ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Լիզպոնի 5 Հերոսներուն Անձնուէր Արարքին 40-Ամեակը

31 Հուլիս 2023

27 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ լիբանանահայութիւնը խուռներամ շարքերով ոգեկոչեց իր ծոցէն ծնունդ առած, իրեն ծառայութեան մէջ երբեք չզլացած, բայց եւ այնպէս համայն հայութեան սրբազան Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ իրենց եսը զոհած, մենքը առաջնակարգ նկատած 5 հերոսներուն` Սեդրակ Աճէմեանի, Սիմոն Եահնիեանի, Արա Քըրճըլեանի, Վաչէ Տաղլեանի եւ Սարգիս Աբրահամեանի անձնազոհական արարքին 40-ամեակը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Նանի Գալուստեան, որ դիտել տուաւ, թէ ամէն տարի յուլիս ամսուան ընթացքին, ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կը յիշէ 20-րդ դարու ամէնէն համարձակ, խենթ եւ միեւնոյն ատեն սուրբ արարքը` Լիզպոնի գործողութիւնը, զոր իրականացուցին լիբանանահայ գաղութին, երիտասարդութեան ու հայ ազգին հերոսները եւ աշխարհը թնդացնելով ցոյց տուին, որ հայը կա՛յ, պիտի մնայ եւ շարունակէ իր պայքարը:

Ան յայտնեց, որ Լիզպոնի հինգը իրենց նկարագրային վեհ գիծերով եւ համարձակութեամբ մարմնաւորեցին դաշնակցական մարտական տիպարի գերագոյն յատկութիւնները` հեռու մնալով ամէն տեսակի յոռի բարքերէ եւ սովորութիւններէ, իսկ կարեւորագոյնը այն էր, որ անոնք անձնականը մոռնալով հաւաքականին նուիրուելու պատրաստակամութեամբ լեցուած էին, այլապէս պիտի չկարենային իրենց անձերը զոհել հայութեան համար:

Ն. Գալուստեան շեշտեց, որ` իբրեւ հայ երիտասարդներ, իրենց պարտականութիւնն է ըլլալ անձնազոհ ու միշտ պատրաստ` ծառայելու Հայ դատին, ընդարձակելու համար Լիզպոնի հինգին պայքարը, որ ազատագրական պայքարի, յեղափոխութեան, ինքնապաշտպանութեան եւ «Նեմեսիս»-ի հերոսներէն մեզի փոխանցուած սրբազան ժառանգութիւն է ու կտակ: «Լիզպոնի մեծագոյն դասը եղաւ ապաւինիլ սեփական ուժին: Հետեւաբար, հայ երիտասարդը իրաւունք չունի ինքնանպատակ եւ սովորական կեանքի մաշեցնող օրէնքներուն հետեւելու: Մենք պարտաւորութիւններ ունինք մեր ազգին եւ մեր նահատակներուն հանդէպ: Պարտաւոր ենք վառ պահել Լիզպոնի 5 տղոց յիշատակը եւ այն բոլոր արժէքները, որոնց համար նահատակուեցան անոնք: Պարտաւոր ենք հաւատարիմ եւ յանձնառու մնալ մեր ազգին եւ հայրենիքին նկատմամբ: Մենք այսօր պէտք չէ՛ շեղենք մեր հայեացքը ազգային մեր արժէքներէն անդին, չտարուինք առօրեայ նիւթական փառքերով, ինչպէս նաեւ ապազգային գաղափարներով, այլ կառչած մնանք հայ լեզուին եւ մշակոյթին», ըսաւ ան:

