Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան
21 Սեպտեմբեր 2026
1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, իրականութիւն դարձան հայ ժողովուրդի տասնամեակներու երազներն ու ձգտումները։
Երեւանէն մինչեւ Ստեփանակերտ, Պէյրութ, Թեհրան ու Հալէպ, Փարիզ, Նիւ Եորք, Պոսթըն եւ Լոս Անճելըս, հայերը ամէնուր ցնծութեամբ դիմաւորեցին այդ օրը, որովհետեւ եօթ տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան դարձած էր անկախ հանրապետութիւն եւ շուտով անոր դրօշակը պիտի ծածանէր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ։
Հայաստանի անկախութիւնը երկար տարիներու բողոքի եւ պայքարի գագաթնակէտն էր, որ սկիզբ առաւ 1988ին՝ Արցախի Ազատագրական շարժումին հետ, երբ հարիւր հազարաւոր հայեր՝ Արցախէն ու Հայաստանէն, մէկ ձայն դարձան եւ պահանջեցին Հայաստանի ու Արցախի վերամիացումը։ Անոնց ձայնը հասաւ ցամաքամասերէ եւ ովկիանոսներէ անդին՝ սփիւռքահայութեան մեր հայրենակիցները միացնելով ինքնորոշման իրաւունքի պայքարին։
Հայաստանի անկախութիւնը հետեւեցաւ Արցախի անկախութեան՝ միայն քանի մը շաբաթ անց։ Անկախութիւնը, որ յայտարարուած էր 1990ի Օգոստոս 23ին, պաշտօնապէս հաստատուեցաւ 1991ի Սեպտեմբեր 21ին, Հայաստանի ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութեան քուէներով։
Մեզի՝ Սփիւռքի մէջ ապրող հայերուս համար, որոնք անկախութեան ջահը վառ պահած էին՝ պահպանելով Հայաստանի Եռագոյնը, զինանշանը, ազգային քայլերգը, բայց ամէնէն կարեւորը՝ անկախ հայրենիքի կենսական անհրաժեշտութեան գաղափարը, Սեպտեմբեր 21ը նոր յոյս եւ առիթ բերաւ՝ միասին կերտելու հայրենիք մը, որ հիմնուած պիտի ըլլար մեր ազգային առաջնահերթութիւններուն եւ ձգտումներուն վրայ։ Սփիւռքը իր հսկայական կարողութիւնները, գիտելիքն ու միջոցները պիտի ծառայեցնէր մեր ժողովուրդին՝ ստեղծելու ժամանակակից Հայաստան մը, որ պիտի ծաղկէր, զարգանար եւ դառնար ճշմարիտ հայրենիք մը՝ ԲՈԼՈՐ հայերուն համար։
Որքան ալ երազապաշտ հնչէ այս տեսլականը, աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայերու մեծամասնութիւնը կը հաւատար, որ անիկա կարելի էր իրականացնել եւ պատրաստ էր այդ մարտահրաւէրին։
Սակայն պատմութիւնը հայերուն համար այլ ծրագիրներ ունէր։ Ատրպէյճան արդէն սկսած էր իր յարձակումը իր սահմաններուն մէջ ապրող հայերուն դէմ, իսկ Արցախի վրայ անոր յարձակումը պատերազմի վերածուած էր։ Այդ պատերազմը յաղթանակով պսակուեցաւ Արցախի մէջ կռուող կանանց եւ տղամարդոց, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Սփիւռքի հայերուն բացառիկ քաջութեան շնորհիւ․ անոնք էին, որ արձագանգեցին միասնութեան եւ համերաշխութեան կոչերուն։ Այդ միասնականութիւնը մեր զինուորներուն տուաւ մարտի դաշտերուն մէջ տոկալու, յարատեւելու եւ յաղթանակ յայտարարելու վճռականութիւն եւ ուժ։

Միւս կողմէ, վերջին 35 տարիներուն տեղի ունեցած այլ կարեւոր զարգացումներէն մէկը եղաւ մեր ազգային միջոցներուն համակարգուած թալանը՝ յաջորդական վարչակարգերու կողմէ։ Ասիկա հիմք ստեղծեց ներքաղաքական պայքարներու, որոնք շուքի տակ ձգեցին մեր ազգը վերակառուցելու ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը։ Այսպէսով, ուշադրութիւնը շեղեցաւ այդ կենսական աշխատանքէն՝ առաջ տանելու ինքնորոշման իրաւունքի պայքարը եւ պաշտպանելու Արցախը՝ իբրեւ Հայաստանի անբաժանելի մէկ մասը։
