ՆԱԹՕ-ի Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Զարգացման Նոր Փուլ
10 Հուլիս 2026 «Կը կարծեմ ՆԱԹՕ-ն Պաղ Պատերազմի արտադրութիւն մըն է։ Պատմականօրէն, ՆԱԹՕ-նպէտք էր 1990-ին, Վարշաւիոյ Ուխտին նման, իր գործունէութիւնը դադրեցնէր։ Ցաւօք, այդպէս չեղաւ»։Ճերեմի Քորպին (Բրիտանացի քաղաքական գործիչ, որ 1983-էն ի վեր Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ է։ Նախապէս Աշխատաւորական Կուսակցութեան անդամ եւ 2025-էն ի վեր, աւելի ձախ թեքած՝ «Your Party»-ի հիմնադիր եւ այդ կուսակցութեան խորհրդարանական առաջնորդ)
Իրանի շուրջ ստեղծուած ահաւոր ճգնաժամը, Ռուսիա-Ուքրայինա շարունակուող պատերազմը եւ Եւրոպայի անվտանգութեան հանդէպ որոշ չափով անորոշութեամբ բնորոշուող Ա․Մ․Ն․-ի որդեգրած քաղաքականութիւնը, Յուլիս 7-8-ին, Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գումարուած ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի «տաք» կէտերը հանդիսացան, անշուշտ աւելցնելով Սպիտակ Տան վարձակալ նախագահ Թրամփի շեշտակի հետաքրքրութիւնը՝ ձեռք ձգելու նախանիւթերով հարուստ Կրինլենտը, որ կը պատկանի Դանիոյ։
Քաղաքականութեան կողքին ի յայտ եկած էր նաեւ նիւթական եւ տնտեսական թնճուկը, զոր Թրամփ շարունակ շեշտեց եւ դաշինքի անդամները մղեց վերատեսութեան ենթարկելու պաշտպանութեան ծախսերը, պատասխանատուութիւններու բաշխումը, ղեկավարութեան կառուցուածքը եւ ընդհանրապէս կառոյցին անվտանգութեան ապագան։
Անգարայի հանդիպումը համախմբեց ՆԱԹՕ-ի 32 անդամ պետութիւններու ղեկավարները՝ նախագահութեամբ դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութըի։
Թրամփ Անգարա ժամանեց զգալիօրէն աւելի մեծ քաղաքական ազդեցութեամբ եւ ըստ սովորութեան՝ ցնցիչ, տարօրինակ եւ արհամարհական արտայայտութիւններով: Ան իւրայատուկ հեգնական ոճով շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն տասնամեակներ շարունակ կրած է ՆԱԹՕ-ի հիմնական նիւթական բեռը՝ սպառնալով, որ յատկապէս եւրոպական պետութիւնները պէտք է դառնան աւելի ինքնաբաւ իրենց պաշտպանութեան հարցերուն մէջ, աւելցնելով, թէ իր երկիրը կը ձգտի իր ռազմական ներուժի աճող մասը ուղղել Չինաստանի կողմէ ստեղծուած ռազմավարական մարտահրաւէրներուն։
Այսպէս, ռազմական օժանդակութեան փոխարէն, Ուաշինկթընի համար այժմ առաջնահերթութիւն է հաշուետուութիւնն ու յստակ ռազմական նպատակներու գծով Եւրոպայի աւելի մեծ նիւթական մասնակցութիւնն ու պատերազմի քաղաքական լուծման որոնումը։
Թրամփի հիմնական պատգամը պարզ էր․ Եւրոպայի անվտանգութիւնը առաջին հերթին պէտք է դառնայ Եւրոպայի սեփական պատասխանատուութիւնը։
