ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Պրիւքսելէն Սեւանայ լիճ եւ անդին

07 Նոյեմբեր 2025

“The truth only hurts when you want to believe a lie.”
«Ճշմարտութիւնը ցաւ կը պատճառէ միայն այն ժամանակ, երբ կ՛ուզես հաւատալ սուտին»։

(Ծանօթ խօսք)

Ատրպէյճանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը առիթ մըն էր Ալիեւի համար, որպէսզի բեմ բարձրանալով խօսք առնէ եւ անգամ մը եւս հայատեաց արտայայտութիւններով՝ պայթուցիկ մթնոլորտ ստեղծէ. աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ որպէսզի շարունակէ իր հասկցած եւ որդեգրած «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը։ Իրականութիւն մը, որ կը շարունակուի եւ ո՛չ մէկ փոփոխութիւն կրած է նա՛եւ ուաշինկթընեան 8 Օգոստոսի «գայլի աւետարան»-էն ասդին, հոգ չէ թէ ՔՊ-ական քարոզչական մեքենան իր կարգին կը շարունկէ «խաղաղութիւն եւ բարեկամութիւն կը կերտենք»-ի ստաբանութիւնը:

Ալիեւ կրկնած ու կրկնած է, թէ Հայաստանի բոլոր շրջաններն ու քաղաքները ատրպէյճանական եղած են, նոյնիսկ մայրաքաղաքը՝ «Երեւան դարձած Էրեբունի»-ն։ Ան դարձեալ շեշտեց, թէ Հայաստանի այսօրուան տարածքին մէջ գտնուող գրեթէ բոլոր տեղանունները ատրպէյճանական ծագում ունին։ Ան աւելցուց, թէ գիտնականներ գործի լծուած են այս գծով եւ ուսումնասիրութիւններ, պրպտումներ եւ արխիւային աշխատանքներ կը տանին, լոյս ընծայելով փաստացի հետախուզական աշխատանքներ, հրապարակումներ եւ պատմական քարտէսներ։ Եւ այս բոլորը վստահաբար ՔՊ-ապետին ու խմբակիցներուն պիտի մատուցուին իբրեւ օգտագործելի դրամագլուխ…: Անշուշտ իրաւունք ունինք հարց տալու, թէ այս գիտունները ո՞վ են եւ դեռ աւելին, ինչքա՞ն ձկնկիթ կը ստանան, այսինքն որքա՞ն կը վճարուին։ Պէտք ունի՞նք յիշեցնելու, որ Թուրքիա եւս հսկայական գումարներ կը տրամադրէ պատմութիւնը նենգափոխող «պատմագէտներու»…

Այս անգամ, կիզակէտը՝ Ատրպէյճանի արեւմտեան սահմանին մօտակայ դարձած (մասնաւորաբար ՔՊ-ական իշխանութիւններուն անտարբերութեան եւ թուլամորթութեան պատճառով) Սեւանայ լիճն էր, որ, ըստ իր «հաւաստի աղբիւրներ»-ուն, ծագումով Կէօյչա անունը կը կրէ։

Դեռ ասիկա պարզ ու մանր արտայայտութիւն մըն է Պաքուի քարոզչական աշխատանքներուն, որոնք հետեւողական ձեւով կը շարունակուին, մինչդեռ Երեւան միամտօրէն, կուրօրէն եւ նոյն ատեն՝ յամառօրէն կը շարունակէ ի՛ր քարոզչական խաղը՝ «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը, առանց նկատելու, թէ դիմացը ի՛նչ թաւ դաւ կը պատրաստուի։ Իսկապէս չե՞ն նկատեր, թէ թելադրանք ունին չնկատելու:

Դեռ քանի մը, օր առաջ Ատրպէյճանի հոգեւոր Առաջնորդ եւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան ղեկավարը՝ շէյխ ըլ իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ ժամանած էր Վատիկան եւ Լեւոն ԺԴ․ Պապին «աւետած», թէ Ատրպէյճանի մէջ պիտի կառուցուի Կաթողիկէ նոր եկեղեցի մը, շեշտելով, թէ իր երկրին մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները ոտնակոխ չեն ըլլար եւ ընդհակառակը՝ հաւասարապէս կը յարգուին։ Հարց է, թէ Պապը ինչպէ՞ս կուլ տուաւ նման սուտ, երբ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ Արցախի ժողովուրդին ու մեր դարաւոր ժառանգութիւններուն…

Իսկ շաբաթ մը առաջ, Պրիւքսէլի մէջ կազմակերպուեցաւ «Վերադարձի իրաւունքը միջազգային օրէնքին մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովը, եւ այդ՝ գործակցաբար ոչ-կառավարական «Խղճի ազատութիւն» (Freedom of Conscience) կազմակերպութեան հետ։

