Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44-օրեայ Պատերազմը
22 Սեպտեմբեր 2026
«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնութիւնն ու անկախութիւնը։ Չէք կրնար մնայուն կերպով օգնել մարդոց՝ անոնց փոխարէն ընելով այն, ինչ որ անոնք կրնային եւ պէտք էր, որ ընէին»։
Ապրահամ Լինքըլն
(1809-1865, Ա․Մ․Ն․-ի 16-րդ նախագահ)
Միեւնոյն ամիսը եւ ընդամէնը քանի մը օրուան տարբերութեամբ երկու տարբեր պատմական թուականներ՝ 21 եւ 27 Սեպտեմբեր։
Այսպէս, ընդամէնը վեց օր կը բաժնէ Հայաստանի վերանկախացման տօնն ու այս դարաշրջանի հայութեան ծանրագոյն ազգային աղէտը՝ 44-օրեայ պատերազմը, որ աւարտեցաւ տաժանելի պարտութեամբ եւ ի վերջոյ Արցախի յանձնումով։
Անկախութիւնը բառ մըն է, զոր կարելի չէ ամենայն դիւրութեամբ եւ ամբոխահաճութեամբ կրկնել բեմահարթակէն՝ պետական հանդիսութիւններու ընթացքին։ Անկախութիւնը պարտաւորութիւն մըն է, եւ այդ ալ՝ պարտական, եւ ո՛չ թէ պարտեալ պարտաւորութիւն։ Ան կը նշանակէ ունենալ այնպիսի պետութիւն մը, որ կրնայ կանխել վտանգը, դիմադրել պատերազմին, պաշտպանել իր ժողովուրդը եւ, կարեւորագոյնը՝ պարտութեան պարագային իսկ, անկեղծօրէն քննութեան ենթարկել իր սեփական սխալները։
Տօնեցինք եւ կը տօնենք Հայաստանի վերանկախացումը, որովհետեւ հայ ժողովուրդի պատմական մեծագոյն ձեռքբերումներէն մէկն էր։ Բայց տեղին է շուտով ենթագիտակցիլ եւ ակնթարթի մը համար հարցադրել, թէ արդեօք տօնախմբութիւնը կրնա՞յ շուտով վերածուիլ ինքնախաբէութեան։
Քաջատեղեակ ըլլանք, որ անկախութիւնը մէկ անգամ ձեռք բերուող եւ յաւիտեան ապահովուած նուէր մը չէ։ Անկասկած, որ Եռագոյն դրօշը բարձրացնելը պարտաւորութիւն է եւ դեռ աւելի՛ն․․․ամէն սերունդի կողմէ վերանորոգուող ու պաշտպանուող ուխտ մըն է։
21 Սեպտեմբեր 1991-ին հայ ժողովուրդը «այո՛» ըսաւ անկախութեան։ Այդ «այո՛»-ն միայն, արդէն իսկ փուլ եկած Խորհրդային Միութենէն բաժանուելու որոշում մը չէր։ Ան հայ ժողովուրդի դարաւոր պետականութեան ձգտումին նորագոյն քաղաքական արտայայտութիւնն էր։ Բայց այսօր այսքանով աւարտած չէ իրական անկախութիւնը՝ «իրական» Հայաստանի մը համար, որուն մնացորդացին գոյութիւնն անգամ վտանգուած է։
Պարզ է, թէ անկախ պետութիւն մը քարտէսի վրայ միայն չի գոյանար։ Ան կը պահանջէ կամաւոր եւ կանոնաւոր բանակ, հաստատ հիմերու վրայ կառուցուած պետական հաստատութիւններ, տնտեսական ուժեղ դիմադրողականութիւն, ազգային ռազմավարութիւն, դիւանագիտական կարողութիւն եւ, ամէն բանէ առաջ՝ պետական մտածողութիւն։
Եւ հո՛ս է մեր ծանրագոյն հարցը, երբ 27 Սեպտեմբերին կը նշենք 44-օրեայ պատերազմին վեցերորդ տարելիցը։
Պարտութիւնը հասկնալը՝ պարտաւորութիւն է, իսկ «Յաղթելու ենք»-ի կեղծիքով պարտութիւնը՝ քստմնելի արարք։
Հապա այդ երիտասարդ կտրիչ զոհերուն յիշատա՞կը։․․․Այդ հերոսները, որոնք աղտոտ եւ անխոհեմ քաղաքականութիւն կիրարկող շահագործող ցեցերուն զոհը եղան։ Դեռ, ամենայն ստայօդ բացատրութիւններով, անոնց ճիշդ թիւն ու բծախնդրօրէն ուսումնասիրուած անուանացանկն ալ ստեղծած է խառնաշփոթ իրավիճակ։ Հարցը «կլորցնել» չէ, կամ փլուս-մինուսով եզրակացնել։
Իւրաքանչիւր թիւի ետին կեանք մը կայ, երիտասարդ հասակին նահատակուած հերոս մը։ Այդ կեանքին ետին ալ կայ անուն մը, մարտնչող, հայրենիքին համար զոհուող հերոս մը։ Իւրաքանչիւր անունի ետին ալ կայ ընտանիք մը։
Պէտք չէ պահուըտիլ եւ հատուկենտ պատասխաններով պարզունակ բացատրութիւններ տալ եւ ինքնախաբէութեամբ կամ «պլըֆ»-ով մոռնալ այս ահաւոր աղէտը, որ աւարտեցաւ արցախահայութեան տեղահանումով։ Պարտութիւնը պէտք է ուսումնասիրել ամբողջական խորութեամբ՝ բանակի պատրաստուածութենէն մինչեւ հետախուզութիւն, սպառազինութենէն մինչեւ հրամանատարութիւն, դիւանագիտութենէն մինչեւ ռազմավարական մտածողութիւն եւ ղեկավարութիւն։
Եւ երբ անկախութեան մասին կը խօսինք եւ կը տօնենք, հարկադրաբար չենք կրնար այս իրականութիւնը դուրս ձգել ազգային յիշողութենէն։
Ցաւ ի սիրտ չենք կրցած կառուցել ուժեղ բանակ։ Չսորվեցանք եւ անգամ մը եւս մեզի դաս չեղաւ, որ արտաքին ուժերու վրայ հիմնուած անվտանգութիւնը երբեք չի կրնար փոխարինել սեփական պետական կարողութիւնն ու դիւանագիտութիւնը։ Չմշակեցինք երկարաժամկէտ եւ մասնագիտացած ազգային ռազմավարութիւն։ Չստեղծեցինք արդիւնաւէտ եւ արդիականացած պետական համակարգ։
Իսկ բուն ահաւորը, չհասկցանք, որ փոքր պետութեան մը համար սխալ հաշուարկը կրնայ ունենալ գոյութենական հետեւանքներ, որոնց պատասխանները դժուար թէ տրուին ոչ թէ զգացական, այլ պետական չափանիշներով։
Եւ թմբիրը կը շարունակուի։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
