Ծախողը, գնողը եւ զոհերը…
26 Նոյեմբեր 2025 Եթէ ամերիկացիք, իրենց հետ նաեւ աշխարհը եթէ պահ մը աչքերը հեռացնեն Սպիտակ տան պետին շուրջ մերթ ընդ մերթ բարձրացող փոթորիկներու դաշտէն (արհամարհելի բաներ չեն, բայց չափի սահման մը կայ, չէ՞), պիտի նկատեն, որ քարոզչական մեքենաները ո՛չ միայն ապուշութեան կը տանին աշխարհի բնակիչները, այլ նաեւ կը քողարկեն ցաւցնող իրականութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կը կորսւին յիշեալ եւ այլ՝ նմանօրինակ փոթորիկներու փրփուրներուն մէջ:Քարոզչական-տեղեկատւական աղբիւրներու արշաւներուն մէջ, դարձեալ առաջին դիրքը գրաւած է Ուկրաինոյ պատերազմն ու անոր վերջ տալու հաւաստիքները, այդ նպատակով՝ դիւանագիտական հաղորդակցութեանց վերաշխուժացումը: Վերջին օրերուն, կը հաղորդեն, որ յառաջիկայ շաբաթ, «նարնջագոյն մարդ»ուն պատւիրակը՝ Սթիւ Ուիթքոֆ Մոսկւա պիտի երթայ, Պուտինի հետ քննարկելու համար խաղաղութեան ծրագիր մը, որուն շուրջ քաղաքական սակարանին մէջ հսկայ վերիվայրումներ կարձանագրւին, ընդունելի պէտք է ըլլայ-ընդունելի չէ-ի բանավէճը տաք կրակի վրայ դրւած է: Ինչ որ բացայայտւած է այդ ծրագիրէն, եւ Թրամփ ալ բաւական յստակ բառերով խօսած է քանիցս, այն է, որ Ուկրաինա կարողութիւնը չունի շահելու պատերազմը, պէտք է հողային զիչումներ ընէ ռուսերուն, հրաժարի ՆԱՏՕ-ին անդամակցելու ցանկութենէն, կրճատումի ենթարկէ իր բանակին թիւը: Ասոնք ըսւած կէտերն են, յայտնապէս կան վարագոյրին ետին պահւող կէտեր ալ:
Մէկ խօսքով, Ուկրաինոյ կըսեն. մօտաւորապէս հինգ տարի առաջ, մենք ամէն բան ըրինք ու քաջալերեցինք քեզ, որպէսզի Ռուսիոյ դէմ պատերազմ յայտարարես, պահանջ դնես ՆԱՏՕ-ին անդամակցելու, յետոյ, մեր զէնքի շտեմարանները բացինք քեզի համար, Ռուսիոյ դէմ տնտեսական եւ այլ պատժամիջոցներ որդեգրեցինք, հիմա, մեր տրամադրութիւնները փոխւած են, պէտք է ընդունիս ամէն տեսակի կորուստ եւ զիջում, որպէսզի Թրամփ յոխորտայ, թէ քանի՞ պատերազմ դադրեցուցած է (իսկ թէ «դադրեցւած»ները ի՞նչ վիճակի է՝ ձեզի կրնան պատասխանել Գազայի ու Արեւմտեան Ափի պաղեստինցիները, Լիբանան, քիչ մըն ալ դրացի երկիրները): Մէկ խօսքով, Արեւմուտքը կը ծախէ Ուկրաինան, ի՛նչ որ ալ ըլլան եւրոպացիներուն «բարի տրամադրութիւնները»:
Ինչպէս ըսինք, այս ծրագիրին շուրջ խօսքի աճուրդը եւ մեկնաբանութիւններու սակարանը կը բանին աշխուժօրէն, առանց յստակացնելու, թէ լեռը արդեօք փի՞ղ, թէ՞ մրջիւն պիտի ծնի: Ոմանք կը կարծեն, թէ փիղ գոյութիւն չունի, այլ կայ… խոզուկ մը՝ կռնակին ճեղք մը ունեցող խոզանման տփիկ մը՝ գանձանակ մը, որ դրւած է բանակցութեանց սեղանին վրայ. եւ խոզուկին հոգն անգամ չէ, թէ Ուկրաինոյ մէջ (նաեւ ռուսական կողմէն) քանի՞ մարդ սպանւած է, քանի քաղաք ու բնակավայր փոշիացած են, քանի՞ միլիոն գաղթական, որբ ու տնազուրկ կայ:
