Ուսուցչի Օրը Եւ Հայ Դպրոցը
11 Մարտ 2026
Ուսուցիչներու տօնը այս տարի անշուք անցաւ: Պատերազմական գործողութիւններու պատճառով դպրոցները փակ էին մարտ 9-ին, իսկ նախորդող օրերը` շաբաթ եւ կիրակի, արդէն արձակուրդային էին: Աշակերտներ եւ ծնողներ չկրցան իրենց երախտագիտութիւնը, անկեղծ կամ թուացեալ, յայտնել ուսուցիչներուն, որոնք լծուած են նորահաս սերունդի ուսման եւ կրթութեան դժուար գործին:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Լիբանանի հայկական վարժարաններու բոլոր ուսուցիչները հրաւիրած էր «Մտերմիկ ընթրիքի» մը, որ պայմաններու թելադրանքով նոյնպէս տեղի չունեցաւ: Նոյն Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնները այցելեցին հայկական դպրոցներ, հանդիպում ունեցան տնօրէնութիւններու ու պատասխանատուներու հետ եւ վերահասու դարձան անոնց ունեցած դժուարութիւններուն:
Գաղտնիք չէ, որ Լիբանանի հայկական դպրոցական համակարգը տագնապի մէջ է: Իրերայաջորդ պատահարները, պատերազմ, պայթիւն, համաճարակ-, յառաջացուցին Լիբանանէն արտագաղթի յաջորդական ալիքներ, ստիպելով նոր կազմակերպական միաւորին պատկանող բազմաթիւ դպրոցներ միաւորուելու: Միաւորումին ընկերացաւ աշակերտական թիւերու նշանակելի անկում: Թիւի անկումը բնականաբար առաջնորդեց տնտեսական անկայունութեան: Տնտեսական բացեր միշտ եղած են. այս երեւոյթը բնական է պետական նպաստ չստացող բոլոր կրթական հաստատութիւններուն համար, որոնք չեն կրնար, իրաւունք չունին, դպրոցը վերապահելու միայն բարեկեցիկ խաւի զաւակներուն: Մնաց, որ բարեկեցիկներէն ոմանք, հայկական հնամենի բարդոյթի մը հետեւութեամբ, կը նախընտրեն իրենց զաւակները արձանագրել օտար վարժարաններ: Զեղչերէ գոյացած բացը կը փակուէր, մասնակիօրէն, նուիրատուութիւններով ու այլազան ձեռնարկներով: Նման ձեռնարկներու կազմակերպումն ալ յաճախ խափանուեցաւ անապահովութեան հետեւանքով: Ուրախալի է, որ Ազգային առաջնորդարանի կազմակերպած ճաշկերոյթը գոյացուց պատկառելի գումար մը ի նպաստ ազգային վարժարաններուն:
Տագնապի ուրիշ աղբիւր է հայ ուսուցիչներու թիւին նօսրացումը: Ուսումնական-կրթական ասպարէզը չի հրապուրեր համալսարանաւարտ հայ երիտասարդները, որոնցմէ շատեր կը գաղթեն արդէն սին պատճառաբանութիւններով: Հայ ուսուցիչին դերը, ինչ ալ դասաւանդէ ան, էական է հայ աշակերտներու հայեցի դաստիարակութեան համար: Հայկական դպրոցը յաջողութեամբ կը կատարէ ուսում, գիտութիւն ջամբելու իր բնական առաքելութիւնը: Իր շրջանաւարտները կը յաջողին պետական քննութիւններուն եւ գրեթէ բոլորը համալսարաններ կը յաճախեն: Այս առաքելութիւնը կը կատարեն նաեւ տարբեր վարժարաններ: Հայկական վարժարանը պէտք է տարբերի ուրիշներէն իր ջամբած հայեցի դաստիարակութեամբ, իր հայկական միջավայրով, փոքրիկ Հայաստան մը ըլլալու իրողութեամբ:
Այս մարզին մէջ վիրաւոր են շատ վարժարաններ: Հայերէնի դասաւանդութիւնը դժուար կը նկատուի հայախօս գաղութի մը մէջ, մինչ հայերէնը պէտք է հիմք ծառայէր օտար լեզուներու դասաւանդման համար: Հարկ է ընդունիլ, որ քիչ մը ամէն տեղ լեզուներու ծանօթութիւնը նահանջ արձանագրած է: Մեթոտական նորարարութիւնները չկրցան բարելաւել կացութիւնը, եւ լեզուներու ծանօթութեան նահանջը շարունակուեցաւ ու հետզհետէ արմատացաւ:
Հայերէնի ծանօթութեան նահանջը աւելի ակներեւ է: Տեղ-տեղ, ծնողներու ստիպումով, դպրոցներ կրճատած են հայերէնագիտական նիւթերու դասապահերը: Երբ նման կրճատում կ՛ըլլայ, անխուսափելիօրէն աշակերտին գիտակցութեան մէջ հայերէնը եւ հայերէնով դասաւանդուող միւս նիւթերը երկրորդական կը դառնան: Հայերէնը լրացուցիչ նիւթ պէտք չէ ըլլայ. հայկական դպրոցին մէջ հայերէնը հիմնական նիւթերու շարքին պիտի դասուի: Նման մօտեցում հայերէնին կը նպաստէ տարբեր լեզուներու իւրացման:
Հայերէնագիտական նիւթերու նահանջը պարտկելու համար, կարգ մը դպրոցներ կը դիմեն ազգային նիւթերով ձեռնարկներու կազմակերպման եւ անոնց քարոզչութեան: Նման ձեռնարկներ օգտակար են անշուշտ, սակայն չեն կրնար հայեցի կրթութեան բացը լրացնել եւ գիտութեան չգոյութիւնը փոխարինել:
Հետզհետէ կը դժուարանայ հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներ պաշտօնի կոչելու աշխատանքը: Մեր դպրոցներէն շրջանաւարտ երիտասարդները, համալսարանական ուսումով ամբողջացուցած իրենց կրթութիւնը, ատակ չեն այլեւս հայ լեզուի, գրականութեան, հայոց պատմութեան, հայ մատենագրութեան դասերը ստանձնելու: Կը խուսափին, որովհետեւ հաւանաբար գիտեն, որ իրենց ծանօթութիւններու ծաւալը իրաւունք չի տար ստանձնելու հայերէն դասաւանդող ուսուցիչի պաշտօնը:
Պատերազմական թոհուբոհին մէջ նման մտքերու արծարծումը թող անտեղի չթուի: Պատերազմը կը վերջանայ, խաղաղութիւնը կը հաստատուի, բայց հայկական դպրոցի առաքելութիւնը, իր գոյութեան իսկ իմաստը տագնապներու բերած աւերէն ետք չի փոխուիր: Պէտք է վերականգնել հայ դպրոցը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
«Ազդակ»
