ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

­Լիզ­պո­նի ող­ջա­կիզ­ման 40-ա­մեա­կի ո­գե­կո­չում Ա­թէն­քի մէջ

01 Օգոստոս 2023

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Կի­րա­կի, 30 ­Յու­լիս 2023-ի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Գո­քի­նոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հան­գիստ-ո­գե­կո­չում 1983-ին ­Լիզ­պո­նի մէջ «­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Բա­նակ»-ի ­Հինգ անձ­նա­զոհ հե­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կին։

Ո­գե­կոչ­ման նա­խա­գա­հեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան։ ­Ներ­կայ ե­ղան Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ Ար­սէն ­Գալ­ֆա­յեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ եղբ. ­Գէորգ ­Պօ­ղո­սեան եւ ան­դամ­նե­րը, Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­ներ եւ հայ­րե­նա­կից­ներ։

­Բե­մին վրայ զե­տե­ղո­ւած էին ­Հինգ հե­րոս­նե­րու նկար­նե­րը։

­Հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ա­ռաջ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը յա­ւուր պատ­շա­ճի իր խօս­քին մէջ ա­ւե­տա­րա­նա­կան մէջ­բե­րում մը ը­նե­լով ը­սաւ, «Ե­թէ մէ­կը ու­զէ ին­ծի հե­տե­ւիլ՝ թող ու­րա­նայ իր ան­ձը, ա­մէն օր իր խա­չը առ­նէ եւ ե­տե­ւէս գայ։ Ո­րով­հե­տեւ, ով որ ու­զէ իր կեան­քը փրկել՝ պի­տի կորսնց­նէ զայն, եւ ով որ ին­ծի հա­մար կորսնց­նէ իր կեան­քը՝ պի­տի փրկէ զայն։ Ի՞նչ օ­գուտ ե­թէ մէ­կը ամ­բողջ աշ­խար­հը շա­հի, բայց իր կեան­քը կորսնց­նէ կամ ինք­զին­քին վնա­սէ»։

«Ք­րիս­տո­սա­ւանդ այս պա­տո­ւէ­րը քրիս­տո­նեայ ըլ­լա­լու նա­խա­պայ­մանն է։ Ք­րիս­տո­սի հե­տե­ւո­ղը իր խա­չը պի­տի կրէ ա­մէն օր։ ­Հե­տե­ւիլ Ք­րիս­տո­սի կը նշա­նա­կէ ըն­դու­նիք եւ ապ­րիլ Ք­րիս­տո­սի ու­սու­ցում­ներն ու պա­տո­ւէր­նեը։ Իսկ խաչ կրել կը նշա­նա­կէ քա­ջու­թիւ­նը ու­նե­նալ եւ յա­րա­տե­ւել կեան­քով ապ­րիլ Ք­րիս­տո­սի պա­տուէր­նե­րը, որ հիմ­նա­կա­նին մէջ կ’են­թադ­րէ ու­րա­նալ իր ան­ձը, իր ե­սը եւ ըն­դու­նիլ նաեւ ու­րիշ­նե­րը։ Ան որ իր ե­սը, իր անձ­նա­կան կեան­քը իր կեան­քին ա­ռանց­քը դար­ձու­ցած է, ան տեղ չու­նի Աս­տու­ծոյ ար­քա­յու­թեան մէջ։ Ան որ իր ան­ձին հա­մար կ’ապ­րի միայն, տեղ չու­նի հա­ւա­քա­կա­նու­թեան ե՛ւ կեան­քին մէջ ե՛ւ յի­շո­ղու­թեան մէջ։