***
Մեր այս նշումները նորութիւն չեն, սակայն զանգւածային քարոզչական մեքենաները, որոնք ունին նաեւ լրատու աղբիւր անունը, ընդհանրապէս նման իրականութիւններ կը պահեն հակամարտութիւններու՝ ռազմական գործողութիւններու ծալքերուն մէջ: Վերջին ամիսներուն, ուշագրաւ զարգացումներ տեղի կունենան արեւմտեան զինակցութեան դաշտին մէջ. Եւրոպա բացայայտօրէն հակադրւած է Վաշինգտոնի: Մինչ ամերիկացիք կը փորձեն հազար ու մէկ աղբիւրէ ջուր բերել եւ աշխարհին ներկայանալ «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ի դիմակով, եւրոպացիք նստած են «պատերազմը պէտք է շարունակւի, մենք ամէն ձեւով պիտի շարունակենք Ուկրաինան զինել, անոր աջակից կանգնիլ» աթոռին վրայ, եւ սա կարդարացնեն «մեր ապահովութիւնը կը պաշտպանենք»ով:
Այս պատկերը ունի բազմաթիւ ծիծաղելի եւ… ողբերգական երեսներ: Եւրոպացիներուն համար գաղտնիք չէ, որ իրենք առանձինն չեն կրնար բաւարարել Զելենսքիի՝ պատերազմը շարունակելու ախորժակը: Գիտեն – բայց կաշխատին իրենց ժողովուրդներէն ծածկել – այն՝ որ Ուկրաինոյ ղրկւող-ղրկւելիք զէնքերուն մեծ մասը կու գայ ովկիանոսին միւս ափէն, իրե՛նք են փոխարժէքը վճարողը (կը յիշէ՞ք, Թրամփ քանի մը ամիս առաջ ճակատաբաց յայտարարեց, որ ինք այլեւս զէնք պիտի չտայ Զելենսքիի, պահանջեց, որ եւրոպացիք ամերիկեան զէնք գնեն եւ Ուկրաինա հասցնեն): Եւ հիմա, կը յամառին այդ մրցավազքը, իրե՛նց իսկ ձեռքով հարւածներ տալով իրենց տնտեսութեան, ժողովուրդներու բարօրութեան…
***
Չորեշաբթի, 26 նոյեմբերին, մեր ուշադրութիւնը գրաւեց եւրոպական պատկերասփիւռի կայանէ մը տրւած լուր մը եւ անոր մեկնաբանութիւնը: Մեկնաբանը (նման մեկնաբանութիւններ հալած իւղի պէս կլլելու սովորութիւն չունինք) ըսաւ, որ ռուսեւամերիկեան բանակցութիւնները իսկութեան մէջ շատ ալ կապ չունին Ուկրաինոյ պատերազմին հետ: Թրամփ-Պուտին (Ալասքայի մէջ, օգոստոսի կիսուն) հանդիպումէն ասդին, կողմերը օրակարգի նիւթ ունին առաւելաբար տնտեսական-առեւտրական եւ այլ՝ շահակցական հարցեր: Ըստ այս մեկնաբանին՝ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ կաշխատին ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ համաձայնութիւն գոյացնել եւ պատերազմը հասցնել իրենց համար բաղձալի աւարտի մը, ԴՈՒՐՍ ՁԳԵԼՈՎ ԵՒՐՈՊԱՆ, որ, ինչպէս ծանօթ է, մէկ կողմէ կը պաշտպանէ ու կը զինէ Ուկրաինան, ու միւս կողմէ՝ պատժամիջոցներ կը սահմանէ Ռուսիոյ դէմ, սակայն նոյնքան վնասւելով այդ միջոցառումներէն: Յիշող կա՞յ, որ Թրամփ ամիսներ առաջ ապահովեց Ուկրաինոյ բնական հարստութիւնները՝ սուղ մետաղները իր գրպանը հոսեցնելու իրաւունքը: Անկէ ետք՝ ի՜նչ Ուկրաինա, ի՜նչ Զելենսքի: Կեցցէ՛ խոզուկաձեւ գանձանակը: Զելենսկի եւ Ուկրաինա շատո՜նց իրաւունք ունին ձայնակցելու արաբական հռչակաւոր երգչուհի Սապահի, որ աւելի քան 50 տարի առաջ երգած է զւարճալի երգ մը՝ «Տախլ-աայունաք հաքինա…»: (*)
