Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տեսլականի համար
21 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ վերարժեւորելու 21 սեպտեմբեր 1991-ի պատմական նշանակութիւնը։ Սակայն տարեդարձը նաեւ աւելի հիմնարար հարց մը կը դնէ մեր առջեւ. անկախ պետականութիւնը ի՞նչ տեսլականի կը ծառայէ եւ ի՞նչ բովանդակութիւն ունի այսօր։
1991-ին անկախութիւնը չէր ընկալուեր միայն իբրեւ խորհրդային համակարգէն դուրս գալու քաղաքական գործողութիւն։ Ան սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքի վերականգնումն էր՝ ինքնուրոյն պետականութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ազատ քաղաքական ընտրութեան հեռանկարով։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դիտուէր, կամ առնուազն պէտք է դիտուէր, ոչ միայն իբրեւ իր քաղաքացիներուն պետութիւնը, այլ նաեւ իբրեւ բովանդակ հայ ժողովուրդի պատմական շարունակականութեան քաղաքական եւ պետական արտայայտութիւնը։
Երեսունհինգ տարի ետք այս ըմբռնումը այլեւս նոյնքան անվիճելի չէ։ Հայաստանի ներկայ քաղաքական մտածողութեան մէջ հետզհետէ աւելի տեսանելի է պետութիւնը բացառապէս իր ներկայ սահմաններուն, քաղաքացիներուն անմիջական շահերուն եւ տուեալ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ սահմանելու ձգտումը։ Այս առաջնահերթութիւնները ինքնին խնդրահարոյց չեն։ Որեւէ պետութեան առաջին պարտականութիւնն է ապահովել իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, բարեկեցութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Խնդիրը կը սկսի այն պահուն, երբ քաղաքական «իրատեսութիւնը» աստիճանաբար կը վերածուի ազգային տեսլականը նեղցնելու եւ պատմական պատասխանատուութիւնները վերասահմանելու սկզբունքի։
Այս հարցին անմիջականօրէն առնչուած են նաեւ Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնները։ Նկատի ունենալով Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ Սփիւռքի ուղղակի մասնակցութեան գրեթէ անգոյ հնարաւորութիւնները՝ Սփիւռքը չունի բաւարար լծակներ՝ Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան ընթացքին վրայ իսկական ազդեցութիւն ունենալու, ոչ ալ Հայաստանի պետութիւնը պարտաւոր է իր որոշումները համապատասխանեցնել արտերկրի համայնքներու բոլոր ակնկալիքներուն։ Սակայն լուրջ սխալ պիտի ըլլար Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնները սահմանափակել միայն ներդրումներու, մասնագիտական ներուժի կամ հայրենադարձութեան օրակարգով։
Սփիւռքը Հայաստանի պետական սահմաններէն դուրս գտնուող, բայց ազգային իրականութենէն անջատ շրջանակ մը չէ։ Ան հայ ժողովուրդի պատմական փորձառութեան, մշակութային շարունակականութեան եւ քաղաքական ներուժին մէկ կարեւոր եւ ուրոյն բաղադրիչն է։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր կարգին, չի կրնար ամբողջովին ըմբռնուիլ միայն իբրեւ որոշակի տարածքի վրայ գործող վարչաքաղաքական միաւոր։ Ան նաեւ հայ ժողովուրդի պետական կեդրոնն է, եւ այդ հանգամանքը անխուսափելիօրէն իրեն կը վերապահէ իր սահմաններէն անդին տարածուող ազգային պատասխանատուութիւններ։
Արցախի կորուստը այս հարցադրումը դարձուց շատ աւելի սուր։ Ան ցոյց տուաւ, թէ քաղաքական ու ռազմական պարտութենէն ետք որքան դիւրութեամբ կարելի է վերանայիլ ոչ միայն ռազմավարութիւնը, այլ նաեւ այն գաղափարներն ու սկզբունքները, որոնց վրայ տարիներ շարունակ կառուցուած էր ազգային ինքնընկալումը։ Փոփոխուած պայմանները անշուշտ կը պահանջեն քաղաքական վերագնահատում։ Սակայն վերագնահատումը չի նշանակեր պատմական յիշողութեան եւ իրաւունքներու գիտակցութեան անտեսում կամ համազգային պատասխանատուութեան աստիճանական սահմանափակում։
Հետեւաբար, 35 տարի ետք Հայաստանի առջեւ դրուած հիմնական հարցը այլեւս միայն անկախութիւնը պահպանելը չէ։ Հարցը այն է, թէ ի՛նչ իմաստ պիտի տանք այդ անկախութեան, ի՛նչ պետութիւն պիտի կառուցենք եւ ի՛նչ տեղ պիտի վերապահենք ազգային ամբողջականութեան գաղափարին այդ պետութեան մէջ։
Անկախութիւնը լիարժէք իմաստ կը ստանայ ոչ միայն ինքնիշխան պետականութեան գոյութեամբ, այլ նաեւ այն ժամանակ, երբ պետութիւնը յստակ գիտակցութիւն ունենայ իր պատմական ժառանգութեան, ազգային պատասխանատուութեան եւ ապագայի ուղղութեան մասին։ Առանց այդ գիտակցութեան՝ անկախութիւնը կրնայ սահմանափակուիլ պետական կարգավիճակով։ Իր իսկական բովանդակութիւնը ան կը ստանայ այն ատեն, երբ կը վերածուի անցեալը, ներկան եւ ապագան իրարու կապող համազգային տեսլականի։
«Հորիզոն»
