Խմբագրական. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մէջ Մշակութային Ժառանգութեան Այլ Տեսակի Ներկայացումներ
27 Նոյեմբեր 2025 Հայաստանի Հանրապետութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի անդամ ընտրուիլը մշակութային մօտեցումներէն անդին քաղաքական շարժառիթներ ունի անշուշտ:Ամէն բանէ առաջ կարելի է նկատել այն, որ Հայաստանի` նման համաշխարհային կառոյցի անդամակցութիւնը դրական կ՛ընկալուի, հեղինակութեան ճանաչումի եւ մշակութային-քաղաքակրթական արժէքներու համակարգին մէջ Հայաստանի դերը տեսանելի դարձնելու առումով: Կը հետեւցուի, որ հսկայական աշխատանք կայ իրականացուելիք այս ուղղութեամբ, եւ Հայաստանը թէ՛ ներքին առումով եւ թէ՛ յատկապէս արտաքին մարտահրաւէրներու ընդառաջ գործողութիւններու ամբողջ ծրագիր մը պէտք է մշակած ըլլայ: Ի վերջոյ մեր երկիրը համաշխարհային քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի, յատկապէս համաքրիստոնէական մակարդակով իր մեծագոյն նպաստը բերած եւ ամբողջ ժառանգութիւն մը կերտած ըլլալով:
Հայաստանի անդամակցութիւնը լրատուութեան մէկ երեսն է: Այս տեղեկութիւնը կը մթագնի, երբ իրազեկ դառնանք միւս երեսին. նոյն կառոյցին անդամ ընտրուած է նաեւ Ազրպէյճանը: Այս հաւասարեցումը պատահական չէ եւ անշուշտ քաղաքական շարժառիթներ ունի:
Այսօր չկայ զուտ մշակոյթ եւ մշակութաբանութիւն: Կա՛յ գերազանցապէս մշակութային քաղաքականութիւն: Մշակութային ժառանգութիւն կերտածն ու մշակութային ժառանգութիւն ոչնչացնողը հաւասարեցնելը մշակութային գերակայ սկզբունքներէ չ՛առաջնորդուիր, այլ մշակոյթը պարզապէս քաղաքականութեան կը ծառայեցնէ: Ինչ որ եղած է այս պարագային:
Պարզ է, որ նման համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու մէջ ընտրութիւնները մետասաներորդ պահուն չեն կատարուիր: Նախապէս կը մշակուին, կը հարթուին, առեւտուրներու կ՛ենթարկուին, կը յղկուին. կը ճշդուին նաեւ այդ կառոյցներու նախագահներու երկիրները, զանոնք ներկայացնող անհատները, տեղ մը պաշտօն կ՛ապահովուի, անոր նպաստողը այլ տեղ կը վարձատրուի: Նախապէս կը խմբագրուին, կը վերախմբագրուին ընտրութեան նիստէն բխելիք յայտարարութիւնները:
Այս պարագային, մշակութային ընտրական նիստի թատրոնէն առաջ ուրեմն, դերերը կը բաժնուին, դերասանները կը ճշդուին, բեմավարները գործի կ՛անցնին, բեմադրիչները համաձայնութիւններ կը գոյացնեն եւ վերջաւորութեան կը հնչեն ազնուագոյն խօսքեր, մշակութային արժէքներ պահպանելու, ժառանգութիւնները ապահովագրելու, քաղաքակրթութիւններու կերտման գործընթացները միասնաբար շարունակելու կարգախօսային յայտարարութիւններ:
Տարբեր չէր կրնար եղած ըլլալ նաեւ այս պարագային: Մշակութային ժառանգութիւն նենգափոխող, հայկականը աղուանական ներկայացնող, ճարտարապետութիւն փոխող եւ ամբողջ մշակութային պատմութիւն վերաշարադրող պետութիւն մը անդամ կ՛ըլլայ այն համաշխարհային կոմիտէին, որ կոչուած է երկրագունդի մշակութային արժէքներու ներկայացման եւ պահպանման գործով զբաղելու:
Այս բոլորը պարզ են Ազրպէյճանի թեկնածութիւնը պաշտպանած եւ ապահոված կողմերուն համար: Սկզբունքով պարզ են նաեւ Երեւանի իշխանութիւններուն համար: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային կոմիտէի Երեւանը ներկայացնողը ա՛յս մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ առաջին հերթին:
Պաքու մեկնած եւ քաղաքացիական հասարակութիւններու միջեւ հանդիպումներու մեկնարկ տուած Երեւանի ներկայացուցիչները իրենց ամփոփիչ խօսքերուն մէջ չեն անդրադարձած ցեղասպանութեան ենթարկուած մշակութային ժառանգութեան: Ակնարկելը, որ Արցախի, ինչպէս Նախիջեւանի մէջ ամբողջ ժառանգութիւն մը բնաջնջուեցաւ, կրնար «ռազմատենչ» նկատուիլ եւ «սպառնալ» Հայաստանի գոյութեան: Չի բացառուիր, որ չյայտարարուած նախապայմաններէն մէկը այս բոլորին մասին յայտարարութիւններ չկատարելն է, հայցեր չներկայացնելը:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ այս հարցերով պէտք է առերեսուին համաշխարհային կոմիտէի հայ եւ ազրպէյճանցի անդամները: Որովհետեւ նոյնքան յստակ է, որ Ազրպէյճանը այս անգամ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը պիտի ներկայացնէ իբրեւ աղուանական, ուտիական. ընդգծելու համար, որ այնտեղ ոչինչ եղած է հայկական: Հայկական կողմը պէտք է համարժէք պատրաստուի իրեն դէմ արդէն իսկ յայտարարուած մշակութային պատերազմին:
Ազդակ
