Եւրոխորհուրդի Հնչեցուցած Ահազանգը՝ Ձայն Բարբառոյ Յանապատի՞
02 Հոկտեմբեր 2026
Աստուածաշունչին մէջ նշուած «Ձայն բարբառոյ յանապատի» խօսոյթը ոչ մէկ բան կորսնցուցած է իր խոր իմաստէն։ Դարեր անցած են, եւ այդ մէկը կը մնայ նոյնքան ազդեցիկ ու իմաստուն։ Հայ գրականութեան մէջ ալ բազմիցս գործածուած է այս խօսոյթը՝ սթափեցնելով հայորդին եւ ահազանգելով մեր ազգային լուռ ցաւերը։
Արդեօք Սեպտեմբեր 28-ին, Սթրազպուրկի մէջ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի հնչեցուցած ահազանգը ապարդի՞ւն պիտի ըլլայ եւ աւարտի նմանօրինակ եզրակացութեամբ։
Լուրջ էր Սթրազպուրկէն հնչած արձագանգը, ուր յականէ անուանէ կը մատնանշուէին վերջին ամիսներուն պատահած իրադարձութիւնները, Հայաստանի քաղաքական եւ կրօնական բեմահարթակին վրայ։
Սոյն վեհաժողովի բրիտանացի պատգամաւորը՝ Էտուըրտ Լի (Edward Leigh) առանց բառերը ծամծմելու մատը դրաւ վէրքին վրայ եւ մանրամասնօրէն նկարագրեց, թէ ամէն բան վարդագոյն չէր պարզուեր «թաւշեայ յեղափոխութեան» երկրին մէջ․․․ութ տարի ետք։ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ շղթայազերծած բուռն պայքարին կողքին, 7 Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Փաշինեանի կառավարութիւնը ամէն կարելիութիւն ի գործ դրած էր չեզոքացնելու ընդդիմութիւնը։ Այնքան մը, որ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ին բողոքն ու կրկին քուէարկութիւն կատարելու դիմումը կտրուկ մերժուած էր, եւ այդ պատճառով իշխող (իմա՛ օգտագործող եւ շահագործող) «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը յաւելեալ աթոռներ «կուլ տուած» էր։
Մենատիրական եւ ծաւալապաշտ գործելաձեւով, անդամալոյծ եղած էր ժողովրդավարական պայմաններով գործադրուող ընտրութիւնը, որուն ակնկալուած եւ յատկապէս պարտադրուած արդիւնքները ցոյց տուած էին, թէ հայ ժողովուրդը ընտրած է եւրոպամէտ ճանապարհը։
Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի նկատմամբ Եւրոխորհուրդի վերահսկողութեան ծիրին մէջ ընդունուած 2635 բանաձեւով այս վեհաժողովը կը հաստատէ, որ Հայաստանի մէջ շեշտակի է քաղաքական բեւեռացումը եւ մտահոգութիւն կը յայտնէ այս քաղաքական ահաւոր ախտաճանաչման, նաեւ՝ վարչապետ Փաշինեանին եւ Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Գարեգին Բ․ վեհափառին միջեւ լարուածութեան վերաբերեալ։ Բանաձեւը նաեւ յատկապէս կը յիշատակէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ անդամներու մասնակցութեամբ ենթադրեալ դաւադրութիւններու վերաբերեալ հաղորդումներ՝ միաժամանակ ընդգծելով ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ քաղաքական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դիրքորոշումը այն է, որ կառավարութիւնը պետական իշխանութիւնը կ’օգտագործէ ամբողջ ուժականութեամբ (full force) եկեղեցական գործերուն միջամտելու եւ հոգեւորականներուն ու կաթողիկոսին նկատմամբ ճնշում բանեցնելու համար։
Հայ Առաքելական եկեղեցին առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ երկրի պատմութեան եւ ազգային ինքնութեան մէջ։ Անոր դերը կը տարածուի կրօնական սովորական կառոյցէն շատ աւելի անդին՝ ընդգրկելով մշակութային, կրթական եւ պատմաքաղաքական ոլորտներ, որոնք դարերու ընթացքին զարգացած եւ հիմնաւորուած են։
Մինչդեռ կառավարութեան դիրքորոշումը յստակ է եւ ցայտուն կերպով կը բխի անոր գործողութիւններէն եւ Եկեղեցւոյ բարեփոխումներու շուրջ հրապարակային քննարկումներէն։ Փաշինեան կը շեշտէ, որ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունին լուրջ հիմնական խնդիրներ, որոնք շտապ եւ անպայման պէտք է բարեփոխուին։
Տիրող գոյավիճակը կը շարունակուի, եւ հակասութիւնը մնացած է անփոփոխ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի եւ շարք մը բարձրաստիճան հոգեւորականներու նկատմամբ ընթացող դատական գործընթացները կը շարունակուին, իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը յամառօրէն կառչած իր «նէօ-կրօնական» գաղափարներուն, կը շարունակէ ղօղանջել եկեղեցւոյ բարեփոխումներուն վերաբերող իր զանգը։
Եւրոխորհուրդի նիստէն հնչեց տեղին յայտարարութիւն մը՝ նշելով, որ Հ․Հ․ պետական միջամտութեան ծաւալն ու բնոյթը կը բարձրացնեն լուրջ եւ խոր հարցեր, որոնք պէտք է միջազգային մակարդակով քննութեան առարկայ դառնան, յատկապէս կրօնական ազատութեան եւ Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան տեսանկիւնէն։ Այսինքն, Եւրոխորհուրդին համար հարցը նաեւ Երեւանի եւ Էջմիածինի միջեւ առճակատում մըն է, որ աւելի տեսանելի կերպով կը ներառուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական քննարկումներուն մէջ եւ կ’առնչուի Հայաստանի մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարական կառավարման եւ օրէնքի գերակայութեան վերաբերող աւելի լայն պարտաւորութիւններուն։ Այսպէս, Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Եկեղեցւոյ համար վէճը խորապէս կապուած է գերիշխանութեան, ազգային ինքնութեան եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու սահմանադրական հարցերուն։
Բացայայտ է, որ Եւրոխորհուրդի իրաւական շրջանակը առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տայ մտքի, խղճի եւ կրօնի ազատութեան՝ միաժամանակ հաստատելով, որ պետութիւնները լիազօրութիւն ունին իրենց իրաւասութեան սահմաններուն մէջ որոշ հարցեր կարգաւորելու։
Հարցը վերածուած է համեմատականութեան (proportionality) եւ կառոյցներու իրաւասութեան սահմաններու խնդրի մը: Արդեօք ո՞ւր կ՛աւարտի պետական օրինական կարգաւորումը, եւ ո՞ր պահուն այդ կարգաւորումը կը վերածուի կրօնական ինքնավարութեան միջամտութեան։ Պարագան յար եւ նման է երկրի քաղաքական բնագաւառէն ներս։
Այս իրադարձութիւններէն ետք, արդեօք կրկի՞ն «Ձայն բարբառոյ յանապատի»։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
