Ակնարկ. Փորձառութիւններ Եւ Փորձառականութիւն
25 Հունիս 2026
Ուաշինկթընեան բանակցութիւնները զուիցերիականին հետ առնչելու կամ չառնչելու խօսոյթը կը բխի գերիշխան իրաւունքը պահելու սկզբունքէն: Այս մէկը սակայն առանցքային նշանակութիւն չունի, որովհետեւ գետնի վրայ, Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցան ամերիկեան ճնշումներով: Ներկայ հրադադարը կրնայ փխրուն ըլլալ, ինչպէս նախորդները, բայց պարզ է, որ անիկա հիմնովին կախեալ է այդ ճնշումներու իրողականութենէն:
Հիմա գանք լիբանանեան կողմի նախապայմանային մօտեցումներուն, բանակցութիւնները արդիւնաւորելու առումով: Նախ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ կիրարկուող յարձակումներու ամբողջական դադրեցում: Եթէ նոյնիսկ վաղ է եզրայանգում կատարելը, ապա պէտք է արձանագրել եռօրեայ տեւողութեամբ ընդհանուր առումով կրակի դադրեցումին մասին:
Երկրորդը աւելի բարդ դրուածք եւ էութիւն ունի` իսրայէլեան ուժերու հեռացում լիբանանեան գերիշխան տարածքներէն: Կը խօսուի ծրագիրի մը մասին, որ փորձառական բնոյթ պիտի ունենայ եւ առաջին հերթին լիբանանեան կարգ մը տարածքներէն իսրայէլեան ուժերու հեռացումը պիտի իրականացնէ: Առաջադրուած անվտանգութեան գօտին պահելով հանդերձ, ըստ հրապարակումներուն, Իսրայէլ իր ուժերը պիտի հեռացնէ կարգ մը տարածքներէ, որոնց վրայ լիբանանեան բանակը վերահսկողութիւն պիտի հաստատէ ամերիկեան երաշխաւորութեամբ: Այդ երաշխաւորութիւնը կ՛ենթադրէ ամերիկեան քննութենէն անցում` տեղակայուելիք զինուորներու, կամ Հըզպալլայի ազդեցութեան բացառում այդ ուժերուն վրայ:
Այս հրապարակումները անպայման չեն նշանակեր, որ Հըզպալլայի համաձայնութեամբ են: Հըզպալլայի դիրքերու յանձնումը ռազմական պարզագոյն տրամաբանութեամբ պէտք է երաշխաւորուի իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացումով:
Ուշագրաւ են իսրայէլեան դաշտէն հնչած յայտարարութիւնները: Անոնք եւս կը հաստատեն, որ կայ փորձառական ծրագիր, որուն շուրջ փոխըմբռնումի բանակցութիւններ կ՛ընթանան: Անոնք չեն պահեր, որ ամերիկեան ճնշումներ ի գործ կը դրուին լիբանանեան տարածքներէն հեռացումի գծով: Սակայն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը կը յայտարարէր, որ լիբանանեան տարածքներէն հեռանալու մտադրութիւն չունին իր զօրքերը, նոյնիսկ եթէ այդ պահանջը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգները:
Փաստօրէն այդ պահանջը կը ներկայացուի Ուաշինկթընի կողմէ: Իսրայէլացի նախարարին յայտարարութիւնը կրնայ օդին մէջ մնալ, ինչպէս պատահեցաւ հրադադարի գծով իր կատարած յայտարարութեան: Ըստ անոր, Ուաշինկթըն-Թեհրան համաձայնութիւնը չի կրնար ազդել Լիբանանի մէջ իրենց կատարած գործողութիւններուն վրայ: Փաստօրէն, գէթ կարճ ժամանակով արձանագրուած, Իսրայէլ ենթարկուած է Ուաշինկթընի որոշումին:
Հիմա ալ իրադրութիւններ այնպէս կ՛ընթանան ,որ Իսրայէլ արդէն կը խօսի իր ուժերու հեռացման հաւանականութեան մասին, թէկուզ անվտանգութեան գօտին պահպանելով:
Իրադարձութիւններու այս շղթան որոշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ:
Նախքան պատերազմը սկսած էր գործադրուիլ լիբանանեան բանակի վերատեղակայման գործընթաց: Լիբանանեան բանակը փուլ առ փուլ սկսած էր փոխարինել դիրքերը: Պատերազմէն ետք, դարձեալ լիբանանեան բանակը, այս անգամ, ըստ փորձառական ծրագիրին պիտի փոխարինէ իսրայէլեան ուժերը լիբանանեան տարածքներու վրայ:
Փորձառական ծրագիրը ուրեմն, մեքանիզմի վերափոխումն է, ամերիկեան երաշխաւորութեամբ լիբանանեան բանակի վերատեղակայումին: Փուլային է այս ծրագիրը: Փորձառականը փորձառութիւն կը վաստակի: Նախորդ փորձառութիւնները Իսրայէլի նկատմամբ հարցականներ կը ստեղծեն սակայն: Այդ փորձառութիւնները կը խօսին իսրայէլեան յարձակողապաշտութեան, տարածքներու բռնագրաւումին եւ լայածաւալ աւերումներուն մասին:
Երաշխիքներ անհրաժեշտ են ուրեմն, հրադադարի պահպանման, լիբանանեան գերիշխան տարածքներէն ամբողջական հեռացման եւ մանաւանդ յարձակողապաշտութեան չվերաձեռնարկումին:
«Ա.»
«Ազդակ»