­Ցո­րե­նի հա­տի­կը ա­ւե­տա­րա­նա­կան պատ­կե­րա­ցու­մով խորհր­դա­նիշ է քրիս­տո­նեայ ան­հա­տին։ ­Ցո­րե­նի հա­տի­կը որ բնու­թեամբ իր մէջ ու­նի ար­ժա­նիք­ներ բազ­մար­դիւն ըլ­լա­լու, ե­թէ հո­ղին մէջ չցա­նո­ւի, չկոր­սո­ւի, կը մնայ ինչ­պէս որ է, ա­ռանց բազ­մար­դիւն ըլ­լա­լու. մինչ­դեռ ցա­նո­ւած հա­տի­կը, թէեւ ինք­նին կը կոր­սո­ւի հո­ղին տակ, բայց իր փո­խա­րէն ա­տոք հասկ կու տայ։

Ք­րիս­տո­սա­ւանդ այս պա­տո­ւէ­րը նաեւ իր ար­ժէքն ու թե­լադ­րա­կա­նու­թիւն­կը ու­նի նաեւ կրօ­նա­կան շրջագծէն դուրս։ ­Մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան եւ քա­ղա­քակր­թու­թեան զար­գա­ցու­մը ար­դիւնքն է անձ­նա­զոհ մար­դոց ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն։ Ա­ռա­ւել եւս, անձ­նու­րա­ցու­թեան, անձ­նա­զո­հու­թեան քրիս­տո­նէա­կան կեն­ցա­ղի այս հա­ւատ­քը եւ սկզբուն­քը, խո­րա­պէս ար­մա­տա­ցած է հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին նկա­րա­գին եւ հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թեան մէջ։ Ա­նոր ար­տա­ցո­լա­ցումն են հա­յոց պատ­մու­թեան բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն յա­նուն ազ­գի գո­յա­պայ­քա­րին մղո­ւած հե­րո­սա­կան պատ­մա­կերտ սխրանք­նե­րը»։

Իր խօս­քը մաս­նա­ւո­րե­լով ­Լիզ­պո­նի հե­րո­սա­կան ա­րար­քին վրայ, Սր­բա­զան հայ­րը յայտ­նեց։ «­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար դա­տին եւ ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար բա­ցո­ւած բազ­մա­տե­սակ եւ բազ­մաբ­նոյթ պայ­քա­րի ու­ղիին վրայ, 40 տա­րի­ներ ա­ռաջ ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման պայ­քա­րին զի­նո­ւո­րագրո­ւած հինգ ե­րի­տա­սարդ տղա­ներ ­Լի­պո­նի մէջ ըն­դա­ռա­ջա­ցին պար­տա­կա­նու­թեան կո­չին։

Ա­նոնք ի­րենց յանձ­նա­ռու­թեամբ շա­րու­նա­կե­ցին նոր օ­ղակ դառ­նալ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ի­րա­րու ա­գու­ցո­ւած հե­րո­սա­կան նա­հա­տա­կու­թեանց շղթա­յին, ­Տիզ­բո­նէն ­Լիզ­պոն, ինչ­պէս պի­տի ը­սէր բա­նաս­տեղծ ­Յով­հան­նէս ­Շի­րազ։

­Նա­հա­տա­կու­թեան ո­գին ազ­գա­սի­րու­թեան գե­րա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւն է։ Ա­մէն մարդ կրնայ հան­գիս­տի եւ խա­ղաղ պայ­ման­նե­րուն մէջ հայ­րե­նա­սէր ըլ­լալ. ­Հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը վե­րա­ցա­կան գա­ղա­փար եւ զգա­ցում է, ե­թէ կեան­քով եւ ա­րա­րո­քով չ’ա­պա­ցու­ցո­ւի։ ­Լի­պո­նի տղոց անձ­նա­զո­հու­թիւ­նը մէկ օ­րէն միւ­սը ո­րո­շո­ւած պա­տա­հա­կա­նու­թեան ար­դիւնք չէր։

­Լիզ­պո­նի հին­գին անձ­նա­զո­հու­թիւ­նը գի­տակ­ցու­թեան ար­դիւնք էր, եւ գի­տակ­ցու­թիւնն ալ՝ դաս­տիա­րա­կու­թեան։