Եւրոպացի ժողովուրդները կանդրադառնա՞ն արդեօք, որ այս ընթացքով, իրենց ղեկավարները կը կրակեն իրենց սեփական զո՛յգ ոտքերուն (այս նշումը ռուսական կողմի պաշտպանութիւն չէ): Այլ խօսքով, ուկրաինացիներուն պէս՝ եւրոպացիք ալ զոհ կերթան այս պատերազմին, որուն շուրջ իբրեւ շահակիցներ կը բանակցին երկու գերուժերը:
Մեկնաբանութիւնները, ըսինք, ունին իրենց տարածուն սակարանը, սակայն հազւադէպ է, որ մէկն ու մէկը ա՛յսքան բաց աչքերով կը դիտէ իրականութիւնը եւ կը փորձէ բանալ նաեւ եւրոպացի զոհերուն աչքերն ու ականջները: Իսկ թէ որքա՞ն կը յաջողի՝ արդէն այլ հարց, աչքի առջեւ ունենալով պատերազմի հրահրման-դադարեցման մասին խօսքի ու մեկնաբանութիւններու խօսքի աճուրդները, հեղեղնե՛րը:
***
Արդեօք նման չոր ու դաժան իրականութիւններ բան մը կըսե՞ն մեզի՝ հայութեան, մասնաւորաբար մեր հայրենիքի հողին վրայ մեզի պարտադրւող նահանջներու եւ կորուստներու դիպաշարին լոյսին տակ, որովհետեւ ականատես ենք իշխանաւորներու «աննահանջ» վազքին՝ թշնամիին ծրագիրներուն իրականացման եւ զանոնք իբրեւ խաղաղութեան ծիծեռնարկներ ներկայացնելու՝ քարոզչութեան դաշտերուն մէջ: Թուրքիա եւ Ադրբեջան օր-աւուր կը խօսին «Զանգեզուրի միջանցք»ի իրե՛նց, այսինքն՝ թրքական աշխարհի միացնող ծրագիրներուն մասին, ինչ որ բացայայտ ցուցանիշ է, թէ Սիւնիքն ալ պիտի մատնւի Ուկրաինոյ ճակատագիրին: Չէ՞ որ ՔՊ-ականները տարւած են – կաշխատին ազգն ալ վարակել – այն խաբէութեամբ, որ «Թրամփի Ուղի»ն, դէպի Եւրոպա վազքը հրաշքնե՜ր պիտի բերէ Հայաստանին ու մեր ժողովուրդին, մինչդեռ չոր իրականութիւնը կըսէ, որ Հայաստանի կորուստներուն դիմաց, կը շահին մեր անմիջական թշնամիները եւ անոնց ետին կանգնող՝ շահակիցները:
…Երէկ, բարեկամ մը հեռաձայնեց, եւ վրդոված յայտնեց, թէ ազերիները Արցախի կոթողներէն մէկուն ալ՝ «Մենք ենք մեր լեռները» յուշարձանին վնասներ հասցուցած են, իսկ մեր իշխանաւորները կը պահպանեն լուռ հանդիսատեսի եւ «խաղաղութիւն ամէն գնով»ի դիրքը:
Բարեկամիս չպատասխանեցի, սակայն մտածեցի. «Չէ՞ որ ՔՊ-ապետն ու թութակները կը քարոզեն, թէ Արցախը Ադրբեջանի կը պատկանի, ազերիները կրնան հոն ընել այն՝ ինչ որ կուզեն: Չէ՞ որ մեր քթին տակ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը կիսաքանդ դարձուցին՝ հաճոյանալու համար թշնամիին, վաղը իրենց ձեռքերը կրնան հասնիլ Սարդարապատի եւ Արդարահատոյցներու յուշարձաններուն, Էջմիածի՛ն, չէ՞ որ ընդդիմադիր «ռեւանշիստներ» բանտերը կը լեցւին, չէ՞ որ նոր Սահմանադրութիւն պիտի մշակեն, մի՛շտ ու միշտ ենթարկւելով թշնամիի թելադրանքներուն, չէ՞ որ.. չէ՞ որ…»:
Իսկ մեր ժողովո՞ւրդը՝ Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Դեռ որքա՞ն վնաս պէտք է կրենք ու խաբւինք, որպէսզի շարժինք ու համախմբւինք՝ պատմութեան անիւը իր հունին վերադարձնելու համար պայքարող ընդդիմադիրներու երթին:
(*) Սիրահարը կը գովերգէ աղուր աչքեր ունեցողը, սակայն կողբայ, որ ան զինք ջրհորին կէսը հասցուցեր է եւ չւանը կտրեր է:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
