Լռութիւնը յղի է բախտորոշ անյայտներով
01 Նոյեմբեր 2025
Սկսինք այն բանէն, որ Օգոստոսի 8-ին, ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ, նախաստորագրուած համաձայնութիւնը (Joint Declaration) Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև, իր ներկայ բովանդակութեամբ, էապէս ոչինչ կու տայ բանակցութեան կողմերուն։ Ան ընդամէնը դիտաւորութիւններու թուղթ մըն է, որ դեռ պէտք է բովանդակութիւն ստանայ և վերածուի շօշափելի համաձայնութեան։ Մինչ այդ ան կ՚ըստեղծէ պատեհութիւն յատկապէս ազրպէյճանական կողմին համար հանրութիւնը բացէ ի բաց ապակողմնորոշելու և հանրային կարծիքի ոլորտին մէջ փաստաթուղթը վերածելու բոլորովին ուրիշ բանի մը զայն հեռու տանելով իր սկզբնական դիտաւորութենէն։ Ալիևեան ախորժակը յագուրդ չի ճանչնար։
Ան կը պահանջէ, որ ՀՀ Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի ըստ իր կամեցողութեան և «Թրամփի Ճանապարհ» կոչուած նորոյթը ընդունի թուրքևազրպէյճանական կարգավիճակ։ Հարց կը տրուի, թէ արդեօ՞ք Օգոստոս 8-ի շռընդալից աքթը սկսած է տապալիլ… Այս հարցն է, որ կու տան Սպիտակ Տան մէջ։
Եւ այս իրականութիւնն է, որ կը մղէ այսօր ԱՄՆ-ը լուրջի առնելու ստեղծուող նոր փակուղին և ստիպելու, որ երկու ստորագիր կողմերը յստակութիւն բերեն կացութեան։
Եռուզեռը յանկարծ սաստկացած է քուլիսներու ետին։ Սպիտակ Տունը յստակօրէն հետամուտ է ամէն գնով իր առաւելութիւնը պահպանելու և Թրամփի Ճանապարհը շօշափելի իրականութեան վերածելու՝ անկա՛խ կողմերու հաշիւներէն։ «Գետնին տա՛կը՝ երկուքն ալ» (to hell with both…)։ Թող իրար ուտեն, բայց Թրամփի առաւելութիւնը պէտք է պահպանուի։ Այս է – կոպիտ ըսած – կացութեան տրամաբանութիւնը Սպիտակ Տան դիրքերէն դիտուած։
Իսկ ի՞նչ կ՚ըսեն կողմերը։
Դժուար է խօսիլ մանրամասնութիւններու մասին։ Խօսակցութիւնները տեղի կ՚ունենան բացարձակ գաղտնիութեան պայմաններու մէջ։ Անշուշտ՝ որոշ սպրդասացութիւններով։
Յստակ է, որ Ալիև (ներկայացնելով նաև Թուրքիան) կը պահանջէ ամբողջական խզում ՀՀ իրաւասութիւններէն։ Ըստ իրեն, Թրամփի Ճանապարհը թրքական է և կրնայ ըլլալ միայն թրքական՝ ԱՄՆ-ի դեռևս սահմանելի հովանաւորութեան շրջագծին մէջ։ Ըստ Ալիևի, Ճանապարհը կը պատկանի համաթրքական երթևեկին և վե՛րջ։ Ի՞նչ կը պատահի ՀՀ հողային ամբողջականութեան, ոչ ոք գիտէ։ Ո՞վ է վերին տնօրէնը Ճանապարհի տարածքին, ոչ ոք կը խօսի այդ մասին։ Ըստ Բաքուի, համաթրքական երթևեկը պարզապէս պէտք չէ հանդիպի հայ անկախ պետականութեան վերահսկիչ ներկայութեան։ Այս բացարձակ խզումը ի՞նչ կը նշանակէ միջազգային իրաւունքի դիտանկիւնէն, ոչ ոք պատրաստ է Ուաշինկթընի մէջ պատասխան տալու այս հարցումին։ Աւելի շուտ, Ուաշինկթըն կը ջանայ այս հարցը շրջանցող լուծումներ գտնել առանց բռնուելու թուրքևազրպէյճանական ուռկանին մէջ։
Իսկ ի՞նչ դիրքերէ կը խօսի հայկական կողմը։
