Ակնարկ. «Վերջապէս»
14 Հուլիս 2026
Թուրքիոյ նախագահին հրաւէրին ընդառաջումով Լիբանանի վարչապետին Թուրքիա կատարած այցելութիւնը արարողակարգային բնոյթ չունի: Նախագահի կողմէ նախագահին յղուած հրաւէրը կրնար աւելի օրինաչափ նկատուէր: Յարաբերութիւններու աշխուժացման ընթացքի մը նախադրեալները կ՛երեւին այսպիսով, աստիճաններէ հերթաբար բարձրանալու առումով: Կայ անշուշտ այլ հանգամանք այս պարագային, որ կը վերաբերի թէ՛ նախագահ Էրտողանի եւ թէ՛ վարչապետ Սալամի կրօնական-դաւանական պատկանելիութեան:
«Սալամի Պոլիս այցելութիւնը կարեւոր էր, եւ Լիբանան վերջապէս գիտակցեցաւ շրջանին մէջ թրքական աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան տարողութեան»:
«Եթէ ապահովական պայմանները ապահովուին, նախագահ Էրտողանը կրնանք Պէյրութի մէջ տեսնել»:
Այս մէջբերումը պաշտօնական լրահոսէ չէ: Անպաշտօն խօսափող նկատուող թրքական աղբիւրէ լիբանանեան լրատուամիջոցին փոխանցուած ուղերձ է, որ ուշագրաւ կէտեր կը պարփակէ:
Այնտեղ ձեւակերպուած «վերջապէս» բառը ունի քաղաքական շեշտուած իմաստ: Այս կ՛ենթադրէ, որ Թուրքիան երկար ժամանակէ ի վեր պաշտօնական Պէյրութին կ՛ուզէր գիտակցիլ տալ, որ ինք ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնած է տարածաշրջանին մէջ, որուն առանցքային կէտերէն է Լիբանանը: Այդ դերակատարութիւնը կը բնութագրուի իբրեւ աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւն բանեցնող: Իսկ այս հրապարակումը կը հաստատէ, որ վարչապետը «գիտակցած» է այդ դերակատարութեան նշանակութեան:
Տարածաշրջանային պարունակը այս այցելութեան պահուն անպայման կը յուշէ անդրադառնալ իրանեան յենակէտերու պարզած ներկայ իրավիճակին մէկ կողմէ եւ միւս կողմէ Անգարա-Թել Աւիւ սրուող մրցակցային դրութեան: Այս երկու ուղղութիւններուն նկատմամբ կայ ենթահող ձեւաւորող պետութիւն` Ուաշինկթընը, որ ՕԹԱՆ-ի վերջին համաժողովին բարձրացուց Անգարայի դերակատարութիւնը: Իսկ Իսրայէլին զգուշացուց Լիբանանի ճգնաժամի հանգուցալուծումը Սուրիոյ յանձնելէ:
Բեմագրութիւնը կը շարունակուի. Անգարան պաղեստինեան դատին կը զօրակցի, կը հակադրուի Իսրայէլի, կ՛ուզէ Իրանի կողքին ներգրաւուիլ պատերազմին, սակայն նախագահ Թրամփ կը զսպէ անոր միացումը, որպէսզի պատերազմը աւելի ընդգրկուն չդառնայ: Անգարան Թեհրանին զօրակցելով կը յաւակնի լրացնելու Թեհրանի ձգելիք բացը: Կրկնակի այս խաղին նպատակը վաղեմի ծրագիրի իրականացումն է: Թուրքիոյ ազդեցութեան տարածումը Լիբանանի մէջ:
«Վերջապէս»-ը աւելի հեռուն գացող հեռանկարներ կը պարզէ: Տասնամեակներէ ի վեր ծրագրուող եւ փուլ առ փուլ գործադրութեան դրուող քաղաքականութեան մասին է խօսքը: Այդ քաղաքականութիւնը նոր շրջափուլ կը թեւակոխէ Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան զօրակցութեան շղարշներով, վերականգնումին նպաստելու եւ տնտեսապէս օժանդակելու խոստումներով, բայց ըստ էութեան նոր թափանցումներով:
Թափանցումի այս նոր փուլը կը թուի վայելել ամերիկեան հովանաւորչութիւն: «Փրկարար»-ի դերի տուչութիւն, որուն համար տասնամեակներու վրայ երկարող ծրագիր մշակած էր ու անոր գործադրութեան անցած Անգարան:
«Ա.»
«Ազդակ»