Յատկապէս ուշադրութեան արժանացաւ եւ շարունակ նշուեցաւ Էրտողան-Թրամփ անձնական ջերմ յարաբերութիւնը, որ, ըստ դէտերու պիտի նպաստէ երկու երկիրներու ակնկալած եւ ակնկալուելիք համագործակցութեան վերաշխուժացման։ Նոյնիսկ, գագաթնաժողովի մեկնարկին, Օսմանեան փառաւոր եւ շքեղաշուք ընդունելութեամբ դիմաւորուած Թրամփ իր եզակի քմծիծաղով արտայայտուեցաւ, թէ ընդառաջած է մասնակցութիւն բերել, այն պատճառով, որ ժողովը տեղի կ՛ունենայ Անգարայի մէջ, իր վաղեմի մօտիկ բարեկամ Էրտողանի հովանիին տակ։
Դեռ աւելին, Թրամփ վստահեցուցած է, թէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները պիտի վերցուին եւ արդիական «Էֆ․ 35» ռազմական օդանաւեր ծախելու գծով պիտի տրուի կանաչ լոյս։
Պէտք է ընդունիլ, որ այս գագաթնաժողովին մեծագոյն շահաւորը Թուրքիան էր, որ հակառակ վերջին տարիներու լարուած յարաբերութիւններուն, վերագտած էր իր ռազմավարական կարեւորութիւնը։
Թուրքիան կը վերահսկէ ՆԱԹՕ-ի հարաւարեւելեան սահմանագիծը եւ կը գտնուի Սեւ ծովու, Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի խաչմերուկին վրայ։ Այդ պատճառով ան առանցքային դեր ունի Իրանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Արեւելեան Միջերկրականի եւ նոյնիսկ Ռուսիոյ վերաբերող թնճուկներուն մէջ։
Իսկ պաշտպանական արդիւնաբերութիւններու բնագաւառէն ներս, Թուրքիան այս օրերուն կը գտնուի առաջնահերթ դիրքերու վրայ, արտադրելով գերկատարելագործուած անօդաչու սարքեր, հրթիռային համակարգեր, ռազմածովային սարքաւորումներ եւ արդիականացած ելեկտրոնային պատերազմի միջոցներ։
Գագաթնաժողովի խորքային նիւթերէն մէկը ՆԱԹՕ-ի աստիճանական եւրոպականացումն էր։ Այս մէկը չի նշանակեր, թէ Ուաշինկթըն կը հեռանայ դաշինքէն։ Փոխարէնը կը փոխուի պատասխանատուութիւններու բաշխումը։
Ուրեմն, Եւրոպայէն կ’ակնկալուի ստանձնել աւելի մեծ դեր ցամաքային ուժերու, ռազմավարական փոխադրամիջոցներու, զինամթերքի արտադրութեան, պաշտպանական արդիւնաբերութեան եւ տարածաշրջանային զսպման ոլորտներուն մէջ։
Բազմաթիւ Եւրոպական կառավարութիւններ յայտարարեցին նոր սպառազինական գնումներու, զինամթերքի արտադրութեան ընդլայնման, մշտական բանակներու մեծացման, հակահրթիռային պաշտպանութեան ներդրումներու եւ զէնքի արտադրութեան արագացման մասին։
Այս նոր գործելաձեւը պիտի ամրապնդէ՞ ՆԱԹՕ-ն, թէ՞ պիտի ստեղծէ նոր տարակարծութիւններու ալիք մը։ Արդեօք որքան հմտութեամբ դաշինքը պիտի կարենայ համադրել Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական առաջնահերթութիւնները Եւրոպայի անվտանգութեան մտահոգութիւններուն հետ։ Ահաւասիկ այլ հանգամանք մը, որ հարցադրումներու դուռ կը բանայ։
Հուսկ, այս բոլորին լոյսին տակ, Անգարայի այս գագաթնաժողովը կը վկայէ, որ ՆԱԹՕ-ն զարգացման նոր փուլի մը մէջ է, ուր եւրոպական երկիրները պիտի ստանձնեն հաւաքական պաշտպանութեան զգալիօրէն աւելի մեծ՝ առիւծի բաժինը։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