Նանի Գալուստեան դիտել տուաւ, որ այս տարի, Լիզպոնի 40-ամեակին կողքին, ՀՅԴ ԼԵՄ-ը նաեւ կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեակը: «ՀՅԴ ԼԵՄ-ը ոչ միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, այլ նաեւ համայն հայութեան վահանը կը հանդիսանայ եւ իր միասնական բազուկով միշտ պատրաստ է հարուածելու բոլոր անոնց, որոնք կը սպառնան մեր ազգին ու հայրենիքին: Լիզպոնի մեր հինգ ընկերները ճամբան բացին: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ կանգնած լռութեան պատը քանդեցին: Այսօր, մեր կարգն է քանդելու Արցախի հիմնահարցի եւ արցախահայութեան դէմ կանգնող անարդարութեան, վայրագութեան եւ նենգութեան այս նոր հրէշային պատը:

«Պէտք է պահենք Սարգիսին, Սեդրակին, Արային, Վաչէին եւ Սիմոնին անսկիզբ եւ անվերջ, անպարագիծ եւ անշեղ պայքարը:

«Յուսախաբ պէտք չէ՛ ընենք մեր նահատակուած ընկերները, կիսատ չենք կրնար ձգել անոնց արեամբ գծուած պայքարը: Համակերպումն ու տկարութիւնը` ազերիին, թուրքին եւ երեւելի ու աներեւոյթ ամէն տեսակի թշնամիի դիմաց, ընդունելի չէ՛ր, ընդունելի չէ՛ եւ երբեք ընդունելի պիտի չըլլա՛յ: Մեր կարգին, առաջնորդուինք մեր հինգ հերոսներուն գաղափարական վեհութեամբ, զինուինք անոնց քաջութեամբ, կրենք անոնց կորովը մեզի հետ, յիշենք անոնց խօսքերն ու պատգամները եւ իրենց յիշատակը միշտ անթառամ պահենք, որպէսզի մենք ու մեր յաջորդները յիշենք, գործենք ու ի վերջոյ հասնինք մեր եւ ամբողջ հայութեան գերագոյն երազին` Սեւրի դաշնագիրին մէջ ճշդուած միացեալ Հայաստանին», եզրափակեց ան:

Ապա ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակին նուիրուած տեսերիզ մը:

Օրուան պատգամը ուղղեց Լութֆիկ Այվազեան, որ անդրադարձաւ հայութեան, յատկապէս լիբանանահայութեան կողմէ Լիզպոնի գործողութեան տրուած տարբեր տարողութեան կարեւորութեան` նշելով, թէ ճիշդ 40 տարիներ առաջ կատարուած Լիզպոնի գործողութիւնը ատենին եւ մինչեւ հիմա տարբեր եւ յատուկ ընկալում ստացած է համայն հայութենէն. «Դաշնակցական գաղափարներով սնած ու տոգորուած սրբազան հինգ խենթերը` Վաչէն, Արան, Սիմոնը, Սեդրակը եւ Սագոն, պատմական անուններ չեն սոսկ: Անոնց վճիտ ձայներուն արձագանգը, զոր լսեցինք, անոնց դէմքերուն ջինջ արտացոլացումը, զոր տեսանք գործողութենէն անմիջապէս ետք տարածուած «պղտոր» տեսերիզին մէջ, իրենց «պայծառ» դրոշմը ձգեցին իւրաքանչիւր հայու խիղճին թէ միտքին մէջ: Հայոց ա՛յս սերունդը, որ լսած կամ կարդացած էր, այս անգամ սեփական աչքով տեսաւ եւ հասկցաւ պատգամը: Հինգ խիզախ սրտեր, խրոխտ քայլերով, դէպի անձնազոհութիւն, դէպի մահ կը քալէին իրենց գաղափարներուն իրականացման ձգտումով», ըսաւ ան:

Բանախօսը նշեց, որ Արցախի առաջին պատերազմի նախօրեակին Լիզպոնի գործողութիւնը նոր էջ մը բացաւ հայ դիւցազներգութեան այն գիրքին մէջ, որ կարծէք փակուած էր 1923-էն ի վեր, հակառակ անոր որ անիկա իրականացաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ արեւմտեան թէ անոնց հակառակորդ պետութիւններու գաղտնի սպասարկութիւնները կը գործէին` իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ համախորհուրդ, չէզոքացնելու հայկական իսկական զինեալ պայքարի կորիզներն ու բջիջները, որովհետեւ հայ ազատամարտիկները կը խանգարէին անոնց շահերը:

Լ. Այվազեան հաստատեց, որ, ի հեճուկս ամէն ինչի, հայը տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պայմաններու տակ, իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաբանով առաջնորդուած է, նոյնիսկ երբ անհաւասար կռիւ մղած է. «Պէտք է այս ազգի զաւակները զինել արհեստագիտական բոլոր կարելիութիւններով, որոնք չեն պակսիր հայուն հանճարին, այլապէս յաջորդող պատերազմին մեր ապագայ վաչէները, սագոները, սիմոնները, արաներն ու սեդրակները դարձեալ ժամանակավրէպ զէնքերով` 21-րդ դարու արհեստագիտական սարքերուն դէմ դնելու հարկադրանքին տակ պիտի գտնուին, եւ պիտի բազմանայ ուխտատեղիի վերածուած շիրիմներուն թիւը», նշեց ան` լուսարձակի տակ առնելով այն իրականութիւնը, որ նահատակները մենք մեր ձեռքով անգամ մը եւս սպաննած կ՛ըլլանք, եթէ մոռնանք այն գաղափարներն ու սկզբունքները, որոնց համար անոնք իրենց կեանքը զոհեցին:

Լուսարձակի տակ առնելով Հայաստանի իշխանութիւններուն ներկայի` ազգային նկարագիրէ ու սկզբունքներէ ոչ միայն հեռու, այլ նաեւ անոնց հակասող գործելաոճն ու քաղաքականութիւնը` Լութֆիկ Այվազեան ըսաւ, որ թուրքն ու ազերին այսօր Փաշինեանի միջոցով կը փորձեն ճզմել հայու պայքարի ոգին, միանգամընդմիշտ նուաճելու համար իրենց աչքին փուշ դարձած հայկական բարձրաւանդակը. օգտուելով հայկական պետութեան թուլամորթութենէն` ռուսն ու Արեւմուտքը, իրենց կարգին, իւրաքանչիւրը կը փորձէ Հայաստանի պարանը իր կողմը քաշել` հայրենիքը դարձնելով իսկական կռուախնձոր: «Փաշինեանի իշխանութիւնը հայ ազգը կ՛առաջնորդէ անդառնալի վնասներու: Ան մէկ կողմէ կը փորձէ պառակտել հայութիւնը եւ բաժնել երեք խումբերու` սփիւռք, Արցախ, Հայաստան` ձեռքը լուալով Հայ դատէն ու Արցախէն, իսկ միւս կողմէ` ընդունելի եւ անփոխարինելի թուիլ թշնամիին թէ բարեկամին», ըսաւ բանախօսը` շեշտելով, որ նմաններուն կարելի է հաստատ պատասխանել, որ Արցախը երբեք Ազրպէյճանի մաս չի կրնար կազմել, իսկ սփիւռքի թէ հայրենի հողին վրայ ապրող հայերը մէկ ամբողջութիւն են:

Իր խօսքը եզրափակելով` Լութֆիկ Այվազեան շեշտեց, որ տեղի պիտի չտանք, պիտի չյուսահատինք, պիտի չընկրկինք, եւ դաշնակցական այն սկզբունքներն ու գաղափարները, որոնց համար զոհուեցան Լիզպոնի 5-ը եւ մեր բոլոր նահատակները, պիտի առաջնորդեն մեզ` մեր միասնականութեան ամրապնդման, ապա Արցախի վերանկախացման, Հայաստանի Հանրապետութեան բարօրութեան, եւ վերջապէս, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի գաղափարի մարմնաւորման եւ ծրագիրի իրականացման: «Կը մնայ հայ, խիզախ եւ կարգապահ, երիտասարդ սերունդին պահանջը իր ղեկավարութենէն` նախաձեռնենք եւ ոչ թէ հակազդենք, ապա` «Հրաման տուէք, որ կատարենք»: (Լութֆիկ Այվազեանի խօսքին ամբողջութիւնը կու տանք հետագային):