­Սերմ­նա­ցա­նի ա­ւե­տա­րա­նա­կան ա­ռա­կին մէջ չորս տե­սա­կի ցո­րե­նի վի­ճակ­ներ կան։ ­Ցան­քի ա­տեն ցո­րե­նի հա­տիկ­ներ կ’իյ­նան ճամ­բու եզ­րին, որ ոտ­քի կո­խան ըլ­լա­լով կամ թռչուն­նե­րէն կե­րո­ւե­լով կը կոր­սո­ւին։ Ա­նոնք ամ­բող­ջու­թեամբ ան­տար­բեր­ներ, ան­գի­տակց­ներ եւ այ­լա­սե­րած­ներ կը խորհր­դան­շեն։ Ո­մանք կ’իյ­նան ժայ­ռոտ հո­ղա­մա­սին վրայ, որ երբ ա­րե­ւը ծա­գի եւ հո­ղը ջեր­մա­նայ, ան­մի­ջա­պէս կը բուս­նին, բայց հո­ղը բա­ւա­րար խորք չու­նե­նա­լով չեն ա­ճիր։ Ա­նոնք խան­դա­վառ ան­ձերն են, ո­րոնք ան­մի­ջա­պէս կ’ը­դա­ռա­ջեն, բայց հա­զիւ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ նե­ղու­թիւն­նե­րը յայտ­նո­ւին, կը հրա­ժա­րին։ Ո­մանք կ’իյ­նան փշոտ հո­ղա­մա­սի վրայ։ Կ­’ա­ճին, կը սկսին մեծ­նալ, բայց փու­շե­րը կը խեղ­դեն զա­նոնք։ Ա­նոնք ըն­դա­ռա­ջող­ներն են, բայց ա­նոնց կեան­քի զբա­ղում­նե­րը, հո­գե­րը, նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի գե­րակ­շիռ ըլ­լա­լով կը դադ­րին։ ­Կան նաեւ ո­մանք, ո­րոնք պա­րարտ հո­ղա­մա­սի վրայ կ’իյ­նան. Ա­նոնք մէ­կի տեղ ե­րե­սուն, վաթ­սուն եւ ին­նի­սուն ա­տոք հաս­կեր կու տան։

­Նոր սե­րուն­դի իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ ցո­րե­նի հա­տիկ մըն է, բնա­տուր յատ­կու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած։ ­Նա­յած թէ ա­նոնք մեր ազ­գի հա­ւա­քա­կան կեան­քի հո­ղա­մա­սին որ բաժ­նին վրայ կ’իյ­նան։
­Լիզ­պո­նի հինգ տղոց անձ­նա­զո­հու­թեան ո­գե­կո­չու­մը այ­սօր մե­զի կը թե­լադ­րէ, որ

