Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակադութիւն
22 Սեպտեմբեր 2026
23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հռչակագրի ընդունումը, որ դարձաւ քաղաքական եւ իրաւական այն հիմքը, որուն վրայ ընթացք առաւ Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնումի գործընթացը։ Մէկ տարի անց՝ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին, Հայաստանի ժողովուրդը հանրաքուէով ամրագրեց իր ընտրութիւնը։ Այսպիսով 23 Օգոստոսը եւ 21 Սեպտեմբերը դարձան պետականակերտ գործընթացի երկու կարեւոր փուլեր՝ նախ անկախութեան քաղաքական հռչակումով, ապա անոր համաժողովրդային օրինականացումով։
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, մեր երկիրը առաջինն էր, որ համաժողովրդային հանրաքուէով անկախութիւն հռչակեց ու պայքարեցաւ այդ անկախութեան պահպանման համար: Երկու օր անց՝ 23 Սեպտեմբերին, Գերագոյն Խորհուրդը պաշտօնապէս հռչակեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Հայաստանի վերանկախութիւնը հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքի եւ ինքնիշխան ապրելու ազգային ուխտի դրսեւորումն էր։
Նոյն ժամանակաշրջանին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը եւս անջատուելով Խորհրդային Միութենէն իր անկախութիւնը կերտեց, հռչակելով Արցախի Հանրապետութիւնը, որ, սակայն, աւելի քան երեք տասնամեակ ետք, աշխարհաքաղաքական շահերու բախումին զոհը դառնալով խլուեցաւ, իսկ բնիկ ժողովուրդը տեղահանուեցաւ իր պատմական բնօրրանէն։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր վերանկախացումէն ետք դժուար մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց ու կը շարունակէ դիմագրաւել՝ պահպանելու երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ կայուն զարգացումը։
Վերջին տարիներու աշխարհաքաղաքական ցնցումներուն եւ Արցախի կորուստին լոյսին տակ պետականութիւնը կանգնած է գոյութենական լուրջ սպառնալիքներու առջեւ։ Ուստի անկախութեան տօնը պէտք է դառնայ ոչ թէ լոկ հանդիսութեան, այլ զգօնութեան օր:
Աշխարհաքաղաքական փոխուող պայմաններուն, դրացի երկիրներու ընդլայնող ազդեցութեան լոյսին տակ, ներկայ իշխանութիւնները կը փորձեն «Նոր Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեամբ դիմադրել սպառնալիքները, որուն համար պիտի փոխեն Սահմանադրութիւնը, պիտի հրաժարին շարք մը իրաւունքներէ, արցախահայութեան իրաւական հարցերը հետապնդելէ, դասագիրքեր պիտի վերախմբագրեն, եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը լուսանցքի տակ առնեն, իսկ սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնը ազգային թէ պետական շահերու ռազմավարական գործակցութեան հեռանկարին մէջ պիտի չներառեն։
Ներկայ պայմանները, սակայն, կը թելադրեն հայկական ներուժը չմսխել ներքաղաքական տարակարծութիւններու, կամ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մէջ ճեղքեր յառաջացնելու անպտուղ ճիգերուն մէջ։
Խաղաղութիւնը իրապաշտ քաղաքականութիւն կը պահանջէ, սակայն միեւնոյն ատեն կը պահանջէ պահպանել ժառանգութիւնը, պատմութիւնը, տէր մնալ համաժողովրդային պայքարով արձանագրուած անկախութեան հռչակագրին եւ տեղի չտալ նախապայմաններով բանակցելու ճնշումներուն դիմաց։
Տակաւին, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ սեպ չխրել, այլեւ կարենալ մշակել ռազմավարութիւն մը, որուն շնորհիւ դերերու բաշխում տեղի կունենայ յանուն պետութեան ու ազգին գոյութեան ու անվտանգ զարգացման։
«Գանձասար»
21-ը սեպտեմբերի, 2026թ