Ցաւալի է, որ եղած է եւ տակաւին կը շարունակուի համակարգուած ջանք մը՝ Սփիւռքը հեռու պահելու եւ ազգի գաղափարին շուրջ համազգային համախմբման հսկայական կարողականութիւնը սահմանափակելու՝ զայն վերածելով անոր, որ ներկայ վարչակազմը «իրական Հայաստան» կ՛անուանէ։
Ներկայ իշխանութիւնները համակարգուած կերպով կը քանդեն այն հիմքերը, որոնց վրայ 1991ի Սեպտեմբեր 21ի անկախութիւնը իրականութիւն դարձաւ։ Անոնք յառաջ կը մղեն նոր սահմանադրութիւն մը, որ կը տկարացնէ մեր հանրապետութեան հիմնադիր գաղափարները՝ ընդառաջելով Ատրպէյճանի պահանջներուն։ Ներկայ վարչակարգը նաեւ կը փորձէ վերաշարադրել մեր նորագոյն պատմութիւնը, նսեմացնել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը՝ ճանապարհ հարթելով ուրացողներուն, սկսելով՝ Թուրքիայէն, որպէսզի անոնք յառաջ մղեն իրենց ուրացման օրակարգը եւ շարունակեն քաոս ու աւեր ստեղծել աշխարհի մէջ։
Եւ ապա կայ Արցախը։ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութենէն եւ հայերու դէմ ժամանակակից ցեղասպանութենէն ետք, Երեւանի իշխանութիւնները վճռած են Արցախը ջնջել յիշողութենէն։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ համարձակօրէն յայտարարած էր, թէ «Արցախը Հայաստան է», այժմ կտրուկ կերպով կը պայքարի «Արցախ» անունը գործածողներուն կամ Արցախի հայութեան համար արդարութիւն պահանջողներուն դէմ։ Ան ոչ միայն կը մերժէ եւ կը մեկուսացնէ Հայաստան ապաստանած արցախահայերը, այլ նաեւ կը քննադատէ այն կազմակերպութիւններն ու կառոյցները, որոնք իրենց ժամանակն ու ուժերը կը նուիրեն Արցախի արդարութեան ու իրաւունքներու համար պայքարին։
Վարչապետն ու իր կառավարութիւնը յստակօրէն ցոյց տուած են, որ Հայաստանը՝ անկախ Հայաստանը, միայն անոնց համար է, որոնք կ՛ապրին իր ներկայ եւ հետզհետէ սեղմուող սահմաններուն մէջ, որովհետեւ միայն անոնք կրնան որոշել մեր ազգին ճակատագիրը՝ պատմութիւնն ու իրականութիւնները մէկդի դրած։
Միջազգային համայնքին հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները ճկուն եւ բազմազան դարձնելու պատրուակին տակ, Փաշինեանի քաղաքականութիւնը կ՛ապահովէ, որ Հայաստան շարունակէ կախեալ մնալ մէկ ուժէ՝ Արեւմուտքէն, որ յառաջ կը մղէ իր քաղաքական եւ գլխաւորաբար տնտեսական շահերու օրակարգը՝ Հայաստանը օգտագործելով պարզապէս իբրեւ առեւտրական միջոց, անտեսելով երկրին սահմաններուն մէջ ապրողներուն կարիքները։
Անկախութիւնը իր մարտահրաւէրներով կը ներկայանայ։ 1991ին անկախութեան ի նպաստ քուէարկելը առաջին քայլն էր։ Անկախութեան գաղափարը պահպանելը կը պահանջէ այն համազգային համախմբումը, որ կրնայ մեծ եւ հզօր Հայաստան դարձնել, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ կրնայ հայրենիք կոչել Հայաստանը։
Բոլորս հաւաքական պատասխանատուութիւն ունինք պահպանելու անկախութեան այդ գաղափարը՝ անկախ անկէ, թէ կ՛ապրինք Հայաստանի մէջ, թէ՝ անկէ դուրս։ Ասիկա կը պահանջէ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող իւրաքանչիւր հայու անհատական եւ հաւաքական կամքը։
Եկէ՛ք այսօր տօնենք մեր անկախութիւնը, իսկ վաղը սկսինք գործել՝ ապահովելու անոր երկարակեցութիւնը։
Շնորհաւոր Անկախութեան օր։
«Ասպարէզ»
