք են, որոնք կրնան սահմանուիլ եւ սահմանազատուիլ, կը նշանակէ անդամահատել պատմութիւնը:

Անշուշտ այս բոլորին մէջ կայ երկրորդ կարգի վտանգ մը։ Երբ կը սկսիս խմբագրել խորհրդանիշները՝ «արտաքին սպառնալիքները» նուազեցնելու համար, դուն կը բնականացնես պատումներու խմբագրումը: Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ինքնութեան շուրջ ներկայ բանավէճերը կը բնորոշէ որպէս ազգային պատումներու դիտաւորեալ «փոխակերպումի» մաս, որպէսզի թեթեւցնէ անվտանգութեան համակարգի ճնշումը։ Սակայն պետութիւնները ապահով չեն դառնար՝ մոռացկոտ դառնալով. այդպիսով անոնք միայն աւելի փխրուն ու խոցելի կը դառնան։

Ես Արարատի գագաթը նուաճած եմ, կանգնած եմ լեռան կատարին։ Ինծի ապշեցնողը տեսարանը կամ հոն հասնելու դժուարութիւնը չէր, այլ այն իրողութիւնը, որ լեռը անխուսափելի է։ Գագաթէն կը տեսնես, թէ անիկա ինչպէս կը տիրէ շրջակայքին. անիկա կը մերժէ անտեսուիլ։

Մեր պատմութեան մէջ Արարատը այդ է՝ անշարժ, անխուսափելի, ներկայ՝ մեր կամքէն անկախ։ Ոմանք կրնան զայն ջնջել կնիքներէ, ելոյթի մը ընթացքին զայն նախատել, բայց օրէնքով իսկ զայն չեն կրնար անհետացնել: Կարծելով թէ կարելի է զայն ջնջել՝ մոլորութիւն է։ Ձեւացնել, թէ խորհրդանիշը սահեցնելով՝ մոռացութեան կու տաս անոր ետին եղած իրականութիւնը՝ քու սեփական ժողովուրդդ անարգել է, դաւաճանել:

Կնիքը, այո՛, փոքր բան մըն է, բայց անկէ Արարատը ջնջելու գործողութիւնը՝ հսկայ։ Անիկա քաղաքացիներուն կը յուշէ, թէ իրենց խորհրդանիշները զիջելի են, իրենց անցեալը՝ կարելի է ձեռքէ բաց թողուլ, իսկ իրենց ինքնութիւնը՝ սակարկելի խաղաքարտ մըն է։ Անիկա հարեւաններուն կ՛ըսէ, թէ ճնշում բանեցնելը արդիւնաւէտ է, եւ աշխարհին կը յայտարարէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը գոյատեւումը կը տեսնէ ոչ թէ ամուր կանգնելով, այլ՝ ինքն իրմէ մասեր կտրելով։

Այս բոլորը յանձնուելու հերթական արարքներ են՝ ծածկուած գործնականութեան քօղով։

Հայաստանին պէտք չեն այնպիսի ղեկավարներ, որոնք կը բացատրեն յարձակողի պահանջները, որպէս խելամիտ։ Անոր պէտք են այնպիսի ղեկավարներ, որոնք յստակօրէն կը ձեւակերպեն, թէ ի՛նչը բանակցելի չէ. վերահսկողութիւն սահմաններուն վրայ, Սահմանադրութեան անկախութիւնը եւ քաղաքացիներուն իրաւունքը՝ գիտնալու, թէ ի՛նչ խոստացուած է իրենց անունով։ Առանց այս բաներուն, «խաղաղութիւն» բառը կը դառնայ բառ մը, որ կը քօղարկէ պետականութեան դանդաղ քանդումը։ Եւ ամէն անգամ, որ նման պաշտօնեաներ այսպէս կը խօսին, այդ քանդումը կ՛արագանայ։

Ու մենք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներս ու աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը, աւելիին արժանի ենք:

Յիշենք Օրուէլի (մռայլ, բայց խիստ տեղին) խօսքերը եւ զգուշանանք անոր հետեւանքներէն՝ «Ով որ կը վերահսկէ անցեալը, կը վերահսկէ ապագան։ Ով որ կը վերահսկէ ներկան, կը վերահսկէ անցեալը»։

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ի խնդիր «Հայրենադարձութեան» տեսլականի

