Ակնարկ. Փաստաթղթայինն Ու Իրողականը
21 Հուլիս 2026
Միացեալ Նահանգներ-Լիբանան միջնախագահական հանդիպումին ընդառաջ կ՛արձանագրուի լաւատեսական յայտարարութիւններու շարան մը, որ մտածել կու տայ այդ հանդիպումին բեկումնային բնոյթ ապահովելու քարոզչական աշխատանքին մասին:
Նախ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կը յայտնէր, որ Լիբանանի նախագահը Ուաշինկթընէն ձեռնունայն պիտի չհեռանայ: Ապա, Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարը կ՛ընդգծէր, որ իր հանդիպումը նախագահ Աունին հետ չափազանց դրական էր: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը այս ուղղութեամբ առաքելութիւն ստանձնած է: Իրերայաջորդ յայտարարութիւններով ան կը փոխանցէր, որ իր պետութիւնը պիտի գործակցի Լիբանանի օրինական իշխանութիւններուն հետ եւ այս օրակարգով պիտի չերկխօսի Իրանի եւ Հըզպալլայի հետ: Աւելցնելով, որ նախագահ Թրամփին եւ նախագահ Աունին հանդիպումը անպայման դրական պիտի ըլլայ: Աւելի մանրամասնելով Ռուպիօ կ՛ուզէ պարզ դարձնել, որ Լիբանանի նախագահը պիտի կարենայ վերադարձին ժողովուրդին համոզել, որ ինք բոլոր լիբանանցիներուն եւ ամբողջ Լիբանանին համար դրական արդիւնքներ պիտի ապահովէ:
Այստեղ անմիջապէս արձանագրենք, որ Միացեալ Նահանգներ Հըզպալլայի հետ երկխօսելու եւ հարցի լուծման համար բանակցելու պարտականութիւնը կը փոխանցեն Սուրիոյ:
Այս շրջագիծին մէջ կատարուող յայտարարութիւններն ու դիւանագիտական հանդիպումները մէկ կողմէ կը սաստկացնեն Իրանի հետ հակամարտութիւնը` ամբողջ տարածաշրջանը վերաբռնկումի առաջնորդելով, միւս կողմէ լիբանանեան հատուածին ուղղութեամբ դրական ազդանշաններ կ՛ուղարկեն` Հըզպալլայի հետ հարցի լուծումը Դամասկոսին փոխանցելով:
Պաշտօնական Պէյրութի արձագանգները համահունչ կը թուին ըլլալ ամերիկեանին` փաստաթուղթ ներկայացնելով, ուր նշուած են իսրայէլեան ուժերու հեռացումը, տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիներու ազատ արձակումը, վերաշինութեան գործիքակազմերը եւ ընդհանրապէս յառաջիկայ փուլերուն մասին պետութեան պատկերացումները: Դժուար է պատկերացնելը, թէ դրական ի՛նչ տեսակի արդիւնքներ պիտի արձանագրուին այս հանդիպումին կամ անկէ բխած, երբ բռնագրաւումը կայ, երբ աւերը կայ, երբ գերիները ազատագրուած չեն: Հակամարտող կողմերը խանդավառ չեն այս հանդիպումէն: Իսրայէլ կը նախապատրաստուի միանալու տարածաշրջանային բռնկումին եւ այդ առումով վերստին դէպի Լիբանան իր յարձակումները սանձազերծելու, իսկ լիբանանեան Դիմադրութիւնը կը ջանայ առ ոչինչի վերածել կնքուած շրջագծայինը:
Փաստաթղթայինն ու իրողականը իրարու համապատասխան չեն: Ուաշինկթընի ճնշումով կրնայ զսպուիլ Իսրայէլը` Լիբանանը լայնածաւալ չհարուածելու: Նոյն Ուաշինկթընը կրնայ յայտարարել, որ իսրայէլեան ուժերը լաւ կ՛ըլլայ, որ հեռանան Լիբանանէն, սակայն միեւնոյն ճնշումը չբանեցնել հեռացնելու համար բռնագրաւողը: Յայտարարութիւնները կրնան լաւատեսութիւն փոխանցել, նոյնիսկ զինադուլը կրնայ մեծ հաշուով յարգուիլ, սակայն բռնագրաւումը կը շարունակէ մնալ: Բռնագրաւեալ տարածքներով զինադուլը իրողական պատկերն է այժմեան կացութեան: Միացեալ Նահանգներուն համար զինադուլի երկարաձգումը քաղաքական առաւել է բանակցային գործընթացը շարունակելու եւ գոյավիճակը ամրապնդելու համար: Ամերիկեան լաւատեսական յայտարարութիւնները մինչեւ հանդիպում եւ անշուշտ հանդիպումի աւարտին ռազմավարական այս ուղեգիծին մասին կը յուշեն:
«Ա.»
«Ազդակ»
