Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի
21 Սեպտեմբեր 2026
Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերուն՝ Ազգային Ժողովին մէջ, նորութիւն չէ, անսպասելի չէ եւ վստահաբար ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ, տարբեր շարժառիթներով , բայց միշտ միեւնոյն նպատակով՝ Հայաստանի ու հայութեան պահանջատիրութեան գաղափարախօսութեան ի սպառ վերացումը, որուն պատնէշը եղած է, է՛ ու պիտի մնայ Դաշնակցութիւնը:
Եւ ա՛յս է միակ պատճառը անոր թիրախաւորման:
Դաշնակցութեան դէմ արտաքին թէ ներքին դարէ մը աւելի կրկնուող տարատեսակ արշաւներուն մերկացնող հատու պատասխանը տրուած է միշտ, տրուած է հսկայ դէմքերու կողմէ, տրուեցաւ ու կը տրուի նաեւ այսօր տեղւոյն վրայ ԱԺ-ի ամպիոնէն՝ պատգամաւոր մեր ընկերներուն կողմէ, եւ պիտի շարունակուի տրուիլ աշխարհով մէկ արարող մեր մեծ ընտանիքին ու յատկապէս մեր պաշտօնական մամուլին ու Մարմիններու կողմէ: Կանխենք. Դաշնակցութիւնը ընդունած է միշտ ու կ՛ընդունի իր հասցէին քննադատութիւն, բաց ճակատով , պատրաստ՝ կարգին բանավէճի, սակայն սուտ, բանբասանք, անհիմն, անորակ, տգէտ պիտակաւորում, ցեխարձակում, ապատեղեկատուութիւն՝ ոչ, իսկ արմատախիլութեան սպառնալիք՝ երբեք, այդ ալ անարմատ թիւրիմացութիւններու կողմէ: Դաշնակցութիւնը իր 136 ամեայ հայրենանուէր ու ազգանուէր գործունէութեան ընթացքին կատարած է սխալներ եւ կատարելապէս գիտակից ու պատասխանատու է անոնց համար, որոնց դատաւորը, սակայն, միայն ու միայն իր հարազատ ժողովուրդն է եւ ոչ թէ պատահական յայտնուած այս կամ այն պաշտօնեան կամ խմբակը:
Այս բոլորին դիմաց մեր պատասխանը յստակ է ու մեկին.
Ազգային խորքով, բարոյական էութեամբ, գաղափարական ամրութեամբ, համազգային վարքագիծով եւ քաղաքական պահանջատիրական յստակ տեսլականով առաջնորդուող մեր կուսակցութիւնը, կազմակերպական համահայկական իր կառոյցով, իր երիտասարդական միաւորներով, իր ուղեկից միութիւններով եւ համակիրներու փաղանգով վճռակամ ու պատրաստ է շարունակելու պայքարի իր երթը, առանց ընկրկումի, ի խնդիր Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատի իր երդումին ու անվերապահ նուիրումին, ի խնդիր Հայ Դատի լուծման հանգրուանային իրագործումին, հակառակ բոլոր տեսակի արտաքին թէ ներքին դժուարութեանց ու անցարգելներուն:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէ
Փարիզ
