Պուտափէշթի Միջամտութիւնն Ու Երեւանի Միամտութիւնը
07 Հունվար 2022
Կատարուած միջամտութիւնը կամ բեմադրուած «ժեսթ»-ը յստակ է բոլոր հայորդիներուս համար, պատմութեան մէջ մասնագիտացող ակադեմականէն մինչեւ մշակը, բանուորը։
Սակայն, զարմանալիօրէն, պաշտօնական Երեւանը՝ պաշտպանութեան նախարարութէնէն մինչեւ արտաքին գործոց նախարարութիւն, յայտնապէս չեն ըմբռնած, խորապէս չեն վերլուծած եւ դիւանագիտական հապճեպ միջոցառումներու չեն դիմած, բացայայտելու, թէ ի՞նչ պատճառներով, մղոններ հեռու գտնուող Հունգարիոյ կառավարութեան միջնորդութեամբ, Դեկտեմբեր 29, 2021-ին հինգ հայ գերիներ Ատրպէյճանէն վերադարձան Երեւան:
Չենք անտեսեր պատահարին դրական կողմը, թէ՝ հայ գերիներ վերադարձան հայրենիք, մինչդեռ Ալիեւ եւ իր «երգչախումբը» յանկերգի վերածած էին, թէ իրենց քով հայ գերիներ չկան: Սակայն, քիչ մը քաղաքական հոտառութիւն եւ յիշուղութեան նշոյլ մը ունեցողը կը հարցադրէ, թէ նման քայլ մը ի՞նչ ծալքեր ու յետին նպատակներ ունի: Միթէ այդ նոյնինքն Հունգարիոյ մէջ չէ՞ր, ուր Փետրուար 18, 2004-ին, երբ անգլերէն լեզուին ծանօթանալու եւ ընտելանալու համար, ՆԱԹՕ-ի հրաւէրով զանազան երկիրներէ հրաւիրուած սպաներ ժամանած էին, ազերի բանակային մը՝ Ռամիլ Սաֆարով, գիրն ու գրականութիւնը մէկդի դրած, ընթացք տուած էր իր թրքաբարոյ «արեան կանչին»՝ արիւնահեղութեան, եւ կէս գիշերին կացինահարած էր հայ բանակային Գուրգէն Մարգարեանը։
Այդ նո՛յն Հունգարիոյ դատական ատեանն էր, որ Ապրիլ 13, 2006-ին պաշտօնապէս յանցաւոր գտած էր Սաֆարովը եւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտած, պայման դնելով, որ վճիռը միայն երեսուն տարի ետք կրնար վերատեսութեան ենթարկուիլ։
Բա՜յց… Միայն վեց տարի ետք, Օգոստոս 31, 2012-ին, չես գիտեր ուրկէ՞ «ներշնչում առած» կիսատ-պռատ ու հապճեպ որոշում- «կարգադրութեամբ» մը, անշուշտ մի՛շտ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափէշթի մէջ, Սաֆարով յանկարծ ազատ արձակուեցաւ եւ իբրեւ յաղթական հերոս վերադարձաւ Պաքու․․․։
Արդեօք ի՞նչ կարեւորութիւն ունի, որ երբ Սաֆարով գործեց ոճիրը, Պաքուի մօտիկ բարեկամ, ծաւալապաշտ ու ազգայնամոլ գաղափարներու տէր վարչապետ Վիքթոր Օրպան պաշտօնի վրայ չէր գտնուեր։
Թուականներն ու եղելութիւնները ցոյց կու տան, թէ 2010-էն ի վեր վերստին վարչապետի պաշտօն ստանձնած Օրպան «ձեռքի գործը տեսած» է եւ, յաւելեալ մերձեցումի եւ անձնական շահեր ապահովելու համար, ընդյատակեայ դասաւորումներ կատարած էր Ալիեւի հետ եւ ազատ արձակած արիւնարբու Սաֆարովը։
Այդ օրերուն էր, որ Հայաստան կապերը խզած էր Հունգարիոյ հետ եւ բողոքած։ Բողոքը հասած էր Սթրազպուրկի Եւրոպական դատական ատեանի դռները, սակայն ի զուր․․․ Հարցը շարունակ ձգձգուեցաւ ու մոռցուեցաւ, «շնորհիւ» շահադիտական այլ հաշիւներու եւ ի վնաս Հայաստանի։
