Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քոնթանթինոս Թասուլասի յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով
24 Ապրիլ 2026
Այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, որ գործադրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ եւ կը հանդիսանայ մարդկութեան դէմ գործուած ամենէն զազրելի ոճիրներէն մէկը, կը յարգենք մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը։
Այս յիշատակը անսակարկելի պարտք մըն է՝ թէ՛ զոհերուն հանդէպ եւ թէ՛ պատմական ճշմարտութեան, որպէսզի մոռացութիւնը չվերածուի վերաքննութեան, բռնութեան եւ անհանդուրժողականութեան պատճառի։
Յունաստանն ու Հայաստանը կը միանան ժամանակի ընթացքին կերտուած կապերով, որոնք դարբնուած են թէ՛ ընդհանուր փորձութիւններու մէջ, եւ թէ՛ հաստատուած են փոխադարձ համերաշխութեան, բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններով։
Այսօրուան միջազգային իրավիճակին մէջ, որ կը բնորոշուի ճգնաժամերով, հակամարտութիւններով եւ անորոշութիւններով, աւելի քան երբեք հրամայական կը դառնայ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան, փոխըմբռնման եւ ժողովուրդներու համագործակցութեան։
Պատմական յիշողութիւնը կը պարտադրէ մշտական զգօնութիւն, որպէսզի պատմութեան այս ողբերգական դէպքերը այլեւս երբեք չկրկնուին։
Աթէնք, 24.4.2026
Ազատ օր
