Ակնարկ. Ազատ Նաւարկութեան Քաղաքական Ընկալումը
09 Հուլիս 2026
Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը, թէ Իրանի հետ կնքուած հրադադարի համաձայնագիրը չեղարկուած է, չ՛ենթադրեր անպայման, որ կողմերը կը վերադառնան վերաբռնկուող լայնածաւալ պատերազմի: Թէեւ Թրամփ յայտարարած է, որ հաւանական է, որ այս գիշեր հզօր հարուածներ իրականանան Իրանի դէմ, այդուհանդերձ նախկին յայտարարութիւններն ու որոշումի առկախումները կամ չեղարկումները կրնան յուշել, որ գետնի վրայ ընթացող իրադարձութիւնները անպայման ուղղակի առնչութիւն չունին յայտարարութիւններուն հետ: Հարուած-պատասխան գործողութիւնները չեն բացառուիր, առանց վերադառնալու լայնածաւալ բնոյթի:
ՕԹԱՆ-ի Անգարայի համաժողովի հռչակագիրը համաշխարհային անվտանգութեան տարբեր ուղղութիւններուն անդրադարձած է: Միացեալ Նահանգներու նախագահին դժգոհութիւնը ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ վերստին արծարծուած է յատկապէս իրանեան պատերազմին ՕԹԱՆ-ի որոշ անդամ պետութիւններուն վերապահ մնալուն, բայց ըստ էութեան ամերիկեան պիւտճէն ՕԹԱՆ-եան ծախսերէն բեռնաթափելու առումով:
Հռչակագիրին մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամներու պիւտճէական մասնակցութեան բարձրացման նշումներ կան եւ առաջին կէտը դարձեալ Իրանին կ՛առնչուի անուղղակիօրէն:
«Մէկուն վրայ յարձակումը կը նշանակէ յարձակում բոլորին վրայ: Մեր միասնութիւնը, համերաշխութիւնը եւ հաւաքական ուժը կը մնան խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման հիմքը մեր ազատ եւ ժողովրդավարական երկիրներէն կազմուած դաշինքի մէկ միլիառ քաղաքացիներուն համար»: Կը թուի, որ ամերիկեան յենակէտերու վրայ իրանեան յարձակումին կ՛ակնարկուի այստեղ, երբ ՕԹԱն-ի անդամներ մերժեցին մասնակցիլ Իրանի պատերազմին եւ չտրամադրեցին իրենց տարածքները, որպէսզի ամերիկեան յենակէտեր տրամադրուին պատերազմին:
Իրանի առումով կայ այլ յատկանշական բաժին: Ըստ հռչակագիրին դաշնակիցները վերահաստատած են, որ Իրան «երբեք պէտք չէ հիւլէական զէնք ունենայ», եւ կոչ ըրած են Իրանին լիովին յարգելու Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան ազատութիւնը: Հիւլէական եւ Հորմուզ: Եթէ առաջինի պարագային Թեհրան հերթաբար կը յայտարարէ, որ հիւլէական իր ծրագիրը չի նպատակադրեր զէնքի, այլ բացառապէս խաղաղ նպատակներ, ապա հանգոյցը դարձեալ կը հիւսուի Հորմուզի շուրջ: Փաստօրէն նաւերու մաքսատուրքերու, ազատ նաւարկութեան, Իրանի ջրային տարածքներու, Օմանի բաժինին, միջազգային օրէնքին, նեղուցներու օգտագործման համար անվճար դրութեան, թէ տուրքի գանձման խնդիրները չեն յստակացուած: Խնդիրը գերշահոյթներու բաշխման կը վերաբերի եւ յատկապէս դէպի Չինաստան ուղղուող իրանեան ուժանիւթին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելուն հետ կ՛առնչուի:
Այնքան ատեն որ այս խնդիրը չէ լուծուած, գործարքը չէ կայացած, Հորմուզի անցքերը վտանգաւոր պիտի ըլլան, ոչ միայն նաւերու արգելքի, հարուածներու եւ հակազդեցութիւններու, այլ նաեւ պատերազմական գործողութիւնները շարունակելու, հետեւապէս նաեւ Թրամփի նման յայտարարութիւններ հնչեցնելու դէպքերով:
ՕԹԱՆ-ի հռչակագիրը կը խօսի Հորմուզով ազատ նաւարկութեան դրութեան մասին: Ազատը այս պարագային կ՛ընկալուի ոչ միայն իբրեւ իրանեան վերահսկողութենէ կամ Իրանի կողմէ ճշդուած տուրքերէ զերծ, այլ նաեւ իբրեւ Համատեղ վերահսկողութիւն եւ շահոյթի համատեղ ապահովում:
Երբ այս գործարքը իրականանայ, այդ պարագային է միայն, որ հիւլէականը, պատժամիջոցները, հատուցումները, վերաշինութիւններն ու մեծ առեւտուրները կը մեկնարկեն: Մինչեւ այդ, նման յայտարարութիւններ, սպառնալիքներ, գործողութիւններ եւ հակագործողութիւններ պիտի շարունակուին:
«Ա.»
«Ազդակ»