Իսկ այսօր Հունգարիա կրցած է միջնորդել եւ ազատ արձակել տալ հինգ հայ գերիներ։ Աւելի՛ն, պատկերը աւելի խառնաշփոթ վիճակի մատնելով եւ կացութիւն ստեղծելով, քաղաքականութիւնն ու կրօնքը իրարու խառնելով՝ Հունգարիոյ վարչապետին ներկայացուցիչը նշեց, թէ այս միջամտութիւնը արտայայտութիւն մըն է հալածեալ քրիստոնեաներուն աջակցութեան եւ «Հունգարիան կ՛օգնէ» ծրագիրի իրականացման։ Փաստօրէն, միայն կարելի է զարմանալ, երբ պաշտօնատարը կը շեշտէ, որ այդ ծրագիրի ծիրին մէջ, իր երկիրը կ՛օգնէ հաւատքի` քրիստոնէութեան պատճառով հալածուողներուն, ներառեալ` հայ առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն: Ուրեմն, պէտք է հասկնանք, թէ հայ-ազերիական հակամարտութիւնը եւ անկէ ծնած բազմերես տագնապները… կրօնական հակամարտութեան հետեւանք են եղեր: Մարդիկ որքա՛ն ծիծաղելի կը դարձնեն իրենք զիրենք:
Իրաւունք ունինք նաեւ հարց տալու. ո՞վ է նեցուկ կանգնողն ու հովանաւորողը՝ «Հունգարիան կ՛օգնէ» ծրագիրին։
Արագ եզրակացութիւններու ցատկելն ու մինչեւ իսկ հիմնաւորեալ ենթադրութիւններ կատարելը սխալ ընթացք կրնան ստեղծել. սակայն նաեւ չենք կրնար չարձանագրել, թէ այդ ծրագիրն ալ անուղղակիօրէն Օրպան-Ալիեւ գործակցութեան մէկ շառաւիղն է, առանց անպայման որոնելու այլ «բարերար» հովանաւորներ։
Վերադառնալով «հերոս» Սաֆարովի սխրագործութեան եւ Պուտափէշթի «քրիստոնէավայել» միջնորդութեան, հարց տանք. արդեօք ի՞նչ պիտի ըսէր Մարգարեանի սենեկակիցը՝ հունգար Պալաշ Քութին, որ կիսաքուն վիճակի մէջ սարսափահար ականատես եղած էր քստմնելի ոճիրին։
Հապա Սաֆարովի դէմ ցմահ բանտարկութեան վճիռ արձակած դատաւոր Անտրաշ Վասքութի՞ն, որուն տրամադրած ժամերն ու պատրաստած թղթածրարը կարճ ատեն ետք մէկդի շպրտուած էին։
Կայ նաեւ հայոց բանակի միւս ներկայացուցիչը՝ Հայկ Մակուչեանը, որ իր կեանքը կը պարտի իրենց սենեակին դուռը կղպած լիթուանացի սենեկակիցին։ Սաֆարով փորձած էր Մակուչեանի սենեակը մուտք գործել եւ շարունակել իր ոճրագործութիւնը։ Դեռ չենք խօսիր նահատակ հայ սպայի ընտանիքին մասին:
Կրկնենք. զարմանալի է չնկատել Պուտափէշթի (եւ․․․ Պաքուի) գործակցական միջամտութեան դիմաց՝ Երեւանի միամտութիւնը (մեղմ ասած)։
…Ամենէն ողբերգականն ու զարմանալին այն է, որ երբ Սաֆարով ժամանեց Պաքու իբրեւ հերոս դիմաւորուեցաւ ու ստացաւ թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական պարգեւներ։ Մինչդեռ տուն դարձող հայրենի հինգ զինուորներէն մէկը արդէն իսկ ձերբակալուած է, «զինուորական կանոններ խախտած ըլլալու» պատճառաբանութեամբ․․․։
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական
hairenikweekly.com