Ցարդ հայկական կողմի սկզբնակէտը եղած է Ճանապարհի կարգավիճակը ձևաւորել որպէս հայկական երթուղի, որ բաց է թուրքևազրպէյճանական (հետևաբար նաև միջազգային) երթևեկին առջև, որ միաժամանակ կը վայելէ ԱՄՆ-ի երաշխաւորութիւնը։ Անշուշտ հարց է, թէ ի՞նչ յատուկ արտօնութիւններով պիտի գործէ թուրքևազրպէյճանական կողմը Ճանապարհի երկայնքին և թէ ի՞նչ զիջումներու կը պատրաստուի Փաշինեան ՀՀ վեհապետական (sovereignty) իրաւունքներէն թէկուզ «հայկական» ֆորմիւլով։ Եւ հոս իսկ թաղուած է «շան գլուխը»։
Հարց պէտք է տալ, թէ թուրքևազրպէյճանական ճնշումը հակակշռելու ի՞նչ խաղաքարտեր ունի ներկայիս հայկական կողմը եռակողմանի այս խաղասեղանին վրայ։ Կամ առհասարակ խաղաքարտ ունի՞, թէ ոչ։ Բոլոր երևոյթները ցոյց կու տան, որ ներկայիս օրակարգը ազրպէյճանական է. ո՛չ հայկական։ Ամենայն հաւանականութեամբ, ԱՄՆ-ի դիւանագէտներու մեկնակէտն է Հայաստանը համախոհութեան բերել թուրքևազրպէճանական ֆորմիւլի մէկ տարբերակին վրայ և փակել բանակցութիւնը Հայաստանի հաշւոյն՝ Թրամփին ապահովելով իր յաջորդ յաղթանակը «խաղաղակերտման» ճակատին վրայ։
Այս մէկը կ՚ենթադրէ, որ ԱՄՆ, ինքն ըստ ընքեան, շահագրգռուած չէ Ճանապարհի կարգավիճակի էութեամբ։ Ան պարզապէս կ՚ուզէ «խաղաղակերտ»ի իր շագանակը փրկել շրջանի կրակներէն լքելով տարածաշրջանի գործընթացը իր բախտին։ Պէտք է անմիջապէս հարց տալ, թէ արդեօ՞ք ճիշտ է այս վարկածը։ Արդեօ՞ք ԱՄՆ պատրաստ է իր վերին երաշխաւորութեան տակ ստեղծելու էապէս թրքական գերիշխանութեան տակ գործող մէկ անցուղի…Անցուղի՛՝ որ կը գտնուի Իրանի անմիջական դրացնութեան մէջ և նուրբ թելերով կապուած է տարածաշրջանի հաւասարակշռութեան էական գործօններուն։
Պէտք չէ մոռնալ, որ Թրամփի Ճանապարհը սոսկական անցուղի մը չէ և չի կրնար ըլլալ։ Ան միջ-կայսերական առճակատւմներու գերըզգայուն ջղակեդրոն մըն է տարածաշրջանի ռազմաբեմին վրայ, որ այժմ — և վերջապէ՜ս — ինկած է ԱՄՆ-ի տնօրինման դաշտէն ներս և բոլորովին նոր ուժականութիւններով օժտած ամերիկեան (և Արևմտեան) ռազմագիտական զինարանը։ Հետևաբար իրերու տրամաբանութիւնը կը պահանջէ, որ ԱՄՆ իր թաթը ամուր պահէ այս Ճանապարհին վրայ և Ճանապարհին տայ ԻՐ իսկ գերագոյն շահերէն բխող կարգավիճակը։
Ճանապարհը իր վերահսկողութեան տակ առնելով և հոն ամրանալով, ԱՄՆ իր սանձերուն ենթարկած պիտի ըլլայ ոչ միայն թուրքևազրպէյճանական ուժը, այլև Իրանի, Իսրայէլի և Ռուսաստանի յատուկ շահե՛րը կապուած՝ Հարաւային Կովկասի այս գերզգայուն գօտիին։ Ինչո՞ւ չէ՝ նաև Չինաստանի և Հնդկաստանի։ Բա՛ն մը՝ որ ուղիղ կը համեմատի ԱՄՆ-ի տարածաշրջանային քաղաքականութեան ընդհանուր վարդապետութեան նորմերուն։ ԱՄՆ թամբած պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի կատաղի վագրը և զայն ենթարկած՝ իր քաղաքականութեան հրամայականներուն։
Անշուշտ մեծ հարցը կը մնայ այն, թէ ԱՄՆ ի՞նչ չափով ի վիճակի է այս բարդ առաքելութիւնը գլուխ հանելու։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ այսօր և ապագային։ Ասիկա մէկ այլ թեմա է, զոր պէտք է մօտէն քննել կարենալ հասնելու համար գործընթացի արմատներուն։ Քննարկո՛ւմ՝ որ կը թուի մեծ այժմէականութիւն ունենալ այսօր ԱՄՆ-ի ներքին ոլորտի միջ-գերատեսչական վիճարկումներուն մէջ։
