Ընկհ. Վեհան Մարգարեանին վասն դամբանականի
25 Հունիս 2026
Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2026ին, անհաւատալի, սակայն իրական իրողութեան մը առաջ գտնուեցանք։
Հրաժեշտ տուինք այնպիսի անձնաւորութեան մը, որ իր ամբողջ կեանքը հաւասարապէս նուիրած էր իր ընտանիքին, իր պաշտելի կուսակցութեան՝ ՀՅԴ-ին եւ մանաւանդ իր այնքան սիրելի կազմակերպութեան՝ Հայ Օգնութեան Միութեան։
Թէեւ դժուար է ընկհ. Վեհանի մասին անցեալով խօսիլ մանաւանդ երբ հետը մօտէն գործակցած ու բաժնեկցած ենք լաւ ու վատ օրեր։
Փոքրամարմին այս ընկերուհին ուժեղ անհատականութեան տէր անձնաւորութիւն մըն էր։
– Լուռ էր, սակայն ձայնը լսելի էր,
– Համբերատար էր, սակայն ներկայութիւնը զգալի էր,
– Հանդարտ լսող էր, հարցերը լայնասրտութեամբ կ՚ունկնդրէր եւ արդար լուծման կը հանգէր։
– Միշտ պատրաստակամ էր օգնելու եւ ստանձնած պարտականութիւնները լաւապէս եւ պատասխանատուութեամբ կը կատարէր։
Եւ այսպէս կարելի է շարքը երկարել մեր սիրելի ըկերուհիի նկարագրի յատկանշական կէտերուն։
Մեծահոգի մեր ընկերուհին երբեք չէր սիրեր իր աշխատանքներու մասին գովեստով խօսուիլը, այլ ընդհակառակը, կը սիրէր իր ստանձնած պարտականութիւնները լուռ ու մունջ կատարել ու աննկատ անցնիլ։
Ան սրտցաւութեամբ, խղճով եւ մանաւանդ լռակեաց կը կատարէր միութենական իր բոլոր աշխատանքները։ Միշտ ներկայութիւն էր յատկապէս բռնագաղթուած արցախահայութան օգնութեան, օժանդակութեան, բարեսիրական բոլոր աշխատնքներուն։
Ընկերուհին համեստութեան մարմնացում էր։ 1991-ին ան մեծ դեր ունեցաւ ՀՕՄի հիմնադրութեան մեծ գործին, սակայն ոչ մէկ ձեւով չհոխորտած ազգանուէր այդ աշխատանքին համար։ Երկար տարիներ ստանձնեց եւ լաւապէս կատարեց ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Հայաստանեան գրասենեակի տնօրէնի դժուարին պարտականութիւնը, այնպիսի օրերուն, երբ հայրենիքը մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր։
Ան անդամ էր ՀՕՄի Ակնունի մասնաճիւղին, որուն արթուն պահակը մնաց մինչեւ իր կեանքի վերջը։
Այս բոլորին առընթեր քաջաբար կատարեց կնոջ եւ իր երեք զաւակներու մայրական պարտկանութիւնները երբ իր ամուսինը՝ ընկ. Հրանդ Մարգարեանը կալանաւորուած էր։
Ան լաւապէս կատարեց ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան փոխ-ատենապետի պարտականութիւնները, մնայուն գործօն մասնակցութիւն բերելով միութեան բոլոր աշխատանքներուն անխտիր։
Զաւկի կորուստը ընկճեց զինք։ Ո՞ր մայրը կը դիմանար իր զաւկի կորուստին։ Իսկ այնուհետեւ անողոք հիւանդութիւնը չխնայեց անոր եւ յաւերժ բաժանեց զինք մեզմէ։ Դժուար ու անժամանակ է այս բաժանումը։
Սիրելի ընկհ. Վեհան, դուն շատ կանուխ լքեցիր մեզ, բայց մեծ աշխատանք ու լաւ յիշողութիւններ թողեցիր քո ետին, որուն համար դուն միշտ կենդանի պիտի մնաս մեր յիշողութեան մէջ։
Երթաս բարով «Սօսէ Մայրիկ» մետալականիր թանկագին ընկերուհի, գնայ հանգիտ ու խաղաղ։ Գնայ միացիր ՀՕՄի հսկայական այն փաղանքին, որուն անդամները վստահաբար կը շարունակեն իրենց միութենական պարտականութիւնները նաեւ դրախտի մէջ։
Մենք միշտ ըսած ենք ու կը կրկնենք, թէ այնքան ատեն որ ՀՕՄուհին իր բարեսիրական եւ ազգային պարտականութիւնները կը կատարէ երկրի վրայ, Աստուած անոր մեղք չի գրեր։
Գնայ անմեղ ընկերուհի, վստահ եղիր, որ կիսատ թողած աշխատանքներդ պիտի շարունակեն քու անկեղծ ընկերուհիներդ։
Մնաս բարով սիրելի ընկերուհի,
Թող հողը թեթեւ գայ հոգնած աճիւններուդ վրայ։
