Ակնարկ. Ամերիկեան Զգուշացումը Իսրայէլին Եւ Առաջարկը Թուրքիոյ
23 Հունիս 2026
Միացեալ Նահանգներու նախագահը մէկ անգամ չէ, որ Հըզպալլայի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու մասին յայտարարութիւն կը կատարէ: Վերջինը հետեւեալն է. «Իսրայէլէն յուսախաբ եմ, որ առանց Լիբանանի մէջ շէնքեր քանդելու չի կրնար բան մը ընել. Հըզպալլայի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհին ուժ տալու կը մօտենամ»:
Հիմա լուսարձակը կեդրոնացնենք այս յայտարարութեան վրայ եւ փորձենք տարբաղադրել այնտեղ ծուարած ուղերձները:
Նախ, Իսրայէլի նկատմամբ յուսախաբութիւն: Այս յուսախաբութիւնը, նախորդ ակնարկները, բեմականացումներն ու սպառնալիքները նկատի ունենալով, կ՛ընկալուի այնպէս, որ յուսախաբութիւնը աւելի լայն տարածք ունի եւ չի սահմանափակուիր միայն այստեղ նշուած պատճառով: Յուսախաբութիւնը աւելի ընդհանուր է եւ կը հասնի այն իրողութեան, որ հակառակ Միացեալ Նահանգներ-Իրան, թէկուզ տատանուող հրադադարին, Իսրայէլ իր յարձակումները ոչ միայն կը շարունակէր, այլեւ կը սաստկացնէր Լիբանանի ուղղութեամբ:
Այս պարագային մատնացոյց եղող յուսախաբութիւնը կը վերաբերի Լիբանանի մէջ Իսրայէլի գործած աւերներուն: Իսրայէլ ամբողջ տարածքներ կ՛աւերէ Հըզպալլան չէզոքացնելու իր ռազմարշաւի ընթացքին: Ըստ յայտարարութեան, այս վարքագիծէն դժգոհ են Միացեալ Նահանգներ, որոնք կը տարանջատեն Լիբանանի աւերումն ու Հըզպալլայի չէզոքացումը:
Անցնինք վերլուծման յաջորդ շղթային եւ անմիջապէս հետեւցնենք, որ Հըզպալլան չէզոքացնելը կը շարունակէ մնալ իբրեւ առաջադրանք, որ մինչ այժմ չէ յաջողած իրականացնել Թել Աւիւը:
Յուսախաբութեան այս երրորդ պատճառը ըստ էութեան նախաբանն է յայտարարուող առաջադրանքին` Հըզպալլայի թղթածրարը յանձնել Սուրիոյ: Սակայն, եթէ նկատի ունենանք յայտարարութեան նախկին բաղադրիչները, կը հետեւցնենք այն, որ Սուրիայէն կ՛ակնկալուի այս ձեւով առանց Լիբանանը աւերելու լուծել Հըզպալլայի խնդիրը:
Հիմա կեդրոնանանք այս առաջադրանքին վրայ: Լուծել, այս պայմաններուն մէջ կը նշանակէ ռազմական առումով թիրախաւորել միայն Հըզպալլան, առանց քանդելու յարակից տարածքներ եւ բնակավայրեր:
Բայց կայ այլ ուղերձ այս պարագային: Նախ այն, որ Իսրայէլ պէտք է գիտակցի, որ նախ իրեն առիթ կը տրուի համաձայնական լուծումի, հրադադարի ճամբով սկսիլ բանակցութիւններու եւ ամբողջովին կանգնեցնել զինուորական յարձակումները: Այլապէս, եթէ Իսրայէլ չ՛ուզեր միանալ տարածաշրջանային համաձայնութեան, ապա իրեն կ՛արգիլուի զինուորական գործողութիւններ իրականացնել Լիբանանի մէջ: Ուղերձը այս պարագային համաձայնիլն է հրադադարին եւ սկսիլ բանակցութիւններու:
Սուրիոյ յանձնելը սակայն Սուրիայով չ՛աւարտիր: Այսօրուան Սուրիան, յատկապէս իր զինուորական բնագաւառով, հիմնովին կախեալ է Թուրքիայէն: Դամասկոսի յանձնելը կը նշանակէ Թուրքիոյ յանձնել: Պաշտօնական Դամասկոսը քանի մը առիթով պարզ դարձուց, որ ինք մտադիր չէ ստանձնելու նման թղթածրար մը եւ զօրքեր բերելու Լիբանան: Այս մէկը չի նշանակեր, որ եթէ ինք տրամադիր չէ, այլ կողմը մը, այս պարագային Անգարան, տրամադիր չըլլար հարցի կարգաւորման համար դեր վերցնելու:
Վերջերս էր, որ Թուրքիոյ նախագահը իր երկրի անվտանգութեան աշխարհագրական կէտեր կը նշէր` Կազա, Սուրիա, Լիբանան… Համասի ճամբով ներկայութիւն Կազայի մէջ, գործող իշխանութիւններու եւ նոյնիսկ զինուորական առկայութեամբ ներկայ` Սուրիոյ մէջ. իսկ հիմա, Լիբանանի մէջ ազդեցութեան ոլորտներով տեսանելի Թուրքիոյ միջնորդաւորուած ձեւով առաջարկ կը կատարուի զբաղելու Հըզպալլայի թղթածրարով:
Անգարան այս մէկը կ՛ընկալէ Հըզպալլայի հարցի լուծման համար Իրանի հետ համաձայնութեան գալով: Իսրայէլը շրջանցելով, հանգուցային թղթածրարը Թուրքիոյ յանձնելու այս առաջարկով, Ուաշինկթըն տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլ-Թուրքիա մրցակցութիւնը կը սրէ եւ փոխհակակշռումի գործօններու խաղը կ՛աշխուժացնէ:
Այս յայտարարութիւններուն հիմնական ուղերձը Իսրայէլին զինադուլը հաստատելն է եւ երթալը` բանակցութիւններուն: Այլապէս, այսօրուան իր մրցակից Անգարային կը վերապահուի նոր եւ կարեւոր դեր Իրանի հետ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հարցեր կարգաւորելու: Ի հեճուկս Իսրայէլի:
«Ա.»
«Ազդակ»