Այս կազմակերպութիւնը կը պաշտպանէ կրօնական կամ հոգեւոր բոլոր այն խմբաւորումները, որոնք կը դիմագրաւեն խտրականութիւն, եւ կը պայքարին, որպէսզի անոնց կրօնքի եւ հաւատքի ազատութեան իրաւունքը ճանչցուի։ Դեռ աւելին, այս կազմակերպութիւնը կը հաւաքագրէ վկայութիւններ՝ խտրականութեան եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու մասին, որոնք կ’ազդեն կրօնական կամ հաւատքի հիմ ունեցող համայնքներու վրայ, եւ զանոնք կը փոխանցէ միջազգային կառոյցներու՝ նպատակ ունենալով տեղեկացնել եւ խթանել քննարկումներ՝ կրօնի եւ հաւատքի ազատութեան պաշտպանութեան շուրջ։

1995-ին հիմնուած այս աշխարհիկ՝ եւրոպական հասարակական կազմակերպութիւնը միացեալ ազգերու ծիրին մէջ ունի խորհրդակցական կարգավիճակ, բնականաբար նպատակ ունի պաշտպանել կրօնքի եւ հաւատքին ազատութեան իրաւունքը։

Հաւանաբար հայորդիին, կամ առ հասարակ արդարամիտ մարդ էակին համար, այս կազմակերպութիւնը` արցախահայութեան իրաւունքն ու վերադարձը ապահովող «բանալի» հիմնարկներէն մէկը սեպուի, որովհետեւ պայքար կը մղէ կրօնական կամ հաւատքի հիման վրայ ամէն տեսակի խտրականութեան դէմ՝ զգուշացնելով եւրոպական ու միջազգային կառոյցները նման տագնապներէ։ Արդեօք ՔՊ-ական ազգային փորձանք՝ «խունթա»-ն ամենաթոյզն գաղափարը ունի՞ այս կազմակերպութեան մասին։ Անդին, ՔՊ-ապետ ու կցորդներ առիթ չեն փախցներ վազելու այնպիսի համաժողովներու, որոնցմէ Հայաստանին ու Արցախին որեւէ բարիք չ’ակնկալուիր…

Եւ ի՞նչ պատահեցաւ. պատահեցաւ այն, որ այդ խորհրդաժողովը, իր վարձուած եւ վարձատրուած՝ անգլիացի, ֆրանսացի, իտալացի, զուիցերիացի եւ անշուշտ ազերի մասնագէտներով՝ ընդամէնը շուրջ 120 հոգի, արծարծեց երեւակայածին «Արեւմտեան Ատրպէյճանցիներ»ու՝ իրենց երեւակայական պատմական հողեր վերադարձի հարցը։ Սա ուրիշ ապտակ մըն էր ՔՊ-ականներու «խաղաղութիւնը եկած է» յոխորտանքներուն:

Ներկայացուեցաւ «համայնքի ստեղծման պատմութիւնը», անոր հիմնական նպատակներն ու գործունէութեան ուղղութիւնները։ Յերիւրածոյ հաստատումներով՝ նշուեցաւ, թէ արեւմտեան ատրպէյճանցիները անցեալ դարու ընթացքին՝ համակարգուած եւ աստիճանաբար դուրս հանուած էին իրենց պատմական հողերէն։ Նոյնիսկ շեշտուեցաւ, թէ Հայաստանը իրականացուցած է համակարգուած հալածանք եւ այդ պատճառով նիւթական վնասները կը հասնին միլիառաւոր տոլարներու․․․։ Իսկ ի՞նչ պատահած է Նախիջեւանի մէջ, յետոյ, դեռ երէկ՝ Արցախի մէջ…

Աւելին, կազմակերպուած էր լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որ պատրաստուած էր այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի Համայնք»ի կողմէ. կը ցուցադրէին իբր թէ պատմական հողերուն վրայ ոչնչացուած մշակութային ժառանգութեանց եւ յուշարձաններու օրինակներ։ Այնքան մը լաւ «շինուած» ստաբարոյ այս ժողովին՝ մասնակիցներուն բաժնուած էին «Համայնք»-ին պատրաստած բազմաթիւ տեղեկատուական նիւթեր։

Հուսկ, մասնակիցները շեշտեցին, որ վերադարձի իրաւունքը ամրագրուած է միջազգային օրէնքով, իբրեւ մարդու հիմնական իրաւունքներէն մէկը։ Իսկ ո՞վ պիտի արծարծէ ու պաշտպանէ արցախցիներու, նախիջեւանցիներու եւ ընդհանրապէս իր պատմական հողերէն բռնագաղթուած հայերու մարդկային տարրական իրաւունքը: ՔՊ-ականներուն համար, նման մտածողութիւն ընդունելի չէ, որովհետեւ Պաքու եւ Անգարա չեն արտօներ…

Կարելի՞ է երեւակայել նման խայտառակ կացութիւն եւ դեռ հաւատալ «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին․․․: Կարելի՛ է, եթէ թրծուած էք թշնամիէն ներածուած մտածողութեամբ:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company