Ակնարկ. Իրանեան Առաւելներ Եւ Միացեալ Շահոյթներ
18 Հունիս 2026
Միացեալ Նահանգներ-Իրան հակամարտութեան լուծման առաջնորդող փոխըմբռնման յուշագիրի հրապարակուած կէտերը մեկնաբանութիւններու հիմնական ուղղուածութիւն մը կը նախանշեն: Նախաստորագրուած բնագիրի հրապարակումը պաշտօնական չէ, բայց համաշխարհային լրատուամիջոցներու կողմէ անոր հրատարակութիւնը եւ համաձայնուած կէտերու շուրջ շրջանառուող մեկնաբանութիւնները մտածել կու տան անոր վաւերականութեան մասին: 14 կէտերէ բաղկացած այս յուշագիրին մէջ Թեհրանը ստացած է կարեւոր երաշխիքներ եւ արձանագրած առաւելներ:
Բացի դէպի Իրան յայտարարուած պատերազմի դադրեցումէն, կը կասեցուին իրանեան արտաքին յենակէտերու վրայ կատարուող յարձակումներ: Յատուկ կը շեշտուի Լիբանանը, ուր Իսրայէլ կը փորձէր իրականացնել մեծ ծրագիրը, կազմաքանդելու Հըզպալլան եւ իրականացնելու իր անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորումը: Նշենք, որ Իսրայէլ կը փորձէր անջատել Լիբանանը ընդհանուր համաձայնութենէն, իսկ Իրան նախապայման կը նկատէր Լիբանանի ներառումը ընդհանուր համաձայնութեան: Իսրայէլ աւելի ուշ կը շեշտէր Լիբանանէն իր ուժերը չհեռացնելու իր որոշումը, ինչ որ լռելեայն կ՛ենթադրէր ռազմական գործողութիւններու դադրեցում, առանց հեռանալու: Չի բացառուիր, որ կայանալիք բանակցութիւններուն այդ պահանջը եւս իբրեւ նախապայման Իրան պահանջէ Ուաշինկթընէն:
Առաջին կէտին մէջ կան նաեւ յանձնառութեան կէտեր` ռազմական գործողութիւններ չվերսկսելու:
Երկրորդ. կը թուի, որ կայ երկու կողմերուն վերաբերող ընդհանուր սկզբունք` յարգել ինքնիշխան որոշումներն ու չմիջամտել ներքին գործերուն: Սակայն նկատի ունենալով մինչեւ յուշագիրի որդեգրումը տիրող իրավիճակը, ապա պարզ է, որ պահանջը Ուաշինկթընին ուղղուած է: Միացեալ Նահանգներն էին, որոնք Իրանի ինքնիշխան իրաւունքներու շրջանցումներ կը կատարէին յատկապէս բնական պաշարները օգտագործելու դէմ դնող արգելքներով: Իսկ ներքին գործերուն չմիջամտելը պարզապէս այստեղ կ՛ընկալուի գործող վարչակարգին գոյութիւնը ճանչնալ եւ տապալումի ուղղութեամբ ներիրանեան հատուածներուն ուղղութեամբ չաշխատիլ Իրանի տարանջատումը առաջադրելով կամ համապատասխան կոչեր ընելով:
Ճշդուած է 60-օրեայ ժամանակահատուած բանակցելու: Ժամկէտը ի պահանջել հարկին երկարաձգելի է: Այս կ՛ենթադրէ, որ բանակցային նոր շրջափուլ կը թեւակոխուի այս ձեւով:
Միացեալ Նահանգներ կը վերցնեն ծովային շրջափակումը: Իրան չի խոչընդոտեր նաւարկումները: Այստեղ կայ այլ ժամկէտ. 30 օրուան ընթացքին նաւարկումներուն մակարդակը կը բարձրանայ պատերազմէն առաջուան մակարդակին:
Իրան կը ստանձնէ յանձնառութիւն նաւարկումներուն համար թեքնիք խնդիրներ լուծելու եւ մանաւանդ ծովային տարածքները ականազերծելու:
Իրանի կողմէ Միացեալ Նահանգներէն պահանջուած վնասուց հատուցումը կ՛ամրագրուի: Ասոր առընթեր Իրանի կողմէ վաղուց առաջադրուած տասնամեակներու վրայ կուտակուած ամէն տեսակի պատժամիջոցներու վերացումը կ՛ընդունուի: Կ՛ըսուի նաեւ, որ նոր պատժամիջոցներու որդեգրումի պիտի չձեռնարկուի:
Թեհրան շատոնց յայտարարած էր, որ նպատակ չունի հիւլէական զէնք ունենալու: Հետեւողականօրէն կ՛ընդգծէր, որ իւրանիոմի հարստացումը խաղաղ նպատակներու օգտագործման համար է: Այս յուշագիրով կը վերահաստատուի հիւլէական զէնք չստեղծելու հրամայականը:
Կարեւոր կէտ ձեռք կը ձգէ այս բոլորին մէջ Իրանը` վերականգնելով իր ուժանիւթային աղբիւրներու վերարտահանման իրաւունքը եւ ապահովելով պետական պիւտճէին մաս կազմող իր գումարներու ապասառեցումը:
Առաջին հայեացքով Իրան կը շարունակէ վերահսկել Հորմուզը, կը ստանայ վնասուց հատուցում, կ՛ապասառեցնէ իր գումարները եւ դուրս կու գայ պատժամիջոցային մեկուսացումէ: Պարզեցնելով յուշագիրը, հիմնական յանձնառութիւնը իր վերահսկողութեան տակ եղող ծովային տարածքներու վրայ նաւարկումները չխոչընդոտելն է եւ հիւլէական զէնքի գոյառումը բացառելն է (որ արդէն վաղուց հաստատած էր):
Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ այս յուշագրային կէտերը ընդհանուր համաձայնութիւն չեն: Այս կէտերուն շուրջ կայացած համաձայնութեան վրայ կը սկսին բանակցութիւններ, որոնք 60 օրով պիտի չսահմանափակուին փաստօրէն:
Նախաստորագրուած փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի կէտերու իրականացման համար միացեալ գործիքակազմի մասին: Ահա՛ այստեղ է հիմնական նորութիւնը: Միացեալ ձեւաչափով կարգաւորելի խնդիրները կ՛ենթադրեն հսկայածաւալ նոր գործառնութիւններու նոր համակարգ, տնտեսական նոր յարաբերութիւններ, համաշխարհային տնտեսական շուկայի մէջ նոր դրոյթներ: Իսկ նաեւ միացեալ գործիքակազմը միայն համակարգումի աշխատելաձեւին չի վերաբերիր անշուշտ, այլ նաեւ միացեալ շահոյթներու: Իսկ գերշահոյթներ ապահովելը Թրամփի ղեկավարած վարչակարգի առաջնային օրակարգն է: Կը թուի, որ 60-օրեայ բանակցութիւնները ֆինանսական շահոյթներու բաշխման շուրջ են նաեւ:
«Ա.»
«Ազդակ»
