Առ ի զօրակցութիւն Արցախի ու Հայաստանի` քաղաքական նկատառելի նշանակութեամբ հաւաք` Ալֆորվիլի մէջ
05 Հոկտեմբեր 2020-Ֆրանսուա Հոլլանտ. Նոյնիսկ պէտք է վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ անդամակցութիւնը` ՕԹԱՆ-ին
-Օտրէ Փիւլվար. Պաքուի տրուած լաւագոյն պատասխանը կ‘ըլլայ Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը
-Լիւք Քարվունաս. հպարտ եմ Բերձորի հետ քոյր քաղաք ըլլալու համար եւ կը վերահաստատեմ յանձնառութիւնս
-Մուրատ Փափազեան. շնորհակալ ենք Ֆրանսայի անվերապահ զօրակցութեան համար, բայց տակաւին բաւարար չէ եւ կ‘ակնկալենք
աւելին
Ֆրանսայի մարաքաղաք Փարիզի հայաշատ արուարձանին` Ալֆորվիլի մէջ քաղաքապետ Լիւք Քարվունասի կազմակերպութեամբ կիրակի 4 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հաւաքը` առ ի զօրակցութիւն Արցախի ու Հայաստանի, խուռն բազմութեան եւ քաղաքական նկատառելի ընտրանիի մը մասնակցութեամբ, յատկանշուեցաւ քաղաքական կարեւոր եւ յստակ կեցուածքներով, ուր մասնաւորապէս մատնացոյց եղաւ Անգարա-Պաքու ուղիղ գիծը` Արցախի եւ Հայաստանի վրայ կատարուող ռազմական, քաղաքական եւ քարոզչական յարձակումներու գծով:
Ալֆորվիլի քաղաքապետարանը, որ Արցախի Բերձոր քաղաքին հետ կնքած է բարեկամութեան համաձայնագիր, ծածկուած էր Արցախի, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի դրօշներով: Ներկայ էին նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, քաղաքապետը` Լիւք Քարվունաս, Փարիզի փոխ քաղաքապետուհի Օտրէ Փիւլվար, մեծաթիւ երեսփոխաններ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, հոգեւոր հայրեր եւ հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Բոլոր խօսք առնող անձնաւորութիւնները շեշտեցին Անգարայի ուղղակի մասնակցութիւնը Պաքուի կողքին, դատապարտելով զայն, ինչպէս նաեւ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնելով Արցախին ու Հայաստանին:
Քաղաքապետ Լիւք Քարվունաս յայտնեց, որ հպարտ է, որ իր նախաձեռնութեամբ Ալֆորվիլը բարեկամութեան համաձայնագիր կնքած է Արցախի Բերձոր քաղաքին հետ, ի հեճուկս` Պաքուի բոլոր տեսակի միջամտութիւններուն: Ան ըսաւ, որ դատարան դիմած ազերիական կողմին քայլերը չեն կրնար կասեցնել Ալֆորվիլը եւ կոչ ուղղեց ֆրանսական իշխանութեանց` դադրեցնել այս դատական անընդունելի հոլովոյթն ու որոշումը, որ առաւել առիթ կ‘ընծայէ էրտողաններուն եւ ալիեւներուն աընդունելի ոտնձգութեան: Ան իր խօսքը աւարտեց «Կեցցէ Արցախի Հանրապետութիւնը» համարձակ արտայայտութեամբ:
Դիպուկ էր Փարիզի փոխ քաղաքապետ Օտրէ Փիւլվարի խօսքին հետեւեալ եզրակացութիւնը. «Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան միակ պատասխանը կ‘ըլլայ Ֆրանսայի կողմէ Արցախի հանրապետութեան պաշտօնական ճանաչումը»:
Բուռն ճառ արտասանեց Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան: Ան վեր առաւ Հայոց բանակի փայլուն առաքելութիւնն ու յաղթական երթը ընդդէմ թուրք-ազերի նենգ յարձակումին, ողջունեց հայ զինուորին ու թիկունքի կամաւորներուն անկոտրում կամքն ու քաջարի դիմադրութիւնը, հաստատելով, որ յաղթանակը մերն է անկասկած:
Իր խօսքը ուղղելով ֆրանսական իշխանութեանց, Մուրատ Փափազեան ըսաւ. «անչափ շնորհակալ ենք Ֆրանսային, որ իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախին ու Հայաստանին, մանաւանդ յստակ նշելով Պաքուի նախայարձակ ըլլալը եւ Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութիւնը: Անչափ շնորհակալ ենք ֆրանսացի ցարդ 173 խորհրդարանականներուն, որոնք զօրակցագիր ստորագրած են ի նպաստ Արցախի ու Հայաստանի` ընդդէմ ազերիական ակրեսիային: Շնորհակալ` այս պատերազմին գծով նախագահ Մաքրոնի արդար ու յստակ դիրքորոշումին, որ կը յատկանշուի թուրք-ազերի կողմին դատապարտումով ու հայկական կողմին զօրակցութեամբ: Իրապէս շնորհակալութիւն` Ֆրանսա: Բայց, բաւարար չէ, հաւատացէք եւ կ‘ակնկալենք շատ աւելին, ուղղակի շօշափելի ու գործնական քայլեր` կասեցնելու էրտողանի եւ ալիեւի վաշխառու ընթացքը»:
Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ըսաւ, որ իր իշխանութեան ժամանակ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի նախագահները հրաւիրած է Էլիզէ, եւ բանակցութիւնները հասած են որոշ տեղ, սակայն Էրտողանի Թուրքիոյ ճնշումով`խանգարուած: Ան ըսաւ, որ Թուրքիա հատած է բոլոր սահմանները, կը հովանաւորէ միջազգային ահաբեկչութիւնը եւ անոր քաղաքականութիւնը կը հակասէ Եւրոպական Միութեան բոլոր չափանիշներուն: Հետեւաբար, ըսաւ ան, պէտք է Անգարայի դէմ սահմանել պատժամիջոցներ, նոյնիսկ վերատեսութեան ենթարկել անոր ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը, որովհետեւ Անգարա իր վարած քաղաքականութեամբ կը մեղանչէ նոյնինքն ՕԹԱՆ-ի սկզբունքներուն դէմ:
Ֆրանսուա Հոլլանտ իր խօսքը եզրափակեց այսպէս. « կոչ կ‘ուղղեմ ֆրանսացի ժողովուրդին` ըլլալ զօրակից` հայ ժողովուրդին, իր այս դժուար պահերուն: Արցախի հարցն միայն նահատակ հայ ժողովուրդի հարցը չէ, այլ միջազգային խնդիր է: Արդ, եթէ Ֆրանսան եւ Եւրոպան ներկայ ըլլան հարկ եղած ձեւով ու չափով, Էրտողանի քաղաքականութիւնը կանգ կ‘առնէ այստեղ»:



