Սփիւռքի Տեսլական եւ Օրակարգ
12 Նոյեմբեր 2025
Խաժակ Մկրտիչեան
Ծ․Խ․- Սոյն գրութիւնը իբրեւ զեկոյց ներկայացուած է, Նիւ Ճըրզիի մէջ կազմակերպուած Սփիւռքի մասին կլոր սեղանին, որուն մասնակցեցան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Հայկ Օշական։ Այս երեք զեկուցումներուն կարելի է հետեւիլ, սեղմելով․-
1- https://www.youtube.com/watch?v=24vPLyKJGTg
2- https://www.youtube.com/watch?v=Pno0BwyIJio
3- https://www.youtube.com/watch?v=ar61dFJCxVs
ՍՓԻՒՌՔԻ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ
Համաշխարհային մակարդակով սփիւռք երեւոյթը դիտելով, զանոնք կարելի բաժնել երկու մեծ խմբակի՝ սփիւռք որ յառաջացած է հայրենազրկումի պատճառով եւ սփիւռք որ կազմաւորուած է հայրենալքումի հետեւանքով:
Հայկական իրականութեան մէջ, Սփիւռքը գլխաւորաբար կազմաւորուած է ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկումի պատճառով: Իսկ Հայաստանի անկախացումէն ետք, արդէն կայացած ու կազմակերպուած սփիւռքին վրայ կ’աւելնայ հայրենալքումի ալիքով յառաջացած շերտ մը, որուն տեսլականը, հարցերու ընկալման եղանակը հիմնովին կը տարբերի 70-ամեայ կեանք ձեւաւորած Սփիւռքէն: Հակառակ, որ հայրենալքումի հետեւանքով սփիւռքի մէջ յայտնուածներուն մէջ բազմաթիւ են հայրենազրկումի ենթարկուածներու շառաւիղներ, որոնք ներգաղթի տարբեր ալիքներով յայտնուած են հայրենի հողին վրայ, բայց անոնք հայրենազրկուացութեան զգացողութիւն չեն ապրած:
Այստեղ է, որ հայկական սփիւռքի ուղեցոյցը եւ յստակ սահմանումը կը մշուշոտի:
Ուստի, համահայկական ազգային օրակարգին մէջ ռազմավարական լծակ հանդիսացող սփիւռք մը ունենալու համար, պէտք է ճիշտ սահմանում տալ, իբրեւ հայրենազրկուածութեան հետեւանքով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կազմաւորուած ոչ միայն հաւաքականութիւն՝ այլ կազմակերպուած կառոյց:
ՍՓԻՒՌՔԻ ԴԵՐԸ
Թիւր հաստատում մը կայ, որ մենք այսօր ունինք տարբեր սփիւռքներ, որոնք կրելով իրենց երկիրներու ազդեցութիւնները, իրարմէ կը տարբերին: Եթէ Սփիւռքի ճիշտ սահմանումը ընդունինք եւ փորձենք Սփիւռքին վերապահել ճիշտ դերակատարութիւն, ապա պիտի կեդրոնանալ տարբեր երկիրներու համայնքներուն հասարակ յայտարարներու վրայ, որոնք բոլորին համար ճիշտ են, կենսական են, գոյութիւնը իմաստաուորող են: Հեռու պէտք է մնալ տեղայնական կարիքները առաջնային դարձնելու գայթակղութենէն, եւ պէտք է փորձել՝ տեղական հզօրութիւնը տեղաւորել համասփիւռքեան հզօրութեան ծիրին մէջ եւ նպատակաուղղել դէպի համազգային հզօրութիւն:
Այո, Սփիւռքը ժամանակաւոր երեւոյթ մը չէ: Բայց, գոյատեւելու համար ինքզինք իմաստաւորելու խնդիր ունի, որ կրնայ լուծուիլ իր դերակատարութեան ճիշտ ընկալումով: Այլապէս, ան կրնայ վերածուիլ կրօնադաւանական ինքնանպատակ համախմբումի մը, որ ուշ կամ կանուխ, ենթակայ է վերացման:
Սփիւռքի դերակատարութեան ճիշտ ձեւակերպումը դժուար չէ գտնել, երբ այն կը բխի վերը տրուած սահմանումէն: Լեզուի, եկեղեցուոյ, մշակոյթի ու ազգային դիմագիծի ոչ միայն պահպանման, այլ նաեւ զարգացման առաքելութեան կողքին՝ Սփիւռքի դերակատարութիւնը ունի նաեւ քաղաքական բաղադրիչ: Առանց քաղաքական բաղադրիչի Սփիւռքը չի կրնար համազգային օրակարգին մէջ իր ռազմավարական լծակի դերը խաղալ: Լաւագոյն պարագային ան իր կեանքը քիչ մը կ’երկարաձգէ եւ կը գոյատեւէ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ածանցեալ եւ կցորդ:
Սփիւռքի դերակատարութեան քաղաքական բաղադրիչը տարբեր տարիներուն տարբեր դրսեւորումներ ունեցած է, Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, Հայ Դատի քարոզչութիւն, զինեալ պայքար, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում եւայլն, որոնք Սփիւռքին տուած են գոյատեւման իմաստ, հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուած անարդարութեան ու հայրենազրկուածութեան դէմ պայքարի կամք եւ հայրենաբաղձութեան բնազդ:
ՍՓԻՒՌՔԻ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՆԵՐ
Սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մէջ կը գործեն հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ: Սակայն, համասփիւռքեան մտածողութեան պարտքն է, որ մէկ անգամ ընդմիշտ ընկալել, որ Սփիւռքի դերի բարձրացումը կը պահանջէ հաշուի նստիլ համասփիւռքեան գլխաւոր դերակատարներուն հետ: Միաժամանակ, համասփիւռքեան գլխաւոր դերակատարները պիտի ընդունին, որ Սփիւռքի դերի բարձրացումը կարելի կ’ըլլայ միայն հաւաքական քննարկումով, հասարակ յայտարարներու հաստատումով եւ համադրուած աշխատանքով: Առանձին ու չհամադրուած ճիգերով կարելի չէ բաղձալի արդիւնքներու հասնիլ:
Փաստ է, որ իրենց համասփիւռքեան կառոյցներով համասփիւռքեան գլխաւոր դերակատարներ այսօր կը հանդիսանան.
-Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին իր երկու կաթողիկոսութիւններով: Աւելի մեծ է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատասխանտուութիւնը, իբրեւ հայրենազրկուածութեան հետեւանքով տարագիր դարձած նուիրապետական աթոռ:
-Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները, իրենց ուղեկից կազմակերպութիւններով: Աւելի մեծ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակացութեան պատասխանատուութիւնը, նկատի ունենալով անոր աշխարհագրական ու ուղեկից ցանցի տարողութիւնը:
-Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը:
-Սփիւռքահայ մտաւորականութիւն: Որուն այժմու նահանջը մեծ բաց մը կը յառաջացնէ Սփիւռքի դերի բարձրացման գործին մէջ, եւ որուն մեղաւորները կը հանդիսանան վերը նշուած կառոյցները:
Կասկած չկայ, որ վերոնշեալ դերակատարները չեն կրնար հաւակնիլ ողջ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնելու: Սակայն, իրենց համադրուած հանրագումարով կրնան դառնալ Սփիւռքի դերի բարձրացման մղիչ ուժը:
ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆ
Մէկ ազգի բաղադրիչը ըլլալու համոզումը չի կրնար այլ ընտրանք ունենալ Սփիւռքին համար: Եւ իբրեւ այդպիսին՝ Սփիւռքը գոյատեւելու, զարգանալու եւ հզօրանալու տեսլական պիտի ունենայ, յանուն ազգի գոյատեւման, զարգացումի ու հզօրացումի: Այս տեսլականի տարրերն են լեզուի, հաւատքի ու մշակոյթի պահպանումն ու արդիականացումը, սփիւռքահայ անհատի բարեկեցութիւնն ու անվտանգութիւնը, մասնագիտական ու տնտեսական կարողականութեան բարձրացումը, քաղաքական ազդեցութեան կրկնապատկումը եւ ժամանակակից արհեստավարժութեան ներառումը ազգային կեանքին մէջ:
ՍՓԻՒՌՔԻ ՕՐԱԿԱՐԳ
Տարածուած կարծիք է, թէ վերջին տարիներուն Սփիւռքը չունի այն օրակարգը, որուն շուրջ կրնայ համախմբուիլ սփիւռքահայութիւնը: Բայց աւելի ճիշտ է ըսել, որ վերջին տարիներուն Սփիւռքը չէ կրցած ձեւաւորել հայ իրականութեան նոր պայմաններուն համահունչ, յստակ ու միացեալ օրակարգը: Այսինքն, կրկին դէմ յանդիման կը գտնուինք համադրուած քննարկումի ու աշխատանքի կարեւորութեան դիմաց:
Ներկայ կացութեան մէջ, եթէ ընդհանուր ձեւով փորձենք ձեւակերպել, ապա Սփիւռքը պէտք է ունենայ օրակարգեր երեք ուղղութիւններով, որոնք զիրար պէտք է լրացնեն եւ մէկը միւսով պայմանաւորեն եւ կը հիմնուին Սփիւռքի ընդհանուր տեսլականին վրայ
Համահայկական տարողութիւն ունեցող օրակարգ.
-Ազգային Անվտանգութեան Հայեցակարգ
-Ողջ հայութեան իրաւունքի վերականգնում
-Մէկ ազգ մէկ հայրենիք ըմբռնումի երկկողմանի ամրապնդում
-Պետականութեան կառավարման մէջ դերակատարութեան ձեւաչափ
Հայրենիքի հզօրացման նպաստող օրակարգ.
-Քաղաքական աջակցութիւն
-Տնտեսական համագործակցութեան պայմաններու ստեղծում
-Գիտական ներուժի աջակցութիւն
-Ռազմարդիւնաբերութեան աջակցութիւն
-Ժողովրդագրական պատկերի աջակցութիւն
Համասփիւռքեան տարողութիւն ունեցող օրակարգ.
-Լեզուի, մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի զարգացում (գիտականացում)
-Արեւմտահայ մշակոյթի ու գրականութեան արդիականացում
-Քաղաքական լծակներու ստեղծում եւ ամրապնդում
-Սփիւռքի համընդհանուր տնտեսական հզօրութեան ստեղծում
-Համասփիւռքեան կրթական ներուժի արդիականացում
-Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում
-Միջ համայնքային տեղաշարժերու կառավարում
-Հայրենաբաղձութեան սերմանում:
