Ընտրական Մակընթացութիւնը Կը Շարունակուի
24 Հունիս 2026
Ընտրութեան յաջորդած օրը, երբ նախնական արդիւնքները յայտարարուեցան, հասարակութեան լայն շրջանակներուն մէջ կայուն համոզում գոյացաւ, որ յունիս 7-ի ընտրութիւնները տեղի ունեցած են համատարած կեղծումով եւ արդիւնքներու նենգափոխումով: Ու հայաստանեան սովորութեան համաձայն, սկսան քաղաքագիտական վերլուծութիւններ կատարուիլ եւ անսխալական դիրքերէ կարծիքներ տեղալ: Ի՞նչ պէտք է ընէ ընդդիմութիւնը, ի՞նչ պէտք է ըրած ըլլար, պէտք է ընդունի՞ արդիւնքները եւ Ազգային ժողով մուտք գործէ, փողոցային պայքարի պէ՞տք է ձեռնարկէ, ընդդիմադիր ուժերը պէ՞տք է միաւորուին եւ միասնական պայքարի ձեռնարկեն: Ընդդիմադիրները կը պատասխանեն, որ այս բոլորին մասին կը մտածեն, սակայն պէտք է համբերել, ամէն բան իր ժամանակին:
Ընտրութիւններու արդիւնքները բողոքարկելու յաջորդ հանգրուանը Սահմանադրական ժողով դիմումն է: Ընտրութիւններուն մասնակից եօթը ուժեր դիմած են Սահմանադրական դատարան. «Ուժեղ Հայաստան» դաշինք, «Հայաստան» դաշինք, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն, «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւն, «Նոր ուժ» կուսակցութիւն, «Դեմոկրատիա, օրէնք, կարգապահութիւն» կուսակցութիւն եւ «Յանուն հանրապետութեան ժողովրդավարութեան պաշտպաններու դաշինք» կուսակցութիւն: Վերջինը, որ ընտրութեան միջոցով ընդդիմութիւն փոխել կ՛ուզէր, կը բողոքէ ընտրակաշառքներու դէմ: Սահմանադրական դատարանը բոլոր բողոքները միասնաբար պիտի քննէ 26 յունիսի նիստին: Սահմանադրական դատարանը 15 օր ունի վճիռ կայացնելու համար: Կ՛ենթադրուի, որ վճիռը կը հրապարակուի մինչեւ 5 յուլիս 2026:
Սահմանադրական դատարանի որոշումը, արդիւնքներու հաստատում, երեք ընտրատեղամասերու մէջ վերաքուէարկութիւն, արդիւնքներու չեղարկում, երկրորդ փուլի ընտրութիւն պիտի յստակեցնէ պատկերը եւ առիթ ընծայէ ընդդիմադիրներուն բացայայտելու իրենց մտադրութիւնները: Այս է ժողովրդավարութեան պահանջը:
Ինչ ալ ըլլան սահմանադրական դատարանի որոշումները, մէկ բան յստակ է. Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարութիւնը խոր մղձաւանջ կ՛ապրի: Ժողովրդավարութեան ախոյեան յորջորջուած երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը կը կաշկանդուի ամէն օր ու ամէն առիթով: Այս երեւոյթը յատուկ է ամբողջատիրական վարչաձեւերուն, ուր յաճախ ժողովրդավարութեան իսկ անունով կը գործուին մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու ոտնահարումներ:
Շաբաթ մը տեւած հաշուարկներէ եւ քննարկումներէ ետք, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակեց 7 յունիսի ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները. Քաղաքացիական պայմանագիր` 49,85 առ հարիւր (64 պատգամաւոր), «Ուժեղ Հայաստան»` 23,28% (29 պատգամաւոր), «Հայաստան» դաշինք` 9,93% (12 պատգամաւոր): «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը 3,99% արդիւնքով չի նուաճեր 4%-ի կանոնական շեմը եւ դուրս կը մնայ Ազգային ժողովէն: «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը դուրս պահելու գործողութիւնը յաջողեցաւ շնորհիւ երեք ընտրատեղամասերու արդիւնքներու ջնջումին, ընտրական անկանոնութիւններու պատրուակով: Նման պարագաներու համար ընտրական օրէնքը լուծում ունի. այդ տեղամասերուն մէջ կրկնակի քուէարկութեան կազմակերպումը, յատկապէս երբ ձայներու այդ ջնջումը կ՛ազդէ ընտրութեան արդիւնքին վրայ: Ի վերջոյ «Բարգաւաճ Հայաստան» կարիք ունի ընդամէնը 0,01%-ի խորհրդարան մուտք գործելու համար: Քաղաքացիական պայմանագիրը յաջողեցաւ ունենալ պատգամաւորներու երեք հինգերորդը, իրեն տալով հնարաւորութիւնը նշանակումներ կատարելու եւ սահմանադրական օրէնքներ ընդունելու (63 ձայն): Սակայն քաղաքացիական պայմանագիրը տակաւին դժգոհ է, որովհետեւ յառաջիկայ Ազգային ժողովին մէջ չունի երկու երրորդի մեծամասնութիւնը (70 ձայն). երկու երրորդը անհրաժեշտ է Սահմանադրական փոփոխութիւն կատարելու համար:
Նախընտրական շրջանի եւ ընտրութեան օրուան անկանոնութիւններուն չեմ վերադառնար: Ըստ քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան, խորհրդարան մուտք գործող եւ յաւակնող երեք ուժերուն ստացած շուրջ 550.000 քուէներուն 70 առ հարիւրը ստացուած են կաշառքի միջոցով: Այդ պատճառով ալ, այդ ուժերուն ղեկավարներն ու անդամները ենթակայ են քրէական հետապնդումի. Փաշինեան կը խօսի ջնջելու, քանդելու, փոշիացնելու ու վերացնելու մասին: Քաղաքացիական պայմանագիրին ձայն չտալը… յանցանք է: Հայաստան կը դիտուի իբրեւ միակուսակցական պետութիւն, միակ կուսակցութեան կողքին կանգնած ծափահարող համհարզներու արտօնուած գոյութեամբ:
Ընթերցումներուս ընթացքին հանդիպեցայ 18-րդ դարու ֆրանսացի գրողի մը` Ֆրանսուա Ռընէ տը Շաթոպրիանի «Անդրշիրիմեան յիշատակներ» գործէն դիպուկ հատուածի մը. «Ղեկավար դասակարգ մը ունի երեք յաջորդական ժամանակաշրջան. գերազանցութեան ժամանակաշրջանը, առանձնաշնորհումներու ժամանակաշրջանը, սնափառութեան ժամանակաշրջանը: Յառաջանալով առաջինով, կ՛այլասերի երկրորդով եւ կը մարի երրորդով»:
Հասած չե՞նք արդեօք երրորդ հանգրուանին:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