1.- ­Դաս­տիա­րա­կու­թիւնն է, որ կը պատ­րաս­տէ գի­տա­կից, յանձ­նա­ռու, անձ­նո­ւէր, պատ­րաստ սե­րունդ­ներ։
2.- Ս­փիւռ­քի գո­յա­տեւ­ման եւ հա­յա­պահ­պան­ման հա­մար կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն նա­խա­գի­ծը ցոյց կու տայ, թէ մեր գա­ղութ­նե­րուն մէջ հիմ­նո­ւած բո­լոր ե­կե­ղե­ցա­կան թէ ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րը գո­յա­ցած են որ­պէս խիստ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն, որ­պէս­զի ա­պա­գա­յի կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ օժ­տո­ւած նոր սե­րուն­դի ցո­րե­նի հա­տիկ­նե­րը ազ­գի ան­դաս­տա­նին պա­րարտ հո­ղին մէջ ա­ճին։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ, ներ­կա­յիս ճիշդ պի­տի չըլ­լայ այդ կա­ռոյց­նե­րուն մի­ջեւ նա­խընտ­րու­թիւն­ներ եւ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ ա­ռա­ջաց­նե­լու գոր­ծե­լա­կեր­պը։ Ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը, անխ­տիր, ի­րեն յա­տուկ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ու­նի։
3.- ­Լի­պո­նի հին­գի անձ­նա­զո­հու­թիւ­նը մեր պատ­մու­թեան միակ դէպ­քը չէ։ ­Հե­րո­սա­կան դէպ­քե­րը մէ­կը միւ­սին ո­գե­ւո­րող շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն են։ Իւ­րա­քան­չիւր նա­հա­տակ հե­րոս իր սխրա­գոր­ծու­թեան մէջ յա­րա­տե­ւող կը մնայ, այն­քան ա­տեն, որ հաս­տատ հա­մո­զու­մը ու­նի, թէ պայ­քա­րի ճա­նա­պար­հի վրայ ինք վեր­ջի­նը չէ, իր­մէ ետք շա­րու­նա­կող­ներ պի­տի ըլ­լան։ ­Հե­տե­ւա­բար, ա­նոնց յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չել կը նշա­նա­կէ յար­գել եւ ար­ժե­ւո­րել ա­նոնց վաս­տա­կը, բայց մա­նա­ւանդ ներ­կայ սե­րուն­դին անդրա­դարձ­նել թէ ա­նոնց վաս­տա­կին ար­ժէ­քը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած կը մնայ, յա­ջորդ­նե­րուն յաձ­նա­ռու շա­րու­նա­կու­թեամբ։

Ա­ռի­թին թե­լադ­րող պատ­գամն է, հա­յա­պահ­պան­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ բո­լոր տե­սա­կի եւ բնոյ­թի աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ պար­տա­կա­նու­թեանց անձ­նո­ւի­րա­բար ըն­դա­ռա­ջե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ու­նե­նալ»։

Հ.Յ.Դ. Յ.Ե.Մ.-ի ու­ղեր­ձը

Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան ա­նու­նով հան­դէս ե­կաւ ընկ. ­Քա­րէն ­Գաւ­լա­քեան եւ ար­տա­սա­նեց հե­տե­ւեալ ու­ղեր­ձը։

«40 տա­րի­ներ կ­՚ամ­բող­ջա­նան այս տա­րի 1983-ի ­Յու­լի­սի այն օ­րէն, երբ հինգ ե­րի­տա­սարդ հա­յեր, ­Լիզ­պո­նի մէջ ու­ժա­կան ա­րար­քով մը գրա­ւե­ցին թրքա­կան դես­պա­նա­տու­նը՝ ար­դա­րու­թեան պա­հանջ­քով եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը աշ­խար­հին յի­շեց­նե­լու հա­մար: ­Հոն ձգե­ցին ի­րենց վեր­ջին շուն­չը, հե­րո­սա­ցան եւ ան­մա­հա­ցան ի­րենց քա­ջու­թեամբ ու կեան­քի զո­հա­բե­րու­թեամբ: Ա­րա, ­Վա­չէ, ­Սար­գիս, ­Սի­մոն եւ ­Սեդ­րակ ա­նուն­նե­րը դրոշ­մո­ւած կը մնան մեր միտ­քե­րուն մէջ, եւ հա­կա­ռակ որ մենք չենք ճանչ­ցած ա­նոնց, հա­կա­ռակ որ տա­րի­նե­րը կ­՚անց­նին, ա­նոնք իբ­րեւ հա­րա­զատ ըն­կեր­ներ կը ներշն­չեն եւ կ­՚ո­գե­ւո­րեն մեզ, ի­րենց ըմ­բոստ ո­գին կը վա­րա­կէ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ ­Հայ դա­տի պայ­քա­րի ճամ­բուն վրայ, մեր քա­րոզ­չա­կան գոր­ծին մէջ եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րուն ըն­թաց­քին:

­Չենք մոռ­նար, որ ա­նոնք ալ մե­զի պէս ե­րի­տա­սարդ տղաք էին: ­Մե­զի պէս ու­նէին ի­րենց ե­րի­տա­սար­դա­կան կեան­քը, ըն­տա­նիք, բա­րե­կամ­ներ եւ ա­պա­գա­յի ե­րազ­նե­րը: Ի՞նչ զի­ջե­ցան ­Լիզ­պո­նի տղա­քը՝ Ա­րան, ­Սեդ­րա­կը, ­Սի­մո­նը, ­Վա­չէն եւ ­Սար­գի­սը յա­նուն ի­րենց նպա­տա­կի, յա­նուն ի­րենց գոր­ծո­ղու­թեան։ ­Յա­նուն Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի տես­լա­կա­նին հա­մար զի­ջե­ցան ի­րենց կեան­քը, զի­ջե­ցան ի­րենց հպար­տու­թիւ­նը, վա­խը, ըն­տա­նիք­նե­րը, կա­րօ­տը, ե­րա­զը եւ մա­նա­ւանդ զի­ջե­ցան ի­րենց ԵՍ-ը։

Ա­նոնք մէկ կողմ դրին ա­մէն ինչ, բա­ռին իս­կա­կան ի­մաս­տով ա­մէն ինչ, նե­րե­ցին բո­լո­րին, նե­րե­ցին ան­գամ չնե­րո­ւող­նե­րուն, ի­րենց մա­հուան գիր­կը ու­ղար­կող­նե­րուն, ­Մաք­րո­ւե­ցան, ­Հա­ղոր­դո­ւե­ցան եւ ի­րենց բռնած գոր­ծը ա­ւար­տե­ցին յա­ջո­ղու­թեամբ…

40 տա­րի ետք մենք բո­լորս, պէտք ու­նինք ­Լիզ­պո­նի տղոց զի­ջե­լու դա­սէն քիչ մը սոր­վե­լու, ե­թէ մենք այ­սօր չզի­ջինք, չնե­րենք եր­կուս­տեք զի­րար, ա­պա մեր ան­միա­բա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի պի­տի խո­րա­նայ ու խո­րա­նայ, ու բնա­կա­նա­բար ան­միա­բա­նու­թեան ա­ւար­տը միայն փլու­զու­մը կըլ­լայ, կը յու­սամ, որ այդ փլու­զու­մը կանգ­նեցնեն ­Լիզ­պո­նի մէջ անշն­չա­ցած մեր ան­մահ հե­րոս­նե­րը ի­րենց ­Զի­ջե­լու, ­Նե­րե­լու, ­Խո­նար­հե­լու պատ­գա­մով…

Այ­սօր ան­գամ մը եւս յի­շենք ի­րենց խօս­քե­րը որ ուղ­ղած էին բո­լո­րիս դէ­պի ­Լիզ­պոն ան­վե­րա­դարձ մեկ­նե­լէն ա­ռաջ.-

«Երբ չի մնում ելք ու ճար, խեն­թերն են գտնում հնար: Ե­կէք միա­ցէ՛ք մե­զի: ­Կը հա­ւա­տամ որ օր մը կը տի­րա­նանք մեր հայ­րե­նի­քին», կը պատ­գա­մէր ­Սա­գօն:
«­Մեզ­մէ ա­ռաջ շա­տեր քա­լած են մեր ընտ­րած ճամ­բան եւ կը հա­ւա­տամ, որ մեզ­մէ վերջ ա­ւե­լի լա­ւերն ալ պի­տի գան», կ­՚ը­սէր ­Սե­դոն:
«Ես բնա­կան մա­հով պի­տի չմեռ­նիմ: Ես ­Հայ դա­տի զի­նո­ւոր եմ», կը խոս­տա­նար ­Վա­չէն:
«Ա­ռանց հայ­րե­նի­քի, ա­ռանց մայր հո­ղին, ոչ ըն­տա­նիք կ­՚ըլ­լայ, ոչ ա­պա­գայ կայ», կը հաս­տա­տէր Ա­րան:
«­Շատ հպարտ եմ որ հայ ծնած եմ, ո­րով­հե­տեւ հա­յօ­րէն պի­տի մեռ­նիմ», կը յայ­տա­րա­րէր ­Սի­մոն:
­Դուք հայ­րե­նի­քը չտես­նե­լով հայ­րե­նի­քին հա­մար զո­հո­ւե­ցաք, ըն­կեր­ներ: ­Յար­գանք՝ ­Լիզ­պո­նի ­Հին­գին յի­շա­տա­կին: ­Հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­պա­գայ քայ­լե­րը ա­ռաջ­նոր­դող լոյ­սը պի­տի ըլ­լաք դուք:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հիշատակի օր» խորագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող

Մուսա լերան հերոսամարտի հերթական նշումը կը զուգակցուի Սուրբ Խաչի տօնին հետ: Հե

18 Սեպտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության անդամները Շվեդ

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը, խմբակցության քարտուղար Արթ

18 Սեպտեմբեր 2026
«Արմատախիլ անել» դաշնակցականությունը.

ՀՀ ԱԺ ամբիոնից իշխանական մեծամասնության պատգամավոր Արման Եղոյանի՝ սեպտեմբերի 1

18 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանն ի զորու չէ իրավական պատասխան

«5-րդ ալիք» հեռուստաընկերության «Օրագիր» հաղորդման հյուրն է ՀՅԴ Հայ Դատի գրասե

17 Սեպտեմբեր 2026
Արամ Համբարեանի Մեկնաբանութիւնը՝ Հայ Հ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ա․Մ․Ն․ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Սպիտակ տան մէջ Սեպտեմբեր 16-ին հանդի

17 Սեպտեմբեր 2026
Բաց նամակ՝ Ալիևի հրավերով օկուպացված Ա

ԲՐՅՈՒՍԵԼ, 17 սեպտեմբերի, 2026 թ․ — ՀՅԴ Եվրոպայի Հայ դատի գրասենյակը (EAFJD) բա

17 Սեպտեմբեր 2026
Ցույց ԱԺ-ի դիմաց. արցախցիները պահանջու

Արցախցիներն այսօր` սեպտեմբերի 17-ին բողոքի ցույց անցկացրեցին Ազգային ժողովի շե

17 Սեպտեմբեր 2026
Հայ Դատի Կոչը՝ Գերիներու Ազատ Արձակման

Աւելի քան տասնեակ մը քոնկրեսականներ Սեպտեմբեր 15ին պահանջեցին, որ Ատրպէյճան ազ

17 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

Ակնկալելի էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերուն Դաշնակցութե

17 Սեպտեմբեր 2026
Գազի թանկացումը բերելու է կատաստրոֆիկ

Խորհրդարանական քառօրյան բավականին թեժ է ընթանում։ ՔՊ-ական Արման Եղոյանն ԱԺ ամբ

16 Սեպտեմբեր 2026
Եթե Դաշնակցությունն արժեք ու ուժ չունե

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցության թիրախավորման պատճառները հասկանալու համար անհրաժե

16 Սեպտեմբեր 2026
Խայտառակ բռնաճնշումներ՝ ՏԻՄ ընտրւթյուն

Այսօր՝ սեպտեմբերի 16-ին Ազգային ժողովում տեղի ունեցավ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայ

16 Սեպտեմբեր 2026
Պաքուի Պատրաստած Դատարկ Յուշամատեանը Ե

Անընդունելի է լռել, կուլ տալ պատահածը եւ լուսանցքի մէջ դնելով՝ էջը դարձնել, նո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սպասելով համազգային կամքի յաղթական արձ

1.Վերջին 8-ը տարւայ հայաստանեան թուրքահպատակ իշխանազաւթներն ու իրենց ապազգային

16 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը չի խրախուսում սփյուռքահայերի

Հայաստանի ներքին գործերի նախարարությունն առաջարկում է հնգապատկել Հայաստանի քաղ

15 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյ

Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու այցելութիւնը Արցախ առաջին քարոզչակ

15 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company