Հայկական շահերու տեսանկիւնէն՝ կարելի չէ չտեսնել պատեհութիւններու և ռիսքերու այն աղիւսակը, որ հայ անկախ պետականութեան գոյութենական խնդիրներու մարտահրաւէրն իսկ է այսօր։ Հայկական կողմը իրական առիթներ ունի իր ձեռքը զօրացնելու և իրական խաղաքարտերով գործելու տարածաշրջանի այսօրուան գործընթացներուն մէջ, եթէ իր կարելիութիւնները կազմակերպէ ըստ այսօրուան հրամայականներուն և դադրի իր ներքին ուժականութիւնները փոշիացնելէ։ Ողբերգութիւնը այն է, որ Փաշինեանական համակարգը իր մտայնութեամբ, իր քաղաքականութեամբ, մտածողներու և գործողներու ողորմելի իր կազմով և իր յանցագործ կենսագրութեամբ այն իսկ անատակ ռեժիմն է, որուն պէտք ունի թշնամին Հայաստանը տարածաշրջանի ներկայ գործընթացներէն չէզոքացնելու գործին համար։
Թշնամիի առաջադրութիւնները յստակ են և բացորոշ։ Հայաստանը և հայկական ինքնութիւնը պէտք է սրբուին տարածաշրջանէն և այդ գործին անհրաժեշտ մեքենան – թշնամիի գործօն ծրագրաւորւմով — Փաշինեանի վիշիական իշխանութիւնն իսկ է։ Հայաստանը պէտք չէ կարենայ խօսակից ըլլալ որևէ իրական ուժի։ Պէտք չէ կարենայ ըլլալ պիտանի գործօն տարածաշրջանի հաւասարակշռութեան որևէ ֆորմիւլի մէջ։ Ան պիտի գործէ վասալական դիրքերէ թուրքևազրպէյճանական ուժի մականին տակ և դադրի իր ինքնիշխանութեան տէր կանգնելէ։ Այս է թշնամիին վճիռը։ Ասով կը բնորոշուինք մենք տարածաշրջանի բեմին վրայ։ Պատահական չէ, որ նոյնիսկ Ուաշինկթընի ցուցադրական հանդիպումէն ետք, Նախ. Թրամփ մեզ կը «շփոթէ» Ալպանիոյ և Քամպոտիոյ հետ…Եւ Շարմ-էլ-Շէյխի գագաթաժողովի ընթացքին ան հնարաւոր կը գտնէ Փաշինեանը կատակաբանութեան նիւթ դարձնել Ալիևին հետ իր խօսակցութեան բովին մէջ։ Փաստը այն է, որ թշնամին յաջողած է մեզ դուրս քշել սակարկութիւններու իրական ասպարէզէն։ Եթէ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը չունի լուրջ խաղաքարտ պատճառը Փաշինեանական համակագով յատկանշուող ներկայ տխուր իրավիճակն է, որ ամէն օր աւելի մեծ ամօթով կը պարտադրուի Հայաստանին Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգին կողմէ։ Ողբերգութի՛ւն մը՝ որուն համար շատ բարձր գին վճարած է և պիտի վճարէ մեր պետականութիւնը գրաւի տակ դնելով անհամար սերունդներու հայրենական ժառանգութիւնը։ Ողբերգութի՛ւն մը՝ որուն համար այս կէտին վրայ պատասխանատու է ազգը իր ամբողջութեանը մէջ։
Պիտի համոզուինք վերջապէս, որ պատմութիւնը պատրաստ է քալելու մեր վրայէն։ Ան անպայման պիտի քալէ մեր վրայէն, եթէ մենք չկարողանանք խիզախօրէն կտրել գորդեան հանգոյցը և դուրս գալ ազատ աշխարհ։ Այստեղ է, որ պիտի գործէ մեր առաջին վճռական խաղաքարտը։ Այս խաղաքարտն է, որ կը պայմանաւորէ բոլոր յաջորդները։ Այս խաղաքարտը պիտի կեանքի կոչուի անյապաղ։ Գորդեան հանգոյցը անպայման պիտի կտրել։ Պիտի կտրել ԱՅՍՕՐ իսկ և երկիրը դուրս բերել այս ախտաւոր շրջանակէն։ Վաղը գոյութիւն չունի։ Վաղը կը պատկանի Նիկոլին։ Վաղը կը պատկանի թշնամիին։ Վաղը կը պատկանի վերջնական պարտութեան։ Այսքան պարզ։
Կարօ Արմենեան
