Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Առիթով
22 Մարտ 2022
Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մնաց նուազ քան երկու ամիս: Անհատական թեկնածութիւններու ներկայացման ժամկէտի աւարտին` 15 մարտ 2022-ին, երեւան եկաւ, որ 128 երեսփոխանական աթոռներուն յաւակնորդներուն թիւը կը գերազանցէ հազարը: Բոլոր թեկնածուները չէ որ պիտի կարողանան 15 մայիս 2022-ին ներկայանալ ընտրողներու դատին: Արդարեւ, իրողապէս առաջադրուելու համար անհրաժեշտ է մաս կազմել ցուցակի մը: Ցուցակները կազմաւորման ընթացքի մէջ են. անոնք պէտք է կազմուած ըլլան մինչեւ 15 ապրիլ 2022: Ո՛վ չի յաջողիր մաս կազմել ընտրելիներու ցուցակի մը, դուրս կը մնայ ընտրապայքարին մասնակցելու իրաւունքէն:
Լիբանանեան վերջին ընտրական օրէնքը, որ առաջին անգամ գործադրուեցաւ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որդեգրած է համամասնական (համեմատական) դրութիւնը: Թեկնածուներու իւրաքանչիւր ցուցակէն կը յաջողի թիւ մը, որ կը համապատասխանէ ցուցակի ստացած ձայներու համեմատութեան: Ցուցակները կազմուած ըլլալով այլազան համայնքներու պատկանող թեկնածուներէ, անհրաժեշտ է ճշդել, թէ ո՛ր թեկնածուները պիտի ըլլան ընտրուողները: Այս դասաւորումը կը կատարուի շնորհիւ նախընտրական քուէին, որուն միջոցով իր նախընտրած ցանկին մէջէն ընտրողը կը նշանակէ իր գլխաւոր նախընտրութիւնը:
Այս բարդ ընտրական դրութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ անպատեհութիւններու: Օրինակ, ցանկը ստացած է չորս թեկնածուի ընտրութեան իրաւունք, որոնք կը ճշդուին շնորհիւ նախասիրական քուէներու թիւին: Այդ չորսին մէջ չի մտներ, պատահաբար, տուեալ համայնքի մը թեկնածուն: Անոր ընտրութեան իրաւունքը կը փոխանցուի մրցակից ցանկին, որուն մաս կազմող տուեալ համայնքի թեկնածուն, որ կրնայ շատ փոքր թիւով նախասիրական քուէներ ապահոված ըլլալ, կը յայտարարուի ընտրուած: Նման անբնական, յատկապէս անարդար ընտրութիւններ կատարուեցան բազմաթիւ ընտրատարածքներու մէջ: Համայնքային դրութեան եւ համամասնական ընտրութեան զուգորդումը կը ստեղծէ նման անարդարութիւններ: Անոնցմէ խուսափելու համար ուշադիր պէտք է ըլլան ընտրողները, որոնք իրենց տրամաբանութեան վրայ միայն հիմնուած քուէարկութեամբ կրնան նուազագոյնի իջեցնել նման սխալները:
Երեսփոխանական ընտրութեան կը մասնակցին նաեւ Լիբանանի հայ համայնքի անդամները: Ինչպէս ընդհանուրի պարագային, հայ համայնքէն եւս թեկնածուական յայտ ներկայացուցած են բազմաթիւ հայեր: Հայերուն վերապահուած վեց աթոռներուն համար ունինք աւելի քան քսան թեկնածուներ: Ցուցակներու կազմութենէն ետք քանի՞ թեկնածու իրողապէս կը մնայ, տակաւին չենք գիտեր: Հայ թեկնածուներու մեծ թիւը ցոյց կու տայ, որ երեսփոխան դառնալու ախորժակները լայնօրէն բացուած են:
Ինչո՞ւ երեսփոխան կը դառնան: Քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, բնապահպանական կալուածներէն ներս սեփական գաղափարները, ընտրանքները իրագործելու հնարաւորութիւն ունենալու համար, անշուշտ: Սա համալիբանանեան առումով: Սակայն երեսփոխանը, որ համայնքի մը կը պատկանի, պարտաւոր է նաեւ տէր կանգնելու իր համայնքի իւրայատուկ իրաւունքներուն: Ան չի կրնար շրջանցել իր իսկ համայնքին իւրայատուկ պայմանները, պահանջները եւ իրաւասութիւնները:
Այս երկուութիւնը շատ աւելի շեշտուած ձեւով առկայ է հայ երեսփոխաններուն պարագային: Հայ համայնքը մասնայատուկ դրութիւն ունի Լիբանանի մէջ: Հայոց լեզուն, մշակոյթը, ապրելակերպը, կրօնն ու դաւանանքը, Հայաստանի նկատմամբ հաւատարմութիւնը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցման պահանջը, մէկ խօսքով` Հայ դատը լիբանանցի հայ ընտրողին համար նուազ կարեւորութիւն չունին բաղդատաբար համալիբանանեան հարցերուն, որոնք եւս կարեւոր են:
15 մայիսին, մեր քուէն պիտի տանք այն թեկնածուներուն, որոնք ի վիճակի են պաշտպանելու թէ՛ իբրեւ լիբանանցի քաղաքացի մեր իրաւունքները եւ թէ՛ իբրեւ հայ քաղաքացի իրաւունքները:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com