Անկէ ետք տեսերիզի մը ընդմէջէն վկայութիւններ տուին Անի Բագրատունի, Սիմոն Գաֆալեան, Կարպիս Մէշէֆէճեան եւ Հրայր Պարոնեան:

Ապա Սիամանթոյի «Ասպետին երգը» ասմունքեցին Ճորճ Տէմիրճեան, Սարին Նալպանտեան, Արման Տէր Պետրոսեան, Ռիթա Սալլում, Նարէ Փիլաւճեան եւ Իզապել Տիարպի:

Աւարտին ԼԵՄ-ի նուագախումբին ընկերակցութեամբ անջատաբար ելոյթ ունեցան Լոռի Կիւլիւմեան, Ղազար Քէօշկերեան եւ Կարէն Գազանճեան:

Եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Շահան արք. Սարգիսեան, որ ըսաւ, երբ մեր աչքերուն դիմաց կը պարզուի հինգ անձնազոհներու արարքին վեհութիւնը, եւ զայն սովորական գործողութենէ մը անդին արարք կը կոչենք, անիկա քրիստոնէական մեր հաւատքին եւ հայոց լեզուի հասկացողութեամբ արարել` ստեղծել կը նշանակէ: «Սեդրակը, Սիմոնը, Սարգիսը, Վաչէն եւ Արան Լիբանանէն` Պուրճ Համուտէն, մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ մեր իրաւունքներու վերատիրացման համար գացին մահուան մէջ, բացին դուռն ու պատուհանը ինքնաճանաչման եւ արարչագործութեան: Իբրեւ հայոց զաւակներ, կրցան իրագործել ուրիշ տեսակի հայկականութիւն»:

Ան դիտել տուաւ, որ 40 տարուան տեւողութեան արտասանուած խօսքերուն, գրուած գիրքերուն, երգերուն, բանաստեղծութեանց, մտածումներուն եւ խորհրդածութիւններուն, յատկապէս խուռներամ բազմութեամբ կայացած 40-ամեակի այս հանդիսութեան ի տես կարելի է հաստատել, որ տղաքը անմահութեան ժառանգորդներն էին ու անմահ կ՛ապրին այսօր եւ վաղը: «Մեկնելէ առաջ իւրաքանչիւրը իր պատգամին, իր խօսքին մէջ գործածեցին բառեր, որոնց անպայման պէտք է անդրադառնալ. «ֆիզիքապէս մենք ներկայ պիտի չըլլանք, բայց հոգեպէս մենք ներկայ ենք», ներկայ են անոնք, զօրութենապէս, ուժականութեամբ լեցուն, հաւատքով եւ կամքով: Եւ կամ` «Պիտի կատարենք բան մը, որ անպայման մեր ժողովուրդին բան մը փոխանցէ». եւ ի՞նչ բան փոխանցել. անոնք բացին ճանապարհը պայքարի նոր որակի եւ նոր ուղղութեան: Ոչ անպայման զինեալ պայքարին համար, այլ զինեալ պայքարէն անդին մարդկայնութեան, արժեհամակարգերու, հայկականութեան, մեր ինքնութեան, մենք զմեզ գերազանցելու եւ մեր իրաւունքները մեր ձեռքով վերստին վերաշահելու պատգամը փոխանցեցին մեզի: Այլ տեղ մը գրուած է` «Մենք մեր արարքով պիտի յիշուինք, մեզ պիտի յիշեն, ոչ մեր անձերը, այլ մեր արարքը եւ մեր գաղափարականը»: Այս հանդիսաւոր պահուն, իրենց գաղափարականով վերստին լեցուած, զինուած, նորոգուած, կու գանք աշխարհին դէմ յանդիման, մեր հաւաքական ինքնութեան դէմ յանդիման հասկնալու այսօրուան կացութիւնը: Աշխարհը եւ մեր կացութիւնը կը ներկայացնեն երեք բացասական խնդիրներ. եսապաշտութիւնը կը տարածուի աշխարհին եւ հայկական իրականութեան մէջ, անտարբերութիւնը կ՛արմատանայ աշխարհին եւ հայ կեանքին մէջ, գաղափարական, հոգեբարոյական արժեհամակարգերը կը սնանկանան, եւ հինգը մեզ կը հրաւիրեն վերամկրտուիլ նոր մկրտութեամբ, արեան եւ կրակի մէջէն, վերակազմակերպուիլ, վերախմբաւորուիլ` նոր տեսլականով, նոր ծրագիրներով, նոր պատգամներով, նոր հաւատամքով, գործելու նոր ոճերով, որոնց անդրադարձաւ օրուան բանախօս պատգամաբերը:

«Կ՛ողջունեմ ԼԵՄ-ը իր այս 40-ամեայ հանդիսութեան իրագործման մէջ եւ կը շնորհաւորեմ ԼԵՄ-ի 50-ամեակը, կը մաղթեմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն լաւատեսութիւն` մեր ներկային եւ ապագային նկատմամբ: Կը հրաւիրեմ մեր երիտասարդները գիտակցութեամբ, ժամանակակից արժեհամակարգին մէջ մեր ու ձեր տեղը գտնելու, որպէսզի նոր մօտեցումներով, պայքարի նոր զէնքերով կարողանանք նուաճել մեր ժողովուրդի երազները, որոնք երազ չեն: Կորսուած իրաւունքներու վերատիրացման պայքարին մէջ անձնազոհութիւն բառը, որ բառարանէն դուրս է այլեւս, թող մտնէ ձեր հոգիներուն մէջ, ջրդեղէ ձեզ, վերակենսաւորէ ձեզ: Եւ դո՛ւն` հայ ժողովուրդ, չե՛ս մեռնիր: Ապրի՛ հայութիւնը, ապրի՛ հայրենիքը, ազատ եւ անկախ Արցախը, օրհնեալ ըլլաք», եզրափակեց Շահան արք. Սարգիսեան:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի»-ով:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Տոն սրբոց թարգմանչաց

Նույնիսկ մարտնչող անաստվածության տարիներին ոչ մեկը չէր կարող կտրել այն բազմաթի

04 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի իշխող վարչակարգի «խաղաղությա

Հոկտեմբերի 13-ը Կարսի ապօրինի պայմանագրի կնքման օրն է: Այդ պայմանագիրը հայ ժող

04 Նոյեմբեր 2026
Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ

Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկ

04 Նոյեմբեր 2026
Գիտելիք և կարողունակություն

Կարողունակությունը՝ որպես իրական կյանքում դրսևորվող գիտելիք Վերջին շրջանում

04 Նոյեմբեր 2026
Բացարձակ վերահսկողություն, թե՞ սոցիալա

Ադրբեջանում 2026 թվականի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներին հանրակրթական դպրոցներու

04 Նոյեմբեր 2026
«Մեկ ազգ, երկու պետություն» սկզբունքի

Տասնամյակներ շարունակ Թուրքիայի և Ադրբեջանի հարաբերությունները բնութագրվել են

04 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ-ում չեն գործում Սահմանադրությունն ո

Ժողովրդավարությունը Հայաստանում ոչ թե հետընթաց է ապրում, այլ մահացել է. նոյեմբ

03 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թուրքացումը. խորհրդարանական

Հոկտեմբերի 29-ին Հայաստանի Ազգային ժողովում տեղի ունեցած խայտառակ տեսարանները,

03 Նոյեմբեր 2026
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company