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 34-րդ ­տա­րե­դար­ձի սե­մին

19 Սեպտեմբեր 2025
«Ադրբեջանի պատժամիջոցների վերանայման մ

Կոնգրեսականներ Դինա Տիտուսը և Գուս Բիլիրակիսը ներկայացրել են «Ադրբեջանի պատժամ

19 Սեպտեմբեր 2025
Արցախի հայաթափման պատասխանատուն անձամբ

Արցախի ամբողջական հայաթափումից երկու տարի անց, այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Եռաբլո

19 Սեպտեմբեր 2025
Սեպտեմբերի 19-ը՝ Արցախի Հանրապետության

Ողջ աշխարհին է հայտնի, որ Ադրբեջանի Հանրապետության զինված ուժերի կողմից մեկնար

19 Սեպտեմբեր 2025
Մեր խորհրդանշանները մեր ժողովրդի ինքնո

Սեպտեմբերի 18-ին Հրապարակ TV-ի «Հինգշաբթի» հաղորդաշարի հյուրն էր Արևմտահայոց հ

19 Սեպտեմբեր 2025
Լիբանանի վարժարաններում սովորեցնում են

Ազգային պատկերները հեռացնելը մեկ նպատակ ունի՝ փոխել ամբողջ հայության անցյալը։

19 Սեպտեմբեր 2025
Ձախողուած Խոստումներն ու Ձախորդած Ար

Այն, որ Թրամփը (թէպէտ ինչ որ տեղ իրաւացիօրէն) օրնիբուն դատափետում է իր նախորդի

19 Սեպտեմբեր 2025
Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ

Մուսա լերան հերոսամարտի յոբելենական նշումը այսօր քաղաքական ուղերձներ կրնայ ներ

19 Սեպտեմբեր 2025
Արարատը Պետական Կնիքէն Ջնջելը Խաղաղութ

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Երբ մարդիկ խորհրդանիշներուն հետ կը խաղան, կը խաղան նաեւ յի

18 Սեպտեմբեր 2025
Հաջողության հասնելու ճանապարհը համաժող

Առանց ժողովրդի ճնշման, ոչ մի ՔՊ-ական չի ստորագրի, իմփիչմենթը պետք է արձանագրի

18 Սեպտեմբեր 2025
Այն, ինչ տեղի է ունենում Հայաստանում տ

Կառավարության պաշտոնական կայքէջում որպես հայեցակարգ ներկայացված տեքստը հակասու

18 Սեպտեմբեր 2025
«Ադրբեջանի պատժամիջոցների վերանայման մ

Կոնգրեսականներ Դինա Տիտուսը և Գուս Բիլիրակիսը ներկայացրել են «Ադրբեջանի պատժամ

18 Սեպտեմբեր 2025
Արարատը՝ Մեր Ինքնութեան Յենասիւնը

2025 թւականի նոյեմբերի 1-ից Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային կնիքներից հանւ

18 Սեպտեմբեր 2025
Հայութեան Յաւերժութեան Խորհդանիշը Դարձ

«Ա՜խ, այս Մասիսը… Բոլոր հայերին այստե՜ղ է բերում, Երբ ինքն… այստե՜ղ չէ… Միա

18 Սեպտեմբեր 2025
Հայաստանի Անկախութեան 34րդ տարեդարձի ն

15 Սեպտեմբեր 2025-ին, նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Լաւալի քաղաքապետարան

18 Սեպտեմբեր 2025
Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութ

Քաթարի մէջ տեղի ունեցած արաբական-իսլամական պետութիւններու վեհաժողովին քիչ էին

17 Սեպտեմբեր 2025
Հայ դատի պաշտպանությունը կենսական է հե

Տիկնայք և պարոնայք, Այսօր մենք համախմբվել ենք քննարկելու մի կարևոր հարց

17 Սեպտեմբեր 2025
Միջին Արեւելքի Հայկական Գաղութներու Գո

Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանի հայկական համայնքները, որո

17 Սեպտեմբեր 2025
Լինել-չլինելու վտանգի առջև ենք

2026թ. հունիսի 7-ին տեղի են ունենալու ՀՀ Ազգային ժողովի հերթական ընտրություննե

17 Սեպտեմբեր 2025
Փաշինյանի կառավարությունը ներսից քանդո

Հայաստանի ճգնաժամը խորանում է։ Ամեն օր երկրի անձեռնհաս կառավարողները մաս առ մա

16 Սեպտեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company