Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է
03 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հիւրն էր «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի «10452» փոտքասթին, որ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները:
Բագրատունի հարցազրոյցին սկիզբը հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն թէեւ կը հասկնայ համաներման օրէնքի մարդասիրական կողմը, սակայն սկիզբէն դէմ եղած է անոր:
Ան բացատրեց, որ կուսակցութեան այդ օրէնքին դէմ ըլլալը կը բխի լիբանանեան հասարակութեան մէջ անպատժելիութեան արմատաւորումը կանխարգիլելու ցանկութենէն` պնդելով, որ «անցուկը մոռցուկ է» սկզբունքը Լիբանանը հասցուցած է ներկայ դժուար վիճակին:
Անդրադառնալով շրջանային իրավիճակին` Բագրատունի նշեց. «Իսրայէլի նպատակները բնակեցման վայրերու անվտանգութենէն շատ աւելի հեռու կ՛երթայ»` աւելցնելով. «Ո՛չ Իսրայէլը կ՛ուզէ նահանջել, ո՛չ ալ Հըզպալլան կ՛ուզէ իր զէնքերը յանձնել… եւ մենք կ՛ապրինք անցումային շրջանի մէջ»:
Ան նաեւ ընդգծեց. «Միջազգային եւ շրջանային տէրութիւններու միջեւ կը կնքուի մեծ համաձայնագիր»:
«Մեր կարեւորագոյն որոշումը ներքին միասնութեան, համակեցութեան եւ մեր ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ գերիշխանութեան մնացորդի պահպանումն է», շեշտեց Բագրատունի:
